-
«Աստուծոյ հաճելի էր»Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
ԵՆՈՎՔ «ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԳԱՐԷԱՑԱՒ»
Ենովք որպէս հաւատքի տէր անհատ հաւանաբար միայնակ կը զգար այդպիսի անհաւատ աշխարհի մը մէջ։ Բայց Եհովան՝ իր Աստուածը, ուշադրութիւն դարձո՞ւց իրեն։ Այո՛։ Օր մը Եհովան խօսեցաւ Ենովքին հետ։ Ան իր այս հաւատարիմ ծառային ըսաւ որ պատգամ մը տայ ժամանակակից մարդոց։ Այսպիսով Ենովք մարգարէ եղաւ։ Ան առաջին մարգարէն է, որուն պատգամը գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ասիկա գիտենք Յիսուսի խորթ եղբօրմէն՝ Յուդայէն, որ Ենովքի մարգարէական խօսքերը գրի առաւa։
Ենովք այսպէս մարգարէացաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան» (Յուդա 14, 15)։ Թերեւս նկատեցիր որ Ենովք գործածեց անցեալ կատարեալ եղանակը, կարծես թէ Աստուած արդէն իսկ ըրած էր մարգարէութեան ըսածը։ Յետագային, շատ մը մարգարէութիւններ այս կերպով տրուեցան։ Կէտը այն է, թէ մարգարէն կը խօսի բանի մը մասին, որ այնքան ստոյգ պիտի կատարուի, որ կարելի է ատոր մասին ըսել թէ արդէն կատարուած է (Եսայի 46։10)։
Ենովք Աստուծոյ պատգամը անվախօրէն ըսաւ վայրագ մարդոց
Պահ մը երեւակայէ թէ Ենովք ինչպէս այս խօսքերը կ’ըսէր։ Ան թերեւս կը քարոզէր որո՛ւ որ հանդիպէր։ Նկատէ թէ զգուշացումը որքա՛ն զօրաւոր էր. ատիկա չորս անգամ նշեց «ամբարիշտ» բառը, դատապարտելու համար մարդիկը եւ անոնց գործերը։ Այսպիսով, մարգարէութիւնը բոլոր մարդոց զգուշացում տուաւ, թէ աշխարհը վերջին ծայր փտած դարձած էր։ Այդ աշխարհը վերջ պիտի գտնէր, երբ Եհովան կործանելու համար գար «իր բիւրաւոր սուրբերով»՝ հզօր հրեշտակներով։ Ենովք անվախօրէն եւ առանձին տուաւ այդ աստուածային ազդարարութիւնը։ Թերեւս երիտասարդ Ղամէք իր մեծ հօր քաջութեամբ տպաւորուած կը դիտէր զինք, եւ չենք զարմանար թէ ինչո՛ւ։
Ենովքին հաւատքը կը մղէ մեզ որ մենք մեզի հարցնենք, թէ ներկայ աշխարհը Աստուծոյ աչքով կը տեսնե՞նք։ Ենովքին ըսած դատաստանը ներկայ աշխարհին կը կիրարկուի, ճիշդ ինչպէս որ իր օրուան աշխարհին կիրարկուեցաւ։ Նոյին օրերուն, Եհովան Ջրհեղեղը բերելով կործանեց ամբարիշտ մարդիկը, ճիշդ ինչպէս որ Ենովք զգուշացում տուած էր։ Բայց այդ կործանումը գալիք աւելի մեծ կործանումի մը օրինակը եղաւ (Մատթէոս 24։38, 39. Բ. Պետրոս 2։4-6)։ Ներկայիս ալ Աստուած իր բիւրաւոր սուրբերով պատրաստ է, որ այս ամբարիշտ աշխարհը արդարութեամբ դատէ։ Ամէն մէկս պէտք է Ենովքին զգուշացումը լուրջի առնէ եւ ուրիշներուն խօսի ատոր մասին։ Թերեւս մեր ընտանիքը եւ բարեկամները մեզմէ հեռանան եւ ատեններ միայնակ զգանք։ Բայց Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները բնա՛ւ պիտի չլքէ, ճիշդ ինչպէս որ Ենովքը երեսէ չձգեց։
-
-
«Աստուծոյ հաճելի էր»Դիտարան (հանրամատչելի) 2017 | Թիւ 1
-
-
a Կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնականներ կ’ըսեն թէ Յուդա մէջբերեց պարականոն գիրքէ մը, որ կը կոչուի՝ Ենովքի գիրքը։ Բայց այդ գիրքին ծագումը յայտնի չէ եւ սխալ կերպով Ենովքի կը վերագրուի։ Ատոր մէջ ճշգրտօրէն գրուած է Ենովքի մարգարէութիւնը, բայց կրնայ ըլլալ որ ատիկա առնուած է հին աղբիւրէ մը որ հիմա չենք գիտեր, ըլլա՛յ արձանագրութիւն մը կամ բերանացի պատմութիւն մը։ Յուդան թերեւս նոյն հին աղբիւրը գործածեց, կամ ալ Ենովքի մասին իմացաւ Յիսուսէն, որ երկինքէն տեսած էր Ենովքի կենցաղը։
-