Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 1/1 էջ 12-17
  • Աստուծոյ հօտը սիրով հովուել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ հօտը սիրով հովուել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բարի Հովիւին Օրինակը
  • Անգութ Հովիւներ Իսրայէլի մէջ
  • Սիրալիր Հովիւներ Քրիստոնէական Ժողովքին մէջ
  • Ազատ Կամքի Գործածութիւնը Յարգեցէք
  • Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Եհովայի հովիւներուն հնազանդէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Մեր հոյակապ Ստեղծիչին հետ հովուութիւն ընենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 1/1 էջ 12-17

Աստուծոյ հօտը սիրով հովուել

«Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։2

1, 2. Եհովայի տիրական յատկութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս կը յայտնաբերուի։

ԲՈԼՈՐ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, բացայայտ է որ սէրը Աստուծոյ տիրական յատկութիւնն է։ «Աստուած սէր է», կ’ըսէ Ա. Յովհաննու 4։8–ն։ Քանի որ իր սէրը արարքներով կ’արտայայտուի, Ա. Պետրոս 5։7–ն կ’ըսէ որ Աստուած «ձեզի համար կը հոգայ»։ Աստուածաշունչին մէջ, իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի հոգալու կերպը նմանցուած է իր ոչխարներուն քնքշութեամբ հոգացող սիրալիր հովիւի մը կերպին. «Ահա Տէր Եհովան ... իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։ (Եսայեայ 40։10, 11) Դաւիթ որքա՜ն հանգիստ զգացած ըլլալու էր, որ կրցաւ ըսել. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ»։—Սաղմոս 23։1

2 Տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը Աստուծոյ հաճելի եղող անհատները կը նմանցնէ ոչխարներու, քանի որ ոչխարները խաղաղասէր, ենթարկուող, հնազանդ են իրենց հոգատար հովիւին։ Սիրալիր Հովիւ մը ըլլալով, Եհովա իր ոչխարանման ժողովուրդին մեծապէս հոգ կը տանի։ Ան ասիկա ցոյց կու տայ անոնց նիւթական ու հոգեւոր կարիքները հայթայթելով եւ այս չար աշխարհի դժուար «վերջին օրեր»էն դէպի իր գալիք արդար եւ նոր աշխարհը առաջնորդելով զանոնք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13. Մատթէոս 6։31-34. 10։28-31. Բ. Պետրոս 3։13

3. Սաղմոսերգուն ինչպէ՞ս նկարագրեց իր ոչխարներուն հանդէպ Եհովայի հոգալու կերպը։

3 Նկատի առէք իր ոչխարներուն հանդէպ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ ... Արդարները կ’աղաղակեն ու Տէրը կը լսէ ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։ Արդարին նեղութիւնները շատ են, բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա»։ (Սաղմոս 34։15-19) Տիեզերքի Հովիւը որքա՜ն կը հանգստացնէ իր ոչխարանման ժողովուրդը։

Բարի Հովիւին Օրինակը

4. Աստուծոյ հօտին հոգ տանելու մէջ, Յիսուսի դերը ի՞նչ է։

4 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս՝ լաւ սորվեցաւ իր Հօրմէն, քանի որ Աստուածաշունչը Յիսուսը կը կոչէ «բարի հովիւը»։ (Յովհաննու 10։11-16) Աստուծոյ հօտին մատուցած անոր կենսական ծառայութիւնը յիշուած է Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին մէջ։ 9–րդ համարին մէջ, Աստուծոյ ներկայ ծառաները կը կոչուին «մեծ բազմութիւն մը ... բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն»։ Ապա 17–րդ համարը կ’ըսէ. «Գառնուկը [Յիսուս] ... պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Յիսուս Աստուծոյ ոչխարները յաւիտենական կեանքի տանող ճշմարտութեան ջուրերուն կ’առաջնորդէ։ (Յովհաննու 17։3) Նկատեցէք որ Յիսուս կոչուած է «Գառնուկը»՝ իր ոչխարանման յատկութիւններուն մատնանշելով, ան Աստուծոյ ենթարկուելու մէջ գլխաւոր տիպարն է։

5. Յիսուս մարդոց հանդէպ ի՞նչ զգաց։

5 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս մարդոց մէջ ապրեցաւ եւ անոնց խղճալի վիճակը տեսաւ։ Անոնց աղիտալի վիճակը տեսնելով, ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Անոնց վրայ խղճաց, վասընզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Հովիւ չունեցող, ինչպէս նաեւ անհոգ հովիւներ ունեցող ոչխարները մեծապէս կը տառապին յափշտակիչներու ձեռքէն։ Բայց Յիսուս շատ հոգ տարաւ անոնց, քանի որ ան ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30

6. Յիսուս կեղեքուածներուն հանդէպ ի՞նչ նկատառութիւն ցուցաբերեց։

6 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը գուշակեց թէ Յիսուս սիրալիր կերպով պիտի վարուէր մարդոց հետ. «Տէրը զիս օծեց ... կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, ... բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։ (Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։17-21) Յիսուս բնաւ աղքատները եւ ապերջանիկները չարհամարհեց։ Ընդհակառակը, ան Եսայեայ 42։3–ը կատարեց. «Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ»։ (Բաղդատել Մատթէոս 12։17-21։) Վշտահարները կը նմանէին ջախջախուած եղէգներու, վառելանիւթի պակասին պատճառաւ մարելու վրայ եղող պլպլացող պատրոյգներու։ Անոնց թշուառ վիճակին գիտակցելով, Յիսուս անոնց հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերեց եւ ոյժ ու յոյս ներմուծեց անոնց մէջ, հոգեւորապէս ու ֆիզիքապէս բժշկելով զանոնք։—Մատթէոս 4։23

7. Յիսուս իրեն ընդառաջած մարդիկը որո՞ւ առաջնորդեց։

7 Մեծ թիւով ոչխարանման անհատներ Յիսուսի ընդառաջեցին։ Իր ուսուցումը այնքա՛ն գրաւիչ էր որ զինք ձերբակալելու ղրկուած պաշտօնեաները ըսին. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ (Յովհաննու 7։46) Այո, կրօնական կեղծաւոր առաջնորդները տրտնջացին. «Բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։ (Յովհաննու 12։19) Բայց Յիսուս պատիւ կամ փառք չփնտռեց։ Ան մարդիկը իր Հօրը առաջնորդեց։ Ան սորվեցուց անոնց որ Իր հիանալի յատկութիւններուն համար սէրէ մղուած Եհովայի ծառայեն. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։—Ղուկաս 10։27, 28

8. Աստուծոյ հանդէպ իր ժողովուրդին հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր է աշխարհային կառավարիչներու հանդէպ ուրիշներու հնազանդութենէն։

8 Եհովա կը փառաւորուի, երբ իր ոչխարանման ժողովուրդը թիկունք կը կանգնի Իր տիեզերական գերիշխանութեան, իրեն հանդէպ սէրէ մղուած ըլլալով։ Անոնք յօժարակամօրէն կ’ընտրեն իրեն ծառայել, քանի որ կը ճանչնան իր սիրուն յատկութիւնները։ Որքա՜ն տարբեր այս աշխարհի առաջնորդներէն որոնց հպատակները անոնց կը հնազանդին միմիայն վախէ մղուած ըլլալով, կամ դժկամելով, կամ ուրիշ յետին շարժառիթ մը ունենալով։ Եհովայի կամ Յիսուսի մասին բնաւ կարելի չէ ըսել ինչ որ ըսուեցաւ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին մէկ Պապի մասին. «Շատեր կը հիանային անոր վրայ, բոլորը կը վախնային անկէ, ոչ մէկը կը սիրէր զայն»։—Vicars of Christ—The Dark Side of the Papacy, Փիթըր Տը Ռոզայի կողմէ։

Անգութ Հովիւներ Իսրայէլի մէջ

9, 10. Վաղեմի Իսրայէլի եւ առաջին դարու կրօնական առաջնորդները նկարագրեցէք։

9 Յիսուսի հակառակը, իր օրուան Իսրայէլի կրօնական առաջնորդները ոչխարներուն հանդէպ սէր չունէին։ Անոնք Իսրայէլի նախկին կառավարիչներուն կը նմանէին, որոնց մասին Եհովա ըսած էր. «Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։ ... Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք»։—Եզեկիէլ 34։2-4

10 Այդ քաղաքական հովիւներուն նման, առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները կարծրասիրտ էին։ (Ղուկաս 11։47-52) Ասիկա պարզաբանելու համար, Յիսուս Հրեայի մը մասին խօսեցաւ, որ կողոպտուած, ծեծուած ու ճամբուն եզերքը կիսամեռ ձգուած էր։ Իսրայելացի քահանայ մը անկէ անցաւ, բայց Հրեան տեսնելով, ան ճամբուն անդիի կողմէն գնաց։ Ղեւտացի մը նոյնը ըրաւ։ Ապա, ոչ–Իսրայելացի մը՝ արհամարհուած Սամարացի մը՝ անկէ անցաւ եւ արկածեալին վրայ խղճաց։ Ան անոր վէրքերը փաթթեց, գրաստի մը վրայ դնելով, զայն պանդոկ տարաւ եւ անոր հոգ տարաւ։ Ան պանդոկապետին վճարեց եւ ըսաւ որ եթէ յաւելեալ ծախք ըլլար, վերադարձին պիտի վճարէր։—Ղուկաս 10։30-37

11, 12. (ա) Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդներուն չարութիւնը ինչպէ՞ս գագաթնակէտի մը հասաւ։ (բ) Հռովմէացիները կրօնական առաջնորդներուն վերջապէս ի՞նչ ըրին։

11 Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները այնքա՛ն ապականած էին որ, երբ Յիսուս Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանեց, քահանայապետներն ու Փարիսեցիները Սենետրիոնը հաւաքեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը [Յիսուսը] շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։ (Յովհաննու 11։47, 48) Անոնք չէին հետաքրքրուած այն բարիքով զոր Յիսուս ըրած էր մեռած մարդուն ի նպաստ։ Անոնք իրենց դիրքերով մտահոգուած էին։ Ուստի անոնք «այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն [Յիսուսը]»։—Յովհաննու 11։53

12 Իրենց չարութիւնը լեցնելու համար, քահանայապետները «խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն. վասնզի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին»։ (Յովհաննու 12։10, 11) Իրենց դիրքերը պահպանելու անոնց անձնասէր ջանքերը սին էին, քանի որ Յիսուս անոնց ըսած էր. «Ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։ (Մատթէոս 23։38) Այդ խօսքերուն առ ի կատարում, այդ նոյն սերունդին ընթացքին, Հռովմէացիները եկան ու կործանեցին ‘անոնց տեղն ու անոնց ազգը’, ինչպէս նաեւ՝ անոնց կեանքը։

Սիրալիր Հովիւներ Քրիստոնէական Ժողովքին մէջ

13. Եհովա խոստացաւ որո՞նք ղրկել իր հօտը հովուելու համար։

13 Անգութ, անձնասէր հովիւներուն փոխարէն, Եհովա Բարի Հովիւը՝ Յիսուսը՝ պիտի հանէր Իր հօտին հոգ տանելու համար։ Ան նաեւ խոստացաւ սիրալիր ենթահովիւներ հանել ոչխարներուն հոգ տանելու համար. «Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. անոնք ա՛լ պիտի չվախնան»։ (Երեմեայ 23։4) Արդ, այսօր ալ, առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին նման, «ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ» կը նշանակուին։ (Տիտոս 1։5) Սուրբ Գրութիւններուն մէջ նշուած որակումներուն գոհացում տուող այս հոգեւորապէս երէց եղողները «Աստուծոյ հօտը» պէտք է հովուեն։—Ա. Պետրոս 5։2. Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։7-9

14, 15. (ա) Աշակերտները ի՞նչ կեցուածք զարգացնելու դժուարութիւն ունէին։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ ցոյց տալու համար թէ երէցները խոնարհ ծառաներ պէտք է ըլլան։

14 Ոչխարներուն հոգ տանելու համար, երէցները «ամէն բանէ առաջ» անոնց հանդէպ «սրտանց սէր» պէտք է ունենան։ (Ա. Պետրոս 4։8) Բայց Յիսուսի աշակերտները, համբաւով ու դիրքով շատ հետաքրքրուած ըլլալով, պէտք էր սորվէին ասիկա։ Ուստի երբ երկու աշակերտներու մայրը Յիսուսի ըսաւ՝ «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ», միւս աշակերտները սրդողեցան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ»։—Մատթէոս 20։20-28

15 Ուրիշ առիթով, աշակերտները իրարու հետ վիճաբանելէ ետք թէ՝ ո՛վ մեծ է, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։ (Մարկոս 9։33, 34) Մտքի խոնարհութիւնը եւ ծառայելու կամեցողութիւնը անոնց անձնաւորութեան մէկ մասը պէտք էր ըլլային։ Այսուհանդերձ, աշակերտները տակաւին դժուարութիւն ունէին այդ գաղափարներուն վարժուելու, քանի որ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, իր վերջին ընթրիքին, անոնց մէջ «վէճ մը» եղաւ թէ ո՛վ էր ամենամեծը։ Ատիկա տեղի ունեցաւ, Յիսուս անոնց ցոյց տուած ըլլալով հանդերձ թէ երէց մը ի՛նչպէս հօտին պէտք է ծառայէ. ան ինքզինք խոնարհեցուցած եւ անոնց ոտքերը լուացած էր։ Ան ըսաւ. «Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասնզի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։—Ղուկաս 22։24. Յովհաննու 13։14, 15

16. 1899–ին, Դիտարանը ի՞նչ մեկնաբանութիւններ ներկայացուց երէցներուն ամենէն կարեւոր յատկութեան մասին։

16 Եհովայի Վկաները միշտ սորվեցուցած են որ երէցները այսպէս պէտք է ըլլան։ Գրեթէ դար մը առաջ, Դիտարան Ապրիլ 1, 1899–ի Անգլերէնով թիւը Ա. Կորնթացիս 13։1-8–ի Պօղոսի խօսքերը նկատի առաւ եւ ապա ըսաւ. «Առաքեալը որոշակի կը մատնանշէ թէ գիտութիւնն ու ճարտարախօսութիւնը ամենէն կենսական փորձանիշները չեն, այլ իրական փորձանիշը այն սէրն է, որ սիրտը կը պատէ ու կեանքի ամբողջ տեւողութեան կ’արտայայտուի եւ մեր մահացու մարմինները կը դրդէ ու կը ներգործէ անոնց մէջ. մեր աստուածային յարաբերութեան իրական փաստը։ ... Գլխաւոր յատկանիշը զոր պէտք է փնտռել ամէն անհատի մէջ, որպէսզի ան ընդունուի որպէս եկեղեցիին ծառայ մը, սրբազան բաներու սպասարկելու համար, նախ եւ առաջ պէտք է ըլլայ սիրոյ հոգին»։ Ան դիտել տուաւ թէ այն մարդիկը, որոնք սէրէ մղուած խոնարհաբար չեն ծառայեր, «վտանգաւոր ուսուցիչներ են եւ հաւանաբար աւելի վնաս պիտի բերեն քան բարիք»։—Ա. Կորնթացիս 8։1

17. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը շեշտէ այն յատկութիւնները զորս երէցները պէտք է ունենան։

17 Հետեւաբար, երէցները ոչխարներուն ‘վրայ պէտք չէ տիրեն’։ (Ա. Պետրոս 5։3) Ընդհակառակը, անոնք «իրարու հետ քաղցր ... գթած» ըլլալու մէջ առաջնորդութիւնը պէտք է առնեն։ (Եփեսացիս 4։32) Պօղոս շեշտեց. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը։ ... Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է»։—Կողոսացիս 3։12-14

18. (ա) Պօղոս ոչխարներուն հետ վարուելու մէջ ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Երէցները ինչո՞ւ ոչխարներուն կարիքները պէտք չէ անտեսեն։

18 Պօղոս սորվեցաւ ասիկա ընել, ըսելով. «Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասնզի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8) Ատոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, ան ըսաւ. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ոչխարները ի՛նչպիսի խնդիր ալ յարուցանեն իրենց, երէցները Առակաց 21։13–ը պէտք է յիշեն. «Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ»։

19. Սիրալիր երէցները ինչո՞ւ օրհնութիւն մըն են, եւ ոչխարները այսպիսի սիրոյ ինչպէ՞ս կ’ընդառաջեն։

19 Սիրալիր կերպով հօտը հովուող երէցները ոչխարներուն համար օրհնութիւն մըն են։ Եսայեայ 32։2–ը գուշակեց. «Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։ Ուրախութիւն կու տայ գիտնալ թէ այսօր մեր երէցներէն շատերուն կը յարմարի սփոփանքի այդ գեղեցիկ նկարագրութիւնը։ Անոնք հետեւեալ սկզբունքը կիրարկել սորված են. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Երբ երէցները այսպիսի սէր ու խոնարհութիւն կը ցուցաբերեն, ոչխարները կ’ընդառաջեն ‘զանոնք մեծ սիրով պատուելով, իրենց գործին համար’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13

Ազատ Կամքի Գործածութիւնը Յարգեցէք

20. Երէցները ինչո՞ւ ազատ կամքը պէտք է յարգեն։

20 Եհովա ազատ կամքով ստեղծեց մարդիկը, որպէսզի անոնք անձնապէս որոշումներ կայացնեն։ Մինչ երէցները պէտք է խրատեն եւ նոյնիսկ կրթեն, սակայն անոնք ուրիշի մը կեանքին կամ հաւատքին վրայ պէտք չէ տիրեն։ Պօղոս ըսաւ. «Ոչ թէ ձեր հաւատքին ... կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասնզի դուք հաւատքով կը կենաք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։23) Այո, «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5) Եհովա շատ ազատութիւն տուած է մեզի իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն ծիրին մէջ։ Ուստի երէցները պէտք է խուսափին կանոններ դնելէ, երբ սուրբ գրային սկզբունքներ չեն բեկանուած։ Իսկ անոնք պէտք է ընդդիմանան իրենց անձնական կարծիքները ներկայացնելու որպէս վարդապետութիւն կամ իրենց եսը միջամուխ ընելու հակումին, երբ մէկը համաձայն չգտնուի այդ տեսակէտներուն հետ։—Բ. Կորնթացիս 3։17. Ա. Պետրոս 2։16

21. Փիլիմոնի հանդէպ Պօղոսի կեցուածքէն ի՞նչ կարելի է սորվիլ։

21 Նկատեցէք թէ Պօղոս, երբ Հռովմի մէջ բանտարկուած էր, ի՛նչպէս վարուեցաւ Փոքր Ասիոյ Կողոսա քաղաքէն ստրուկ ունեցող Քրիստոնեայի մը՝ Փիլիմոնին՝ հետ։ Փիլիմոնի ստրուկը՝ Ոնեսիմոս՝ Հռովմ փախած ու Քրիստոնեայ մը եղած էր եւ Պօղոսին կ’օգնէր։ Պօղոս Փիլիմոնի գրեց. «Կ’ուզէի իմ քովս պահել, որպէսզի քու տեղդ ինծի սպասաւորութիւն ընէ աւետարանին կապանքներուն մէջ, բայց առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէսզի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ»։ (Փիլիմոն 13, 14) Պօղոս Ոնեսիմոսը վերադարձուց, Փիլիմոնէ խնդրելով որ անոր հետ Քրիստոնեայ եղբօր մը պէս վարուի։ Պօղոս գիտէր որ հօտը իրեն չէր պատկաներ, այլ՝ Աստուծոյ։ Ան անոր տէրը չէր, այլ՝ ծառան։ Պօղոս Փիլիմոնին չպարտադրեց. անոր ազատ կամքը յարգեց։

22. (ա) Երէցները իրենց դիրքին ի՞նչ ըլլալը պէտք է հասկնան։ (բ) Եհովա ի՞նչպիսի կազմակերպութիւն մը կը զարգացնէ։

22 Մինչ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կ’աճի, յաւելեալ երէցներ կը նշանակուին։ Անոնք, ինչպէս նաեւ աւելի փորձառու երէցները, պէտք է հասկնան թէ իրենց դիրքը խոնարհ ծառայութեան դիրք մըն է։ Այս կերպով, մինչ Աստուած իր կազմակերպութիւնը դէպի նոր աշխարհ կը մղէ, անիկա պիտի շարունակէ աճիլ, ինչպէս Ինք կ’ուզէ—լաւ կազմակերպուած՝ բայց արդիւնաբերութեան համար առանց սէրն ու կարեկցութիւնը զոհելու։ Ուստի, իր կազմակերպութիւնը երթալով աւելի գրաւիչ պիտի դառնայ ոչխարանման անհատներուն որոնք անոր մէջ պիտի տեսնեն այն ապացոյցը թէ Աստուծոյ «ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն»։ Ասիկա է որ կ’ակնկալուի կազմակերպութենէ մը որ սիրոյ վրայ հիմնուած է, քանի որ «սէրը բնա՛ւ չիյնար»։—Հռովմայեցիս 8։28. Ա. Կորնթացիս 13։8

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի հոգատարութիւնը։

◻ Աստուծոյ հօտին հոգ տանելու մէջ, Յիսուս ի՞նչ դեր կը խաղայ։

◻ Երէցները ո՞ր գլխաւոր յատկանիշը պէտք է ունենան։

◻ Երէցները ինչո՞ւ ոչխարներուն ազատ կամքը նկատի պէտք է առնեն։

[Նկար՝ էջ 16]

Յիսուս՝ «բարի հովիւը»՝ կարեկցութիւն ցուցաբերեց

[Նկարներ՝ էջ 17]

Կրօնական ապականած առաջնորդները դաւադրեցին Յիսուսը սպաննել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել