‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
«Շարունակեցէք իրարու համբերել եւ իրարու անհաշիւ ներել»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 3։13, ՆԱ։
1. (ա) Երբ Պետրոս թելադրեց թէ ուրիշներուն ներենք ‘մինչեւ եօթը անգամ’, ինչո՞ւ կրնար խորհիլ թէ առատաձեռն կը գտնուէր։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ թէ «մինչեւ եօթանասունեօթը անգամ» պէտք է ներենք։
«ՏԷ՛Ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ (Մատթէոս 18։21) Թերեւս Պետրոս կը խորհէր թէ իր թելադրութեամբ շատ առատաձեռն կը գտնուէր։ Այն ժամանակ, ռաբունական աւանդութիւնը կ’ըսէր թէ անհատ մը միեւնոյն յանցանքին համար երեք անգամէն աւելի պէտք չէր ներէր։a Երեւակայեցէք Պետրոսի զարմանքը, երբ Յիսուս պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«եօթանասունեօթը անգամ», ՆԱ]»։ (Մատթէոս 18։22) Եօթը թիւին կրկնումը «անսահման»ի իմաստ կու տար։ Յիսուսի տեսակէտով, երեւութապէս սահման չկայ թէ Քրիստոնեայ մը քանի անգամ պէտք է ներէ ուրիշներուն։
2, 3. (ա) Ո՞ր պարագաներուն ուրիշներուն ներելը դժուար կը թուի։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ ուրիշներուն ներելը մեր լաւագոյն շահերուն համար է։
2 Սակայն, այս խրատը կիրարկելը միշտ դիւրին չէ։ Մեզմէ ո՞վ անարդար վիրաւորանքի մը խայթոցը չէ զգացած։ Թերեւս անհատ մը որու կը վստահէիք, ձեր մէկ գաղտնիքը երեւան հանեց։ (Առակաց 11։3) Թերեւս մտերիմ բարեկամի մը անմիտ խօսքերը ‘սուրի պէս խոցոտեցին’ ձեզ։ (Առակաց 12։18) Թերեւս անհատ մը որու կը սիրէիք կամ կը վստահէիք, գէշ կերպով վարուեցաւ ձեզի հետ եւ խորապէս վիրաւորեց ձեզ։ Երբ այսպիսի բաներ պատահին, բնականաբար բարկութեամբ կը հակազդենք։ Թերեւս յանցաւորին հետ չխօսելու, կամ եթէ կարելի ըլլայ, բոլորովին իրմէ խուսափելու հակամէտ կ’ըլլանք։ Անոր ներելը կրնայ թուիլ թէ՝ մեզի հասցուցած վնասին համար զինք անպատիժ կը թողունք։ Սակայն, ոխ սնուցանելով, ի վերջոյ մենք մեզի վնաս կը հասցնենք։
3 Հետեւաբար, Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի որ ներենք՝ «մինչեւ եօթանասունեօթը անգամ»։ Վստահաբար, իր ուսուցումները երբեք մեզի վնաս չեն հասցներ։ Իր բոլոր սորվեցուցածները ծագում առած են Եհովայէ, ‘որ մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ’։ (Եսայեայ 48։17. Յովհաննու 7։16, 17) Տրամաբանականօրէն, մեր լաւագոյն շահերուն համար պէտք է ուրիշներուն ներենք։ Նախքան որ նկատի առնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է ներենք եւ ասիկա ի՛նչպէս կրնանք ընել, թերեւս օգտակար կ’ըլլայ նախ եւ առաջ յստակացնել թէ ներելը ի՛նչ է եւ ինչ չէ՛։ Ներումի մասին մեր հասկացութիւնը կրնայ որոշ չափով ազդել ներելու մեր կարողութեան, երբ ուրիշներ մեզի դէմ յանցանք գործեն։
4. Ուրիշներուն ներելը ի՞նչ չի նշանակեր, բայց ներումը ի՛նչպէս սահմանուած է։
4 Մեզի դէմ գործուած յանցանքներուն համար ուրիշներուն ներել, չի նշանակեր թէ անոնց ըրածին վրայ աչք կը գոցենք կամ թեթեւի կ’առնենք. ո՛չ ալ կը նշանակէ թէ ուրիշներուն թոյլ կու տանք որ մեզ անարդարօրէն շահագործեն։ Ի վերջոյ, երբ Եհովա մեզի ներէ, վստահաբար ան մեր մեղքերը չի նսեմացներ եւ երբեք թոյլ պիտի չտայ որ մեղաւոր մարդիկ իր ողորմութիւնը ոտնակոխեն։ (Եբրայեցիս 10։29) Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութեան համաձայն, ներումը սահմանուած է որպէս «յանցագործի մը ներելու արարքը. անհատին յանցանքին պատճառաւ իրեն հանդէպ ոխակալ ըլլալէ դադրիլ եւ հատուցում պահանջելէ հրաժարիլ»։ (Հատոր Ա., էջ 861)b Աստուածաշունչը ուրիշներուն ներելու նկատմամբ լուրջ պատճառներ կու տայ մեզի։
Ինչո՛ւ Ներել Ուրիշներուն
5. Եփեսացիս 5։1–ին մէջ, ուրիշներուն ներելու ո՞ր կարեւոր պատճառը ցոյց կը տրուի։
5 Ուրիշներուն ներելու կարեւոր պատճառ մը ցոյց տրուած է, Եփեսացիս 5։1–ին մէջ. «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ Ի՞նչ առումով «Աստուծոյ նմանող»ներ պէտք է ըլլանք։ «Արդ» բառը, սոյն նախադասութիւնը կը կապէ նախկին համարին հետ, որ կ’ըսէ. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, [«անհաշիւ», ՆԱ] ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով [«անհաշիւ», ՆԱ] ներեց ձեզի»։ (Եփեսացիս 4։32) Այո՛, ներելու մէջ, Աստուծոյ նմանող պէտք է ըլլանք։ Ինչպէս որ տղեկ մը կը փորձէ ճիշդ իր հօրը նմանիլ, մենք ալ, որպէս Եհովայի կողմէ շատ սիրուած զաւակներ, պէտք է փափաքինք մեր ներող երկնաւոր Հօրը նմանիլ։ Եհովայի սիրտը որքա՜ն կ’ուրախանայ երբ երկնքէն վար նայի ու տեսնէ թէ իր երկրային որդիները իրարու ներելով կը փորձեն զինք ընդօրինակել։—Ղուկաս 6։35, 36. Բաղդատել՝ Մատթէոս 5։44-48։
6. Ի՞նչ հսկայ տարբերութիւն մը կայ Եհովայի եւ մեր ներումին միջեւ։
6 Ճիշդ է որ երբեք չենք կրնար կատարելապէս ներել, ինչպէս Եհովան կ’ընէ։ Սակայն, ասիկա ինքնին յաւելեալ պատճառ մըն է թէ ինչո՛ւ պէտք է ներենք իրարու։ Նկատի առէք. Մեր եւ Եհովայի ներումին միջեւ հսկայ տարբերութիւն մը կայ։ (Եսայեայ 55։7-9) Երբ մեզի դէմ մեղանչողներուն ներենք, յաճախ կը գիտակցինք, թէ ուշ կամ կանուխ պէտք պիտի ունենանք իրենց ներումին։ Մարդոց պարագային, միշտ մեղաւորը՝ մեղաւորին կը ներէ։ Սակայն, Եհովայի պարագային, ներելը միշտ միակողմանի է։ Ան մեզի կը ներէ, բայց մենք երբե՛ք պէտք պիտի չունենանք իրեն ներելու։ Եթէ Եհովա, որ մեղք չի գործեր, կրնայ այդքան սիրալիր եւ ամբողջական կերպով ներել մեզի, մենք՝ մեղաւոր մարդիկս՝ պէտք չէ՞ փորձենք իրարու ներել։—Մատթէոս 6։12
7. Եթէ մերժենք ուրիշներուն ներել, երբ ողորմելու հիմ մը կայ, ասիկա ի՞նչպէս բացասական կերպով կ’ազդէ Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան։
7 Ասկէ աւելի կարեւորը, եթէ մերժենք ուրիշներու ներել, երբ ողորմելու հիմ մը կայ, ասիկա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ։ Եհովա ոչ միայն կը խնդրէ որ իրարու ներենք. ան կ’ակնկալէ՛ որ ասիկա ընենք։ Սուրբ Գրութիւններուն համաձայն, մենք ներողամիտ կը գտնուինք, որպէսզի Եհովա ալ մեզի ներէ, կամ քանի որ ան արդէն ներած է։ (Մատթէոս 6։14. Մարկոս 11։25. Եփեսացիս 4։32. Ա. Յովհաննու 4։11) Հետեւաբար, եթէ չենք ուզեր ուրիշներուն ներել, երբ ասիկա ընելու բանաւոր պատճառ ունինք, կրնա՞նք Եհովայէ այսպիսի ներում մը ակնկալել։—Մատթէոս 18։21-35
8. Ինչո՞ւ համար ներելը մեր լաւագոյն շահերուն կը ծառայէ։
8 Եհովա իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ «այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն»։ (Գ. Թագաւորաց 8։36) Երբ ան մեզ կը խրատէ որ իրարու ներենք, վստահ կրնանք ըլլալ որ ան մեր լաւագոյն շահերը ի մտի ունի։ Լաւ պատճառով մը, Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ՝ «բարկութեան տեղի տուէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։19) Ոխակալութիւնը ծանր բեռ մըն է։ Երբ ոխ պահենք, անիկա մեր միտքը կը մաշեցնէ, մեր խաղաղութիւնը կը խլէ եւ մեր ուրախութիւնը կը մարէ։ Երկարատեւ բարկութիւնը, նախանձի նման, մեր ֆիզիքական առողջութեան կրնայ վնասել։ (Առակաց 14։30) Իսկ այս բոլորին մէջ, յանցաւորը կրնայ տեղեակ իսկ չըլլալ մեր խռովքէն։ Մեր սիրալիր Ստեղծիչը գիտէ թէ պէտք է ուրիշներուն ներենք, ոչ միայն անո՛նց օգտին համար, այլեւ՝ մեր։ Արդարեւ, ներելու մասին Աստուածաշունչի խրատը ‘այն շիտակ ճամբան է, որուն մէջ պէտք է քալենք’։
‘Իրարու Համբերեցէք’
9, 10. (ա) Ի՞նչպիսի պարագաներ անպայման պաշտօնական ներում չեն պահանջեր։ (բ) Ի՞նչ թելադրուած է ‘իրարու համբերեցէք’ արտայայտութեամբ։
9 Ֆիզիքական վէրքերէն ոմանք մակերեսային կ’ըլլան, իսկ ուրիշներ՝ աւելի խորունկ, եւ բոլորն ալ միեւնոյն խնամքը չեն պահանջեր։ Նոյնն է պարագան վիրաւորուած զգացումներուն, վէրքերէն ոմանք միւսներէն խորունկ կ’ըլլան։ Իրապէս կ’արժէ՞ խնդիր հանել, իւրաքանչիւր պզտիկ յանցանքի համար որ ուրիշներ մեզի դէմ կը գործեն։ Թեթեւ գրգռութիւններ, անտեսումներ եւ անախորժութիւններ կեանքի մէկ մասն են եւ պայման չէ որ անոնց համար պաշտօնական ներում պահանջուի։ Եթէ ճանչցուած ենք որպէս ամենադոյզն յուսախաբութենէն ուրիշներու երես դարձնող անհատ մը, ապա պահանջող մը որ անոնք մեզմէ ներողութիւն խնդրեն, անոնց հետ վերստին ազնուութեամբ վարուելու համար, այն ատեն մենք անոնց պարտադրած կ’ըլլանք որ շատ զգոյշ ըլլան մեր ներկայութեան եւ կամ, մեզմէ հեռու մնան։
10 Փոխարէն, շա՜տ աւելի լաւ է՝ «բանաւոր ըլլալու համբաւը շահիլ»։ (Փիլիպպեցիս 4։5, Ֆիլլիբս) Որպէս ուս–ուսի ծառայող մեղաւոր արարածներ, տրամաբանօրէն կրնանք ակնկալել որ երբեմն մեր եղբայրները մեզ ընդվզեցնեն, իսկ մենք ալ՝ իրենց։ Կողոսացիս 3։13 կը խրատէ մեզ. ‘Իրարու համբերեցէք’։ Այս արտայայտութիւնը կը թելադրէ որ ուրիշներու համբերենք, հանդուրժելով այն բաներուն որոնցմէ չենք ախորժիր, կամ նկարագրի այն գծերուն, որոնք մեզ կը բարկացնեն։ Այսպիսի համբերութիւն եւ ինքնազսպում կրնան օգնել մեզի, որ ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ պատահող թեթեւ բախումներուն հանդուրժենք, առանց ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարելու։—Ա. Կորնթացիս 16։14
Երբ Վէրքերը Աւելի Խորունկ Ըլլան
11. Երբ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն, ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի որ անոնց ներենք։
11 Սակայն, ի՞նչ ըսենք եթէ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն, երեւելի վէրք մը պատճառելով։ Եթէ մեղքը շատ լուրջ չէ, դժուարութիւն պիտի չունենանք ‘իրարու անհաշիւ ներելու’ Աստուածաշունչի խրատը կիրարկելու։ (Եփեսացիս 4։32, ՆԱ) Ներելու այսպիսի պատրաստակամութիւն, Պետրոսի ներշնչեալ խօսքերուն հետ ներդաշնակ է. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։ (Ա. Պետրոս 4։8) Մեր մեղաւորներ ըլլալը ի մտի ունենալը, կ’օգնէ որ ուրիշներու յանցանքները հանդուրժենք։ Երբ ներենք, ոխը մեր մէջէն կը հանենք, փոխանակ զայն սնուցանելու։ Ասոր որպէս արդիւնք, յանցաւորին հետ մեր յարաբերութիւնը մնայուն կերպով չի վնասուիր, եւ ժողովքին թանկագին խաղաղութիւնը պահելու ալ նպաստած կ’ըլլանք։ (Հռովմայեցիս 14։19) Ժամանակի ընթացքին, յանցագործին ըրածը կրնանք մոռնալ։
12. (ա) Ի՞նչ նախաձեռնութիւն պէտք է առնենք, մեզ խոր կերպով վիրաւորող անհատի մը ներելու համար։ (բ) Եփեսացիս 4։26–ի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ հարցերը շուտո՛վ պէտք է լուծենք։
12 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել, եթէ անհատ մը մեզի դէմ շատ լուրջ մեղք գործէ, խորապէս վիրաւորելով մեզ։ Օրինակի համար, վստահելի բարեկամ մը, կրնայ չափազանց անձնական հարցեր, զորս իրեն խօսած էիք, ուրիշներու յայտնել։ Խորապէս վիրաւորուած, շփոթութեան մատնուած եւ դաւաճանուած կը զգաք։ Կը փորձէք անտեսել, բայց հարցը կը շարունակուի։ Այսպիսի պարագայի, պէտք է կարգ մը նախաձեռնութիւններ ձեռք առնէք խնդիրը լուծելու համար, թերեւս յանցաւորին հետ խօսելով։ Ասիկա ընելը խոհեմութիւն է, նախքան որ հարցը բարդանայ։ Պօղոս յորդորեց մեզ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք [այսինքն՝ մեր բարկութիւնը պահելով, կամ զայն արարքով մը յայտնելով], արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ (Եփեսացիս 4։26) Պօղոսի խօսքերը աւելի իմաստ կը ստանան երբ նկատի առնենք այն իրողութիւնը թէ Հրեաներուն համար, արեւնամուտը՝ օրուան մը վերջանալը եւ նոր օրուան մը սկսիլը կը նշէր։ Հետեւաբար, տրուած խրատն է. Հարցը շուտով լուծեցէք։—Մատթէոս 5։23, 24
13. Երբ մեզի դէմ յանցանք գործողի մը մօտենանք, մեր նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ ո՞ր թելադրութիւնները կրնան մեզի օգնել անոր հասնելու։
13 Յանցաւորին ի՞նչպէս պէտք է մօտենաք։ Ա. Պետրոս 3։11 կ’ըսէ. ‘Խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն գնայ’։ Հետեւաբար, նպատակդ ո՛չ թէ բարկանալ է, այլ՝ եղբօրդ հետ խաղաղութիւն ընել։ Ասիկա ընելու համար, լաւ է որ վիրաւորական խօսքերէ եւ շարժուձեւերէ խուսափիք. ասիկա դիմացի անհատին մէջ նոյն ընդառաջումը կը յառաջացնէ։ (Առակաց 15։18. 29։11) Ասկէ զատ, խուսափեցէք չափազանցուած արտայայտութիւններէ, ինչպէս՝ «Դուն մի՛շտ . . . », կամ՝ «Դուն երբե՛ք . . . »։ Այսպիսի չափազանցուած խօսքեր կրնան պատճառ ըլլալ որ ան ինքնապաշտպանութեան դիմէ։ Ընդհակառակը, ձեր ձայնի եղանակը եւ դէմքի արտայայտութիւնը թող ցոյց տան, թէ դուք կը փափաքիք լուծել ձեզ խորապէս վիրաւորած հարցը։ Երբ պատահածին մասին ձեր զգացումները կը բացատրէք, մասնաւորեցէք զանոնք։ Անհատին առիթ տուէք որ իր արարքները բացատրէ։ Անոր ըսածներուն մտիկ ըրէք։ (Յակոբու 1։9) Ասիկա ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ։ Առակաց 19։11 կը բացատրէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։ Դիմացի անհատին զգացումները եւ իր արարքներուն պատճառները հասկնալը, իրեն հանդէպ մեր ունեցած բացասական գաղափարները եւ զգացումները կրնայ վանել։ Երբ հարցին մօտենանք խաղաղութիւն պահելու միտքով եւ պահպանե՛նք այդ տեսակէտը, շատ հաւանաբար որեւէ անհասկացողութիւն պիտի յստականայ, յարմար ներումներ պիտի խնդրուին ու շնորհուին։
14. Երբ ուրիշներու ներենք, ի՞նչ առումով պէտք է մոռնանք։
14 Ուրիշներուն ներելը կը նշանակէ՞ թէ պէտք է պատահածը բոլորովին մոռնանք։ Այս առնչութեամբ, յիշեցէք Եհովայի օրինակը, ինչպէս նկատի առինք նախորդ յօդուածին մէջ։ Երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա մեր մեղքերը կը մոռնայ, ասիկա չի նշանակեր թէ ան չի կրնար զանոնք յիշել։ (Եսայեայ 43։25) Այլ, ան կը մոռնայ այն առումով թէ անգամ մը որ ներէ, այդ մեղքերուն համար հետագային հատուցում չի պահանջեր։ (Եզեկիէլ 33։14-16) Նմանապէս, ընկեր արարածներու ներելը անպայման չի նշանակեր թէ մենք պիտի չկարենանք անոնց ըրածը յիշել։ Սակայն, կրնանք մոռնալ այն առումով, որ յանցաւորին ըրածը իր դէմ չգործածենք, կամ հետագային անգամ մը եւս այդ նիւթը չբանանք։ Երբ այդ հարցը լուծուի, պատշաճ պիտի չըլլայ անոր մասին բամբասել. ո՛չ ալ սիրալիր պիտի ըլլայ յանցաւորէն բոլորովին խուսափիլ, անոր հետ վարուելով որպէս թէ վտարուած ըլլար։ (Առակաց 17։9) Շիտակ է որ, որոշ ժամանակ կրնայ առնել մինչեւ որ մեր փոխյարաբերութիւնը բարելաւուի. թերեւս առաջուան մտերմութիւնը դարձեալ չկարենանք վայելել։ Սակայն, տակաւին զինք կը սիրենք որպէս մեր Քրիստոնեայ եղբայրը եւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք խաղաղ յարաբերութիւններ պահպանելու համար։—Բաղդատել Ղուկաս 17։3։
Երբ Ներելը Անկարելի կը Թուի
15, 16. (ա) Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է անզեղջ յանցագործի մը ներել։ (բ) Սաղմոս 37։8–ի մէջ գտնուած Աստուածաշունչի խրատը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։
15 Սակայն, երբ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն, չափազանց խորունկ վէրքեր յառաջացնելով, բայց տակաւին իրենց մեղքը չխոստովանին, չզղջան եւ ներողութիւն չխնդրեն, այն ժամանակ ի՞նչ. . .։ (Առակաց 28։13) Սուրբ Գրութիւնները բացայայտօրէն ցոյց կու տան թէ Եհովա անզեղջ եւ խստասիրտ մեղաւորներուն չի ներեր։ (Եբրայեցիս 6։4-6. 10։26, 27) Ի՞նչ կրնայ ըսուի մեր մասին։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ աշխատասիրութիւնը կ’ըսէ. «Քրիստոնեաներէն պահանջուած չէ որ չարասիրտ, կամաւոր եւ անզեղջ մեղաւորներուն ներեն։ Անոնք Աստուծոյ թշնամիները կը դառնան»։ (Հատոր Ա., էջ 862) Չափազանց անիրաւ, զզուելի կամ բարբարոս վերաբերմունքի զոհ գացած ոեւէ Քրիստոնեայէ պահանջուած չէ, որ չզղջացող յանցագործի մը ներէ։—Սաղմոս 139։21, 22
16 Հասկնալի է որ գէշ վերաբերմունքի զոհ գացած անհատներ վիրաւորուած ու բարկացած զգան։ Սակայն, յիշեցէք թէ բարկութեան եւ ընդվզումի անձնատուր ըլլալը, կրնայ շատ վնասակար ըլլալ մեզի։ Երբ սպասենք որ անհատը իր սխալը ընդունի կամ ներողութիւն խնդրէ, ու ասիկա չկատարուի, ասիկա կրնայ միմիայն աւելի տակնուվրայ ընել մեզ։ Եթէ մեր խելքը միտքը եղած անարդարութեան վրայ կեդրոնանայ, բարկութիւնը կրնայ մեր մէջ բորբոքիլ, կործանիչ հետեւանքներ ունենալով մեր հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ։ Իրականութեան մէջ, թոյլ տուած կ’ըլլանք որ մեզ վիրաւորողը՝ շարունակէ մեզ վիրաւորել։ Աստուածաշունչը իմաստութեամբ կը խրատէ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր»։ (Սաղմոս 37։8) Հետեւաբար, Քրիստոնեաներէն ոմանք, գտած են թէ ժամանակ մը ետք կրցած են որոշել որ ներեն, ոխ պահելէ դադրելու առումով եւ ոչ թէ իրենց դէմ եղածը անտեսելով, այլ՝ մերժելով բարկութեամբ մաշիլ։ Հարցը ամբողջովին արդար Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ձգելով, անոնք շատ հանգստութիւն գտած են եւ կրցած են իրենց բնականոն կեանքը շարունակել, առանց ոխակալութեան։—Սաղմոս 37։28
17. Յայտնութիւն 21։4–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խոստումը մխիթարական ի՞նչ երաշխիք մը կու տայ։
17 Երբ վէրք մը շատ խորունկ է, թերեւս չկարենանք զայն բոլորովին մեր մտքերէն սրբել, առնուազն իրերու այս դրութեան մէջ։ Սակայն Եհովա նոր աշխարհ մը կը խոստանայ, ուր «ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Այն ժամանակ, ի՛նչ որ ալ յիշենք, ներկայիս մեր սրտերը ծանրաբեռնող խոր վիրաւորանքը կամ ցաւը պիտի չզգանք։—Եսայեայ 65։17, 18
18. (ա) Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր գործառնութեանց մէջ, ինչո՞ւ ներելու կարիքը ունինք։ (բ) Երբ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն, ի՞նչ առումով կրնանք ներել եւ մոռնալ։ (գ) Ասիկա ի՞նչպէս օգտակար է մեզի։
18 Մինչ այդ, ստիպուած ենք իրարու հետ ապրիլ եւ գործել որպէս քոյրեր ու եղբայրներ, անկատարներ ու մեղաւորներ ըլլալով։ Բոլորս ալ սխալներ կը գործենք։ Երբեմն, իրար յուսախաբ կ’ընենք եւ նոյնիսկ իրար կը վիրաւորենք։ Յիսուս շատ լաւ գիտէր թէ ուրիշներու ներելու կարիքը պիտի ունենայինք, ո՛չ թէ «մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասունեօթը անգամ»։ (Մատթէոս 18։22, ՆԱ) Շիտակ է որ Եհովայի պէս ամբողջական կերպով չենք կրնար ներել, սակայն, շատ մը պարագաներուն, երբ մեր եղբայրները մեզի դէմ մեղանչեն, կրնանք անոնց ներել՝ մեր մէջէն ոխը հանելով, իսկ կրնանք մոռնալ՝ հետագային պատահածը իրենց դէմ չգործածելու առումով։ Երբ այսպէս ներենք ու մոռնանք, ոչ միայն ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանած պիտի ըլլանք, այլ նաեւ՝ մեր սրտի ու մտքի խաղաղութիւնը։ Ամէն բանէ աւելի, պիտի վայելենք այն խաղաղութիւնը, զոր միայն մեր սիրալիր Աստուածը՝ Եհովա՝ կրնայ հայթայթել։—Փիլիպպեցիս 4։7
[Ստորանիշներ]
a Բաբելոնական Թալմուտին համաձայն, ռաբունական աւանդութիւն մը կ’ըսէր. «Եթէ մարդ մը յանցանք գործէ, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ անգամ անոր կը ներուի, չորրորդ անգամին անոր չի ներուիր»։ (Եօմա 86բ) Ասիկա մասամբ հիմնուած էր կարգ մը համարներու սխալ հասկացողութեան վրայ, ինչպէս՝ Ամովսեայ 1։3. 2։6. եւ Յոբայ 33։29։
b Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Վերաքաղի Հարցումներ
◻ Ինչո՞ւ պէտք է յօժարինք ուրիշներուն ներել։
◻ Ի՞նչպիսի պարագաներ մեզմէ կրնան պահանջել որ ‘իրարու ներենք’։
◻ Երբ ուրիշներու մեղքերը մեզ խորապէս վիրաւորեն, ի՞նչ կրնանք ընել հարցը խաղաղութեամբ լուծելու համար։
◻ Երբ ուրիշներու կը ներենք, ի՞նչ առումով պէտք է մոռնանք։