Շարունակեցէք իրար կերտել
«Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 4։29
1, 2. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ խօսակցութիւնը սքանչելիք մըն է։ (բ) Մեր լեզուն ինչպէս գործածելուն մասին ի՞նչ զգուշացում եղած է մեզի։
«ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ մոգական կապ մըն է, որ իրար կը կապէ բարեկամները, ընտանիքները եւ մարդկային ընկերութիւնները ...։ Մարդուն մտքին եւ [լեզուին] մկաններու խուրձի համակարգուած պրկումներով, կրնանք ձայներ հանել, որոնք սէր, նախանձ, յարգանք, կամ մարդկային որեւէ զգացում կը ներշնչեն»։—Լսելիք, Ճաշակելիք եւ Հոտոտելիք (Անգլ.)
2 Մեր լեզուն միայն կլլելու կամ համտեսելու ծառայող անդամ մը չէ, այլ ուրիշներուն հետ մտածումներ եւ զգացումներ բաժնելու մեր կարողութեան մաս կը կազմէ։ «Լեզուն պզտիկ անդամ մ’է», գրեց Յակոբոս, «անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են»։ (Յակոբու 3։5, 9) Այո, մեր լեզուն կրնանք լաւ բաներու համար գործածել, զոր օրինակ, Աստուած փառաբանելու։ Բայց անկատարեալ ըլլալով, շատ դիւրութեամբ կրնանք զայն գործածել վիրաւորական կամ ժխտական բաներ ըսելու համար։ Յակոբոս գրեց. «Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ»։—Յակոբու 3։10
3. Մեր խօսակցութեան ո՞ր երկու երեսակներուն ուշադրութիւն պէտք է ընենք։
3 Թէեւ մարդոց մէջէն ո՛չ մէկը կրնայ կատարելապէս զսպել իր լեզուն, սակայն մենք ամէն գնով պէտք է ջանանք ասիկա ընել։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը խրատէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ»։ (Եփեսացիս 4։29) Նկատի առի՞ք որ այս պատուէրը երկու երեսակ ունի. բաներ՝ որոնցմէ պէտք է խուսափինք եւ բաներ՝ որոնք պէտք է փորձենք ընել։
Խուսափինք Ապականեալ Խօսքերէն
4, 5. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ պայքար կը մղեն աղտոտ լեզուի դէմ։ (բ) Ո՞ր պատկերը կը յարմարի «ապականեալ խօսք» արտայայտութեան։
4 Եփեսացիս 4։29–ը նախ մեզ կը յորդորէ, ըսելով. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ»։ Ասիկա կրնայ դիւրին չըլլալ։ Պատճառներէն մէկը այն է որ պիղծ խօսակցութիւնը շատ սովորական է մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ։ Քրիստոնեայ շատ մը պատանիներ ամէն օր հայհոյանք կը լսեն, քանի որ իրենց դասընկերները կը խորհին որ անիկա զիրենք աւելի կարեւոր կը դարձնէ, կամ իրենց աւելի կարծր երեւոյթ մը կու տայ։ Թերեւս չենք կրնար աղտոտ բառեր լսելէ բոլորովին խուսափիլ, բայց կրնանք գիտակից ջանք թափել եւ պէտք է թափենք որ զանոնք չիւրացնենք։ Անոնք տեղ չունին մեր մտքերուն եւ բերնին մէջ։
5 Պօղոսի ազդարարութիւնը աւելի կը շեշտուի ասոր համար հոս գործածուած Յունարէն բառով, որ նեխած ձուկերու կամ փճացած պտուղներու համար կը գործածուի։ Պահ մը երեւակայեցէք. մարդ մը, որ անհամբեր կը դառնայ եւ ապա յանկարծ կը զայրանայ։ Վերջապէս կը պոռթկայ եւ կը տեսնէք որ անոր բերնէն նեխած ձուկ մը կ’ելլէ։ Անկէ ետք փտած եւ հոտած պտուղներ կ’ելլեն ու կը թփթփին բոլոր շուրջիններուն վրայ ցատկելով։ Ո՞վ է այս անհատը։ Ի՜նչ ահաւոր պիտի ըլլար եթէ անիկա մեզմէ մէկը ըլլար։ Սակայն, ասոր կը նմանինք, եթէ մեր ‘բերնէն ապականեալ խօսք մը ելլէ’։
6. Եփեսացիս 4։29–ը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի քննադատական, ժխտական խօսակցութեան։
6 Եփեսացիս 4։29–ի ուրիշ մէկ կիրարկումն է, խուսափիլ միշտ քննադատող ըլլալէ։ Ճիշդ է որ բոլորս ալ մեր չսիրած կամ չընդունած բաներուն մասին ունինք մեր անձնական կարծիքները եւ ճաշակները, բայց բնաւ գտնուա՞ծ էք մէկու մը քով, որ ժխտական արտայայտութիւն (կամ շատ մը արտայայտութիւններ) ունի ամէն անձի, վայրի կամ յիշուած բանի մասին։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 12։9. Եբրայեցիս 1։9)։ Անոր խօսակցութիւնը կը քանդէ, կը ճնշէ եւ կը փճացնէ։ (Սաղմոս 10։7. 64։2–4. Առակաց 16։27. Յակոբու 4։11, 12) Ան չանդրադառնար որ որքա՜ն կը նմանի Մաղաքիայի նկարագրած քննադատողներուն։ (Մաղաքեայ 3։13–15) Ան որքա՜ն գէշ պիտի զգար, երբ քովը կայնողը ըսէր որ իր բերնէն նեխած ձուկ մը կամ հոտած պտուղներ դուրս կու գան։
7. Իւրաքանչիւրս ի՞նչ անձնաքննութիւն պէտք է ընենք։
7 Անշուշտ, շատ դիւրին է տեսնել երբ ուրիշ մը միշտ ժխտական կամ քննադատական արտայայտութիւններ կ’ունենայ, բայց դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ես ալ այսպէս ըլլալու հակումը ունի՞մ։ Արդեօք իրապէս իրեն պէ՞ս եմ’։ Իմաստութիւն է երբեմն խորհիլ թէ մեր խօսքերուն ետին ինչ հոգի մը կայ։ Անոնք գլխաւորաբար ժխտական, կամ քննադատակա՞ն են։ Մե՞նք ալ Յոբի երեք կեղծ մխիթարիչներուն կը նմանինք։ (Յոբ 2։11. 13։4, 5. 16։2. 19։2) Ինչո՞ւ չյիշել դրական բան մը։ Երբ տեսնենք թէ խօսակցութիւն մը բոլորովին քննադատական է, ինչո՞ւ անմիջապէս չուղղենք զայն կերտիչ նիւթերու շուրջ։
8. Մաղաքեայ 3։16–ը ի՞նչ դաս կու տայ մեզի, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ այդ դասը սորված ենք։
8 Մաղաքիան այս հակապատկերը ներկայացուց. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար»։ (Մաղաքեայ 3։16) Նկատեցի՞ք որ Աստուած ի՛նչպէս ընդառաջեց կերտիչ խօսակցութեան։ Այսպիսի խօսակցութեան մը ազդեցութիւնը հաւանաբար ի՞նչ եղաւ անոր մասնակցողներուն վրայ։ Անձնապէս դաս մը կրնանք սորվիլ մեր առօրեայ խօսակցութեան մասին։ Որքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլար, թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն համար, եթէ մեր խօսակցութիւնը գլխաւորաբար արտայայտէր ‘Աստուծոյ մատուցած մեր օրհնութեան պատարագները’։—Եբրայեցիս 13։15
Ուրիշները Կերտելու Համար Աշխատիլ
9. Քրիստոնէական ժողովները ինչո՞ւ ուրիշները կերտելու լաւ առիթներ են։
9 Ժողովքային հանդիպումները լաւագոյն առիթներ են ‘աղէկ բաներ խօսելու, պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ’։ (Եփեսացիս 4։29) Ասիկա կրնանք ընել երբ սուրբ գրային տեղեկութեան մը մասին դասախօսութիւն մը կու տանք, ցուցադրութիւն մը կը ներկայացնենք, կամ հարց–պատասխանով բաժիններուն մէջ պատասխաններ կու տանք։ Այդ պարագային Առակաց 20։15–ին խօսքերուն ճշգրտութիւնը կը ստուգենք թէ «գիտութեան շրթունքները մեծագոյն զարդեր են»։ Ո՞վ գիտէ թէ այսպիսով քանի հոգիներու սրտերուն պիտի հասնինք կամ՝ զանոնք կերտենք։
10. Երբ մտածենք թէ սովորաբար որոնց հետ կը խօսինք, ի՞նչ վերաճշդումներ կրնանք ընել։ (Բ. Կորնթացիս 6։12, 13)
10 Ժողովէն առաջ եւ վերջը յարմար առիթներ են ուրիշները կերտող խօսակցութիւններ ունենալու։ Շատ դիւրին է այդ ժամանակները անցնել զուարճալի խօսակցութիւն մը ունենալով մեր ազգականներուն, կամ քանի մը հոգիի հետ, որոնց հետ հանգիստ կը զգանք։ (Յովհաննու 13։23. 19։26) Սակայն, Եփեսացիս 4։29–ի խրատին հետեւելու համար, ինչո՞ւ ուրիշներուն հետ ալ չխօսինք։ (Բաղդատել Ղուկաս 14։12–14)։ Նախապէս կրնանք որոշել որ նորեկներուն, ծերերուն, կամ պզտիկներուն միայն բարեւ մը ըսելէն աւելին խօսիլ, նոյնիսկ երիտասարդներուն հետ նստիլ եւ աւելի անոնց մակարդակին ըլլալ։ Մեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը եւ կերտիչ խօսակցութիւնները պատճառ պիտի ըլլան որ ուրիշներ ալ կարենան արձագանգել Սաղմոս 122։1–ի Դաւիթի զգացումը։
11. (ա) Շատեր Սրահին մէջ նստելու ո՞ր սովորութիւնը ունին։ (բ) Ինչո՞ւ ոմանք մտադրաբար կը փոխեն իրենց տեղը։
11 Կերտիչ խօսակցութիւն մը ունենալու ուրիշ կերպ մըն է ժողովին մէջ մեր նստած տեղերը փոխել։ Երախայի մը հոգ տանող մայր մը թերեւս պէտք ունենայ զուգարանին մօտ նստիլ, կամ հաշմանդամ մը միջանցքի աթոռի մը վրայ. իսկ միւսնե՞րը։ Թերեւս սովորութիւն ըրած ենք որոշ աթոռի մը վրայ նստիլ եւ ինքնաբերաբար հոն կ’երթանք, ինչպէս թռչուն մը բնազդաբար կը թառի իր ճիւղին վրայ։ (Եսայեայ 1։3. Մատթէոս 8։20) Անկեղծ ըլլանք. քանի որ որեւէ տեղ կրնանք նստիլ, ինչո՞ւ մեր տեղը չփոխենք, օրինակի համար, աջ, կամ ձախ կողմը, աւելի առջեւ, եւայլն, չնստինք։ Այս կերպով տարբեր անհատներու հետ աւելի լաւ կը ծանօթանանք։ Թէեւ ասոր համար օրէնք մը չկայ, սակայն իրենց տեղը փոխող երէցներ եւ հասուն անհատներ աւելի դիւրին գտած են ուրիշներուն հետ ալ կերտիչ խօսակցութիւններ ունենալ քան թէ միայն քանի մը մտերիմ բարեկամներու հետ խօսելու։
Աստուածային Կերպով Կերտեցէք
12. Ամբողջ պատմութեան ընթացքին ո՞ր անփափաքելի հակումը երեւան եկած է։
12 Ուրիշները կերտելու Քրիստոնեային փափաքը պէտք է մղէ զինք որ այս մարզին մէջ Աստուած ընդօրինակէ քան թէ բազմաթիւ օրէնքներ դնելու մարդկային հակումին հետեւի։a Անկատար մարդիկ միշտ հակումը ունեցած են իրենց շուրջ եղող անհատներուն վրայ տիրելու. նոյնիսկ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք տեղի տուած են այս հակումին։ (Ծննդոց 3։16. Ժողովողի 8։9) Յիսուսի ժամանակ, Հրեայ առաջնորդները ‘ուրիշներուն վրայ տանելու դժուար բեռներ կը կապէին, բայց չէին ուզեր զանոնք շարժել’։ (Մատթէոս 23։4) Անոնք վնասակար սովորութիւնները պարտաւորիչ աւանդութիւններու կը վերածէին։ Մարդկային օրէնքներու չափազանց կարեւորութիւն տալով, անոնք անտեսեցին ինչ որ Աստուծոյ աչքին աւելի կարեւոր բաներ էին։ Սուրբ գրային չեղող այդ շատ մը կանոնները ո՛չ մէկուն օգուտ կը բերէին. անոնց ճամբաները Աստուծոյ ճամբաները չէին։—Մատթէոս 23։23, 24. Մարկոս 7։1–13
13. Ինչո՞ւ պատշաճ չէ բազմաթիւ կանոններ դնել Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն վրայ։
13 Քրիստոնեաները անկեղծօրէն կ’ուզեն կառչիլ աստուածային օրէնքներուն։ Նոյնիսկ մենք կրնանք բեռնաւորող բազմաթիւ կանոններ դնելու հակումին զոհ երթալ։ Ինչո՞ւ։ Նախ անոր համար որ ճաշակները կամ նախասիրութիւնները կրնան տարբերիլ, ուստի ոմանք կրնան ընդունելի գտնել ի՛նչ որ ուրիշները չեն սիրեր եւ կը խորհին որ պէտք է արգիլուին անոնք։ Դէպի հոգեւոր հասունութիւն յառաջդիմելու մէջ ալ Քրիստոնեաները իրարմէ տարբեր են։ Սակայն աստուածային կե՞րպն է շատ մը կանոններ դնել օգնելու համար ուրիշի մը որ դէպի հոգեւոր հասունութեան դիմէ։ (Փիլիպպեցիս 3։15. Ա. Տիմոթէոս 1։19. Եբրայեցիս 5։14) Նոյնիսկ երբ անհատ մը իրապէս ծայրայեղ կամ վտանգաւոր ընթացքի մը կը հետեւի, արդեօք արգելիչ կանոններ դնելով խնդիրը կը լուծուի՞։ Այս հարցին մէջ Աստուծոյ կերպն է որ որակելի անհատներ փորձեն մոլորած անհատը ուղղել, մեղմութեամբ անոր տրամաբանել տալով։—Գաղատացիս 6։1
14. Իսրայէլի տուած Աստուծոյ օրէնքները ի՞նչ նպատակի ծառայեցին։
14 Ճիշդ է որ երբ Իսրայէլ իր ժողովուրդն էր, Աստուած հարիւրաւոր օրէնքներ տուաւ տաճարի պաշտամունքին, զոհերուն եւ նոյնիսկ առողջապահական միջոցառումներու մասին։ Ասիկա յարմար էր զատուած ազգի մը համար եւ օրէնքներէն շատերը մարգարէական կարեւորութիւն ունէին եւ Հրեաները Մեսիայի առաջնորդելու օգնեցին։ Պօղոս գրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէսզի մենք հաւատքով արդարանանք։ Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք»։ (Գաղատացիս 3։19, 23–25) Օրէնքը տանջանքի ցիցին վրայ չեղեալ համարուելէ ետք, Աստուած Քրիստոնեաներուն կեանքի բոլոր երեսակները պարփակող կանոններու երկար ցանկ մը չտուաւ որպէս թէ անիկա զիրենք հաւատքի մէջ կերտելու կերպը ըլլար։
15. Աստուած ի՞նչ առաջնորդութիւն տուած է Քրիստոնեայ երկրպագուներուն։
15 Անշուշտ, մենք առանց օրէնքի չենք։ Աստուած մեզի պատուիրեց որ կռապաշտութենէն, պոռնկութենէն եւ շնութենէն ու արեան սխալ գործածութենէն զգուշանանք։ Ան մասնաւորաբար կ’արգիլէ մարդասպանութիւնը, ստախօսութիւնը, ոգեհարցութիւնը եւ շատ մը ուրիշ մեղքեր։ (Գործք 15։28, 29. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8) Իսկ Իր Խօսքին մէջ, ան շատ մը հարցերու մասին յստակ խրատներ կը մատուցանէ։ Սակայն մենք Իսրայելացիներէն աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ունինք Աստուածաշունչի սկզբունքները սորվելու եւ զանոնք կիրարկելու մէջ։ Երէցները կրնան ուրիշները կերտել, անոնց օգնելով որ այս սկզբունքները գտնեն եւ զանոնք քննեն քան թէ կանոններ փնտռելով կամ անոնց առջեւ դնելով։
Երէցներ Որոնք կը Կերտեն
16, 17. Առաքեալները ի՞նչ լաւ օրինակներ հանդիսացան իրենց երկրպագուներուն վրայ օրէնքներ դնելու առնչութեամբ։
16 Պօղոս գրեց. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք»։ (Փիլիպպեցիս 3։16) Աստուածային այդ տեսակէտին հետ ներդաշնակ, առաքեալը ուրիշներուն հետ այնպէս մը կը վարուէր որ զանոնք կերտէր։ Օրինակի համար, հարց մը ծագեցաւ թէ կռատունէ մը եկած միսը կրնա՞ն ուտել թէ ոչ։ Արդեօք այս առաքեալը հաստատամտութեան կամ պարզութեան սիրոյն կարգ մը կանոննե՞ր տուաւ առաջին դարու ժողովքներուն մէջ բոլոր գտնուողներուն։ Ո՛չ. ան գիտակցեցաւ որ այդ Քրիստոնեաները իրենց ունեցած գիտութեան եւ հասունութեան համաձայն տարբեր ընտրութիւններ պիտի ընէին։ Իսկ ինք, որոշած էր լաւ օրինակ հանդիսանալ։—Հռովմայեցիս 14։1–4. Ա. Կորնթացիս 8։4։13
17 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ցոյց կու տան թէ առաքեալները օգտակար խրատներ տուին անձնական կարգ մը հարցերու մասին, ինչպէս հագուածքի կամ արդուզարդի մասին, բայց անոնք կանոններու տարափ մը չտուին։ Ներկայիս ասիկա լաւ օրինակ մըն է Քրիստոնեայ տեսուչներուն, որոնց հետաքրքրութիւնն է հօտը կերտել։ Իսկ Աստուած այսպէս վարուեցաւ նոյնիսկ վաղեմի Իսրայէլին հետ։
18. Եհովա հագուածքի մասին ի՞նչ օրէնք տուաւ Իսրայէլի։
18 Աստուած Իսրայելացիներուն խրթին օրէնք մը չտուաւ հագուստի մասին։ Բացայայտօրէն թէ՛ այրերը եւ թէ կիները իրարու նմանող վերարկուներ կը գործածէին, թէեւ կնկան վերարկուն ասեղնագործուած կամ աւելի գունաւոր կրնար ըլլալ։ Երկուքն ալ սատհին կամ ներքնազգեստ կը հագնէին։ (Դատաւորաց 14։12. Առակաց 31։24. Եսայեայ 3։23) Հագուստի մասին Աստուած ի՞նչ օրէնք տուաւ։ Ո՛չ այրեր եւ ոչ կիներ հակառակ սեռի յատուկ եղող հագուստներ պէտք էր հագնէին, բացայայտօրէն միասեռականութեան մտոք։ (Բ. Օրինաց 22։5) Իրենց շրջակայ ազգերէն զատորոշուելու համար, Իսրայելացիները իրենց հանդերձներուն վրայ ծոպեր պէտք էր շինէին եւ անոնց վրայ կապոյտ ժապաւէն դնէին ու հանդերձներուն անկիւնները՝ մութակներ։ (Թուոց 15։38–41) Հագուելակերպի մասին Օրէնքը հիմնականօրէն միայն այսքան կ’ըսէր։
19, 20. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ ուղղութիւններ կու տայ Քրիստոնեաներուն հագուածքի եւ արդուզարդի մասին։ (բ) Երէցները ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան անձնական երեւոյթի առնչութեամբ։
19 Թէեւ Քրիստոնեաները Օրէնքին ներքեւ չեն, սակայն Աստուածաշունչը հագուելակերպի ու արդուզարդի մասին մեզի մանրամասն կանոններ կու տա՞յ։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ։ Աստուած հաւասարակշռուած սկզբունքներ հայթայթած է, զորոնք կրնանք կիրարկել։ Պօղոս գրեց. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։9) Պետրոս յորդորեց որ մարմնաւոր զարդարանքներէն աւելի, Քրիստոնեայ կիներ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն ‘սրտին ծածուկ մարդուն, անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդ’ին վրայ։ (Ա. Պետրոս 3։3, 4) Եթէ այսպիսի խրատ մը արձանագրուած է, ասիկա կը թելադրէ որ առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք պէտք ունէին աւելի պարկեշտ հագուելակերպ մը եւ զարդարանք մը ունենալու։ Սակայն, փոխանակ որոշ ոճեր պահանջելու կամ արգիլելու, առաքեալները պարզապէս կերտիչ խրատներ կու տային։
20 Եհովայի Վկաները մարդոց յարգանքը պէտք է շահին իրենց պարկեշտ երեւոյթով, ինչ որ է պարագան ընդհանրապէս։ Այսուհանդերձ, երկրէ երկիր, կամ նոյնիսկ շրջանի մը կամ ժողովքի մը մէջ, ոճերը կրնան տարբեր ըլլալ։ Անշուշտ, երէց մը, որոշ հագուելակերպի եւ արդուզարդի ճաշակներուն մասին զօրաւոր գաղափար մը ունենալով, կրնայ իրեն եւ իր ընտանիքին համար այս առնչութեամբ որոշումներ առնել։ Իսկ ինչ որ կը վերաբերի հօտին, ան պէտք է Պօղոսի հետեւեալ խօսքը ի մտի ունենայ. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասնզի դուք հաւատքով կը կենաք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Այո, ժողովքին վրայ կանոններ դնելու մղումին դէմ դնելով, երէցները կ’աշխատին ուրիշներուն հաւատքը կերտել։
21. Եթէ անհատ մը հագուելակերպի մէջ կը չափազանցէ, երէցները ինչպէ՞ս կրնան կերտիչ օգնութիւն մը տալ։
21 Ինչպէս առաջին դարուն, երբեմն նորեկներ կամ հոգեւորապէս տկար եղողներ կրնան կասկածելի կամ յիմարական ընթացքի մը հետեւիլ հագուածքի, արդուզարդի, կամ գոհարեղենի գործածութեան մէջ։ Ի՞նչ կարելի է ընել այս պարագային։ Դարձեալ, Գաղատացիս 6։1–ը կարգ մը ուղղութիւններ կու տայ այն Քրիստոնեայ երէցներուն որոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն օգնել։ Երէց մը, խրատ մը տալէ առաջ, իմաստութիւն է որ ուրիշ երէցի մը կարծիքը հարցնէ, նախընտրաբար չերթալով անոր քով որ գիտէ թէ նոյն ճաշակը կամ մտածելակերպը ունի։ Եթէ տեսնուի որ ժողովքը հագուածքի եւ արդուզարդի նկատմամբ աշխարհային հոսանքի մը ենթակայ է, երէցներուն մարմինը կրնայ խօսակցիլ թէ ինչպէս լաւագոյնս կրնան օգնել, թերեւս ժողովի մը ընթացքին ազնիւ, կերտիչ բաժին մը տալով եւ կամ ուղղակիօրէն անհատին խօսելով։ (Առակաց 24։6. 27։17) Իրենց նպատակակէտը պէտք է ցոլացնէ Բ. Կորնթացիս 6։3–ին միտքը. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէսզի մեր պաշտօնը չարատաւորենք»։
22. (ա) Ինչո՞ւ մեզ պէտք չէ խանգարէ երբ տեսակէտներու պզտիկ տարբերութիւններ գոյութիւն ունենան։ (բ) Պօղոս ի՞նչ կերպով լաւ օրինակ հանդիսացաւ։
22 Քրիստոնեայ երէցները, որոնք ‘իրենց հոգածութեան ներքեւ եղող Աստուծոյ հօտը կը հովուեն’, կ’ուզեն Պետրոսի գծած ճամբուն հետեւիլ, այսինքն, ‘վիճակներուն վրայ չտիրելով’։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Իրենց սիրալիր գործին մէջ, երբեմն կրնան կարգ մը խնդիրներու մասին հարցումներ ծագիլ եւ որու համար տարբեր կարծիքներ գոյանալ։ Թերեւս տեղւոյն սովորութիւնն է Դիտարանի ուսումնասիրութեան ընթացքին ոտքի կարդալ պարբերութիւնները։ Դաշտի ծառայութեան մասին խմբային կարգադրութիւնները եւ ծառայութեան մասին շատ մը ուրիշ մանրամասնութիւններ կարելի է տեղւոյն սովորութեան համաձայն ձեռք առնել։ Իսկ, աշխարհը չի փլիր եթէ մէկը քիչ մը տարբեր կերպ մը գործածէ։ Սիրալիր տեսուչները կը փափաքին որ «ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ». արտայայտութիւն մը՝ զոր Պօղոս գործածեց հրաշալի պարգեւներու գործածութեան առնչութեամբ։ Բայց բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ ‘եկեղեցիին շինութիւն’ն էր Պօղոսի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը։ (Ա. Կորնթացիս 14։12, 40) Ան բնաւ կանոններու անվերջ ցանկ մը շինելու հակումը չունեցաւ որպէս թէ իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ըլլար բացարձակ միաձեւութիւնը, կամ ամբողջական ատակութիւնը։ Ան գրեց. «Տէրը մեզի տուաւ՝ [իշխանութիւն] ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար»։—Բ. Կորնթացիս 10։8
23. Ուրիշները կերտելու Պօղոսի կարգ մը կերպերը ի՞նչ են, որոնք կրնանք ընդօրինակել։
23 Պօղոս անվարանօրէն աշխատեցաւ որ ուրիշները կերտէ դրական եւ քաջալերական խօսքերով։ Փոխանակ քանի մը բարեկամներու շրջանակին հետ ընկերակցելու, ան բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու այցելեց հոգեւորապէս զօրաւորներուն, բայց մանաւանդ հոգեւորապէս կերտուելու կարիքը ունեցողներուն։ Ան շեշտը կը դնէ սիրոյ վրայ քան թէ կանոններու, քանի որ «սէրը շինութիւն կ’ընէ»։—Ա. Կորնթացիս 8։1
[Ստորանիշ էջ 19]
a Ընտանիքէն ներս կրնայ յանձնարարելի ըլլալ կարգ մը կանոններ դնել, պարագաներէն կախեալ ըլլալով։ Աստուածաշունչը ծնողներուն լիազօրութիւն կու տայ որ իրենց անչափահաս զաւակներուն տեղ որոշումներ առնեն։—Ելից 20։12. Առակաց 6։20. Եփեսացիս 6։1–3
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Ինչո՞ւ պատշաճ է փոխուիլ, եթէ ժխտական կամ քննադատական խօսակցութեան հակումը ունինք։
◻ Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ժողովքին մէջ աւելի կերտող ըլլանք։
◻ Ուրիշներուն դիմաց շատ օրէնքներ դնելու առնչութեամբ աստուածային ի՞նչ օրինակ ունինք։
◻ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ երէցներուն որ հօտին վրայ մարդկային կանոններ դնելէ խուսափին։