Հակառակ փորձութիւններու՝ ձեր հաւատքին կառչած մնացէք
«Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 1։2
1. Հակառակ ի՞նչ բաներու Եհովայի ժողովուրդը հաւատքով եւ «սրտի ուրախութիւնով» իրեն կը ծառայեն։
ԵՀՈՎԱՅԻ Ժողովուրդը, որպէս Վկաներ իրեն կը ծառայեն հաւատքով եւ «սրտի ուրախութիւնով»։ (Բ. Օրինաց 28։47, ՆԱ. Եսայեայ 43։10) Բազմաթիւ փորձութիւններով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ ասիկա կ’ընեն։ Հակառակ դժուարութիւններու, անոնք կը մխիթարուին հետեւեալ խօսքերով. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։—Յակոբու 1։2, 3
2. Յակոբու նամակին հեղինակին նկատմամբ ի՞նչ գիտենք։
2 Այս խօսքերը գրուեցան շուրջ Հ.Դ. 62–ին, Յիսուս Քրիստոսի կէս–եղբօր՝ Յակոբոս աշակերտին կողմէ։ (Մարկոս 6։3) Յակոբոս Երուսաղէմի ժողովքին մէջ երէց մըն էր։ Իրականութեան մէջ, ան, Կեփաս (Պետրոս) եւ Յովհաննէս «սիւներ սեպուած էին», ուրիշ խօսքով՝ զօրաւոր ու հաստատ կերպով սատար կը կանգնէին ժողովքին։ (Գաղատացիս 2։9) Հ.Դ. 49–ին երբ թլփատութեան հարցը ‘առաքեալներուն ու երէցներուն’ ներկայացուեցաւ, Յակոբոս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած առաջարկ մը ներկայացուց, որ առաջին դարու կառավարիչ մարմինին կողմէ որդեգրուեցաւ։—Գործք 15։6-29
3. Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած խնդիրներէն ոմանք ի՞նչ էին, եւ Յակոբու նամակէն ի՞նչպէս կրնանք լաւագոյն օգուտը քաղել։
3 Յակոբոս հօտով հետաքրքրուած հոգեւոր հովիւ մը ըլլալով, ‘ոչխարներուն վիճակը աղէ՛կ գիտէր’։ (Առակաց 27։23) Ան գիտակցեցաւ որ այն ատեն Քրիստոնեաները խիստ փորձութիւններու դիմաց կը գտնուէին։ Հարկ էր ոմանց մտածելակերպը վերաճշդել, քանի որ հարուստներուն աչառութիւն կ’ընէին։ Կարգ մը Քրիստոնեաներու պաշտամունքը պարզ ձեւակերպութիւն մը դարձած էր։ Ուրիշներ իրենց անսանձ լեզուներով վնասներ կը հասցնէին։ Աշխարհային հոգի մը կործանարար ազդեցութիւն կը բանեցնէր եւ շատեր ո՛չ համբերութիւն ունէին, ո՛չ ալ բարեպաշտ էին։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը Քրիստոնեաներ հոգեւոր հիւանդութեան մէջ ինկած էին։ Յակոբոսի նամակը շինիչ կերպով այսպիսի հարցեր ձեռք կ’առնէ, եւ անոր պարունակած խրատները այսօր ալ նոյնքան գործնական են, ինչպէս էին Հ.Դ. առաջին դարուն։ Մեծապէս պիտի օգտուինք եթէ այս նամակը անձնապէս մեզի ուղղուած նկատենք։a
Երբ Փորձութիւններ կ’Ունենանք
4. Փորձութիւնները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
4 Յակոբոս մեզի ցոյց կու տայ թէ փորձութիւնները ի՛նչպէս պէտք է նկատենք։ (Յակոբու 1։1-4) Աստուծոյ Որդւոյն հետ իր վայելած ընտանեկան կապը չյիշելով, ան խոնարհաբար ինքզինք կը կոչէ «Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ»։ Յակոբոս կը գրէ հոգեւոր Իսրայէլի ‘տասներկու ցեղերուն’, որոնք հալածանքի պատճառաւ ‘ցիրուցան եղած’ էին։ (Գործք 8։1. 11։19. Գաղատացիս 6։16. Ա. Պետրոս 1։1) Որպէս Քրիստոնեաներ, մենք ալ կը հալածուինք ու ‘կերպ կերպ փորձանքներու մէջ կ’իյնանք’։ Սակայն, երբ յիշենք որ փորձութիւններու տոկալը մեր հաւատքը կը զօրացնէ, զանոնք ‘բոլորովին ուրախութեան արժանի բան պիտի սեպենք’ երբ անոնց ենթարկուինք։ Եթէ փորձութիւններու ընթացքին Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք, ասիկա մեզի մնայուն ուրախութիւն պիտի բերէ։
5. Մեր փորձութիւնները ի՞նչ կրնան պարփակել, եւ ի՞նչ կը պատահի երբ յաջողութեամբ անոնց համբերենք։
5 Մեր փորձութիւնները կը պարփակեն մարդոց համար սովորական եղող դժբախտութիւններ։ Օրինակ, թերեւս հիւանդութիւնը մեզ հարուածէ։ Աստուած ներկայիս հրաշարար բուժումներ չի կատարեր, բայց ան հիւանդութեան հետ գլուխ ելլելու համար պէտք եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը ունենալու համար մեր մատուցանած աղօթքներուն կը պատասխանէ։ (Սաղմոս 41։1-3) Եհովայի Վկաներ ըլլալով, նաեւ արդարութեան համար կը հալածուինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Պետրոս 3։14) Երբ այսպիսի փորձութիւններու յաջողութեամբ տոկանք, մեր հաւատքը կը փաստուի, «փորձուած որակ» (ՆԱ) մը կ’ունենայ։ Իսկ երբ մեր հաւատքը յաղթէ, անիկա «համբերութիւն կը ներգործէ»։ Փորձութիւններով ամրապնդուած հաւատքը պիտի օգնէ որ ապագայի փորձութիւններուն համբերենք։
6. Ի՞նչպէս ‘համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն կ’ունենայ’, եւ գործնական ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել երբ փորձութեան ներքեւ ենք։
6 «Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ», կ’ըսէ Յակոբոս։ Եթէ թոյլ տանք որ փորձութիւնը գայ եւ չփորձենք անոր վերջ դնել սուրբ գրային չեղող միջոցներով, համբերութիւնը իր «ներգործութիւն»ը պիտի ունենայ, մեզ կատարեալ, հաւատքի մէջ պակասութիւն չունեցող Քրիստոնեաներ դարձնելով։ Անշուշտ, եթէ փորձութիւնը տկարութիւն մը երեւան հանէ, զայն յաղթահարելու համար Եհովայի օգնութեան պէտք է դիմենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ անիկա սեռային անբարոյութեան միջամուխ ըլլալու փորձութիւն մըն է։ Այս խնդրին մասին աղօթենք, ապա մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործենք։ Թերեւս հարկ ըլլայ մեր աշխատավայրը փոխել կամ ուրիշ քայլեր առնել, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը չբեկանելու համար։—Ծննդոց 39։7-9. Ա. Կորնթացիս 10։13
Իմաստութիւն Խնդրենք
7. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի փորձութեանց հետ գլուխ ելլելու։
7 Յակոբոս ցոյց կու տայ մեր ընելիքը, եթէ չենք գիտեր փորձութեան մը հետ ի՛նչպէս գլուխ ելլել։ (Յակոբու 1։5-8) Եթէ իմաստութեան պակաս ունենանք եւ անոր համար հաւատքով աղօթենք՝ Եհովա մեզ չի նախատեր։ Ան մեզի կ’օգնէ որ փորձութեան հանդէպ շիտակ տեսակէտ մը ունենանք ու անոր տոկանք։ Թերեւս հաւատակիցներու միջոցաւ, կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին, համարներ մեր ուշադրութեան յանձնուին։ Աստուածային նախախնամութեամբ ղեկավարուած դէպքեր կրնան օգնել մեզի որ տեսնենք ի՛նչ պէտք է ընենք։ Կրնանք Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուիլ։ (Ղուկաս 11։13) Այսպիսի օգուտներ վայելելու համար, բնականաբար, Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին սերտօրէն կառչած պէտք է ըլլանք։—Առակաց 18։1
8. Երկմիտ անհատ մը ինչո՞ւ Եհովայէն բան մը պիտի չստանայ։
8 Այս փորձութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար, Եհովա մեզի իմաստութիւն կու տայ, եթէ ‘հաւատքով խնդրենք ու չերկմտինք’։ Երկմիտ անհատ մը «ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման» անգուշակելի է։ Եթէ հոգեւորապէս ա՛յդքան անկայուն ենք, ‘չկարծենք թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնենք’։ Ուրեմն, աղօթքի կամ ուրիշ որեւէ բանի մէջ «երկմիտ» եւ «անհաստատ» չըլլանք։ Ընդհակառակը, Եհովայի՝ իմաստութեան Աղբիւրին՝ վրայ հաւատք ունենանք։—Առակաց 3։5, 6
Հարուստն ու Աղքատը Կրնան Ուրախանալ
9. Որպէս Եհովայի երկրպագուներ, ի՞նչ պատճառ ունինք ուրախանալու։
9 Եթէ երբեք մեր փորձութիւններէն մէկը աղքատութիւնն է, չմոռնանք որ թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ Քրիստոնեաները կրնան ուրախանալ։ (Յակոբու 1։9-11) Քրիստոսի հետեւորդ մը ըլլալէն առաջ, օծեալ մնացորդէն շատեր աղքատ եւ աշխարհի կողմէ անարգուած էին։ (Ա. Կորնթացիս 1։26) Սակայն, անոնք կրնային ուրախանալ որպէս Թագաւորութեան ժառանգորդներ իրենց ‘բարձրացած’ դիրքին համար։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17) Իսկ միւս կողմէ, նախապէս պատուուած հարուստներ, որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ ‘կը խոնարհին’, աշխարհի կողմէ անարգանքի ենթարկուելով։ (Յովհաննու 7։47-52. 12։42, 43) Սակայն, Եհովայի ծառաները ըլլալով, բոլորս ալ կրնանք ուրախանալ, քանի որ աշխարհային հարստութիւնը եւ դիրքը ոչինչ են, բաղդատած մեր վայելած հոգեւոր հարստութեան հետ։ Իսկ որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ մեր մէջ ընկերային դիրքի պատճառով հպարտութեան տեղ չկայ։—Առակաց 10։22. Գործք 10։34, 35
10. Քրիստոնեան ի՞նչպէս պէտք է նկատէ նիւթական հարստութիւնը։
10 Յակոբոս կ’օգնէ մեզի հասկնալու, թէ մեր կեանքերը հարստութենէ եւ աշխարհային իրագործումներէ կախեալ չեն։ Ինչպէս որ ծաղիկին գեղեցկութիւնը չի կրնար արգելք հանդիսանալ որ արեւին «սաստիկ տաքութիւնով»ը չմեռնի, նոյնպէս ալ հարուստի մը հարստութիւնը իր կեանքը չի կրնար երկնցնել։ (Սաղմոս 49։6-9. Մատթէոս 6։27) Կրնայ ըլլալ որ ան մեռնի մինչ «իր ճամբաներ»ը՝ թերեւս առեւտրական գործառնութիւններ՝ կը հետապնդէ։ Հետեւաբար, կարեւորը ‘Աստուծմով հարստանալն’ ու Թագաւորութեան շահերուն ի նպաստ մեր լաւագոյնը ընելն է։—Ղուկաս 12։13-21. Մատթէոս 6։33. Ա. Տիմոթէոս 6։17-19
Փորձութեան Համբերողները Ուրախ Են
11. Փորձութիւններու դիմաց իրենց հաւատքին կառչողները ի՞նչ հեռանկարներ ունին։
11 Ըլլանք հարուստ թէ աղքատ, փորձութիւններու համբերելով է որ միմիայն կրնանք ուրախ ըլլալ։ (Յակոբու 1։12-15) Եթէ փորձութիւններու համբերենք, մեր հաւատքը անարատ պահելով, կրնանք ուրախ համարուիլ, քանի որ Աստուծոյ աչքին շիտակը ընելուն մէջ ուրախութիւն կայ։ Մինչեւ մահ իրենց հաւատքին կառչելով, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաները «կենաց պսակը»՝ երկնքի մէջ անմահութիւն պիտի ստանան։ (Յայտնութիւն 2։10. Ա. Կորնթացիս 15։50) Եթէ երկրային յոյսեր ունինք եւ Աստուծոյ վրայ մեր հաւատքը կը պահենք, կրնանք ակնկալել դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրիլ։ (Ղուկաս 23։43. Հռովմայեցիս 6։23) Եհովա որքա՜ն բարի է իրեն հաւատք ընծայողներուն հանդէպ։
12. Երբ դժբախտութիւններու հանդիպինք ինչո՞ւ պէտք չէ ըսենք՝ «Աստուծմէ կը փորձուիմ»։
12 Կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովա մեզ փորձէ մեր վրայ դժբախտութիւններ բերելով։ Ո՛չ։ Բնաւ պէտք չէ ըսենք. «Աստուծմէ կը փորձուիմ»։ Եհովա մեզ չի փորձեր դրդելով որ մեղանչենք, այլ, եթէ հաւատքի մէջ հաստատ մնանք, մեզի կ’օգնէ ու պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ, որպէսզի փորձութիւններու տոկանք։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Աստուած սուրբ է, հետեւաբար մեզ չի դներ այնպիսի պարագաներու մէջ, որոնք կրնան յանցագործութեան հանդէպ մեր դիմադրողականութիւնը տկարացնել։ Եթէ մենք մեզ անսուրբ կացութեան մը մէջ դնենք եւ որոշ մեղք մը գործենք, զինք պէտք չէ մեղադրենք, «վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ»։ Թէեւ Եհովա կրնայ թոյլատրել որ փորձութիւն մը մեզ կրթէ մեր օգտին համար, բայց ան չար դիտաւորութեամբ մեզ չի փորձեր։ (Եբրայեցիս 12։7-11) Սատանան կրնայ մեզ փորձել որ մեղք գործենք, բայց Աստուած կրնայ այդ չարին ձեռքէն մեզ ազատել։—Մատթէոս 6։13
13. Երբ սխալ ցանկութիւն մը չվանենք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ։
13 Պէտք ունինք աղօթելու, քանի որ որոշ պարագայ մը կրնայ սխալ ցանկութիւն մը յառաջացնել մեր մէջ, որ կրնայ մեզ մեղքի մէջ ձգել։ Յակոբոս կ’ըսէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած»։ Չենք կրնար Աստուած այպանել մեր մեղքին համար, եթէ թոյլ տուած ենք որ մեր սիրտը մեղաւոր ցանկութիւններ մշակէ։ Եթէ սխալ ցանկութիւն մը չվանենք, անիկա ‘կը յղանայ’, սրտին մէջ կը սնանի եւ «մեղք կը ծնանի»։ Երբ մեղքը կատարուի՝ «մահ կը ծնանի»։ Բացայայտօրէն, պէտք է մեր սիրտը պահպանենք ու մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարինք։ (Առակաց 4։23) Կայէնի ազդարարութիւն տրուեցաւ որ մեղքը իր վրայ տիրելու վրայ էր, բայց ան չդիմադրեց։ (Ծննդոց 4։4-8) Ուստի, եթէ սուրբ գրային չեղող ընթացք մը հետապնդել սկսած ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Անկասկած, երախտապարտ պէտք է ըլլանք, երբ Քրիստոնեայ երէցներ փորձեն մեզ սրբագրել, որպէսզի Աստուծոյ դէմ չմեղանչենք։—Գաղատացիս 6։1
Աստուած՝ Բարի Բաներու Աղբիւրը
14. Ի՞նչ առումով կրնայ ըսուիլ որ Աստուծոյ պարգեւները «կատարեալ» են։
14 Պէտք չէ մոռնանք որ Եհովա բարի բաներու Աղբիւրն է, ոչ թէ՝ փորձութիւններու։ (Յակոբու 1։16-18) Յակոբոս իր հաւատակիցները «սիրելի՛ եղբայրներ» կը կոչէ եւ ցոյց կու տայ որ Աստուած է ‘ամէն բարի տուրք ու կատարեալ պարգեւ’ Տուողը։ Եհովայի հոգեւոր եւ նիւթական պարգեւները «կատարեալ», կամ ամբողջական, են եւ ոչ՝ թերի։ Անոնք «վերէն», Աստուծոյ երկնային բնակարանէն կու գան։ (Գ. Թագաւորաց 8։39) Եհովա ‘լոյսի Հայրն’ է, ինչպէս՝ արեւին, լուսնին եւ աստղերուն։ Ան հոգեւոր լոյս եւ ճշմարտութիւն ալ կու տայ մեզի։ (Սաղմոս 43։3. Երեմեայ 31։35. Բ. Կորնթացիս 4։6) Արեւը մինչ կը շարժի, իր շուքերը կը փոխէ եւ իր բարձրակէտին կը հասնի միայն կէսօրին, բայց Աստուած բարիքներ հայթայթելու մէջ միշտ իր բարձրակէտին վրայ է։ Եթէ իր Խօսքէն եւ ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային’ միջոցաւ իր կատարած հոգեւոր հայթայթումներէն լիովին օգտուինք, անկասկած Ան պիտի զինէ մեզ որ փորձութիւնները կարենանք դիմակալել։—Մատթէոս 24։45
15. Եհովայի սքանչելի պարգեւներէն մէկը ի՞նչ է։
15 Աստուծոյ սքանչելի պարգեւներէն մէկը ի՞նչ եղած է։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ հոգեւոր որդիներու ծնունդը, բարի լուրին՝ կամ «ճշմարտութեան խօսք»ին՝ համագործակցութեամբ։ Հոգեւոր ծնունդ ունեցողները «երախայրի» են, որոնք մարդոց մէջէն ընտրուած են երկնային «թագաւորներ ու քահանաներ» ըլլալու համար։ (Յայտնութիւն 5։10. Եփեսացիս 1։13, 14) Յակոբոս թերեւս ի մտի ունէր գարիի երախայրին, որ մատուցուեցաւ Նիսան 16–ին՝ Յիսուսի յարութեան ժամանակ՝ ինչպէս նաեւ, ցորենի երկու հացերը, որոնք մատուցուեցան Պէնտէկոստէին օրը, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ։ (Ղեւտացւոց 23։4-11, 15-17) Եթէ այս է պարագան, ուրեմն Յիսուս երախայրին կ’ըլլայ եւ իր ժառանգակիցները՝ «երախայրի մը»։ Ի՞սկ երկրային յոյս ունեցողները. . . ։ Ասիկա մեր մտքին մէջ պահելը կրնայ օգնել, որ կառչած մնանք, «ամէն բարի տուրք» Տուողին, որ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտենական կեանքը կարելի դարձուցած է։
‘Խօսքը Կատարողներ’ Եղէք
16. Ինչո՞ւ պէտք է ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ’։
16 Ներկայիս, մեր հաւատքին համար փորձութիւններ ունենանք կամ ոչ, պէտք է ‘խօսքը կատարողներ’ ըլլանք։ (Յակոբու 1։19-25) Աստուծոյ խօսքը ‘լսելու մէջ արագ’ պէտք է ըլլանք եւ զայն կատարելու մէջ՝ հլու։ (Յովհաննու 8։47) Միւս կողմէ, ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլանք, ուշադրութեամբ կշռելով մեր խօսքերը։ (Առակաց 15։28. 16։23) Թերեւս Յակոբոս մեզ կը յորդորէ որ շուտով չըսենք թէ մեր փորձութիւնները Աստուծմէ են։ Նաեւ մեզի խրատ կը տրուի որ ‘բարկանալու մէջ ծանր’ ըլլանք. «Վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր»։ Եթէ անհատի մը խօսքերը մեզ բարկացնեն, կծու պատասխան մը տալէ խուսափելու համար, ‘խօսելու մէջ ծանր’ ըլլանք։ (Եփեսացիս 4։26, 27) Ցասկոտ հոգի մը, որ մեզի խնդիրներ կը յարուցանէ եւ ուրիշներուն համար ալ փորձութիւն մը կրնայ ըլլալ, այնպիսի վարմունք մը կը մղէ մեզ որ մեր արդար Աստուծոյն վրայ հաւատք ունեցողի մը անվայել է։ Իսկ եթէ «շատ խոհեմ» ենք, «երկայնամիտ» պիտի ըլլանք եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզմով պիտի հրապուրուին։—Առակաց 14։29
17. Սրտէն ու մտքէն չարութիւնը վերցնելով ի՞նչ կ’իրագործուի։
17 Անկասկած, ‘ամէն աղտեղութենէ’, այսինքն, Աստուած զզուեցնող եւ ցասում հրահրող ամէն բանէ հեռու պէտք է կենանք։ Ասկէ զատ, ‘չարութիւնը մէկդի’ պէտք է ձգենք։ Բոլորս ալ մեր կեանքերը մարմնի կամ հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ պէտք է մաքրենք։ (Բ. Կորնթացիս 7։1. Ա. Պետրոս 1։14-16. Ա. Յովհաննու 1։9) Մեր սրտէն ու մտքէն չարութիւնը վերցնելը մեզի օգնեց, որ ‘հեզութեամբ ընդունինք մեր մէջ սերմանուած [ճշմարտութեան] խօսքը’։ (Գործք 17։11, 12) Առանց նկատի առնելու թէ որքան ատենէ ի վեր Քրիստոնեաներ ենք, պէտք է շարունակենք սուրբ գրային յաւելեալ ճշմարտութիւններ մեր մէջ սերմանել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ հոգիով, սերմանուած խօսքը փրկութեան հասցնող «նոր անձնաւորութիւն»ը յառաջ կը բերէ։—Եփեսացիս 4։20-24, ՆԱ։
18. Խօսքը միայն լսող մը ի՞նչպէս կը տարբերի խօսքը կատարողէն։
18 Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ Խօսքը մեր առաջնորդն է։ Հնազանդօրէն ‘խօսքը կատարողներ եւ ոչ միայն լսողներ ըլլալով’։ (Ղուկաս 11։28) ‘Կատարողները’ հաւատք մը ունին, որու հետեւանքով քրիստոնէական ծառայութեան մէջ եռանդուն գործունէութիւն եւ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովներուն մէջ կանոնաւոր մասնակցութիւն կ’ունենան։ (Հռովմայեցիս 10։14, 15. Եբրայեցիս 10։24, 25) Խօսքը միայն լսող մը «կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ»։ Ան կը դիտէ, ապա կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ իր երեւոյթը շտկելու համար ի՛նչ բանի կարիքը ունի։ Որպէս ‘խօսքը կատարողներ’, ուշադրութեամբ կ’ուսումնասիրենք Աստուծոյ «կատարեալ օրէնք»ը ու կը հնազանդինք անոր, որ կը պարփակէ մեզմէ պահանջած բոլոր բաները։ Հետեւաբար, մեր վայելած ազատութիւնը մեղքին ու մահուան գերութեան ճիշդ հակառակն է, քանի որ անիկա կեանքի կ’առաջնորդէ։ Ուստի, ‘կատարեալ օրէնքին մէջ կենա՛նք’, յարատեւաբար զայն քննելով ու անոր հնազանդելով։ Իսկ պահ մը խորհեցէք. ‘խօսքը կատարողներ ըլլալով ու ո՛չ թէ մոռցողներ’, կ’ունենանք ա՛յն ուրախութիւնը, որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալէն յառաջ կու գայ։—Սաղմոս 19։7-11
Ձեւական Երկրպագուներ Ըլլալէն Աւելի կը Պահանջուի
19, 20. (ա) Յակոբու 1։26, 27–ին համաձայն, մաքուր պաշտամունքը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ (բ) Մաքուր պաշտամունքի կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։
19 Եթէ աստուածային հաճութիւնը կ’ուզենք վայելել, պէտք չէ մոռնանք որ ճշմարիտ պաշտամունքը պարզ ձեւակերպութիւն չէ։ (Յակոբու 1։26, 27) Կրնանք խորհիլ թէ մենք Եհովայի ընդունելի ‘երկրպագուներ’ ենք, սակայն կարեւորը այն է թէ ինք ո՛րքանով կը գնահատէ մեզ անհատապէս։ (Ա. Կորնթացիս 4։4) «Լեզուին սանձ» չդնելը լուրջ թերութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Մենք մեզ խաբած կ’ըլլանք, եթէ խորհինք որ մեր պաշտամունքը հաճելի է Աստուծոյ, երբ ուրիշները կը զրպարտենք, սուտեր կը խօսինք, կամ մեր լեզուն այլ կերպերով սխալ կը գործածենք։ (Ղեւտացւոց 19։16. Եփեսացիս 4։25) Վստահաբար, չենք ուզեր որ մեր «կրօնասիրութիւնը» որեւէ պատճառով Աստուծոյ աչքին «փուճ» եւ անընդունելի ըլլայ։
20 Թէեւ Յակոբոս ճշմարիտ պաշտամունքին ամէն երեսակները չի յիշեր, սակայն անոր մէջ կը պարփակէ «որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել [իրենց] նեղութեան ատենը»։ (Գաղատացիս 2։10. 6։10. Ա. Յովհաննու 3։18) Քրիստոնէական ժողովքը մասնայատուկ կերպով կը հետաքրքրուի որբեւայրիներուն կարիքներով։ (Գործք 6։1-6. Ա. Տիմոթէոս 5։8-10) Քանի որ Աստուած է որբին ու որբեւայրիին Պահապանը, ուրեմն Անոր հետ համագործակցինք, այդպիսիներուն հոգեւոր ու նիւթական գետնի վրայ օգնելու համար մեր ձեռքէն եկածը ընելով։ (Բ. Օրինաց 10։17, 18) Մաքուր պաշտամունք նաեւ կը նշանակէ «անձը անարատ պահել աշխարհէն»՝ Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող մարդկային անիրաւ ընկերութենէն։ (Յովհաննու 17։16. Ա. Յովհաննու 5։19) Հետեւաբար, աշխարհի անաստուած վարքէն հեռու մնանք, որպէսզի կարենանք Եհովան փառաբանել ու պիտանի ըլլալ իր ծառայութեան մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 2։20-22
21. Յակոբու նամակին առնչութեամբ, ի՞նչ հարցումներ մեր նկատառութեան արժանի են։
21 Յակոբոսի խրատները զորս մինչեւ հոս նկատի առինք, պէտք է օգնեն մեզի որ փորձութիւններու համբերենք ու մեր հաւատքին կառչած մնանք։ Անոնք բարի պարգեւներու սիրալիր Հայթայթիչին հանդէպ մեր գնահատութիւնը պէտք է աւելցնեն։ Յակոբոսի խօսքերը նաեւ կ’օգնեն որ մաքուր պաշտամունք ի գործ դնենք։ Տակաւին ի՞նչ բաներ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Ի՞նչ յաւելեալ քայլեր կրնանք առնել ապացուցանելու համար թէ Եհովայի վրայ ճշմարիտ հաւատք ունինք։
[Ստորանիշ]
a Այս յօդուածը եւ յաջորդ երկու յօդուածները, անձնապէս կամ ընտանիքով ուսումնասիրելու ատեն, յատկապէս օգտակար պիտի գտնէք ընթերցել Յակոբոսի հաւատք ամրապնդող նամակէն մէջբերուած իւրաքանչիւր հատուած։
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ փորձութիւններու համբերենք։
◻ Հակառակ փորձութիւններու, Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան ուրախանալ։
◻ Ի՞նչպէս կրնանք խօսքը կատարողներ ըլլալ։
◻ Մաքուր պաշտամունքը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
[Նկարներ՝ էջ 19]
‘Խօսքը կատարողները’ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն համայն աշխարհի մէջ