Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Պայքարեցէք՝ հաւատքին համար’
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
    • 5. Յուդա վաղեմի ո՞ր մարգարէին խօսքերը կը մէջբերէ, եւ այդ մարգարէութիւնը ի՞նչպէս անոր կատարման բացարձակ վստահութիւն կ’արտայայտէ։

      5 Աւելի ետք, Յուդա ակնարկութիւն կ’ընէ շատ աւելի հեռահաս դատաստանի մը։ Ան Ենովքի մարգարէութիւնը կը մէջբերէ՝ հատուած մը որ ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ ուրիշ որեւէ տեղ չ’երեւնար։a (Յուդա 14, 15) Ենովք խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ Եհովա պիտի դատէր բոլոր ամբարիշտները եւ անոնց ամբարիշտ արարքները։ Հետաքրքրական է որ Ենովք անցեալ եղանակով խօսեցաւ, քանի որ Աստուծոյ դատաստանները ա՛յնքան վստահ էին, որքան արդէն գործադրուածները։ Թերեւս մարդիկ ծաղրեցին Ենովքը եւ հետագային Նոյը, բայց այդ ծաղրողներուն բոլորը համերկրային Ջրհեղեղին մէջ խեղդամահ եղան։

  • ‘Պայքարեցէք՝ հաւատքին համար’
    Ուսումնասիրութեան նիւթերու գրքոյկ 2
    • a Կարգ մը հետազօտողներ դաւանեցան որ Յուդա այս խօսքերը պարականոն Ենովքի Գիրք–էն մէջբերած է։ Բայց, Ռ. Ս. Հ. Լէնսգի կը նշէ. «Հարց կու տանք. ‘Այս Ենովքի գիրք–ին՝ կարկտանին՝ աղբիւրը ի՞նչ է’։ Այս գիրքը կուտակում մըն է, ոեւէ մէկը չի կրնար վստահ ըլլալ անոր տարբեր մասերուն թուականէն . . . ոեւէ մէկը չի կրնար վստահ ըլլալ, որ անոր կարգ մը արտայայտութիւնները նոյնիսկ չեն առնուած Յուդայի նամակէն»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել