Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մպ գլ. 2 էջ 12-19
  • Եհովան փառաւորեցէք որպէս ճշմարիտ Աստուածը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովան փառաւորեցէք որպէս ճշմարիտ Աստուածը
  • Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԻ՛ՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԸՆ Է ԵՀՈՎԱՆ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԻՆ
  • ‘ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՔԱԼԵԼ’
  • Ո՛վ է ճշմարիտ Աստուածը
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Նախնական եկեղեցին կը սորվեցնէ՞ր թէ Աստուած երրորդութիւն է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
մպ գլ. 2 էջ 12-19

Գլուխ 2

Եհովան փառաւորեցէք որպէս ճշմարիտ Աստուածը

1. (ա) Ո՞վ է ճշմարիտ Աստուածը։ (բ) Երբ իր մասին կը սորվինք, մեր կեանքերը ինչպէ՞ս կ’ազդուին անկէ։

ԻՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ընկերակիցներուն Պօղոս առաքեալ գրեց որ թէեւ շատ մը այդպէս կոչուած աստուածներ կան, «բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը ... ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս»։ (Ա. Կորնթացիս 8։5, 6) Այն «մէկ Աստուած»ը որու ակնարկեց Պօղոս, Եհովան է, բոլոր բաներուն Ստեղծիչը։ (Բ. Օրինաց 6։4. Յայտնութիւն 4։10) Գնահատող անհատներ երբ կը սորվին իր յատկութիւններուն եւ մարդկութեան հանդէպ իր ըրած բաներուն մասին, անդիմադրելիօրէն կը հրապուրուին իրմով։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Իրենց համար բնական կ’ըլլայ փառաւորել Զայն՝ որու վրայ կը հիանան, եւ ասիկա կ’ընեն խօսքով եւ գործով։ Մինչ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը կ’աճի, անոնք մղուած կը զգան ուրիշներուն խօսելու իր մասին եւ իրենց կարելի եղած չափով զինք ընդօրինակելու։ Աստուածաշունչը կը քաջալերէ բոլորս որ ասիկա ընենք, ըսելով. «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Այդ խրատը կիրարկելու համար իրապէս պէտք է ճանչնանք Եհովան ինչպէս որ է։

ԻՆՉՊԻ՛ՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԸՆ Է ԵՀՈՎԱՆ

2. Աստուծոյ կարգ մը աչքառու յատկութիւնները ի՞նչ են որոնք մեզ կը մղեն զինք փառաւորելու։

2 Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը խօսքեր կը գտնենք որոնք ուղղակիօրէն Աստուծոյ հոյակապ յատկանիշները ցոյց կու տան։ Երբ կը կարդաք այդպիսի համարներ, ժամանակ տրամադրեցէք հոն գտնուող յատկութիւններուն եւ ձեզի համար անոնց ունեցած կարեւորութեան մասին խորհելու։ Օրինակի համար. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) «Անոր բոլոր ճամբաները արդար [իրաւունք] են»։ (Բ. Օրինաց 32։4) «Անոր քով է իմաստութիւնը»։ (Յոբ 12։13) Ան «սաստիկ զօրութիւն» ունի։ (Եսայեայ 40։26) Երբ այս յատկութիւններուն մասին կը մտածէք, Աստուծոյ հանդէպ հիացմունքէ մղուած, չէ՞ք ուզեր զինք փառաբանել։

3. Եհովայի անձնաւորութեան ուրիշ ո՞ր երեսակները գրաւիչ են։

3 Իր գրաւիչ անձնաւորութեան հետ աւելի ծանօթանալով, ըստ Աստուածաշունչին, կը տեսնենք որ Եհովա «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է] ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ (Ելից 34։6) «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր [Եհովա], բարի ու ներող ես»։ (Սաղմոս 86։5) «Տէրոջը [Եհովայի] աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէսզի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9) «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Եհովա «առատապէս կու տայ» եւ ‘երանելի [ուրախ] Աստուած’ է։ (Յակոբու 1։5. Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ի՜նչ ոգեւորիչ է ծառայել այս անբաղդատելի Աստուծոյ եւ իր սիրալիր հոգածութեան առարկան դառնալ։

4. (ա) Եհովա ինչպի՞սի նուիրում կը պահանջէ, եւ անիկա ինչպէ՞ս կարեւոր է մեզի համար։ (բ) Սաղմոս 34։3–ը մեզ ի՞նչ ընելու կը հրաւիրէ։

4 Այս յատկութիւնները ունենալով հանդերձ, ան նաեւ «նախանձոտ [բացարձակ պաշտամունք պահանջող] Աստուած» մըն է։ (Ելից 20։5) Իրեն ընդունելի կերպով ծառայելու համար ամբողջովին իրեն պէտք է նուիրուինք։ Միեւնոյն ատեն, չենք կրնար սիրել աշխարհը որու աստուածը Սատանան է։ (Ա. Յովհաննու 2։15–17. Բ. Կորնթացիս 4։3, 4) Երբ կը ձեւացնենք արդար ըլլալ, Եհովա կը տեսնէ զայն։ Ան ոչ միայն կը տեսնէ ինչ որ կ’ընենք, այլ նաեւ թէ ինչ կը խորհինք այդ մասին եւ ի՛նչպիսի անձ մը կը ջանանք ըլլալ։ Եթէ իրապէս կը սիրենք արդարութիւնը, ան կ’օգնէ մեզի։ (Երեմիա 17։10. Առակաց 15։9) Քանի որ այսպիսի Աստուած մըն է Եհովան, համայն երկրի վրայ միլիոնաւոր մարդիկ ուրախութեամբ ընդունած են Աստուածաշունչի սաղմոսերգուին հրաւէրը, որ գրեց. «Ինծի հետ Տէրը [Եհովան] մեծցուցէ՛ք ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը»։ (Սաղմոս 34։3) Դուք ալ անոնցմէ մէ՞կն էք։

5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ Եհովայի անձնաւորութենէն լման կերպով օգտուինք։

5 Աստուծոյ մասին խօսելու ձեր փափաքը երթալով պիտի աճի եւ զինք ընդօրինակելու ձեր ջանքերուն մէջ մեծապէս օգնութիւն պիտի ստանաք, երբ մօտէն քննէք իր վսեմ յատկութիւնները։ Ջանացէք տեսնել (1) ի՛նչ է իր իւրաքանչիւր յատկութիւնը, եւ թէ ան ինչպէ՛ս կը տարբերի միւսներէն, (2) Եհովա ինչպէ՛ս զայն յայտնաբերած է եւ որո՛նց հանդէպ, նաեւ (3) դուք ինչպէ՛ս կրնաք յայտնաբերել զայն եւ ան ինչպէ՛ս պէտք է ազդէ ձեր տեսակէտին վրայ։

6. Սէրը որպէս օրինակ գործածելով, ցոյց տուէք թէ Եհովայի յատկութիւնները ինչպէ՛ս կրնաք քննել։ Ասիկա ըրէք պարբերութեան վերջաւորութեան գտնուող հարցումներուն պատասխանելով, ձեր պատասխաններուն մէջ համարներ յիշելով։

6 Օրինակ մը նկատի առնենք։ Երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «Աստուած սէր է», անիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Անշուշտ շատ մը տեսակի սէրեր կան։ Այս համարին մէջ գործածուած Յունարէն բառն է ակաբէ, որ սիրոյ գերագոյն տեսակին կ’ակնարկէ, եւ որ Եհովա Աստուած անոր մարմնացումն է։ Այսպիսի սէր մը լման անձնուրացութեան արտայայտութիւն մըն է։ Ասիկա ի մտի ունենալով, յիշուած համարները գործածելով վարի հարցումներուն պատասխանները ձեր բառերով արտայայտեցէք։

Եհովայի ստեղծագործութեան մէջ այս յատկութիւնը ինչպէ՞ս յայտնաբերուած է։ (Գործք 14։15, 16)

Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի սիրոյ ամենէն աչքառու օրինակը ի՞նչ է։ (Յովհաննու 3։16) Մարդկութեան բարի ըլլալո՞ւն համար Եհովա ըրաւ ասիկա։ (Հռովմայեցիս 5։8)

Իր Որդւոյն միջոցաւ Եհովայի ըրածները ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեր ապրելակերպին։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15, 18, 19)

Որպէս Քրիստոնեաներ ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ որ մենք ալ նոյնանման սէր ունինք մեր ընկեր Քրիստոնեաներուն հանդէպ։ (Ա. Կորնթացիս 13։4–7. Ա. Յովհաննու 4։10, 11. 3։16–18)

Ուրիշ որո՞նց հանդէպ սէր պէտք է ցոյց տանք եւ ինչպէ՞ս։ (Մատթէոս 5։43–48. 28։19, 20. Գաղատացիս 6։10)

7. Ձեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ, Եհովայի ուրիշ յատկութիւններուն մասին ինչպէ՞ս կրնաք այսպիսի տեղեկութիւններ ունենալ։

7 Դուք ալ կ’ուզէ՞ք Եհովայի կարգ մը ուրիշ յատկութիւնները հետազօտել։ Ձեր անձնական ուսումնասիրութեան մէջ ինչո՞ւ չսկսիք քննել իր «արդարութիւն»ը եւ «իմաստութիւն»ը, յետոյ թերեւս «քաղցրութիւն»ը եւ «ողորմութիւն»ը։ Դիտարանի հրատարակութեանց նիւթերու ցանկերուն (ինտէքս) եւ Աստուածաշունչի համաբարբառի օգնութեամբ, այս կէտերը լուսաւորող ճոխ նիւթեր կրնաք գտնել։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԻՆ

8. (ա) Աշխարհի մարդիկը ի՞նչ աստուածներ կը պաշտեն։ (բ) Ո՞վ է այս բոլոր շփոթութեանց ետին գտնուողը, եւ ինչո՞ւ այսպէս կը պատասխանէք։

8 Ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին հակառակը, մարդիկ բառացիօրէն միլիոնաւոր ուրիշ աստուածներ կը պաշտեն։ Չորրորդ դարուն, Քրիստոնեայ Աշխարհը «Երրորդութիւն»ը որդեգրեց, որ իրենցմէ առաջ Բաբելոնացիներու, Եգիպտացիներու, Հինտուներու եւ Պուտտայականներու կողմէ կ’ուսուցուէր։ Այս աստուածութենէն զատ, հզօր կառավարիչներ, կարկառուն մարզիկներ, երգիչներ կան, որոնք աստուածացուած են։ Այսօր դրամը, անձը եւ սեռն ալ աստուածներ եղած են եւ անոնց ջերմեռանդ նուիրում տրուած է։ Այս բոլորին ետին եղողը ո՞վ է։ «Իրերու այս դրութեան աստուածը»՝ Բանսարկու Սատանան է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4, [ՆԱ]. Ա. Կորնթացիս 10։20) Կարելի բոլոր հնարքներով ան կը ջանայ մարդիկը հեռացնել Եհովայէ կամ առնուազն անոնց պաշտամունքը կամ նուիրումը բաժանել։

9. Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտցնելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

9 Այսպիսի անհատներուն ինչպէ՞ս կրնանք օգնել՝ ըլլան Քրիստոնեայ կամ ոչ՝ որպէսզի Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ Ասիկա ընելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է անոնց ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութեան եւ ինչպիսի անձնաւորութիւն մը ըլլալուն մասին։ Յետոյ աստուածային յատկութիւններ ցոլացնող մեր կեանքերն ալ ասոր թիկունք պիտի կանգնին։—Ա. Պետրոս 2։12

10. Երբ Երրորդութեան հաւատացողի մը կը խօսինք, ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ երթադրել թէ մենք գիտենք թէ ինք ինչ բանի կը հաւատայ։

10 Լաւ, ի՞նչ կ’ընէք եթէ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիներու անդամներէն մէկը ձեզի հակառակի, ըսելով որ ‘Երրորդութեան’ մասին իրենց ունեցած հաւատքը Աստուածաշունչէն է։ Նախ եւ առաջ, գիտակցեցէք որ թէեւ ‘Երրորդութեան’ վարդապետութեան մասին պաշտօնական բացատրութիւն մը գոյութիւն ունի, սակայն շատեր այս մասին իրենց անձնական գաղափարը ունին։ Զանոնք հրաւիրեցէք որ իրենց անձնական գաղափարը յայտնեն եւ յետոյ անոնց օգնեցէք որ իրենց հաւատքը բաղդատեն իրենց Աստուածաշունչին հետ։ Ժամանակ մը վերջ, քաջալերեցէք որ եկեղեցիին պաշտօնական ուսուցումը բաղդատեն Աստուծոյ Խօսքին հետ։

11. Ամէն անգամ հինգ գլխաւոր կէտերէն մէկը առնելով, այս պարբերութեան մէջ եղող հարցումները եւ համարները գործածեցէք, ‘Երրորդութեան’ սուրբ գրային չըլլալը փաստելու համար։

11 Անկեղծ անհատներու օգնելու փափաք մը ունենալով ձեր մտքին մէջ, նկատի առէք թէ հոս յիշուած համարները ինչպէ՛ս կրնաք գործածել, անոնց մէջ գտնուած կէտերուն մասին տրամաբանել տալով.

(1) Երրորդութեան հաւատացողներէն ոմանք կը շեշտեն այն գաղափարը թէ երեք աստուածային Անձեր կան (Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին), բայց իրականութեան մէջ միայն մէկ Աստուած կայ։

Բայց Գործք Առաքելոց 2։4, 17–րդ համարները «Սուրբ Հոգի»ին անձ մը ըլլալուն կը մատնանշե՞ն։

Ինչո՞ւ օգտակար է նշել թէ հետեւեալ համարներուն մէջ քանի՛ անձերու մասին կը խօսուի։ (Յովհաննու 17։20–22. Գործք 7։55. Յայտնութիւն 7։10)

(2) Ոմանք կը հաւատան որ ‘Երրորդութեան’ բոլոր անդամներն ալ նոյն փառքը ունին, թէ, ո՛չ մէկը միւսէն մեծ կամ պզտիկ է, եւ թէ, անոնք համահաւասար եւ համայաւիտեան են։

Աստուածաշունչը համաձա՞յն է ասոր։ (Առ ի պատասխան տես Յովհաննու 14։28. Մատթէոս 24։36. Յայտնութիւն 3։14)։

(3) Ոմանք Յովհաննու 1։1–ին կը մատնանշեն որպէս ‘Երրորդութեան’ փաստ։ Անոնք կը պատճառաբանեն որ հոս գործածուած Յունարէն բնագիրը («մը») անորոշ յօդ չունի եւ հետեւաբար համարը պէտք է կարդացուի՝ «եւ Բանը Աստուած էր», եւ ոչ թէ «աստուած մըն էր»։

Սակայն Յովհաննու 1։1–ի մէջ քանի՞ անձերու մասին կը խօսուի։ Երե՞ք՝ թէ երկու։ Նաեւ, Յովհաննու 1։18–ն ինչպէ՞ս կը հակասէ ‘Երրորդութեան’ վարդապետութեան։

Ճիշդ է որ Յունարէնը անորոշ յօդ չունի, բայց շատ մը ուրիշ լեզուներ ունին, եւ այդ լեզուներուն մէջ անիկա գործածուած է որպէսզի գաղափարները շիտակ կերպով արտայայտուին։ Եթէ ոմանք կը խորհին թէ սխալ է անորոշ յօդ մը գործածել Յովհաննու 1։1–ը թարգմանելու ատեն, արդեօք նոյնը պիտի ընէի՞ն Գործք Առաքելոց 28։6–ի պարագային։ (Յովհաննու 1։1–ը թարգմանելու ուրիշ կերպ մըն է «Բանը աստուածային էր», այսինքն, ան Աստուծոյ ունեցած նոյն աստուածային յատկութիւնները ունէր, ինչպէս կը տեսնուի Ամերիկըն Թարգմանութեան մէջ)։

(4) Երրորդութեան հաւատացողները նաեւ կ’առարկեն որ Ծննդոց 1։1, 26–ի մէջ «Աստուած» թարգմանուած Եբրայերէն բառը Էլօհիմ է, եւ թէ ասիկա Եբրայերէնի մէջ յոգնակի իմաստ ունի եւ հետեւաբար կը նշանակէ «Աստուածներ»։

Լաւ, ասիկա ինչո՞ւ թիկունք չի կանգնիր «մէկ Աստուծոյ» մէջ երեք աստուածային Անձերու ուսուցումին։

Եթէ Ծննդոց 1։1–ը «Երրորդութիւն» ցոյց կու տայ, ի՞նչ պիտի ըսէք Դատաւորաց 16։23–ի համար, ուր «աստուած» բառին համար Էլօհիմ կը գործածէ, անոր ընկերակցող Եբրայերէն բայը եզակի ըլլալով եւ ոչ թէ յոգնակի։

Եբրայերէն բնագրին մէջ այս համարներուն մէջ ինչո՞ւ Աստուած բառը յոգնակի գրուած է։ Եբրայեցիները այս կերպով կը հաղորդեն վսեմութեան կամ մեծափառութեան գաղափարները։ Եթէ մէկէ աւելի անձերու ակնարկուած ըլլար, անոր ընկերակցող բայերն ալ յոգնակի պիտի ըլլային, բայց վերոյիշեալ պարագաներուն այդպէս չէր։

(5) Քանի որ եկեղեցիները շատ շեշտած են Յիսուսը, (նաեւ, քանի որ Եհովա անունը շատ մը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն հանած են), անոր համար երբ Աստուած կը յիշուի, շատեր անմիջապէս կը մտածեն Յիսուսի մասին։

Սակայն, Յիսուս պաշտամունքի ի՞նչ օրինակ հայթայթեց մեզի, որպէսզի զինք ընդօրինակենք։ (Ղուկաս 4։8)

12. Յիսուս ինչո՞ւ տեղին ըլլալով իր Հօրը ակնարկեց որպէս «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը։

12 Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուսի մասին ըսուած է «աստուած մը», նոյնիսկ «Հզօր Աստուած», սակայն ան մեծարեց իր Հայրը, անոր ակնարկելով որպէս «իմ Աստուածս եւ ձեր Աստուածը»։ (Յովհաննու 1։1. 20։17. Եսայեայ 9։6) Ան Մովսէսի հետ համաձայնեցաւ որ նախապէս ըսած էր. «Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ»։ (Բ. Օրինաց 4։35) Եհովա որքա՜ն տարբեր է պաշտուած առարկաներէն, ինչպէս՝ կուռքերէն, աստուածացուած մարդոցմէ եւ Բանսարկու Սատանայէն։ Ասոնց հակառակը, Եհովա է՝ ինչպէս Յիսուս կոչեց զինք. «Միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը։—Յովհաննու 17։3

‘ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՔԱԼԵԼ’

13, 14. Եհովայի անունը ‘գիտնալ’ու եւ անով ‘քալել’ու մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

13 Ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութեան մասին տարիներ շփոթութեան մէջ ըլլալէ ետք, շատեր մեծապէս կը հրճուին երբ կը տեսնեն Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա, իրենց Աստուածաշունչերուն մէջ։ (Ելից 6։3) Բայց անոնք այս տեղեկութենէն մնայուն օգուտ պիտի քաղեն եթէ ‘յաւիտեան Եհովայի անունով քալեն’։ (Միքիայ 4։5) Ասիկա պարզապէս Եհովա անունը գիտնալէն եւ Եհովայի Վկայ ըլլալ դաւանելէն աւելին կը ներփակէ։

14 Աստուծոյ անուան իմաստին նկատմամբ, Սաղմոս 9։10–ն կ’ըսէ. «Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. ... ո՛վ Տէր [Եհովա]»։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ան Եհովա անունը գիտնալէն աւելին կը նշանակէ, քանի որ զայն ճանչնալը ինքնաբերաբար անոր ապաւինիլ չի նշանակեր։ Հոս, Աստուծոյ անունը ‘գիտնալ’ կը նշանակէ, գնահատել իր ինչպիսի Աստուած մը ըլլալը, իր իշխանութիւնը յարգել եւ իր պատուէրներուն հնազանդիլ։ Նմանապէս, ‘Եհովայի անունով քալել’ը իր մէջ կը պարփակէ իրեն նուիրուիլ եւ զինք ներկայացնել որպէս իր երկրպագուն, եւ ձեր կեանքը իրապէս իր կամքին համաձայն գործածել։ (Ղուկաս 10։27) Ասիկա կ’ընէ՞ք։

15. Եթէ յաւիտեան Եհովայի պիտի ծառայենք, պարտականութեան զգացումէ զատ, ի՞նչ բանէ մղուած պէտք է ընենք ասիկա։

15 Եթէ յաւիտեան Եհովայի պիտի ծառայենք, ասիկա պարտականութեան զգացումով մը պէտք չէ ընենք։ Պօղոս առաքեալ յորդորեց Տիմոթէոսը որ արդէն տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Եհովայի. «Քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։7) Նուիրումը սրտէն կու գայ. նուիրուած անձին հանդէպ գնահատութենէ մղուած։ ‘Աստուածպաշտութիւն’ը Եհովայի անձնաւորութեան հանդէպ խոր գնահատութիւն մըն է։ Ան կը յայտնաբերուի սիրալիր կերպով կառչելով իրեն, որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ եւ իր ճամբաներուն հանդէպ խոր երախտագիտութենէ մը։ Անկէ մղուած կը փափաքինք որ բոլորն ալ իր անունը բարձր նկատեն։ Այս ‘աստուածպաշտութիւն’ը պէտք է մշակենք եւ մեր կեանքին նպատակակէտը ընենք, եթէ կ’ուզենք յաւիտեան Եհովայի՝ ճշմարիտ Աստուծոյ անունով քալել։—Սաղմոս 37։4. Բ. Պետրոս 3։11

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

● Եհովան ինչպի՞սի Աստուած մըն է։ Իր իւրաքանչիւր յատկութիւնը գիտնալով ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

● Ուրիշ անհատներու ինչպէ՞ս կրնանք օգնել Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու։

● Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովան ‘գիտնալ’ եւ ‘իր անունով քալել’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել