Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/98 էջ 3-6
  • Տիրոջ Ստացուածքներուն Հոգ Տանիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տիրոջ Ստացուածքներուն Հոգ Տանիլ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնէական Տնտեսութիւն
  • «Հաւատարիմ ու Իմաստուն Տնտեսը»
  • Նոր Գործելակերպի Որդեգրում
  • Կազմակերպչական Զանազան Կարիքներ
  • Հաշուի Առնուելիք Ազդակներ
  • Ստացուածքներուն Հոգ Տանիլ
  • Վստահելի տնտես ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Գիտէի՞ր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Աստուած փառաբանելու համար սուրբ գրային գրականութիւններ արտադրել
    Եհովայի վկաները. միացած՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար համայն աշխարհի մէջ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 6/98 էջ 3-6

Տիրոջ Ստացուածքներուն Հոգ Տանիլ

1 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, տնտեսի մը շատ բաներ կը վստահուէին։ Աբրահամ իր տնտեսը ղրկեց որ իր որդւոյն՝ Իսահակին՝ կին մը գտնէ։ (Ծննդ. 24։1-4) Իրականութեան մէջ, տնտեսը պատասխանատու էր որ Աբրահամի շառաւիղին շարունակուիլը երաշխաւորէր։ Ի՜նչ մեծ պատասխանատուութիւն։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ»։—Ա. Կորն. 4։2

Քրիստոնէական Տնտեսութիւն

2 Քրիստոնէական ծառայութեան երեսակներէն ոմանք Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած են որպէս տնտեսութիւններ։ Օրինակի համար, Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն խօսեցաւ ‘Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութեան’ մասին ‘որ իրեն տրուած էր անոնց համար’։ (Եփ. 3։2. Կող. 1։25) Ան բարի լուրը հեթանոսներուն տանելու իր յանձնարարութիւնը նկատեց որպէս՝ հաւատարմաբար մատակարարուելիք տնտեսութիւն մը։ (Գործք 9։15. 22։21) Պետրոս առաքեալ իր օծեալ եղբայրներուն գրեց. «Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։ Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս»։ (Ա. Պետ. 4։9, 10. Եբր. 13։16) Առաջին դարու Քրիստոնեաները նիւթապէս ի՛նչ որ ունէին Եհովայի անարժան ողորմութեան շնորհիւ էր։ Հետեւաբար, անոնք այդ բաներուն տնտեսներն էին ու զանոնք քրիստոնէավայել կերպով պէտք էր գործածէին։

3 Ներկայիս Եհովայի Վկաները հարցերը միեւնոյն ակնոցով կը դիտեն։ Անոնք Եհովա Աստուծոյ նուիրուած են եւ իրենց բոլոր ունեցածը՝ իրենց կեանքը, ֆիզիքական կորովը եւ նիւթական ստացուածքը, կը նկատեն որպէս «Աստուծոյ զանազան շնորհներ»ուն պտուղները։ Որպէս բարի տնտեսներ, այս բաները գործածելու կերպին նկատմամբ Եհովա Աստուծոյ համարատու կը զգան։ Ասկէ զատ, անոնց յանձնուած է բարի լուրի գիտութիւնը։ Ասիկա ալ աւանդ մըն է, զոր կը փափաքին կարելի եղածին չափ լաւ կերպով գործածել. Եհովայի անունը մեծարել եւ ուրիշներուն օգնել որ ճշմարտութեան գիտութիւնը ձեռք ձգեն։—Մատթ. 28։19, 20. Ա. Տիմ. 2։3, 4. Բ. Տիմ. 1։13, 14

4 Եհովայի Վկաները որպէս տնտեսներ իրենց պատասխանատուութիւնները ի՞նչպէս ձեռք կ’առնեն։ Տարեկան տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ միայն անցեալ տարի, համայն աշխարհի մէջ անոնք աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեցին «թագաւորութեան բարի լուր»ի քարոզչութեան համար, եւ հետաքրքրուած անհատներու հետ աւելի քան 4,500,000 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ (Մատթ. 24։14, ՆԱ) Որպէս Եհովայի տնտեսներ անոնց հաւատարմութիւնը նաեւ յայտնի էր համաշխարհային գործին եւ տեղական Թագաւորութեան Սրահներուն ի նպաստ եղած իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններէն, ճամբորդող տեսուչներու եւ ուրիշներու հանդէպ իրենց ցուցաբերած հիւրասիրութենէն, ինչպէս նաեւ կարօտեալներուն՝ զինեալ պայքարներու զոհ դարձած անհատներու՝ հանդէպ անոնց ցոյց տուած արտակարգ ազնուութենէն։ Որպէս խումբ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Տիրոջ ստացուածքներուն լաւ հոգ կը տանին։

«Հաւատարիմ ու Իմաստուն Տնտեսը»

5 Ոչ միայն որպէս անհատներ անոնք տնտեսներ են, այլ նաեւ՝ որպէս կազմակերպութիւն։ Յիսուս երկրի վրայ գտնուող քրիստոնէական օծեալ ժողովքը կոչեց՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը»։ (Ղուկ. 12։42) Այս ‘հաւատարիմ տնտեսին’ պատասխանատուութիւնն է «ուտելիք» հայթայթել եւ բարի լուրի միջազգային քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առնել։ (Յայտ. 12։17) Ասոր հետ մէկտեղ, Կառավարիչ Մարմինով ներկայացուած՝ հաւատարիմ տնտես դասակարգը, աստուածատուր պատասխանատուութիւն ունի որ իր նիւթական ու հոգեւոր «տաղանդ»ները պատշաճ կերպով գործածէ։ (Մատթ. 25։15) ‘Հաւատարիմ տնտեսի’ օրինակին հետ ներդաշնակ ըլլալով, մասնաճիւղերը ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի նիւթական նուիրատուութիւնները խոհեմութեամբ գործածեն, Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելով։ Բոլոր այս նուիրատուութիւնները վստահութեամբ կը տրուին, իսկ «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը» հոգ կը տանի որ անոնք իրենց յատկացուած նպատակին ծառայեն եւ գործածուին իմաստութեամբ, խնայողութեամբ եւ ազդու կերպով։

6 Նուիրատուութեանց իմաստուն գործածութեան մէկ օրինակը կրնանք տեսնել Ի. դարու ընթացքին տպագրութեան մարզին մէջ Եհովայի Վկաներու արձանագրած ընդլայնումով։ Աստուածաշունչի եւ անոր վրայ հիմնուած գրականութիւններու, այսինքն՝ պարբերաթերթերու, գրքերու, գրքոյկներու, թերթիկներու եւ Թագաւորութեան Լուրեր–ու բաշխումը, «բարի լուր»ի տարածման մէջ մեծ դեր խաղցած է այս «վերջին օրեր»ուն։ (Մար. 13։10. Բ. Տիմ. 3։1) Իսկ Դիտարան պարբերաթերթը գլխաւոր գործիքը եղած է ‘ատենին ուտելիք’ հայթայթելու՝ «Աստուծոյ ընտանիք»ին եւ անոնց ընկերակցող «ուրիշ ոչխարներ»ու ‘մեծ բազմութեան’։—Մատթ. 24։45. Եփ. 2։19. Յայտ. 7։9. Յովհ. 10։16

7 Սկիզբը, Եհովայի Վկաներուն բոլոր գրականութիւնները առեւտրական տպարաններու կողմէ կ’արտադրուէին։ Սակայն, 1920–ական թուականներուն, որոշուեցաւ որ աւելի գործնական եւ հոգեւոր գետնի վրայ օգտակար էր որ Եհովայի ծառաները իրենք տպէին իրենց գրականութիւնները։ 1920–ին, պզտիկ չափով սկսելով, Պրուքլին, Նիւ Եորքի մէջ, տպագրութիւնը աստիճանաբար աճելով շատ մեծցաւ։ 1967–ին, արդէն տպագրական կառոյցները չորս տարբեր հողաշերտեր կը ծածկէին։ Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ տպագրութիւնը սկսած էր, բայց Համաշխարհային Բ. Պատերազմը անոնց մեծամասնութիւնը ընդհատեց։

8 Միացեալ Նահանգներու մէջ տպագրութիւնը որքան ալ ընդլայնեցաւ, անիկա չկրցաւ համայն աշխարհի կարիքներուն գոհացում տալ։ Հետեւաբար, պատերազմին յաջորդող տարիներուն, տպագրական սարքեր պատրաստուեցան կամ արդէն իսկ գործի լծուեցան շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Անգլիա, Գանատա, Գերմանիա, Զուիցերիա, Հարաւային Ափրիկէ, Յունաստան եւ Տանըմարքա։ 1970–ական տարիներու սկիզբը, այս ցանկին վրայ աւելցան՝ Աւստրալիան, Կանան, Ճափոնը, Նիկերիան, Պրազիլիան, Ֆինլանտան եւ Ֆիլիպեան Կղզիները։ Այս երկիրներէն ոմանք գրքեր ալ կ’արտադրէին։ 1970–ական տարիներու սկիզբը, Գաղաադու միսիոնարներուն մարզում տրուեցաւ տպագրական մարզին մէջ, ապա ղրկուեցան վերոյիշեալ կարգ մը երկիրները, որպէսզի տեղական եղբայրներուն օգնեն տպագրական գործին մէջ։

9 1980–ական տարիներու ընթացքին, պարբերաթերթեր տպող երկիրներու թիւը բարձրացաւ 51–ի։a Այս բոլորը ի՜նչ հոյակապ ապացոյց մըն էր որ Տիրոջ ստացուածքները լաւ կերպով կը գործածուէին։ Իսկ ի՜նչ զօրաւոր փաստ՝ թէ Թագաւորութեան գործը կ’ուռճանար։ Նաեւ ի՜նչ ազդու վկայութիւն մը միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներու առատաձեռն աջակցութեան, որոնք ‘Եհովան կը պատուէին իրենց արժէքաւոր բաներով’։ (Առ. 3։9, ՆԱ) Այսպէս, անոնք փաստեցին թէ իրենք բարի տնտեսներ են այն զանազան շնորհներուն, որոնցմով Եհովա օրհնած է զիրենք։

Նոր Գործելակերպի Որդեգրում

10 1970–ական թուականներէն մինչեւ 1980–ական թուականներու սկիզբը, տպագրական արուեստագիտութեան մէջ հսկայ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ եւ Եհովայի Վկաները տպագրական նոր հմտութիւններ որդեգրեցին։ Նախապէս, անոնք աւանդական տպագիր կերպը կը գործածէին։ Ասիկա աստիճանաբար փոխուեցաւ, երբ սկսան աւելի արդիական օֆսէթ տպագրական մեթոտը որդեգրել։ Որպէս արդիւնք, փոխանակ նախկին մեթոտով արտադրուած երկու գոյնով (սեւ, առաւել ուրիշ գոյն մը) պատկերներուն, գոյնզգոյն պատկերներով գեղեցիկ գրականութիւններ սկսան արտադրուիլ։ Ասկէ զատ, համակարգիչի արուեստագիտութիւնը նախատպագրական պատրաստութիւնը լիովին փոխեց։ Եհովայի Վկաները Բազմալեզու Ելեկտրոնիկ Լուսագրաշարութեան Դրութիւնը (ՄԵՓՍ) մէջտեղ բերին. համակարգային դրութիւն մը, որ ներկայիս կ’օգնէ որ աւելի քան 370 լեզուներով տպագրութիւններ ըլլան։ Շուկայի մէջ չկայ որեւէ յայտագիր, որ կարենայ այսքան բազմաթիւ լեզուներով գործելու ՄԵՓՍ–ի կարողութեան հետ մրցիլ։

11 ՄԵՓՍ–ի համակարգային արուեստագիտութեան շնորհիւ եւ ելեկտրոնական թղթակցութեան նման նորանոր գիւտերու գործածութեամբ, ատենին հոգեւոր սնունդ արտադրելու մէջ ուրիշ հսկայ յառաջդիմութիւն մըն ալ արձանագրուեցաւ։ Նախապէս, նախկին արուեստագիտութիւնը գործածելով, Անգլերէն չեղող պարբերաթերթերը Անգլերէն թիւին պարունակած տեղեկութիւնները ամիսներ կամ նոյնիսկ տարի մը ետք լոյս կը տեսնէին։ Ներկայիս, Դիտարան–ը Անգլերէնի հետ միաժամանակ լոյս կը տեսնէ 115 լեզուներով, իսկ Զարթի՛ր–ը՝ 62 լեզուներով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ համայն աշխարհի մէջ, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան շաբաթական ժողովներուն ներկայ եղողներուն 95 տոկոսը նո՛յն նիւթը նկատի կ’առնեն նո՛յն ժամանակին։ Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն մըն է։ Վստահաբար այս նոր արուեստագիտութեան մէջ ներդրում ընելը, Տիրոջ ստացուածքները լաւ կերպով գործածելու կերպ մըն էր։

Կազմակերպչական Զանազան Կարիքներ

12 Տպագրական այս նոր մեթոտները, Եհովայի Վկաներու համաշխարհային տպագրական գործունէութեանց նկատմամբ կազմակերպչական կարիքները փոխեց։ Ուէպ օֆսէթ տպագրամեքենաները, նախկին մեքենաներէն աւելի արագ են, բայց նաեւ շատ աւելի սուղ են։ Գրելու, թարգմանելու, արուեստի եւ գծագրութեան նման յարակից աշխատանքներուն նպաստող համակարգային դրութիւնները նախկինէն շատ աւելի առաւելութիւններ ունին, սակայն անոնք ալ սուղի կը նային։ Շուտով յայտնի եղաւ որ պարբերաթերթերը 51 երկիրներու մէջ տպելը, այլեւս խնայողական չէր։ Ուստի 1990–ական թուականներուն ‘հաւատարիմ տնտեսը’ պարագան վերատեսութեան ենթարկեց։ Ի՞նչ հետեւանքով։

13 Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին թէ Եհովայի Վկաներու եւ անոնց բարեկամներուն կողմէ նուիրուած «արժէքաւոր բաները» աւելի լաւ կերպով կրնան գործածուիլ եթէ տպագրական գործը միախմբուի։ Հետեւաբար, տպագրութիւն ընող մասնաճիւղերու թիւը աստիճանաբար նուազեցաւ։ Գերմանիան յանձն առաւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներու պարբերաթերթերուն եւ գրականութիւններուն տպագրութիւնը. ասոնց մէջ կ’իյնան նախապէս իրենց անձնական տպագրութիւնը ընող երկիրներ։ Իտալիա Ափրիկէի եւ հարաւ–արեւելեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն, ի ներառեալ՝ Յունաստանի եւ Ալպանիոյ համար պարբերաթերթեր եւ գրականութիւններ կը տպէ։ Ափրիկէի մէջ պարբերաթերթի տպագրութիւնը յառաջ կը տարուի Նիկերիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի կողմէ։ Նոյնանման միախմբումներ տեղի ունեցան աշխարհի զանազան մասերուն մէջ։

Հաշուի Առնուելիք Ազդակներ

14 Մինչեւ Յուլիս 1998, պարբերաթերթերու տպագրութիւնը պիտի դադրի եւրոպական կարգ մը երկիրներուն մէջ, որոնց կարգին են, Աւստրիան, Զուիցերիան, Հոլանտան, Յունաստանը, Տանըմարքան եւ Ֆրանսան։ Եւրոպայի մէջ տպագրութեան պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնեն հետեւեալ երկիրները. Բրիտանիա, Գերմանիա, Իտալիա, Շուէտ, Սպանիա եւ Ֆինլանտա։ Այս կերպով, անտեղի ծախսեր պիտի չըլլան եւ նուիրատուութիւնները աւելի լաւ կերպով պիտի գործածուին աշխարհածաւալ գործունէութեան համար։ Ի՞նչպէս որոշուեցաւ թէ ո՛ր երկիրները պիտի շարունակեն տպագրութիւնը եւ որո՛նք պիտի դադրին։ Տիրոջ ստացուածքներուն իմաստութեամբ հոգ տանելու յանձնարարութեան հետ ներդաշնակ գործելով, ‘հաւատարիմ տնտեսը’ ուշադրութեամբ արժեւորեց իւրաքանչիւր երկրի մէջ տպագրութեան գործնական ըլլալը։

15 Կարգ մը երկիրներու մէջ տպագրութիւնը դադրելուն ու զանոնք ուրիշներու հետ միախմբելու գլխաւոր պատճառը՝ գործնականութիւնն էր։ Երկիր մը քանի մը երկիրներու համար գրականութիւններ տպելը աւելի յարմար է եւ մեծածախս գործիքները աւելի լաւ գործածելու կը նպաստէ։ Ներկայիս տպագրութիւն յառաջ կը տարուի հոն ուր ծախսերը նուազ են, գործածուելիք նիւթերը մատչելի են եւ առաքումի միջոցները լաւ են։ Հետեւաբար, Տիրոջ ստացուածքները պատշաճօրէն կը գործածուին։ Անշուշտ, երկրի մը մէջ տպագրութեան դադրիլը չի նշանակէր թէ հոն քարոզչութեան գործը պիտի կենայ։ Հոն պիտի շարունակուի առատ քանակով տպագրուած գրականութիւններ մատչելի ըլլալ եւ այդ երկիրներու հարիւր հազարաւոր Եհովայի Վկաները պիտի շարունակեն նախանձախնդրօրէն իրենց դրացիներուն խօսիլ «խաղաղութեան բարի լուրին» մասին։ (Եփ. 2։17, ՆԱ) Ասկէ զատ, այս վերակազմակերպութենէն ուրիշ օգուտներ ալ քաղուած են։

16 Անոնցմէ մէկը յիշենք. Զուիցերիոյ, Հոլանտայի, Յունաստանի եւ Տանըմարքայի արդիական տպագրամեքենաներէն մեծամասնութիւնը ղրկուեցաւ Նիկերիա եւ Ֆիլիպեան Կղզիներ։ Եւրոպական երկիրներէն զանոնք աշխատցնելու հմուտ եղողներ, այդ տպագրամեքենաներուն հետ երթալու եւ այդ երկիրներուն մէջ աշխատելիք անհատներուն մարզելու հրաւէրը ընդունեցին։ Հետեւաբար, այս նոր երկիրները ներկայիս կը ստանան միեւնոյն լաւորակ պարբերաթերթերը, զորս միւս երկիրները ունէին։

17 Նկատի առէք ուրիշ օգուտ մը։ Ներկայիս, պարբերաթերթեր տպելու ծախսը սահմանափակուեցաւ այն կարգ մը երկիրներուն ուր տպագրութիւնը կը շարունակուի։ Այս պատճառաւ, այն երկիրներու մէջ ուր տպագրութիւնը դադրեցաւ, անոր տրամադրուած գումարները հիմա մատչելի են ուրիշ նպատակներու համար, ինչպէս՝ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցել եւ աղքատ երկիրներու մէջ մեր եղբայրներուն կարիքներուն հոգ տանիլ։ Հետեւաբար, Տիրոջ ստացուածքներուն ուշադիր գործածութիւնը կը նշանակէ թէ Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը կարելի է աւելի ազդու կերպով կիրարկել միջազգային տարողութեամբ. «Ոչ թէ ես ուրիշներուն հանգստութիւն կ’ուզեմ ու ձեզի՝ նեղութիւն. հապա հաւասարութիւն։ Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, . . . որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ»։—Բ. Կորն. 8։13, 14

18 Այս միախմբումին որպէս հետեւանք, համայն աշխարհի Եհովայի Վկաները նախկինէն աւելի սերտ կապով մը իրարու կապուած են։ Տանըմարքայի մէջ ապրող Վկաներուն համար իրենց պարբերաթերթերը Գերմանիոյ մէջ տպուիլը խնդիր մը չէ։ Անոնք իրենց Գերմանացի եղբայրներուն մատուցած ծառայութեան համար երախտապարտ են։ Գերմանիոյ Եհովայի Վկաները կը նեղուի՞ն որ իրենց նուիրատուութիւնները կը գործածուին սուրբ գրային գրականութիւններ հայթայթելու՝ Ուգրանիոյ կամ Ռուսաստանի, Տանըմարքայի կամ ուրիշ երկիրներու համար։ Անշուշտ ո՛չ։ Անոնք ուրախ են, գիտնալով որ այդ երկիրներու մէջ բնակող իրենց եղբայրներուն նուիրատուութիւնները ներկայիս կրնան գործածուիլ ուրիշ անհրաժեշտ նպատակներու համար։

Ստացուածքներուն Հոգ Տանիլ

19 Եհովայի Վկաներու համայն աշխարհի Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, նուիրատուութեան սնտուկ մը կայ որու վրայ գրուած է՝ «Նուիրատուութիւններ՝ Ընկերութեան Երկրածաւալ Գործին Համար—Մատթէոս 24։14»։ Այդ սնտուկներուն մէջ դրուած յօժարակամ նուիրատուութիւնները կը գործածուին ուր որ կարիքը տեսնուի։ ‘Հաւատարիմ տնտեսը’ եւ մասնաճիւղերը կ’որոշեն թէ անոնք ի՛նչպէս պիտի գործածուին։ Հետեւաբար, երկրի մը մէջ նուիրատուութեան սնտուկին մէջ դրուած դրամը, եթէ երկրին օրէնքը կ’արտօնէ, կրնայ գործածուիլ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու եղող ուրիշ երկրի մը Եհովայի Վկաներու գործունէութեան սատար կանգնելու համար։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, նուիրատուութիւնները գործածուած են ոլորամրրիկներէ, փոթորկահովերէ, երկրաշարժներէ եւ քաղաքացիական պատերազմներէ տառապող հաւատակիցներու անմիջական օգնութիւն հայթայթելու համար։ Այս նուիրատուութիւնները նաեւ կը գործածուին աւելի քան 200 երկիրներու մէջ ծառայող միսիոնարներուն ծախսերը հոգալու համար։

20 Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ, որպէս ընդհանուր կանոն, դրամական հարցերը ամիսը մէկ անգամ կը ծանուցանուին, քանի մը վայրկեան յատկացուելով անոր։ Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, կամ համաժողովներու ընթացքին հանգանակութեան պնակներ չեն պտըտցուիր, ո՛չ ալ անհատներու հանգանակութեան խնդրագիր կը ղրկուի, կամ հանգանակութիւն գանձողներ կը վարձուին։ Սովորաբար, Դիտարան–ին մէջ տարեկան մէկ յօդուած կը տրամադրուի, բացատրելու համար թէ՝ երկրածաւալ գործին թիկունք կանգնիլ փափաքողները ի՛նչպէս կրնան նուիրատուութիւններ ընել Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան։ Զարթի՛ր–ին մէջ Ընկերութեան գործին օժանդակելու մասին կանոնաւոր յիշեցումներ չըլլար։ Ուստի, բարի լուրը քարոզելու համաշխարհային հսկայ գործը, անհրաժեշտ եղող Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելը, լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղողներուն հոգալը եւ կարօտեալ Քրիստոնեաներուն օժանդակելը ի՞նչպէս կ’իրագործուին։ Եհովա իր ժողովուրդը սքանչելի կերպով օրհնած է առատաձեռնութեան հոգիով։ (Բ. Կորն. 8։2) Առիթէն օգտուելով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն բոլորին, որոնք բաժին բերած են ‘իրենց արժէքաւոր բաներով Եհովան պատուելու’ մէջ։ Անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ ‘հաւատարիմ տնտեսը’ պիտի շարունակէ Տիրոջ ստացուածքներուն հոգ տանիլ։ Կ’աղօթենք որ Եհովա շարունակէ օրհնել համաշխարհային գործին տարածման համար եղած բոլոր կարգադրութիւնները։

[Ստորանիշներ]

a Այս երկիրներէն եօթին մէջ, տպագրութիւնը կը կատարուէր առեւտրական հաստատութիւններու միջոցաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել