«Խօսքը» ուրախութեամբ «կատարողներ»
«Հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։ Բայց խօսքը կատարողներ եղէք, եւ ոչ միայն լսողներ»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 1։21, 22. Արեւմհ. Աշխարհբ. Թարգմն.
1. 1996–ի մեր տարուան համարը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։
«ԽՕՍՔԸ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐ ԵՂԷՔ»։ Այս պարզ նախադասութիւնը ուժեղ պատգամ մը կը պարունակէ իր մէջ։ Անիկա առնուած է Աստուածաշունչի ‘Յակոբու Թուղթէն’։ 1996–ի ամբողջ տեւողութեան, անիկա դրուած պիտի ըլլայ Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, որպէս տարուան համարը։
2, 3. Ինչո՞ւ յարմար էր որ Յակոբոս իր անունը կրող նամակը գրէր։
2 Տէր Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յակոբոս՝ կարկառուն անձնաւորութիւն մըն էր Քրիստոնէական նախկին ժողովքին մէջ։ Յիսուսի յարութենէն ետք, առիթով մը մեր Տէրը անձնապէս երեւցաւ Յակոբոսի եւ ապա բոլոր առաքեալներուն։ (Ա. Կորնթացիս 15։7) Հետագային, երբ Պետրոս առաքեալ հրաշալի կերպով բանտէն արձակուեցաւ, ան հաւաքուած խումբ մը Քրիստոնեաներու ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ (Գործք 12։17) Այնպէս կը թուի որ Յակոբոս՝ առաքեալ մը չըլլալով հանդերձ, Երուսաղէմի կառավարիչ մարմնին մէջ ատենապետութիւն կ’ընէր, երբ առաքեալներն ու երէցները որոշեցին որ Հեթանոսութենէն դարձի եկողները թլփատուելու կարիքը չունէին։ Յակոբոս այս հարցը ամփոփեց եւ սուրբ հոգիին կողմէ հաստատուած որոշումը ղրկուեցաւ բոլոր ժողովքներուն։—Գործք 15։1–29
3 Բացայայտօրէն, Յակոբոսի հասուն տրամաբանութիւնը շատ կշիռ ունեցաւ։ Սակայն, ան խոնարհաբար ընդունեց որ ինք պարզապէս «Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառա»ն էր։ (Յակոբու 1։1) Անոր ներշնչեալ նամակը ողջախոհ խրատներու ու քաջալերութեան գանձ մը կը պարունակէ ներկայ Քրիստոնեաներուն համար։ Անիկա ամբողջացած էր Զօրավար Սեսդիոս Քաղիոսի կողմէ Երուսաղէմի վրայ Հռովմէական առաջին յարձակումէն շուրջ չորս տարիներ առաջ։ Բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» ծաւալուն կերպով քարոզուելէ ետք։ (Կողոսացիս 1։23) Անոնք ճակատագրական ժամանակներ էին եւ Եհովայի ծառաները լաւատեղեակ էին որ Իր դատաստանը Հրեայ ազգին վրայ գործադրուելու վրայ էր։
4. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ նախկին Քրիստոնեաները մեծ վստահութիւն ունէին Աստուծոյ Խօսքին վրայ։
4 Այդ Քրիստոնեաները արդէն Եբրայերէն Գրութիւնները ամբողջութեամբ ունէին, իսկ Յունարէն Գրութիւններուն՝ մեծ մասը։ Նախկին գրութիւններէն անոնց կատարած բազմաթիւ մէջբերումները ցոյց կու տան, որ Աստուածաշունչի Քրիստոնեայ գրողները բացայայտօրէն մեծ վստահութիւն ունէին Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Ներկայիս մենք ալ պէտք է ժրաջանութեամբ ուսումնասիրենք Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Համբերելու համար, հոգեւոր զօրութեան ու քաջութեան կարիքը ունինք, զոր Սուրբ Գրութիւնները կը հայթայթեն։—Սաղմոս 119։97. Ա. Տիմոթէոս 4։13
5. Ներկայիս ինչո՞ւ մասնայատուկ առաջնորդութեան կարիքը ունինք եւ ո՞ւր կրնանք գտնել զայն։
5 Ներկայիս մարդկութիւնը ‘մեծ նեղութեան’ սեմին կը գտնուի, «որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։21) Մեր վերապրումը աստուածային առաջնորդութիւնը ունենալէն կախեալ է։ Այս առաջնորդութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք գտնել։ Մեր սրտերը բանալով Աստուծոյ հոգիէն ներշնչուած Խօսքին ուսուցումներուն։ Ասիկա մեզ պիտի առաջնորդէ որ ‘խօսքը կատարողներ ըլլանք’, Եհովայի վաղեմի հաւատարիմ ծառաներուն նման։ Աստուծոյ Խօսքը պէտք է ժրաջանութեամբ կարդանք եւ ուսումնասիրենք եւ զայն Եհովայի փառքին համար գործածենք։—Բ. Տիմոթէոս 2։15. 3։16, 17
Ուրախութեամբ Համբերենք
6. Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, ինչո՞ւ ուրախութիւն պէտք է գտնենք անոնց մէջ։
6 Յակոբոս իր նամակը կը բանայ յիշելով ուրախութիւնը, Աստուծոյ հոգիին երկրորդ պտուղը։ Ան կը գրէ. «Եղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։ Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէսզի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք»։ (Յակոբու 1։2–4. Գաղատացիս 5։22, 23) Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել որ շատ մը փորձութիւններու հանդիպիլը «բոլորովին ուրախութեան արժանի բան» մըն է։ Այո, նոյնիսկ Յիսուս իր Լերան Քարոզին մէջ ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասնզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ (Մատթէոս 5։11, 12) Մինչ յաւիտենական կեանքի նպատակին համար ջանադիր կ’ըլլանք, ուրախ գոհունակութիւն կը պատճառէ Եհովայի օրհնութիւնները տեսնել մեր թափած ջանքերուն վրայ։—Յովհաննու 17։3. Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8. Եբրայեցիս 11։8–10, 26, 35
7. (ա) Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ համբերելու։ (բ) Յոբի նման, ինչպէ՞ս կրնանք վարձատրուիլ։
7 Յիսուս ալ «իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար» համբերեց։ (Եբրայեցիս 12։1, 2) Երբ մեր աչքերը Յիսուսի քաջարի օրինակին վրայ սեւեռենք, մենք ալ կրնանք համբերել։ Ինչպէս Յակոբոս կը յիշէ իր նամակին վերջաւորութեան, Եհովա առատապէս կը վարձատրէ ուղղամիտ անհատները։ «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք», կ’ըսէ Յակոբոս։ «Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ (Յակոբու 5։11) Յիշեցէք թէ Յոբի ուղղամտութիւնը ինչպէս վարձատրուեցաւ, երբ ան իր առողջութիւնը վերագտաւ եւ իր սիրելիներուն հետ ուրախ ու իմաստալից կեանք մը վայելեց։ Ուղղամտութեամբ համբերելը նոյնանման ուրախութիւն կրնայ տալ Աստուծոյ խոստացած Նոր Աշխարհի Դրախտին մէջ, որպէս հիմակուընէ Եհովայի ծառայելու ուրախութեան գագաթնակէտը։
Իմաստութիւն Փնտռել
8. Ինչպէ՞ս կրնանք իրական ու գործնական իմաստութիւն գտնել եւ աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ ասոր մէջ։
8 Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան ուսումնասիրութիւնը եւ անոր գործնական կիրարկումը աստուածային իմաստութիւն պիտի տայ, մեզի օգնելով որ Սատանայի ապականած ու մահամերձ դրութեան փորձութիւններուն տոկանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այսպիսի իմաստութիւն գտած ենք։ Յակոբոս մեզի կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասնզի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է»։ (Յակոբու 1։5, 6) Ջերմեռանդօրէն պէտք է աղօթենք, անսասան վստահութիւն ունենալով որ Եհովա ականջ պիտի տայ մեր աղաչանքներուն եւ անոնց պիտի պատասխանէ իր յարմար ժամանակին եւ իր ուզած կերպով։
9. Յակոբոս ինչպէ՞ս կը նկարագրէ աստուածային իմաստութիւնը եւ անոր կիրարկումը։
9 Աստուածային իմաստութիւնը Եհովայէ պարգեւ մըն է։ Այսպիսի պարգեւներ նկարագրելով, Յակոբոս կ’ըսէ. «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ»։ Յակոբոս շարունակելով իր նամակը, կը բացատրէ իրական իմաստութիւն վաստկելուն արդիւնքը, երբ կ’ըսէ. «Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։ ... Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ»։—Յակոբու 1։17. 3։13–17
10. Սուտ կրօնքը ինչպէ՞ս կը հակադրուի ճշմարիտ կրօնքին հետ։
10 Սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան մէջ, ըլլայ Քրիստոնեայ Աշխարհի երկիրներու մէջ թէ այլուր, յաճախ սովորութիւն է որ երկրպագուները կարգ մը հոգեւոր երգեր երգեն, կրկնուած աղօթքներ լսեն եւ թերեւս քարոզ մը ունկնդրեն։ Անոնց ո՛չ մէկ քաջալերութիւն կը տրուի յոյսի պատգամ մը ծանուցանելու, քանի որ շատ մը կրօնքներ ապագայի փայլուն ակնկալութիւն մը չունին։ Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութեան փառաւոր յոյսը կա՛մ բնաւ չի յիշուիր եւ կամ ալ սխալ հասկցուած է։ Քրիստոնեայ Աշխարհի ծուխերուն Եհովա մարգարէաբար կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց, զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին եւ իրենց գուբեր փորեցին, ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել»։ (Երեմեայ 2։13) Անոնք ճշմարտութեան ջուրեր չունին։ Անոնց քով երկնային իմաստութիւն չկայ։
11, 12. (ա) Աստուածային իմաստութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է դրդէ մեզ։ (բ) Աստուածային իմաստութիւնը ի՞նչ բանի դէմ կը զգուշացնէ մեզ։
11 Սակայն պարագան որքա՜ն տարբեր է Եհովայի Վկաներուն մէջ։ Աստուածատուր հզօր զօրութեամբ, անոնք Իր մօտալուտ Թագաւորութեան բարի լուրով կ’ողողեն երկիրը։ Անոնց խօսած իմաստութիւնը ամուր կերպով հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ (Բաղդատել Առակաց 1։20. Եսայեայ 40։29–31) Արդարեւ, անոնք օգտակար կերպով կը գործածեն ճշմարիտ գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը, մեր Աստուծոյն ու Ստեղծիչին հոյակապ նպատակը ծանուցանելով։ Մեր ցանկութիւնը պէտք է ըլլայ որ ժողովքին մէջ բոլորն ալ ‘Աստուծոյ կամքին գիտութիւնով, իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով լեցուին’։ (Կողոսացիս 1։9) Այս հիմը ունենալով, երիտասարդներ եւ տարեցներ միշտ պիտի մղուին ‘խօսքը կատարողներ ըլլալ’։
12 «Վերին իմաստութիւնը» մեզ կը զգուշացնէ այն մեղքերուն դէմ, որոնք կրնան աստուածային տհաճութեան արժանացնել մեզ։ Յակոբոս կ’ըսէ. «Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ, վասնզի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր»։ Այո, աստուածային խրատը լսելու մարմաջը պէտք է ունենանք եւ անոր մէջ արագ պէտք է ըլլանք ու զայն գործադրենք։ Բայց, պէտք է զգուշանանք այդ «պզտիկ անդամը»՝ լեզուն՝ սխալ գործածելէ։ Մեծաբանելով, յիմար բամբասանքով կամ անձնական կարծիքներ յայտնելով, փոխաբերական իմաստով լեզուն կրնայ շատ բան ‘բոցի տալ’։ Հետեւաբար, մեր բոլոր ընկերակցութիւններուն մէջ զուարթամտութիւն եւ ժուժկալութիւն պէտք է մշակենք։—Յակոբու 1։19, 20. 3։5
13. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ընդունինք մեր մէջ «սերմանուած խօսքը»։
13 «Ուստի», կը գրէ Յակոբոս, «ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել»։ (Յակոբու 1։21) Այս ընչաքաղց աշխարհը՝ իր նիւթապաշտական ցուցամոլութեամբ, ‘առաջ–ես’ի բարքով եւ ցած բարոյականով՝ անցնելու վրայ է։ «Բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։15–17) Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է ուրեմն, որ մեր մէջ «սերմանուած խօսքը» ընդունինք։ Աստուծոյ Խօսքին տուած իմաստութիւնը այս մահամերձ աշխարհին չարութեան ճիշդ հակառակն է։ Մենք այդ չարութիւններէն որեւէ մէկը չենք ուզեր։ (Ա. Պետրոս 2։1, 2) Մենք ճշմարտութեան սէրը եւ մեր սրտին մէջ սերմանուած զօրաւոր հաւատք պէտք է ունենանք, որպէսզի վճռենք բնա՛ւ չշեղիլ Եհովայի արդար ճամբաներէն։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը լսելը բաւակա՞ն է։
«Խօսքը Կատարողներ Եղէք»
14. Ինչպէ՞ս կրնանք Խօսքը «լսողներ» եւ զայն «կատարողներ» ըլլալ։
14 Յակոբու 1։22–ի մէջ կը կարդանք. «Խօսքը կատարողներ եղէք եւ ոչ թէ միայն լսողներ՝ ինքզինքնիդ խաբելով»։ «Խօսքը կատարողներ եղէ՛ք»։ Այս բնաբանը իրապէս շեշտուած է Յակոբոսի նամակին մէջ։ Պէտք է լսենք եւ ապա՝ ‘այնպէս ընենք’։ (Ծննդոց 6։22) Ներկայիս շատեր կ’ըսեն որ բաւական է քարոզ մը լսել կամ երբեմն պաշտամունքի ձեւական արարողութեան մը մասնակցիլ, բայց անկէ անդին չեն երթար։ Անոնք կը խորհին որ այնքան ատեն որ ‘լաւ կեանք’ մը կը վարեն, ըստ իրենց չափանիշներուն, այդքանը բաւարար է։ Սակայն Յիսուս Քրիստոս նշեց. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը [տանջանքի ցիցը, (ՆԱ)] վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ»։ (Մատթէոս 16։24) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներէն որոշապէս պահանջուած է անձնուրաց արարքներ եւ Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ Յիսուսի օրինակին հետեւելու համար՝ համբերութիւն։ Ներկայիս, Աստուծոյ կամքը կատարելը նոյնն է անոնց համար, ինչ որ էր առաջին դարուն, երբ յարուցեալ Յիսուս պատուիրեց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։ (Մատթէոս 28։19) Այս մարզին մէջ ի՞նչ կ’ընէք։
15. (ա) Յակոբոս ի՞նչ օրինակ կու տայ, ցոյց տալով թէ ինչպէս կրնանք «խօսքը» ուրախութեամբ «կատարողներ» ըլլալ։ (բ) Պարզ ձեւական պաշտամունք մը ինչո՞ւ բաւարար չէ։
15 Երբ մեր աչքերը սեւեռենք Աստուծոյ Խօսքին վրայ, անիկա հայելիի մը պէս պիտի արտացոլացնէ թէ իրապէս ի՛նչպիսի անձ մըն ենք։ Յակոբոս կ’ըսէ. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ (Յակոբու 1։23–25) Այո, ան «խօսքը» ուրախութեամբ «կատարող» մը պիտի ըլլայ։ Մանաւանդ, շատ կարեւոր է որ մեր Քրիստոնէական կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ «կատարող» մը ըլլանք։ Պէտք չէ մենք մեզ խաբենք, խորհելով որ ձեւական պաշտամունք մը բաւարար է։ Յակոբոս մեզ կը խրատէ որ մաքուր պաշտամունքի կարգ մը երեսակները պահենք, զորս թերեւս նոյնիսկ եռանդուն Քրիստոնեաներ կրնան անտեսել։ Ան կը գրէ. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։—Յակոբու 1։27
16. Ի՞նչ կերպերով Աբրահամ ‘Եհովայի բարեկամը’ եղաւ, մենք ալ ինչպէ՞ս կրնանք շահիլ Իր բարեկամութիւնը։
16 Չի բաւեր ըսել՝ ‘Ես Աստուծոյ կը հաւատամ’, եւ հոն կենալ։ Ինչպէս Յակոբու 2։19–ն կը նշէ. «Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին»։ Յակոբոս կը շեշտէ որ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է», ապա Աբրահամի ակնարկելով կ’ըսէ. «Հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ»։ (Յակոբու 2։17, 20–22) Աբրահամի գործերուն մաս կը կազմէին իր ազգականներուն օգնութեան փութալը, հիւրասիրութիւն ցոյց տալը, Իսահակը զոհելու համար նախապատրաստութիւններ ընելը եւ Աստուծոյ խոստացած «այն հիմերով հաստատուած քաղաքին»՝ ապագայ Մեսիական Թագաւորութեան՝ վրայ, անխախտ հաւատք մը ‘խոստովանիլ’ը։ (Ծննդոց 14։6. 18։1–5. 22։1–18. Եբրայեցիս 11։8–10, 13, 14. 13։2) Տեղին ըլլալով, Աբրահամ «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ (Յակոբու 2։23) Մենք ալ կրնանք ‘Եհովայի բարեկամները’ սեպուիլ, երբ իր մօտալուտ արդար Թագաւորութեան մասին մեր հաւատքն ու յոյսը ժրաջանօրէն ծանուցանենք։
17. (ա) Ռախաբ ինչո՞ւ ‘արդար սեպուեցաւ’ եւ ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ։ (բ) Աստուածաշունչը «խօսքը կատարողներ» եղողներու ի՞նչ երկար ցանկ մը կու տայ։ (գ) Յոբ ինչպէ՞ս վարձատրուեցաւ եւ ինչո՞ւ։
17 Արդարեւ, անոնք որոնք «խօսքը կատարողներ» կ’ըլլան, ‘գործերով կ’արդարանան, ո՛չ թէ միայն հաւատքով’։ (Յակոբու 2։24) Ռախաբ Եհովայի հզօր արարքներուն մասին իր լսած «խօսքին» հանդէպ իր հաւատքին վրայ գործեր աւելցուցած անհատ մըն էր։ Ան Իսրայելացի լրտեսները պահեց եւ անոնց օգնեց որ փախչին եւ ապա իր հօրը ընտանիքը հաւաքեց, որպէսզի պահպանուին։ Յարութեան ժամանակ, ան որքա՜ն պիտի ուրախանայ, գիտնալով որ գործերով փաստուած իր հաւատքը պատճառ եղաւ որ ինք Մեսիայի նախամայրերէն մէկը ըլլայ։ (Յեսուայ 2։11. 6։25. Մատթէոս 1։5) Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը ուրիշ անհատներու երկար ցանկ մը կու տայ, որոնք իրենց հաւատքը ցոյց տալու մէջ «կատարողներ» եղան, որու համար առատօրէն պիտի վարձատրուին։ Չմոռնանք Յոբը, որ խիստ փորձութիւններու ներքեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, իր հաւատքն ու գործերը մեծ վարձատրութեան արժանացուցին զինք։ (Յոբայ 1։21. 31։6. 42։10. Յակոբու 5։11) Ներկայիս, մենք ալ «խօսքը կատարողներ» ըլլալու մէջ համբերելով, Եհովայի հաճութեան ժպիտին պիտի արժանանանք։
18, 19. Երկար ժամանակ ճնշուած եղբայրները ինչպէ՞ս «խօսքը կատարողներ» եղան եւ անոնց գործունէութեան վրայ ի՞նչ օրհնութիւն եղաւ։
18 Արեւելեան Եւրոպայի մեր եղբայրները երկար տարիներէ ի վեր համբերողներու ցանկին մէջ կը գտնուին։ Հիմա որ շատ մը արգելքներ վերցուած են, անոնք ի՛րապէս «խօսքը կատարողներ» եղած են իրենց նոր միջավայրին մէջ։ Դրացի երկիրներէն միսիոնարներ եւ ռահվիրաներ հոն փոխադրուած են, քարոզելու, սորվեցնելու եւ կազմակերպելու մէջ անոնց ձեռք մը տալու համար։ Ֆինլանտան եւ Դիտարանի Ընկերութեան այլ մօտակայ մասնաճիւղեր մասնագէտ շինարարներ ղրկած են, իսկ համաշխարհային եղբայրակցութիւնը առատաձեռնութեամբ նիւթական հայթայթած է մասնաճիւղի նոր գրասենեակներ եւ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու համար։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 8։14, 15։
19 Երկար ժամանակ ճնշուած այս եղբայրները ի՜նչ նախանձախնդրութեամբ ընդառաջեցին ծառայութեան։ Անոնք ծանր ‘կ’աշխատին’, կարծէք ‘դժուարին ժամանակներուն’ իրենց չունեցած պատեհութեան տեղը հանելու համար։ (Ա. Տիմոթէոս 4։10. Բ. Տիմոթէոս 4։2, ՆԱ) Օրինակ, անցեալ Ապրիլին, Ալպանիոյ մէջ, ուր ճնշումը շատ բիրտ եղած էր, «Կեանքը Ինչո՞ւ Այսքան Լեցուն Է Խնդիրներով» Թագաւորութեան Լուրեր թղթիկին ամբողջ պարէնը բաշխուեցաւ միայն երեք օրուան մէջ։ Ասիկա հոյակապ հետեւանք մը ունեցաւ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին վրայ, որու ներկայ գտնուեցան 3,491 անհատներ. 538 գործունեայ հրատարակիչներէն շատ աւելի մեծ թիւ մը։
20. Անցեալ տարուան Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը ի՞նչ կը մատնանշէ եւ ինչպէ՞ս կարելի է շատերու օգնութիւն մատուցանել։
20 Ուրիշ երկիրներ ալ յատկանշական մասնակցութիւն ունեցած են Յիշատակատօնի ներկայ գտնուողներու թիւին մէջ, որ վերջին տարիներուն 10,000,000–ը անցած է։ Շատ մը վայրերու մէջ, Յիշատակատօնին ներկայ եղող շատ մը նորեկներու հաւատքը զօրացած է եւ անոնք «խօսքը կատարողներ» եղած են։ Կրնա՞նք աւելի մեծ թիւով նորեկներու քաջալերել որ իրենք ալ որակելի ըլլան այս առանձնաշնորհումին։
21. Մեր տարուան համարին հետ ներդաշնակ ըլլալով, ի՞նչ ընթացքի պէտք է հետեւինք եւ ի՞նչ նպատակակէտ հետանդելով։
21 Առաջին դարու եւ անկէ ի վեր շատ մը ուրիշ նախանձախնդիր Քրիստոնեաներուն նման, մենք ալ վճռենք ջանք թափել ու յաւիտենական կեանքի ‘մրցանակին համար վազել’, անիկա ըլլայ երկնային Թագաւորութեան մէջ, թէ՝ անոր երկրային ծիրին մէջ։ (Փիլիպպեցիս 3։12–14) Այս նպատակակէտին հասնելու համար կ’արժէ ամէն ջանք թափել։ Հիմա միայն լսողներ ըլլալով գոհանալու ժամանակը չէ, այլ, որեւէ ժամանակէ աւելի ‘զօրանալու եւ աշխատելու’ ժամանակն է։ (Անգեայ 2։4. Եբրայեցիս 6։11, 12) «Սերմանուած խօսքը» ընդունած ըլլալով, ուրախութեամբ «խօսքը կատարողներ» ըլլանք հիմա եւ մօտալուտ յաւիտենականութեան մէջ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրախութեամբ համբերել։
◻ «Վերին իմաստութիւնը» ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն հետապնդել։
◻ Ինչո՞ւ պէտք է ‘խօսքը կատարողներ ըլլանք եւ ոչ թէ միայն լսողներ’։
◻ Ո՞ր տեղեկագրութիւնները մեզ պէտք է մղեն որ «խօսքը կատարողներ» ըլլանք։
[Նկար՝ էջ 12]
Մենք ալ մեր սիրտը բանանք աստուածային ուսուցումին
[Նկար՝ էջ 15]
Յոբի ուղղամտութիւնը վարձատրուեցաւ, երբ իր սիրելիներուն հետ իմաստալից եւ ուրախ կեանք մը վերագտաւ