Եղբայրսիրութեան բանալին գտնել
«Աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն [աւելցուցէք]»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։5–7
1. Եհովայի ժողովուրդին հաւաքոյթները ուրախ առիթներ դարձնող պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։
ԱՌԻԹՈՎ մը, Եհովայի Վկայ չեղող բժիշկ մը Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցէն իր աղջկան վկայուելուն ներկայ գտնուեցաւ, ուր ան միսիոնարական մարզում ստացած էր։ Հոն ներկայ եղողներուն ուրախութենէն ա՛յնքան տպաւորուեցաւ որ ան խորհեցաւ թէ այդ մարդոց մէջ շատ քիչ հիւանդներ ըլլալու էին։ Ի՞նչ էր այդ ամբոխին այդքան ուրախութեան պատճառը։ Ի՞նչ բան Եհովայի ժողովուրդին բոլոր հաւաքոյթները՝ ժողովները, շրջանային եւ նահանգային համաժողովները, ուրախ առիթներ կը դարձնէ։ Իրարու հանդէպ անոնց ցուցաբերած եղբայրսիրութիւնը չէ՞։ Անկասկած, եղբայրսիրութիւնը պատճառներէն մէկն է որու համար ըսուած է որ կրօնական ուրիշ ոչ մէկ խումբ այսքան ուրախ եւ երջանիկ է եւ հաճոյք կ’առնէ կրօնքէն, որքան Եհովայի վկաները։
2, 3. Յունարէն ո՞ր երկու բառերը իրարու հանդէպ մեր ունենալիք զգացումը կը ցուցաբերեն, եւ անոնց իւրայատուկ իմաստները ի՞նչ են։
2 Ա. Պետրոս 1։22–ի Պետրոսի խօսքերէն դատելով, պէտք է ակնկալենք այսպիսի եղբայրսիրութիւն տեսնել։ Ան կ’ըսէ. «Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք»։ Հոս «եղբայրսիրութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին հիմնական տարրերէն մէկն է ֆիլիա։ Անոր իմաստը շատ կը նմանի ակաբէ–ի նշանակութեան, բառ մը որ սովորաբար «սէր» թարգմանուած է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Մինչ եղբայրսիրութիւնը եւ սէրը յաճախ փոփոխակի կը գործածուին, սակայն անոնք առանձնայատուկ իմաստներ ունին։ Զանոնք պէտք չէ շփոթենք, ինչպէս Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանիչներ կ’ընեն։ Մեր նիւթին շարունակութիւնը ցոյց պիտի տայ թէ եղբայրսիրութիւն եւ շատ մասնայատուկ եղբայրսիրութիւն կայ։
3 Յունարէն այս երկու բառերուն տարբերակներուն առնչութեամբ, ուսումնական մը նշեց որ ֆիլիան «իրապէս ջերմութեան եւ մտերմութեան ու խանդաղատանքի բառ մըն» է։ Իսկ ակաբէն, աւելի մտքին հետ կապուած է։ Ուստի, թէեւ մեզի ըսուած է մեր թշնամիները սիրել (ակաբէ), բայց անոնց հանդէպ խանդաղատանք չունինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Այս տարբերութիւնը աւելի կը շեշտուի Պետրոս առաքեալի խօսքերով. «Եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր [աւելցուցէք]»։—Բ. Պետրոս 1։5–7. բաղդատել Յովհաննու 21։15–17։a
Շատ Մասնայատուկ Եղբայրսիրութեան Օրինակներ
4. Յիսուս եւ Յովհաննէս ինչո՞ւ իրարու հանդէպ մասնայատուկ սէր ունէին։
4 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կու տայ շատ մասնայատուկ եղբայրսիրութեան բազմաթիւ օրինակներ։ Այս մասնայատուկ սէրը քմայքի մը արդիւնքը չէ, այլ աչքառու յատկութիւններու գնահատութեան վրայ հիմնուած է։ Անկասկած, ամենէն հանրածանօթ օրինակն է Յիսուսի սէրը Յովհաննէս առաքեալին հանդէպ։ Կասկած չկայ թէ Յիսուս եղբայրական սէր ունէր իր բոլոր հաւատարիմ առաքեալներուն հանդէպ եւ իրապէս պատճառ ունէր զանոնք սիրելու։ (Ղուկաս 22։28) Իր սէրը ցուցաբերելու կերպն մըն էր անոնց ոտքերը լուալ եւ ասով անոնց խոնարհութեան դաս մը տալ։ (Յովհաննու 13։3–16) Բայց Յիսուս մասնայատուկ սէր մը ունէր Յովհաննէսի հանդէպ, զոր Յովհաննէս յաճախ կը յիշէ։ (Յովհաննու 13։23. 19։26. 20։2) Ինչպէս որ Յիսուս պատճառ ունէր իր աշակերտները եւ առաքեալները սիրելու, շատ հաւանաբար Յիսուսի հանդէպ Յովհաննէսի ունեցած խոր գնահատութիւնը պատճառ եղաւ որ Յիսուս մասնայատուկ սէր ունենար անոր հանդէպ։ Ասիկա կը տեսնենք Յովհաննէսի գրութենէն. թէ՛ իր Աւետարանին եւ թէ իր ներշնչեալ նամակներուն մէջ։ Այդ գրութիւններուն մէջ, ան որքա՜ն կը խօսի սիրոյ մասին։ Յիսուսի հոգեւոր յատկութիւններուն հանդէպ Յովհաննէսի խոր գնահատութիւնը կը տեսնուի Յովհաննու 1 եւ 13–17–րդ գլուխներուն մէջ իր գրածէն, ինչպէս նաեւ Յիսուսի նախամարդկային գոյութեան մասին իր ըրած կրկնակի ակնարկումներէն։—Յովհաննու 1։1–3. 3։13. 6։38, 42, 58. 17։5. 18։37
5. Ի՞նչ կրնանք ըսել Պօղոսի եւ Տիմոթէոս իրարու հանդէպ ունեցած մասնայատուկ սիրոյն մասին։
5 Նմանապէս, պէտք չէ անտեսենք այդ մասնայատուկ եղբայրսիրութիւնը որ Պօղոս առաքեալ եւ իր Քրիստոնեայ ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս ունէին իրարու հանդէպ, որ վստահաբար իրարու յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութեան վրայ հիմնուած էր։ Պօղոսի գրութիւնները գովասանքներ կը պարունակեն Տիմոթէոսի մասին, զոր օրինակ. «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ ... Դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այսպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց»։ (Փիլիպպեցիս 2։20–22) Իր նամակներուն մէջ, Պօղոս շատ անգամ ակնարկութիւն կ’ընէ Տիմոթէոսի, անոր հանդէպ իր ջերմ սէրը ցուցաբերելով։ Օրինակի համար, նկատի առէք Ա. Տիմոթէոս 6։20–ը. «Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ»։ (Տես նաեւ Ա. Տիմոթէոս 4։12–16. 5։23. Բ. Տիմոթէոս 1։5. 3։14, 15։) Մասնաւորաբար երբ Տիմոթէոսի գրած Պօղոսի նամակը՝ Տիտոսի գրած նամակին հետ բաղդատենք, այս երիտասարդին հանդէպ Պօղոսի ունեցած մասնայատուկ սէրը կը շեշտուի։ Տիմոթէոս ալ իրենց բարեկամութեան շուրջ նոյն զգացումը ունենալու էր, ինչպէս կը տեսնուի Բ. Տիմոթէոս 1։3, 4–ի Պօղոսի խօսքերէն. «Միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ. ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէսզի ուրախութիւնով լեցուիմ»։
6, 7. Դաւիթ եւ Յովնաթան ի՞նչ զգացում ունէին իրարու հանդէպ եւ ինչո՞ւ։
6 Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններն ալ լաւ օրինակներ կը պարունակեն, ինչպէս Դաւիթի եւ Յովնաթանի պարագան։ Կը կարդանք որ, Դաւիթ Գողիաթը սպաննելէն ետք, «Յովնաթանի սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա»։ (Ա. Թագաւորաց 18։1) Անկասկած Եհովայի անուան համար Դաւիթի նախանձախնդրութիւնը եւ հսկայ Գողիաթին դիմաց ելլելու անոր քաջութիւնն էին որոնք պատճառ եղան որ Յովնաթան մասնայատուկ սէր ունենար Դաւիթի հանդէպ։
7 Յովնաթան ա՛յնքան սէր ունէր Դաւիթի հանդէպ որ իր կեանքը վտանգեց, Սաւուղ Թագաւորին ձեռքէն Դաւիթիը պաշտպանելու համար։ Որեւէ ատեն Յովնաթան չնեղացաւ որ Եհովա Դաւիթը ընտրած էր Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը ըլլալու։ (Ա. Թագաւորաց 23։17) Դաւիթ ալ խոր սէր ունէր Յովնաթանի հանդէպ, ինչ որ կը տեսնուի, երբ Յովնաթանի մահուան վրայ կը սգայ. «Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, կանանց սէրէն աւելի էր»։ Արդարեւ, անոնց յարաբերութիւնը սուր գնահատութեամբ դրոշմուած էր։—Բ. Թագաւորաց 1։26
8. Ո՞ր երկու կիները իրարու հանդէպ մասնայատուկ սէր ցուցաբերեցին եւ ինչո՞ւ։
8 Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ մասնայատուկ սիրոյ գեղեցիկ օրինակ մը կը տեսնենք նաեւ երկու կիներու՝ Նոյեմիի եւ իր որբեւարի հարսին՝ Հռութի, կողմէ։ Յիշեցէք Նոյեմիի ըսած Հռութի՝ խօսքերը. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ»։ (Հռութայ 1։16) Չե՞նք եզրակացներ որ Նոյեմիի վարքը եւ Եհովայի մասին խօսիլը օգնեցին Հռութի որ այսպիսի գնահատական պատասխան մը տայ։—Բաղդատել Ղուկաս 6։40–ը։
Պօղոս Առաքեալի Օրինակը
9. Ի՞նչ բան կը ցուցաբերէ որ Պօղոս եղբայրսիրութեան մէջ օրինակելի էր։
9 Ինչպէս տեսանք, Պօղոս առաքեալ մասնայատուկ եղբայրսիրութիւն մը ունէր Տիմոթէոսի հանդէպ։ Բայց ան նաեւ ընդհանուր եղբայրներուն հանդէպ եղբայրական ջերմ սէր արտայայտելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Եփեսոսէն եկած եղբայրներուն ըսաւ որ «երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցաւ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ»։ Ջերմ եղբայրսիրութի՞ւն. անկասկած։ Անոնք նոյն զգացումը ունէին Պօղոսի հանդէպ։ Երբ լսեցին որ ա՛լ զինք պիտի չտեսնէին, «ամէնն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին»։ (Գործք 20։31, 37) Գնահատութեա՞ն վրայ հիմնուած եղբայրսիրութիւն։ Ա՛յո։ Անոր եղբայրսիրութիւնը նաեւ կը տեսնուի Բ. Կորնթացիս 6։11–13–ի իր խօսքերէն. «Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։ Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր. հապա ձեր ունեցած գութին [խանդաղատանքին (ՆԱ)] կողմէ կը նեղուիք։ Ուստի անոր հատուցում ընելու համար իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի, դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը»։
10. Եղբայրսիրութեան մէջ ո՞ր թերացումը պատճառ եղաւ որ Պօղոս Բ. Կորնթացիս 11–րդ գլուխին մէջ իր փորձառութիւնները թուէ։
10 Այս խօսքերէն յստակ է որ Կորնթացիներէն շատեր Պօղոս առաքեալի հանդէպ պէտք եղած եղբայրսիրութիւնը չունէին։ Անոնցմէ ոմանք տրտունջ կ’ընէին, ըսելով. «Անոր թուղթերը ... ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։ (Բ. Կորնթացիս 10։10) Անոր համար Պօղոս անոնց այդպէս նկատած «ամենէն երեւելի առաքեալներ»ուն ակնարկութիւն ըրաւ եւ ստիպուածեցաւ անոնց խօսիլ այն փորձութիւններուն մասին, որոնց տոկացած էր, ինչպէս արձանագրուած է Բ. Կորնթացիս 11։5, 22–33–ի մէջ։
11. Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն հանդէպ Պօղոսի սիրոյն մասին ի՞նչ վկայութիւն ունինք։
11 Իր ծառայած անհատներուն հանդէպ Պօղոսի ջերմ սէրը մասնաւորաբար բացայայտ է Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8–ի իր խօսքերէն. «Մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասնզի դուք մեր սիրելիներն էիք»։ Իրապէս, ան ա՛յդքան գորով ունէր այդ նոր եղբայրներուն հանդէպ, որ հալածանքի ներքեւ անոնց բռնած դիրքին մասին անպայման տեղեկութիւն ունենալու համար, չհամբերելով, Տիմոթէոսը ղրկեց, որ իր լաւ տեղեկագրութեամբ մեծապէս մխիթարեց զինք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1, 2, 6, 7) Խորաթափանց Ակնարկ մը Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը (Անգլ.) լաւ կերպով դիտել կու տայ. «Պօղոսի եւ իր ծառայած անհատներուն միջեւ եղբայրսիրութեան սերտ կապ մը գոյութիւն ունէր»։
Գնահատութիւն—Եղբայրսիրութեան Բանալին
12. Մեր եղբայրներուն հանդէպ ջերմ սէր ցուցաբերելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։
12 Կասկած չկայ որ եղբայրսիրութեան բանալին գնահատութիւնն է։ Եհովայի բոլոր նուիրուած ծառաները յատկութիւններ չունի՞ն զորս կը գնահատենք, որոնք մեր գորովը կ’արթնցնեն եւ մեզ կը մղեն սիրել զիրենք։ Բոլորս ալ նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը կը փնտռենք։ Բոլորս ալ պայքար կը մղենք մեր հասարակաց երեք թշնամիներուն՝ Սատանային եւ իր դեւերուն, Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող ամբարիշտ աշխարհին եւ ինկած մարմնին ժառանգական անձնասէր հակումներուն դէմ։ Միշտ այդ կեցուածքը պէտք չէ՞ ունենանք որ մեր եղբայրները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն ի տես պարագաներուն։ Աշխարհի մէջ ամէն մարդ կա՛մ Եհովայի կողմն է, կա՛մ՝ Սատանայի։ Մեր նուիրուած եղբայրներն ու քոյրերը Եհովայի կողմն են, այո՛, մեր կողմը եւ հետեւաբար մեր եղբայրսիրութեան արժանի են։
13. Երէցներուն հանդէպ ինչո՞ւ ջերմ սէր պէտք է ունենանք։
13 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր երէցները գնահատելու մասին։ Ժողովքին բարօրութեան համար անոնց մատուցած ծանր աշխատանքին համար մեր սրտերուն մէջ ջերմ զգացում մը պէտք չէ՞ ունենանք անոնց հանդէպ։ Մեր բոլորին նման, անոնք ալ ստիպուած են իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն պէտքերուն հոգալ։ Անոնք ալ միւսներուն նման անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու, ժողովներու յաճախելու եւ քարոզչութեան մասնակցելու պարտաւորութիւնը ունին։ Այս բոլորէն զատ, անոնք ժողովներու յայտագրին վրայ բաժիններ պատրաստելու, հանրային դասախօսութիւններ տալու, երբեմն ժողովքին մէջ յարուցուած խնդիրները լուծելու համար, երկար ժամեր դատական հարցերով զբաղելու հարկադրանքը ունին։ Իրապէս, կ’ուզենք ‘այնպիսիները պատուական’ սեպել։—Փիլիպպեցիս 2։29
Եղբայրսիրութիւն Արտայայտենք
14. Ո՞ր համարները մեզի կը պատուիրեն որ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերենք։
14 Եհովայի հաճելի ըլլալու համար, մեր հաւատակիցներուն հանդէպ ջերմ եղբայրսիրութիւն պէտք է արտայայտենք, ինչպէս ըրին Յիսուս Քրիստոս եւ Պօղոս։ Կը կարդանք. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) «Եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան մը գրել, վասնզի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) «Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ»։ (Եբրայեցիս 13։1) Վստահաբար մեր երկնաւոր Հայրը կը հաճի, երբ իր երկրային զաւակներուն հանդէպ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերենք։
15. Եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելու կերպերէն քանի մը հատը ի՞նչ են։
15 Առաքելական ժամանակներուն, Քրիստոնեաները սովոր էին իրար բարեւել «սրբութեան համբոյրով»։ (Հռովմայեցիս 16։16. Ա. Պետրոս 5։14) Ի՛րապէս եղբայրսիրութեան արտայայտութիւն մը։ Ներկայիս, երկրի շատ մը մասերուն մէջ, աւելի պատշաճ արտայայտութիւն մը պիտի ըլլար բարեկամական անկեղծ ժպիտ մը եւ պինդ ձեռք թօթուել մը։ Լատինական երկիրներու մէջ, ինչպէս Մեկսիքա, ողջագուրումով կը բարեւեն, իրապէս գորովի արտայայտութիւն մը։ Այդ եղբայրներուն սիրոյ ջերմութիւնը թերեւս կը նպաստէ իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող մեծ յաւելումին։
16. Մեր Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելու ի՞նչ առիթներ ունինք։
16 Երբ Թագաւորութեան Սրահ կը մտնենք, եղբայրսիրութիւն արտայայտելու մասնաւոր ջանք կը թափե՞նք։ Անիկա պատճառ պիտի ըլլայ որ քաջալերական խօսքեր ըսենք, մանաւանդ անոնց՝ որոնք ընկճուած կը թուին։ Մեզի ըսուած է որ ‘վատասիրտները մխիթարենք’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Վստահաբար անիկա եղբայրսիրութեան ջերմութիւն ցուցաբերելու կերպերէն մէկն է։ Ուրիշ գեղեցիկ կերպ մըն է գնահատութիւն արտայայտել հանրային լաւ դասախօսութեան մը, լաւ տրուած բաժինի մը, Աստուածպետական Դպրոցին մէջ աշակերտի մը տուած լաւ մասնակցութեան համար։
17. Երէց մը ժողովքին գորովը ինչպէ՞ս շահեցաւ։
17 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել տարբեր անհատներ մեր տունը ճաշի, կամ ժողովէ մը ետք՝ եթէ շատ ուշ չէ՝ թեթեւ բան մը ուտելու հրաւիրելու մասին։ Այս մարզին մէջ Ղուկաս 14։12–14–ի խրատով պէտք չէ՞ ուղղուինք։ Անգամ մը նախկին միսիոնար մը վերակացու տեսուչ նշանակուեցաւ ժողովքի մը մէջ, ուր մնացեալ բոլորը տարբեր ցեղի կը պատկանէին։ Ան եղբայրսիրութեան պակաս մը զգաց, ուստի ան այս վիճակին դարման մը գտաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ամէն Կիրակի, ան տարբեր ընտանիք մը ճաշի հրաւիրեց։ Տարուան վերջաւորութեան, բոլորն ալ իրեն հանդէպ ջերմ եղբայրսիրութիւն կը ցուցաբերէին։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հիւանդ եղբայրներուն եւ քորյրերուն հանդէպ եղբարսիրութիւն ցուցաբերել։
18 Երբ քոյր մը կամ եղբայր մը հիւանդ է, տունը կամ հիւանդանոցի մը մէջ, եղբայրսիրութիւնը մեզ պիտի մղէ անոր գիտցնելու որ իր մասին կը մտածենք։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել խնամատուներու մէջ եղողներու մասին։ Կրնանք անոնց անձնապէս այցելել, հեռաձայնել կամ ջերմ զգացումներ արտայայտող բացիկ մը ղրկել։
19, 20. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ մեր եղբարսիրութիւնը լայնցած է։
19 Երբ մեր եղբայրսիրութիւնը այս կերպերով կ’արտայայտենք, մենք մեզի հարց տանք. ‘Իմ եղբայրսիրութիւնս անաչա՞ռ է’։ ‘Արդեօք մորթին գոյնը, ուսումը, կամ նիւթական ստացուածքը կ’ազդէ՞ եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելուս։ Եղբայրսիրութեան մէջ աւելի լայննալու կարիքը ունի՞մ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ Կորնթացի Քրիստոնեաներուն յորդորեց’։ Եղբայրսիրութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ մեր եղբայրներուն դրականօրէն նայինք, անոնց լաւ կէտերը գնահատելով։ Եղբայրսիրութիւնը նաեւ պիտի օգնէ մեզի որ մեր եղբօր յառաջդիմութեան համար ուրախանանք, փոխանակ անոր նախանձելու։
20 Եղբայրասիրութիւնը մեզ արթուն պէտք է պահէ ծառայութեան մէջ մեր եղբայրներուն օգնելու համար։ Ինչպէս կ’երգենք մեր երգեցողութիւններէն մէկուն մէջ (թիւ 92), ա՛յդպէս պէտք է ընենք.
«Տկարները միշտ հաստատեցէք,
Ու փոքրերը բնաւ մի՛անտեսէք.
Որ զօրանալով դառնան խիզախ,
Ու չունենան ա՛լ անոնք մարդու վախ»։
21. Երբ եղբայրսիրութիւն կը ցուցաբերենք, ի՞նչ ընդառաջում կրնանք ակնկալել։
21 Ուստի, չմոռնանք որ եղբայրսիրութիւն արտայայտելու մէջ կը կիրարկուի Լերան Քարոզին մէջ Յիսուսի նշած սկզբունքը. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։ (Ղուկաս 6։38) Անհատապէս կ’օգտուինք, երբ եղբայրսիրութիւն կը ցուցաբերենք, յարգելով մեր նման Եհովայի ծառաները։ Իրապէս ուրախ են անոնք՝ որոնք եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելէն հաճոյք կ’առնեն։
[Ստորանիշ էջ 17]
a Տես յաջորդ յօդուածը՝ «Սէրը (Ակաբէ) Անիկա Ի՛նչ Չէ եւ Ի՛նչ Է»։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Յունարէն ո՞ր բառերը մեր զգացումները կը յայտնեն, եւ անոնք ինչպէ՞ս իրարմէ տարբեր են։
◻ Եղբայրսիրութեան բանալին ի՞նչ է։
◻ Մասնայատուկ եղբայրսիրութեան ի՞նչ օրինակներ ունինք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։
◻ Մեր եղբայրներուն եւ երէցներուն հանդէպ ինչո՞ւ ջերմ սէր պէտք է ունենանք։
[Նկար՝ էջ 19]
Պետրոս առաքեալ յորդորեց որ իր եղբայրները իրենց հաւատքին վրայ եղբայրսիրութիւն եւ Քրիստոնէական ուրիշ յատկութիւններ աւելցնեն