Քրիստոնեայ կիները պատիւի ու յարգանքի արժանի են
«Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները [պատիւ տալով անոնց (ՆԱ)]»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3։7
1, 2. (ա) Ջրհորին քով Սամարացի կնոջ մը հետ Յիսուսի խօսակցութիւնը ի՞նչ հետաքրքրութիւն արթընցուց եւ ինչո՞ւ։ (Տես նաեւ ստորանիշը։) (բ) Սամարացի կնոջ քարոզելով, Յիսուս ի՞նչ ցոյց տուաւ։
ՍՈՒՔԱՐ քաղաքին մօտ հին ջրհորի մը քով, Հ.Դ. 30–ի վերջաւորութեան մէկ միջօրէին, Յիսուս յայտնեց թէ, ըստ իրեն, կիներուն հետ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ։ Ան ամբողջ առաւօտը յատկացուցած էր Սամարիայի անհարթ գիւղին մէջէն անցնելու եւ այդ ջրհորին հասած էր յոգնած, անօթի, ու ծարաւ։ Մինչ ան ջրհորին քով նստած է, Սամարացի կին մը մօտեցաւ ջուր քաշելու համար։ «Ինծի ջուր տուր խմելու», ըսաւ Յիսուս անոր։ Կինը ապշահար անոր անքթիթ նայած ըլլալու է։ Ան հարցուց. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինծմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը»։ Աւելի ետք, երբ ուտելիք գնելէ վերադարձան, իր աշակերտները ափիբերան մնացին, հարց տալով թէ Յիսուս ի՛նչու ‘կնոջ մը հետ կը խօսէր’։—Յովհաննու 4։4–9, 27
2 Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ կինը այս հարցումը ընէ եւ որ աշակերտները հետաքրքրուին։ Կինը Սամարացի մըն էր, իսկ Հրեաները Սամարացիներուն հետ ոչ մէկ հաղորդակցութիւն ունէին։ (Յովհաննու 8։48) Սակայն բացայայտօրէն հետաքրքրութեան ուրիշ պատճառ մըն ալ կար։ Այդ ժամանակ, ռաբբունական աւանդութիւնը այր մարդոց կ’արգիլէր հանրապէս կիներուն հետ խօսիլ։a Սակայն, Յիսուս բացէ ի բաց այս անկեղծ կնոջ քարոզեց, նոյնիսկ անոր յայտնելով որ ինք Մեսիան էր։ (Յովհաննու 4։25, 26) Յիսուս այս կերպով ցոյց տուաւ որ ինք սուրբ գրային չեղող աւանդութիւններով չէր կապուած, այն աւանդութիւնները ներառեալ, որոնք կիները կը նուաստացնէին։ (Մարկոս 7։9–13) Ընդհակառակը, իր արարքներով եւ ուսուցումով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ կիներուն հետ պատիւով ու յարգանքով պէտք է վարուիլ։
Յիսուս Կիներուն Հետ Ի՛նչպէս Վարուեցաւ
3, 4. (ա) Յիսուս իր հանդերձին դպած կնոջ հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս լաւ օրինակ հանդիսացաւ Քրիստոնեայ այր մարդոց, մասնաւորաբար տեսուչներուն։
3 Մարդոց հանդէպ Յիսուսի խանդաղատանքը կ’արտացոլացուէր կիներուն հետ իր վարուելակերպին մէջ։ Առիթով մը, կին մը, որ 12 տարիէ ի վեր արեան ծորումէ կը տառապէր, Յիսուսը փնտռեց բազմութեան մը մէջ։ Իր վիճակը արարողական գետնի վրայ անմաքուր կը դարձնէր զինք, ուստի ան հոն պէտք չէր գտնուէր։ (Ղեւտացւոց 15։25–27) Բայց ան ա՛յնքան յուսահատած էր որ գաղտագողի Յիսուսի ետեւէն եկաւ։ Երբ անոր հանդերձին դպաւ, ան իսկոյն բժշկուեցաւ։ Թէեւ Յայրոսի տունը կ’երթար, որու աղջիկը ծանրօրէն հիւանդ էր, Յիսուս կանգ առաւ։ Զգալով որ իրմէ զօրութիւն մը ելած էր, ան իրեն դպած անհատը փնտռեց իր շուրջը նայելով։ Վերջապէս, կինը եկաւ ու իր ոտքերուն ինկաւ՝ դողալով։ Բազմութեան մէջ ըլլալուն կամ առանց իր արտօնութեան իր հանդերձին դպչելուն համար Յիսուս պիտի յանդիմանէ՞ր զայն։ Ընդհակառակը, ան շատ ջերմ ու ազնիւ գտնուեցաւ։ «Ա՛ղջիկ», ըսաւ Յիսուս անոր, «քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Ասիկա միակ անգամն է որ Յիսուս կին մը ուղղակիօրէն «աղջիկ» կոչեց։ Այդ բառը որքա՜ն սփոփած ըլլալու էր այդ կնոջ սիրտը։—Մատթէոս 9։18–22. Մարկոս 5։21–34
4 Յիսուս Օրէնքը կէտ առ կէտ չէր առներ։ Ան անոր ետին գտնուող հոգին կը տեսնէր եւ գութի ու կարեկցութեան կարիքը գիտէր։ (Բաղդատել Մատթէոս 23։23։) Յիսուս հիւանդ կնոջ յուսահատ պարագաները նշմարեց եւ նկատի առաւ որ ան հաւատքէ մղուած էր։ Այս կերպով, ան լաւ օրինակ հանդիսացաւ Քրիստոնեայ այր մարդոց, մասնաւորաբար տեսուչներուն։ Եթէ Քրիստոնեայ քոյր մը անձնական խնդիրներ կամ մասնայատուկ դժուարութիւն կամ փորձիչ վիճակ մը կը դիմագրաւէ, երէցները պէտք է ջանան անմիջական խօսքերէ եւ արարքներէ անդին նայիլ եւ պարագաներն ու շարժառիթները նկատի առնել։ Այսպիսի ներատեսութիւն թերեւս ցոյց տայ որ համբերութեան, հասկացողութեան ու կարեկցութեան կարիքը կայ, փոխանակ խրատներու եւ յանդիմանութեան։—Առակաց 10։19. 16։23. 19։11
5. (ա) Ռաբբունական աւանդութիւնները ի՞նչ կերպով կիները կը զրկէին։ (Տես ստորանիշը։) (բ) Յարուցեալ Յիսուսը տեսած եւ այդ մասին վկայած առաջին անհատները որո՞նք էին։
5 Ռաբբունական աւանդութիւններով կաշկանդուած, Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն ապրած կիները զրկուած էին օրինաւոր Վկաներ ծառայելէ։b Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 16–ի առաւօտուն Յիսուսի յարուցանուելէն քիչ ետք։ Որո՞նք պիտի ըլլային առաջին անհատները որոնք յարուցեալ Յիսուսը պիտի տեսնէին եւ միւս աշակերտներուն պիտի վկայէին թէ իրենց Տէրը յարուցանուած էր։ Այնպէս պատահեցաւ որ անոնք Յիսուսի ցցահանութենէն մինչեւ շունչ փչելը տեսնելու հեռաւորութեան վրայ գտնուած կիներն էին։—Մատթէոս 27։55, 56, 61
6, 7. (ա) Յիսուս գերեզման եկած կիներուն ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Յիսուսի արու աշակերտները նախ ինչպէ՞ս հակազդեցին կիներու վկայութեան, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
6 Շաբթուան առաջին օրը, առաւօտ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացի եւ ուրիշ կիներ խունկերով գերեզման գացին Յիսուսի մարմինը օծելու համար։ Գերեզմանը դատարկ գտնելով, Մարիամ վազեց Պետրոսին ու Յովհաննէսին ըսելու համար։ Միւս կիները հոն մնացին։ Քիչ ետք, հրեշտակ մը անոնց երեւցաւ ու ըսաւ անոնց որ Յիսուս յարուցանուած էր։ «Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք», պատուիրեց հրեշտակը։ Մինչ այդ կիները արտորնոք կ’երթային այս լուրը տալու համար, Յիսուս անձամբ անոնց երեւցաւ։ «Գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք», ըսաւ ան անոնց։ (Մատթէոս 28։1–10. Մարկոս 16։1, 2. Յովհաննու 20։1, 2) Հրեշտակին այցելութենէն անտեղեակ եւ վիշտով ընկճուած, Մարիամ Մագդաղենացին դատարկ գերեզմանը վերադարձաւ։ Յիսուս հոն անոր երեւցաւ եւ, երբ Մարիամ վերջապէս ճանչցաւ զինք, Յիսուս ըսաւ. «Գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով’»։—Յովհաննու 20։11–18. բաղդատել Մատթէոս 28։9, 10։
7 Յիսուս կրցած պիտի ըլլար նախ Պետրոսին, Յովհաննէսին, կամ արու աշակերտներէն ոեւէ մէկուն երեւնալ։ Սակայն, ան ընտրեց այս կիներուն հաճութիւն շնորհել զանոնք իր յարութեան առաջին ականատեսները ընելով եւ յանձնարարելով անոնց որ այդ մասին վկայեն իր արու աշակերտներուն։ Այր մարդիկը սկիզբը ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար [կիներուն (ՆԱ)]»։ (Ղուկաս 24։11) Կրնա՞ր ըլլալ որ անոնք այս վկայութիւնը ընդունելու դժուարութիւն ունեցան, քանի որ անիկա կիներէ կու գար։ Եթէ այդ էր պարագան, ժամանակի ընթացքին, անոնք բազմաթիւ ապացոյցներ ստացան թէ Յիսուս մեռելներէն յարուցանուած էր։ (Ղուկաս 24։13–46. Ա. Կորնթացիս 15։3–8) Ներկայիս, Քրիստոնեայ այր մարդիկ իմաստութեամբ կը վարուին, երբ իրենց հոգեւոր քոյրերուն դիտողութիւնները հաշուի կ’առնեն։—Բաղդատել Ծննդոց 21։12։
8. Կիներուն հետ իր վարուելակերպով, Յիսուս ի՞նչ յայտնեց։
8 Իրապէս սիրտ կը տոգորէ նշմարել կիներուն հետ Յիսուսի վարուելակերպը։ Կիներուն հետ շատ կարեկցութեամբ եւ կատարելապէս հաւասարակշռուած կերպով վարուելով, ան ո՛չ կը բարձրացնէր եւ ոչ ալ կը նուաստացնէր զանոնք։ (Յովհաննու 2։3–5) Ան ռաբբունական աւանդութիւնները կը մերժէր, որոնք կիներէն կը խլէին անոնց արժանապատուութիւնը եւ որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը խափանէին։ (Բաղդատել Մատթէոս 15։3–9։) Կիներուն հետ պատիւով եւ յարգանքով վարուելով, առաջին հերթին, Յիսուս յայտնեց որ Եհովա Աստուած ի՛նչպէս կը փափաքի որ այր մարդիկ անոնց հետ վարուին։ (Յովհաննու 5։19) Յիսուս նաեւ Քրիստոնեայ այր մարդոց կողմէ ընդօրինակուելու սքանչելի օրինակ հանդիսացաւ։—Ա. Պետրոս 2։21
Կիներուն Առնչութեամբ Յիսուսի Ուսուցումները
9, 10. Յիսուս ինչպէ՞ս կիներու առնչութեամբ ռաբբունական աւանդութիւնները կը հերքէր, եւ Փարիսեցիները ամուսնալուծման մասին հարցում մը յարուցանելէ ետք, ան ի՞նչ ըսաւ։
9 Յիսուս ռաբբունական աւանդութիւնները կը հերքէր եւ կիները կ’արժանապատուէր ոչ միայն իր արարքներով, այլ նաեւ՝ իր ուսուցումներով։ Նկատի առնենք, զոր օրինակ, թէ ան ի՛նչ սորվեցուց ամուսնալուծման եւ շնութեան մասին։
10 Ամուսնալուծման նկատմամբ, Յիսուսի հետեւեալ հարցումը ուղղուեցաւ. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ [իր կնոջ հետ ամուսնալուծուի (ՆԱ)] ամէն պատճառի համար»։ Ըստ Մարկոսի պատմութեան, Յիսուս պատասխանեց. «Ով որ իր կինը արձակէ [առանց պոռնկութեան պատճառի] եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ (Մարկոս 10։10–12. Մատթէոս 19։3, 9) Շատ պարզօրէն ըսուած այս խօսքերը կիներուն արժանապատուութեան հանդէպ յարգանք ցոյց կու տային։ Ինչպէ՞ս։
11. «Առանց պոռնկութեան պատճառի» ըսելով, Յիսուս ամուսնական կապին մասին ի՞նչ ցոյց տուաւ։
11 Առաջին, «առանց պոռնկութեան պատճառի» ըսելով (Մատթէոսի Աւետարանին մէջ յիշուած արտայայտութիւն մը), Յիսուս ցոյց տուաւ որ ամուսնական կապը թեթեւի պէտք չէ առնել կամ դիւրութեամբ բեկանել։ Այն ատեն տիրական եղած ռաբբունական ուսուցումը ամուսնալուծում կը թոյլատրէր այնպիսի ունայն պատճառներով, զոր օրինակ, երբ կին մը աման մը կերակուր աւրած կամ օտար մարդու մը հետ խօսած ըլլար։ Այո, ամուսնալուծում թոյլատրուած էր, նոյնիսկ երբ ամուսին մը իր աչքին աւելի գրաւիչ կին մը գտնէր։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը նշէ. «Երբ Յիսուս այսպէս խօսեցաւ, ան ... օգնութեան ձեռք երկարեց կիներուն, ամուսնութիւնը իր պատշաճ տեղը վերահաստատել ջանալով»։ Արդարեւ, ամուսնութիւնը տեւական միութիւն մը պէտք էր ըլլար, որու մէջ կին մը կրնայ ապահով զգալ։—Մարկոս 10։6–9
12. «Անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ» արտայայտութեամբ, Յիսուս ի՞նչ գաղափար կը ներմուծէր։
12 Երկրորդ, «անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ» արտայայտութեամբ, Յիսուս տեսակէտ մը ներմուծեց, որ ռաբբունական ատեաններուն մէջ չէր ընդունուած. իր կնոջ դէմ ամուսինի մը շնութիւն ընելու գաղափարը։ Գիրք մը (The Expositor’s Bible Commentary) կը բացատրէ. «Ռաբբունական Յուդայականութեան մէջ անհաւատարիմ կին մը կրնար իր ամուսնոյն դէմ շնութիւն ընել. իսկ մարդ մը, ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալով, կրնար այդ մարդուն դէմ շնութիւն ընել։ Բայց մարդ մը, ի՛նչ ալ ընէր, բնաւ չէր կրնար իր կնոջ դէմ շնութիւն ընել։ Ամուսինը, կնոջ նման, բարոյական նոյն պարտաւորութեան ներքեւ դնելով, Յիսուս կիներու վիճակը եւ արժանապատուութիւնը բարձրացուց»։
13. Ամուսնալուծման նկատմամբ, Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ, Քրիստոնէական դրութեան ներքեւ, մէկ չափանիշ պիտի ըլլար թէ՛ այր մարդոց եւ թէ կիներուն համար։
13 Երրորդ, «եթէ իր էրիկէն զատուի» նախադասութեամբ, Յիսուս անհաւատարիմ ամուսինէ մը ամուսնալուծուելու կնոջ իրաւունքին կը գիտակցէր. սովորութիւն մը որ երեւութապէս հանրածանօթ էր, բայց այդ ատեն Հրէական օրէնքին ներքեւ հասարակաց չէր։c Կ’ըսուէր որ «կին մը կրնար ամուսնալուծման ենթարկուիլ իր կամքով կամ առանց իր կամքին, բայց մարդ մը՝ միայն իր կամքով»։ Սակայն, ըստ Յիսուսին, Քրիստոնէական դրութեան ներքեւ, նոյն չափանիշը պիտի կիրարկուէր թէ՛ մարդոց եւ թէ կիներուն։
14. Իր ուսուցումներով, Յիսուս ի՞նչ կ’արտացոլացնէր։
14 Յիսուսի ուսուցումները յստակօրէն կիներու բարօրութեան հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն մը կը յայտնեն։ Հետեւաբար, դժուար չէ հասկնալ որ կարգ մը կիներ Յիսուսի հանդէպ ի՛նչու այդքա՛ն սէր ցուցաբերեցին որ անոնք իրենց ստացուածքով իսկ իր կարիքները հոգացին։ (Ղուկաս 8։1–3) «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ», կ’ըսէր Յիսուս, «հապա զիս ղրկողինն է»։ (Յովհաննու 7։16) Իր սորվեցուցածով, Յիսուս կիներու հանդէպ Եհովայի գուրգուրանքը կ’արտացոլացնէր։
«Պատիւ Տալով Անոնց»
15. Պետրոս առաքեալ ի՞նչ գրեց իրենց կիներուն հետ ամուսիններուն վարուելակերպին մասին։
15 Պետրոս առաքեալ մօտէն դիտեց կիներուն հետ Յիսուսի վարուելակերպը։ Շուրջ 30 տարիներ ետք, Պետրոս կիներուն սիրալիր խրատներ տուաւ եւ ապա գրեց. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները [պատիւ տալով անոնց (ՆԱ)], իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ (Ա. Պետրոս 3։7) Պետրոս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր «պատիւ տալով անոնց» արտայայտութեամբ։
16. (ա) «Պատիւ» թարգմանուած Յունարէն գոյականը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Եհովա ինչպէ՞ս պատուեց Յիսուսը այլակերպութեան ընթացքին, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
16 Ըստ բառագրի մը, «պատիւ» թարգմանուած Յունարէն գոյականը (թիմէ) կը նշանակէ «գին, արժէք, պատիւ, յարգանք»։ Այս Յունարէն բառին կարգ մը ձեւերը «պատիւներ» եւ «պատուական» թարգմանուած են։ (Գործք 28։10. Ա. Պետրոս 2։7) Մէկը պատուելուն իմաստը լաւ կ’ըմբռնենք, երբ Բ. Պետրոս 1։17–ին մէջ այս նոյն բառին ձեւի մը գործածութիւնը քննենք։ Հոն Յիսուսի այլակերպութեան ակնարկելով, Պետրոս կ’ըսէ. «Ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ ‘Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’»։ Յիսուսի այլակերպութեան ընթացքին, Եհովա իր Որդին պատուեց, իր հաճութիւնը արտայայտուելով Յիսուսին եւ Աստուած այս յայտարարութիւնը ըրաւ ուրիշներու լսելի կերպով մը։ (Մատթէոս 17։1–5) Ուստի, իր կինը պատուող այր մարդը զայն չի ցածցներ կամ նուաստացներ։ Ընդհակառակը, իր խօսքերով եւ իր արարքներով, առանձնութեան կամ հանրութեան մէջ ան ցոյց կու տայ, որ կը յարգէ զայն։—Առակաց 31։28–30
17. (ա) Պատիւը ինչո՞ւ Քրիստոնեայ կնոջ իրաւունքն է։ (բ) Այր մարդ մը ինչո՞ւ պէտք չէ խորհի թէ ինք Աստուծոյ աչքին աւելի արժէքաւոր է քան կին մը։
17 Այս պատիւը, կ’ըսէ Պետրոս, Քրիստոնեայ ամուսիններ իրենց կիներուն պէտք է ‘տան’։ Անիկա պէտք չէ տրուի որպէս շնորհք մը, այլ՝ որպէս իրենց կիներուն օրինաւոր իրաւունքը։ Կիները ինչո՞ւ այսպիսի պատիւի արժանի են։ Քանի որ անոնք ալ «կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ» են, ինչպէս կը բացատրէ Պետրոս։ Հ.Դ. առաջին դարուն, Պետրոսի նամակը ստացած այր մարդիկն ու կիները, բոլորն ալ Քրիստոսի ժառանգակիցներ ըլլալու կանչուած էին։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Գաղատացիս 3։28) Անոնք ժողովքին մէջ նոյն պատասխանատուութիւնները չունէին, բայց վերջապէս երկնքի մէջ Քրիստոսին հետ պիտի իշխէին։ (Յայտնութիւն 20։6) Այսօր ալ, երբ Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը երկրային յոյս ունի, ոեւէ Քրիստոնեայ այր մարդու համար լուրջ սխալ պիտի ըլլար խորհիլ թէ քանի որ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ ունի, ինք Աստուծոյ աչքին աւելի արժէքաւոր է քան կիները։ (Բաղդատել Ղուկաս 17։10։) Այր մարդիկն ու կիները Աստուծոյ առջեւ նոյն հոգեւոր դիրքը ունին, քանի որ Յիսուսի զոհաբերական մահը թէ՛ այր մարդոց եւ թէ կիներուն նոյն պատեհութիւնը տուաւ. մեղքի եւ մահուան դատապարտութենէն ազատուիլ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։—Հռովմայեցիս 6։23
18. Պետրոս ի՞նչ ստիպողական պատճառ կու տայ թէ ամուսին մը իր կինը պէտք է պատուէ։
18 Պետրոս ուրիշ ստիպողական պատճառ կու տայ թէ ամուսին մը ի՛նչու պէտք է պատուէ իր կինը. «Որպէսզի [իր] աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։ ‘Արգելք ըլլալ’ արտայայտութիւնը Յունարէն բայէ մը (էնգոփթօ) կու գայ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ընդհատել»։ Ըստ Վայնի բառարանին (Expository Dictionary of New Testament Words), անիկա «կը գործածուէր անհատներու յառաջացումը կասեցնելու համար ճամբան խորտակելով, կամ ուղղակի ճամբուն վրայ խոչընդոտ մը դնելով»։ Հետեւաբար, իր կնոջ պատիւ տալու մէջ թերացող ամուսինը պիտի անդրադառնայ որ իր աղօթքներուն եւ Աստուծոյ կողմէ անոնց լսուելուն միջեւ արգելք մը կայ։ Ամուսինը կրնայ զգալ որ ինք Աստուծոյ մօտենալու անարժան է, կամ Եհովա թերեւս իր աղօթքը լսելու տրամադիր չէ։ Յստակ է, ուրեմն, որ Եհովա շատ կը հետաքրքրուի կիներուն հետ այր մարդոց վարուելակերպով։—Բաղդատել Ողբք 3։44։
19. Ժողովքի այր մարդիկն ու կիները ինչպէ՞ս կրնան իրար ծառայել փոխադարձ յարգանքով։
19 Պատիւ տալու պարտաւորութիւնը միմիայն ամուսիններուն չիյնար։ Մինչ ամուսին մը իր կինը պէտք է պատուէ անոր հետ սիրալիր կերպով եւ արժանապատուութեամբ վարուելով, բայց կինը իր ամուսինը պէտք է պատուէ անոր հնազանդ ըլլալով եւ ակնածելով։ (Ա. Պետրոս 3։1–6) Ասկէ զատ, Պօղոս Քրիստոնեաներուն խրատեց ‘պատուելու մէջ իրարմէ անցնիլ’։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ասիկա ժողովքին մէջ այր մարդոց եւ կիներուն համար կոչ մըն է, որ իրար ծառայեն փոխադարձ յարգանքով։ Երբ այսպիսի հոգի մը կը տիրէ, Քրիստոնեայ կիները առաջնորդութիւնը առնողներուն հեղինակութիւնը նուաստացնող կերպով մը պիտի չխօսին։ Ընդհակառակը, անոնք երէցներուն թիկունք պիտի կանգնին եւ անոնց հետ պիտի համագործակցին։ (Ա. Կորնթացիս 14։34, 35. Եբրայեցիս 13։17) Իրենց կարգին, Քրիստոնեայ տեսուչները ‘պառաւներուն հետ մայրերու պէս պիտի վարուին, դեռահասակ կիներուն հետ՝ քոյրերու պէս, ամէն կերպ մաքրութիւնով’։ (Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2) Երէցները խոհեմաբար իրենց Քրիստոնեայ քոյրերուն ձայնին ազնիւ նկատառութիւն պիտի ընծայեն։ Այս կերպով, երբ քոյր մը աստուածպետական գլխաւորութեան հանդէպ հնազանդութիւն ցուցաբերէ եւ յարգալից կերպով հարցում մը ընէ կամ նոյնիսկ բան մը իրենց ուշադրութեան յանձնէ, երէցները իր հարցումը կամ իր խնդիրը ուրախութեամբ նկատի պիտի առնեն։
20. Ըստ սուրբ գրային արձանագրութեան, կիներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ։
20 Եդեմի մէջ մեղքը մուտք գործելէն ի վեր, շատ մը մշակոյթներու մէջ կիներուն պատուազուրկ դիրք մը վիճակուած է։ Բայց անիկա չի համապատասխաներ կիներու հանդէպ այն վերաբերմունքին զոր Եհովա սկիզբը մտադրած էր։ Կիներու առնչութեամբ մշակութային հայեցակէտը ի՛նչ ալ ըլլայ, թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւնները եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան որ բարեպաշտ կիներուն հետ պատիւով ու յարգանքով պէտք է վարուիլ։ Անիկա անոնց աստուածատուր իրաւունքն է։
[Ստորանիշ էջ 27]
a Համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia) կը բացատրէ. «Կիները արու հիւրերուն հետ չէին ուտեր, իսկ այր մարդոց կ’արգիլուէր կիներուն հետ խօսիլ։ ... Հանրային վայր մը կնոջ մը հետ խօսիլը յատկապէս գայթակղեցուցիչ էր»։ Հրէական Միշնան՝ ռաբբունական ուսուցումներու հաւաքածոյ մը՝ կը խրատէր. «Կնոջ հետ շատ մի՛ խօսիր։ ... Կնոջ հետ շատ խօսողը իր վրայ չարիք կը բերէ ու Օրէնքին ուսումնասիրութիւնը կ’անտեսէ եւ վերջապէս Գեհենին պիտի արժանանայ»։—Ապօթհ 1։5
[Ստորանիշ էջ 28]
b Գիրք մը (Palestine in the Time of Christ) կը նշէ. «Կարգ մը պարագաներու, կինը գրեթէ ստրուկին հետ կը դասուէր։ Օրինակի համար, ան չէր կրնար իրաւասութեան ատեանին մէջ վկայել, ի բացառեալ իր ամուսնոյն մահը հաստատելու համար»։ Ղեւտացւոց 5։1–ին ակնարկելով, Միշնան կը բացատրէ. «‘Վկայութեան’ երդման [մասին օրէնքը] այր մարդոց կը կիրարկուի, ոչ թէ՝ կիներուն»։—Շէպուօթհ 4։1
[Ստորանիշ էջ 30]
c Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կը տեղեկագրէ որ Հերովդէս Թագաւորին քոյրը՝ Սաղոմէ՝ իր ամուսնոյն ուղղարկեց «իրենց ամուսնութիւնը լուծող փաստաթուղթ մը որ Հրէական օրէնքին համաձայն չէր։ Քանի որ մեր կողմէ արտօնութիւն ստացած այր մարդը (միայն) ասիկա ընելու իրաւունք ունի»։—Jewish Antiquities, ԺԵ. 259 [է, 10]
Ձեր Պատասխանը Ի՞նչ Է
◻ Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Յիսուս կիներուն հետ պատիւով ու յարգանքով կը վարուէր։
◻ Յիսուսի ուսուցումները կիներուն արժանապատուութեան հանդէպ ինչպէ՞ս յարգանք ցոյց կու տան։
◻ Ամուսին մը ինչո՞ւ իր Քրիստոնեայ կնոջ պատիւ պէտք է տայ։
◻ Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ պատիւ տալու մէջ ի՞նչ պարտաւորութիւն ունին։