Սէր ցուցաբերենք կարօտեալներուն հանդէպ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու պարտաւորութիւնը եւ առանձնաշնորհումը ունին։ (Ա. Յովհաննու 3։17, 18) Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն»։ (Գաղատացիս 6։10) Շուրջ չորս տասնամեակներէ ի վեր Եհովայի ծառայող եղբայր մը, վերջերս քրիստոնէական եղբայրսիրութիւնը վայելեց, երբ իր կինը հիւանդացաւ եւ ապա մահացաւ։ Ան կը գրէ.
«Քանի որ տան մէջ հիւանդ կնոջս հոգ կը տանէի, մօտ երկու ամիս չկրցայ աշխարհային գործ մը աշխատիլ։ Որքա՜ն մխիթարուեցայ երբ ժողովքէն բարեկամներ յօժարակամօրէն օգնութեան հասան մեզի։ Դրամական բազմաթիւ պարգեւներ ստացանք, որոնց ընկերակցող բացիկներուն վրայ գրուած էր՝ ‘յաւելեալ ծախսերու օժանդակելու համար’։ Ասոնք օգնեցին որ տան մասնավճարը, ինչպէս նաեւ ջուրի, ելեկտրականութեան եւ այլ ծախսերը տանք։
«Կնոջս մահուընէ երկու շաբաթ առաջ, մեր շրջանային տեսուչը քաջալերական այցելութիւն մը տուաւ մեզի։ Ան նոյնիսկ ցուցադրեց շաբաթավերջին ժողովքին դիտելիք լուսապատկերները։ Կարողացանք հեռաձայնով ժողովները ունկնդրել, մէջը ըլլալով շրջանային տեսուչին կողմէ վարուած դաշտի ծառայութեան ժողովները։ Այս ժողովներէն մէկուն ընթացքին, ան խնդրեց որ բոլոր ներկաները միասնաբար ‘բարեւ’ մը ըսեն կնոջս։ Հետեւաբար, թէեւ ան ֆիզիքապէս մեկուսացած էր, սակայն բնաւ առանձին չզգաց։
«Կնոջս մահուընէ ժամ մը ետք, ժողովքիս գրեթէ բոլոր երէցները մեր տունն էին։ Միայն այդ օրը, աւելի քան հարիւր եղբայրներ ու քոյրեր այցելեցին զիս։ Եղբայրները ‘հրաշալիօրէն’ առատ ուտելիք հայթայթեցին բոլոր ներկաներուն համար։ Չեմ կրնար թուել այն բոլոր նուէրները, կարեկցութեան արտայայտութիւնները, մխիթարական խօսքերը եւ ինծի համար եղած աղօթքները։ Անոնք շատ ամրապնդեցին զիս։ Ի վերջոյ ստիպուեցայ եղբայրներէն խնդրել որ դադրին կերակուր հայթայթելէ եւ մաքրութեան օգնելէ։
«Միմիայն Եհովայի կազմակերպութեան մէջ կրնանք մխիթարութեան, հետաքրքրութեան եւ սիրոյ այսպիսի անձնուրաց արտայայտութիւններ գտնել։ Մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց իսկական բարեկամները մատի վրայ կը համրեն։ Եհովա մեզ օրհնած է հոգեւոր եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացած ընդարձակ ու մեծ ընտանիքով մը»։—Մարկոս 10։29, 30