«Եահը փառաբանեցէք»
«Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը [Եահը, ՆԱ] օրհնէ»։—ՍԱՂՄՈՍ 150։6
1, 2. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը առաջին դարուն ի՞նչ տարողութեամբ ծաղկեցաւ։ (բ) Առաքեալները ի՞նչ բանի դէմ կ’անխազգուշացուցած էին։ (գ) Հաւատուրացութիւնը ինչպէ՞ս զարգացաւ։
ՅԻՍՈՒՍ իր աշակերտները կազմակերպեց որպէս Քրիստոնէական ժողովք մը, որ առաջին դարուն ծաղկեցաւ։ Ի հեճուկս կրօնական դառն հակառակութեան, ‘աւետարանը երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ’։ (Կողոսացիս 1։23) Բայց Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն մահուընէ ետք, Սատանան խորամանկութեամբ հաւատուրացութիւնը հրահրեց։
2 Առաքեալները կ’անխազգուշացուցած էին այս ուղղութեամբ։ Օրինակի համար, Եփեսոսի երէցներուն Պօղոս ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ սուրբ հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր [Որդւոյն, ՆԱ] արիւնովը ստացաւ։ Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ (Գործք 20։28–30. տես նաեւ Բ. Պետրոս 2։1–3. Ա. Յովհաննու 2։18, 19։) Ուստի, չորրորդ դարուն, հաւատուրաց Քրիստոնէութիւնը սկսաւ Հռովմէական Կայսրութեան հետ միանալ ու համագործակցիլ։ Քանի մը դարեր ետք, Հռովմի պապին հետ կապեր ունեցող Հռովմէական Սուրբ Կայսրութիւնը մարդկութեան մեծամասնութեան վրայ սկսաւ տիրել։ Ժամանակ մը ետք, Բողոքական Բարեկարգութիւնը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ծայրայեղ չարութեան դէմ ըմբոստացաւ, բայց չկրցաւ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը վերահաստատել։
3. (ա) Բարի լուրը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ։ (բ) Սուրբ գրային ի՞նչ ակնկալութիւններ 1914–ին իրականացան։
3 Այսուհանդերձ, մինչ ԺԹ. դարը իր աւարտին կը հասնէր, Աստուածաշունչի աշակերտներու անկեղծ խումբ մը անգամ մը եւս սկսաւ քարոզչութեամբ զբաղիլ եւ ‘աւետարանին յոյսը երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն’ հասցնել։ Աստուածաշունչի մարգարէութեանց ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուելով, այս խումբը աւելի քան 30 տարիներ առաջ 1914–ը մատնանշեց, որպէս «ազգերու սահմանուած ժամանակներ»ուն վախճանը. «եօթը ժամանակ»ներու շրջան մը, կամ 2,520 տարի, որ սկսան Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումով։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Դանիէլ 4։16) Անոնց ակնկալութիւնները ի դերեւ չելլելով, 1914–ը երկրի վրայ մարդոց գործերուն մէջ դարձակէտ մը եղաւ։ Երկնքի մէջ ալ պատմական դէպքեր տեղի ունեցան։ Այդ ժամանակն էր որ յաւիտենական Թագաւորը, երկնային գահին վրայ նստեցուց իր ընկերակից Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ երկրէն ամբողջ ամբարշտութիւնը վերցնելու եւ Դրախտը վերահաստատելու համար նախապատրաստութիւն տեսնելով։—Սաղմոս 2։6, 8, 9. 110։1, 2, 5
Ահաւա՛սիկ Մեսիական Թագաւորը
4. Յիսուս ինչպէ՞ս իր Միքայէլ անուան նշանակութեան համաձայն ապրեցաւ։
4 1914–ին, այս Մեսիական Թագաւորը՝ Յիսուս՝ գործի լծուեցաւ։ Աստուածաշունչին մէջ ան նաեւ կոչուած է Միքայէլ, որ կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Նման». քանի որ ան մտադիր է Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովել։ Յայտնութիւն 12։7–12–ի մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը կը նկարագրէ թէ ինչ պիտի պատահէր. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։ Արդարեւ, հզօր անկում մը։
5, 6. (ա) 1914–էն ետք, երկնքէն ի՞նչ զգայացունց ծանուցում մը եղաւ։ (բ) Մատթէոս 24։3–13–ը ինչպէ՞ս ասոր հետ կապակցութիւն ունի։
5 Այն ատեն երկնքի մէջ խլացուցիչ ձայն մը հետեւեալը ծանուցանեց. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասնզի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ Եւ անոնք [հաւատարիմ Քրիստոնեաները] անոր յաղթեցին Գառնուկին [Քրիստոս Յիսուսի] արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ»։ Ասիկա Յիսուսի թանկարժէք քաւիչ զոհագործութեան հաւատք ընծայած ուղղամիտ անհատներուն համար ազատագրութիւն կը նշանակէ։—Առակաց 10։2. Բ. Պետրոս 2։9
6 Երկնքի մէջ լսուած բարձր ձայնը կը շարունակէ ըսել. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Մարգարէացուած «վա՜յ»ը երկրին վրայ եկաւ համաշխարհային պատերազմներով, սովերով, համաճարակներով, երկրաշարժներով եւ անօրէնութեամբ, որոնք այս դարուն երկիրը հարուածած են։ Ինչպէս Մատթէոս 24։3–13–ը կը թուէ, Յիսուս գուշակեց որ ասոնք ‘իրերու դրութեան վախճանին նշան’ին մէկ մասը պիտի ըլլային։ Մարգարէութիւնը կատարուելով, 1914–էն ի վեր մարդկութիւնը այնպիսի վայեր տեսած է որ պատմութեան ոչ մէկ ժամանակին մէջ նմանը եղած է։
7. Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ ստիպողական զգացումով կը քարոզեն։
7 Սատանայական վայերու այս շրջանին, մարդկութիւնը կրնա՞յ ապագայի յոյս մը ունենալ։ Այո՛. քանի որ Մատթէոս 12։21–ն Յիսուսի համար կ’ըսէ. «Հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։ Ազգերու մէջ գոյութիւն ունեցող ցնցիչ վիճակները, ոչ միայն ‘իրերու դրութեան վախճանին նշան’ն են, այլ նաեւ՝ ‘Յիսուսի ներկայութեան նշանը’, որպէս Մեսիական Թագաւորութեան երկնային Թագաւորը։ Այդ Թագաւորութեան առնչութեամբ, Յիսուս կ’ըսէ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Երկրի վրայ ո՞վ է միակ ժողովուրդը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան հոյակապ յոյսը կը քարոզէ։ Եհովայի Վկա՛ները։ Ստիպողական զգացումով, անոնք հանրապէս եւ տունէ տուն կը ծանուցանեն որ Աստուծոյ արդար ու խաղաղ Թագաւորութիւնը երկրի գործերը իր ձեռքը առնելու վրայ է։ Դուք այս ծառայութեան կը մասնակցի՞ք։ Ասկէ աւելի մեծ առանձնաշնորհում գոյութիւն չո՛ւնի։—Բ. Տիմոթէոս 4։2, 5
«Վերջը» Ինչպէ՞ս Պիտի Գայ
8, 9. (ա) Դատաստանը ինչպէ՞ս «Աստուծոյ տունէն» սկսաւ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհը ինչպէ՞ս Աստուծոյ Խօսքը բեկանած է։
8 Մարդկութիւնը դատաստանի ժամանակաշրջանի մը մէջ մտած է։ Ա. Պետրոս 4։17–ն մեզի կ’ըսէ որ դատաստանը սկսաւ «Աստուծոյ տունէն». Քրիստոնէութիւն դաւանող կազմակերպութիւններու դատաստանը, որ բացայայտ եղած է «վերջին օրեր»ը սկսելէն ի վեր, 1914–1918–ի ընթացքին Առաջին Աշխարհամարտի սպանդով։ Քրիստոնեայ Աշխարհի վիճակը ի՞նչ եղած է այս դատաստանին մէջ։ Ասիկա գիտնալու համար, նկատի առէք 1914–էն ի վեր պատերազմներուն թիկունք կանգնող եկեղեցիներուն բռնած դիրքը։ Կղերները չե՞ն արատաւորուած «անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւններ»ով, իրենց քարոզներով քաջալերելով զանոնք որ ճակատ երթան։—Երեմեայ 2։34
9 Մատթէոս 26։52–ի համաձայն, Յիսուս ըսաւ. «Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին»։ Ճիշդ ա՛յս է որ տեղի ունեցած է այս դարու պատերազմներու ընթացքին։ Կղերները երիտասարդները քաջալերած են որ ուրիշ երիտասարդներ սպաննեն, նոյնիսկ իրենց կրօնքի պատկանողները. Կաթողիկէները ուրիշ Կաթողիկէներ սպաննելով, իսկ Բողոքականները՝ ուրիշ Բողոքականներ։ Ազգայնականութիւնը Աստուծմէ եւ Քրիստոսէն բարձր դասուած է։ Վերջերս, Ափրիկեան կարգ մը ազգերու մէջ, ցեղային կապերը Աստուածաշունչի սկզբունքներէն առաջ դրուած են։ Ռվանտայի մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը Կաթողիկէ է, առնուազն կէս միլիոն մարդ ջարդուեցաւ ցեղային վայրագութիւններու մէջ։ Վատիկանի լրագրին մէջ (L’Osservatore Romano), Պապը ընդունեց. «Ասիկա բացէ ի բաց ջարդ մըն է, որու դժբախտաբար Կաթողիկէներն ալ պատասխանատու են»։—Բաղդատել Եսայեայ 59։2, 3. Միքիա 4։3, 5։
10. Եհովա ի՞նչ դատավճիռ պիտի գործադրէ սուտ կրօնքին վրայ։
10 Յաւիտենական Թագաւորը ինչպէ՞ս կը նկատէ այն կրօնքները, որոնք մարդոց կը քաջալերեն որ իրար սպաննեն, կամ սառնօրէն դիտեն, երբ իրենց հօտին անդամները իրար կը սպաննեն։ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային դրութեան՝ մասին, Յայտնութիւն 18։21, 24 կ’ըսէ. «Զօրաւոր հրեշտակ մը քար մը առաւ աղօրիքի մեծ քարի նման ու ծովը ձգեց՝ ըսելով. ‘Այսպէս ուժով վար պիտի ձգուի Բաբելոն մեծ քաղաքը ու ա՛լ պիտի չգտնուի։ Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ’»։
11. Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ի՞նչ սարսափելի բաներ տեղի ունեցած են։
11 Աստուածաշունչի մարգարէութեան առ ի կատարում, Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ սարսափելի բաներ տեղի կ’ունենան։ (Բաղդատել Երեմեայ 5։30, 31. 23։14։) Գլխաւորաբար կղերներուն թոյլատու ըլլալուն պատճառաւ, իրենց հօտը անբարոյութեան մէջ թաղուած է։ Քրիստոնեայ կոչուած Միացեալ Նահանգներու մէջ, ամուսնութիւններուն գրեթէ կէսը ամուսնալուծումով կը վերջանայ։ Եկեղեցիի անդամներուն մէջ պատանեկան յղութիւնը եւ միասեռականութիւնը կարելի չէ հսկողութեան տակ առնել։ Վարդապետներ շատ յաճախ փոքր տղաք ու աղջիկներ կը բռնաբարեն։ Տեղեկագրուած է որ տասը տարուան մէջ, այս դատերուն համար ատեաններուն կողմէ որոշուած հատուցումները, Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէկ միլիառ տոլար պիտի արժեն։ Քրիստոնեայ Աշխարհը անտեսած է Ա. Կորնթացիս 6։9, 10–ի Պօղոս առաքեալի տուած ազդարարութիւնը. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։
12. (ա) Յաւիտենական Թագաւորը ինչպէ՞ս քայլ պիտի առնէ Մեծն Բաբելոնի դէմ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի ճիշդ հակառակը, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ պատճառով «Ալէլուիա՜» պիտի երգէ։
12 Շուտով յաւիտենական Թագաւորը՝ Եհովա, գործելով իր երկնային Մարաջախտին՝ Քրիստոս Յիսուսին՝ միջոցաւ, մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։ Նախ, Քրիստոնեայ Աշխարհին եւ Մեծն Բաբելոնի մնացեալ բոլոր մասերուն վրայ Եհովայի դատաստանը պիտի գործադրուի։ (Յայտնութիւն 17։16, 17) Անոնք ցոյց տուած են որ իրենք արժանի չեն Յիսուսի քաւիչ զոհագործութեան միջոցաւ Եհովայի հայթայթած փրկութեան։ Անոնք նախատած են Աստուծոյ սուրբ անունը։ (Բաղդատել Եզեկիէլ 39։7։) Ի՜նչ ծիծաղելի են, երբ իրենց շքեղ եկեղեցական կառոյցներուն մէջ «Ալէլուիա՜» կ’երգեն։ Անոնք իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն Եհովայի թանկարժէք անունը կը հանեն եւ կը մոռնան որ «Ալէլուիա՜» կը նշանակէ «Եահը Փառաբանեցէք», «Եահը» «Եհովայի» անուան կրճատուած ձեւը ըլլալով։ Տեղին ըլլալով, Յայտնութիւն 19։1–6 կ’ըսէ որ մօտ օրէն «Ալէլուիա՜»ներ պիտի թնթացուին, Մեծն Բաբելոնի վրայ Աստուծոյ դատաստանը գործադրուիլը տօնելու համար։
13, 14. (ա) Ի՞նչ ծանրակշիռ դէպքեր պիտի յաջորդեն։ (բ) Աստուածավախ մարդոց ի՞նչ ուրախ ապագայ կը սպասէ։
13 Յաջորդ հանգրուանն է Յիսուսի ‘գալ’ը, որպէսզի ազգերուն ու ժողովուրդներուն վրայ դատավճիռ արձակէ ու զայն գործադրէ։ Ան անձամբ մարգարէացաւ. «Երբ Որդին մարդոյ [Քրիստոս Յիսուս] իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց [դատաստանի] աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին [երկրի] բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։ Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. ‘Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք’»։ (Մատթէոս 25։31–34) Իսկ 46–րդ համարը կը շարունակէ ըսելով, թէ այծերը «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [բնաջնջում, ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը»։
14 Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ թէ ինչպէս ‘թագաւորներուն Թագաւորը եւ տէրերուն Տէրը’, մեր երկնաւոր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, Արմագեդոնի պատերազմը պիտի մղէ, Սատանայի դրութեան քաղաքական եւ վաճառականական տարրերը կործանելով։ Այս կերպով Սատանայի ամբողջ երկրային դրութեան վրայ Քրիստոս թափած պիտի ըլլայ «Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութիւնը»։ Երբ այս ‘առաջուան բաները անցնին’, աստուածավախ մարդիկ պիտի մտնեն փառաւոր նոր աշխարհը, ուր Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։—Յայտնութիւն 19։11–16. 21։3–5
Ժամանակն Է որ Եահը Փառաբանենք
15, 16. (ա) Ինչո՞ւ կենսական է որ Եհովայի մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայենք։ (բ) Ըստ մարգարէներուն ու առաքեալներուն, ի՞նչ պէտք է ընենք փրկուելու համար, եւ ասիկա այսօր ի՞նչ կրնայ նշանակել բազմաթիւ անհատներու համար։
15 Դատաստանը ի գործ դնելու այդ օրը մօտեցա՛ծ է։ Ուստի, մեզի համար կենսական է յաւիտենական Թագաւորին մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայել։ Անոնք որոնք տակաւին սուտ կրօնքի ուսուցումներով եւ սովորութիւններով կաշկանդուած են, երկնային ձայն մը անոնց կ’ըսէ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք»։ Բայց անկէ փախչողները ո՞ւր պէտք է երթան։ Միայն մէկ ճշմարտութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ, հետեւաբար միայն մէկ ճշմարիտ կրօնք կայ։ (Յայտնութիւն 18։4. Յովհաննու 8։31, 32. 14։6. 17։3) Մեր յաւիտենական կեանքը այդ կրօնքը գտնելէն եւ անոր Աստուծոյն հնազանդելէն կախեալ է։ Աստուածաշունչը անոր կ’ուղղէ մեզ, Սաղմոս 83։18–ի համարով, ուր կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։
16 Սակայն, յաւիտենական Թագաւորին անունը գիտնալէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէ՛տք է Աստուածաշունչը ուսումնասիրենք եւ իր հոյակապ յատկութիւններուն եւ նպատակներուն մասին սորվինք։ Ապա, այս ժամանակին առնչութեամբ իր կամքը պէտք է կատարենք, ինչպէս պարզուած է Հռովմայեցիս 10։9–13–ի մէջ։ Պօղոս առաքեալ ներշնչուած մարգարէներէն մէջբերեց ու եզրափակեց. ‘Ով որ Տէրոջը [Եհովայի, ՆԱ] անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Յովելեայ 2։32. Սոփոնեայ 3։9) Պիտի փրկուի՞։ Այո, քանի որ բազմաթիւ անհատներ, որոնք ներկայիս Քրիստոսի միջոցաւ Եհովայի հայթայթած փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն, մօտալուտ մեծ նեղութենէն պիտի ազատուին, երբ Սատանայի ապականած աշխարհին վրայ դատաստան գործադրուի։—Յայտնութիւն 7։9, 10, 14
17. Ի՞նչ հոյակապ յոյս պէտք է մեզ մղէ որ մեր ձայները միացնենք Մովսէսին ու Գառնուկին երգին։
17 Վերապրելու յոյս ունեցողներուն համար ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը։ Անոր կամքն է որ մենք հիմակուընէ մեր ձայները միացնենք Մովսէսին ու Գառնուկին երգին ու փառաբանենք յաւիտենական Թագաւորը, անոր յաղթանակին սպասելով։ Ասիկա ըրած կ’ըլլանք ուրիշներուն խօսելով իր փառաւոր նպատակներուն մասին։ Մինչ Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ կ’աճինք, մեր կեանքը կը նուիրենք յաւիտենական Թագաւորին։ Ասիկա մեզ պիտի առաջնորդէ յաւիտեան ապրելու այն կարգադրութեան ներքեւ, զոր այս հզօր Թագաւորը կը նկարագրէ Եսայեայ 65։17, 18–ի մէջ. «Ահա ես նոր երկինք [Յիսուսի Մեսիական Թագաւորութիւնը] ու նոր երկիր [մարդկային արդար նոր ընկերութիւն մը] պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք»։
18, 19. (ա) Սաղմոս 145–ի Դաւիթի խօսքերը ի՞նչ ընելու պէտք է մղեն մեզ։ (բ) Եհովայի ձեռքէն ի՞նչ ստանալու յոյսը ունինք։
18 Սաղմոսերգու Դաւիթ յաւիտենական Թագաւորը կը նկարագրէ սա խօսքերով. «Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը ու անոր մեծութիւնը անքննելի է»։ (Սաղմոս 145։3) Այո, իր մեծութիւնը անքննելի է, անջրպետի ու յաւիտենականութեան սահմաններուն նման։ (Հռովմայեցիս 11։33) Մինչ կը շարունակենք մեր Ստեղծիչին եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ փրկանքի կարգադրութեան մասին գիտութիւն ստանալ, պիտի ուզենք աւելի ու աւելի փառաբանել մեր յաւիտենական Թագաւորը։ Պիտի ուզենք ընել ինչ որ Սաղմոս 145։11–13–ը կը թելադրէ. «Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. որպէսզի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն գիտցնեն։ Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ»։
19 Կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր Աստուածը պիտի կատարէ հետեւեալ խօսքը. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։ Յաւիտենական Թագաւորը քնքշութեամբ մեզ պիտի առաջնորդէ այս վերջին օրերուն ընդմէջէն, քանի որ Դաւիթ մեզ կը վստահեցնէ. «Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ»։—Սաղմոս 145։16, 20
20. Վերջին հինգ սաղմոսներուն մէջ եղած կոչին համաձայն, Յաւիտենական Թագաւորին հրաւէրին ինչպէ՞ս կ’ընդառաջէք։
20 Աստուածաշունչի վերջին հինգ սաղմոսները «Ալէլուիա՜»ի հրաւէրով կը սկսին ու կը վերջանան։ Արդ, 146–րդ Սաղմոսը մեզ կը հրաւիրէ. «Ալէլուիա՜ [Եահը փառաբանեցէք, ՆԱ]։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։ Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ»։ Դուք ալ այս հրաւէրին պիտի ընդառաջէ՞ք։ Վստա՛հաբար կ’ուզէք զինք փառաբանել։ Թող որ դուք ալ գտնուիք անոնց մէջ, որոնք նկարագրուած են Սաղմոս 148։12, 13–ի մէջ. «Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը [Եհովայի, ՆԱ] անունը օրհնեն, վասնզի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։ Մենք ալ սրտանց ընդառաջենք «Եահը փառաբանեցէք» հրաւէրին։ Բոլորս միաձայնութեամբ փառաբանե՛նք յաւիտենական Թագաւորը։
Ի՞նչ Կրնաք Ըսել
◻ Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ բանի նկատմամբ կանխազգուշացուցին։
◻ 1914–էն սկսեալ, ի՞նչ վճռական արարքներ տեղի ունեցած են։
◻ Եհովա ի՞նչ դատավճիռներ գործադրելու վրայ է։
◻ Ինչո՞ւ հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է յաւիտենական Թագաւորը փառաբանել։
[Շրջանակ՝ էջ 17]
Խռովութեան այս աղիտալի դարաշրջանը
Շատեր անդրադարձած են որ Ի. դարու սկիզբէն իսկ շատ դժուար դարաշրջան մը թեւակոխած ենք։ Օրինակի համար, Մ.Ն. Ծերակուտական Տանիէլ Փաթրիք Մոյնիհան, 1993–ին հրատարակած գրքի մը (Pandaemonium) յառաջաբանին մէջ, «1914–ի աղէտին» մասին բացատրութիւն տալով կ’ըսէ. «Պատերազմը եկաւ եւ աշխարհը ամբողջովին փոխուեցաւ։ Հիմա երկրի վրայ միայն ութ պետութիւններ կան, որոնք գոյութիւն ունէին 1914–ին եւ որոնց կառավարութիւնը անկէ ի վեր վայրագութեամբ չէ փոխուած։ . . . Մնացեալ գրեթէ 170 ժամանակակից պետութիւններէն քանի մը հատը միայն վերջերս ստեղծուած են, ուստի այս վերջին տագնապներէն շատ ազդուած չեն»։ Իրապէս, 1914–էն ի վեր այս դարը անընդհատ աղէտներ տեսած է։
Դարձեալ 1993–ին հրատարակուած է գիրք մը, որու խորագիրն է՝ Անղեկավարելի—Քսանմէկերորդ Դարու Արշալոյսին Համերկրային Խառնիճաղանճ մը (Out of Control—Global Turmoil on the Eve of the Twenty-First Century)։ Այս գրքին հեղինակն է Զիւպէկնյէֆ Պրէզինսգի, որ Մ.Ն. Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի նախկին պետն էր։ Ան կը գրէ. «Քսաներորդ դարու արշալոյսը ողջունուեցաւ որպէս Բանականութեան Դարաշարջանի իրական սկիզբը։ . . . Իր խոստման տէրը չըլլալով, քսաներորդ դարը մարդկութեան ամենէն արիւնարբու եւ ատելավառ դարը եղաւ, պատրանքներով լեցուն քաղաքականութեան եւ ճիւաղային սպանութեան դար մը։ Անգթութիւնը աննախընթաց չափով կազմակերպուած էր, իսկ մարդասպանութիւնը՝ զանգուածային չափով։ Բարիք գործելու գիտութեան կարողութեան եւ քաղաքական անսանց չարութեան միջեւ տարբերութիւնը տեսնելը ահաւոր է։ Պատմութեան մէջ ո՛չ մէկ ատեն սպանութիւնը այսքան համերկրային եղած է, ո՛չ մէկ ատեն այսքան կեանքեր խլուած են, ո՛չ մէկ ատեն մարդկային բնաջնջումը այդքան կեդրոնացուած ջանքերով հետապնդուած է, անտրամաբանականօրէն սնապարծ նպատակակէտերու սիրոյն»։ Ասիկա որքա՜ն ճշմարիտ է։
[Նկար՝ էջ 15]
1914–ին Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ետք, Միքայէլ Սատանան ու իր դեւերը երկրի վրայ ձգեց