Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • «Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 8. (ա) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Թիւատիրի «Յեզաբէլ»ին մասին։ (բ) Արդի ժամանակներուն ալ իգական անպատշաճ ազդեցութիւնը ի՞նչպէս զգալի եղած է։

      8 Յիսուս կը շարունակէ Թիւատիրի երէցներուն ըսել. «Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն»։ (Յայտնութիւն 2։21, 22) Ինչպէս որ բուն Յեզաբէլ երեւութապէս կը տիրէր Աքաաբի վրայ, ապա Աստուծոյ կողմէ նշանակուած դահիճը՝ Յէուն, արհամարհեց, նմանապէս, այս կիները իրենց ազդեցութիւնը գործածելով թերեւս կը փորձեն իրենց ամուսինները եւ երէցները ղեկավարել։ Այնպէս կը թուի որ Թիւատիրի երէցները կը հանդուրժեն այս անպարկեշտ յեզաբէլական ազդեցութեան։ Հոս Յիսուս ուժեղ ազդարարութիւն մը կը հնչեցնէ անոնց, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ գտնուող Եհովայի ժողովուրդին արդի ժողովքներուն։ Արդի ժամանակներուն, այսպիսի յանդուգն կարգ մը կիներ ազդեցութիւն բանեցուցած են որ իրենց ամուսինները հաւատուրաց դառնան եւ նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ դատեր բացած են։—Համեմատել՝ Յուդա 5-8

  • «Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 10. (ա) Յեզաբէլ եւ իր զաւակները ինչո՞ւ դատապարտութիւն կը ստանան։ (բ) Անոնք որոնք Յեզաբէլի զաւակները կ’ըլլան, իրենք զիրենք ի՞նչ վտանգաւոր վիճակի մէջ կը դնեն, եւ անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։

      10 «Յեզաբէլ կնոջ» մասին Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները [«ժողովքները», ՆԱ] պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ»։ (Յայտնութիւն 2։23) Յիսուս ժամանակ տուած էր Յեզաբէլի եւ իր զաւակներուն որ ապաշխարեն կամ զղջան, բայց անոնք իրենց անբարոյութեան մէջ յարատեւեցին, հետեւաբար դատաստանի պէտք է արժանանան։ Հոս ուժեղ պատգամ մը կայ ներկայ Քրիստոնեաներուն։ Անոնք որ Յեզաբէլը կ’ընդօրինակեն՝ այր թէ կին՝ եւ այս կերպով անոր զաւակները կ’ըլլան, գլխաւորութեան եւ բարոյականութեան շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքները խախտելով, կամ յամառութեամբ աստուածպետական կարգ ու կանոնը անտեսելով, հոգեւորապէս վտանգաւոր հիւանդ վիճակի մէջ են։ Ճիշդ է որ եթէ այսպիսի մէկը ժողովքին երէցները կանչէ որպէսզի իրեն վրայ աղօթեն, «հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ», պայմանաւ որ հեզութեամբ այդ աղօթքներուն համաձայն վարուի։ Ոեւէ մէկը թող չխորհի որ կրնայ Աստուած կամ Քրիստոսը խաբել, փորձելով իր անբարոյ արարքները պահել, կամ եռանդուն կերպով ծառայութեան մասնակցողի երեւոյթ տալով ինքզինքին։—Յակոբու 5։14, 15

  • «Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 13. Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որոնք իգական սխալ ազդեցութեան կ’ենթարկուին։

      13 Որպէս Եհովայի Պատգամաբերը եւ Դատաւորը, Աստուծոյ Որդին արդարացիօրէն կը վարուի արդի Յեզաբէլը բնորոշելով եւ զայն հիւանդութեան անկողինը նետելով, քանի որ անոր հոգեւոր հիւանդութիւնը անբուժելի է։ (Մաղաքեայ 3։1, 5) Այս իգական սխալ ազդեցութեան ենթարկուողներն ալ մեծ նեղութեան պիտի մատնուին. քրիստոնէական ժողովքէն վտարուելու կամ կտրուելու ցաւը կրելով, որպէս թէ մեռած ըլլան։ Եթէ անոնք չզղջան, դարձի չգան եւ ժողովքին մէջ վերստին չընդունուին, ֆիզիքական մահ ալ պիտի դիմագրաւեն՝ ‘պիտի մեռնին’, ամենէն ուշը մեծ նեղութեան ընթացքին։ Մինչ այդ անոնք կարելիութիւնը ունին վերահաստատուելու, եթէ իրապէս զղջան իրենց չար գործերուն համար։—Մատթէոս 24։21, 22. Բ. Կորնթացիս 7։10

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել