Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուս քաջալերական խօսքերով կու գայ
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 1. Արդ Յովհաննէս որո՞նց կը գրէ եւ ներկայիս որո՞նք այս պատգամով մեծապէս պէտք է հետաքրքրուին։

      ԱՍՏՈՒԾՈՅ ժողովուրդին ժողովքներուն հետ ընկերակցող իւրաքանչիւր անհատ մեծ յափշտակութեամբ պէտք է հետեւի տեղի ունենալիք բաներուն։ Ահաւասիկ պատգամներու շարք մը, որոնք մասնայատուկ կիրարկում ունին, մինչ «որոշուած ժամանակը» կը մօտենայ։ (Յայտնութիւն 1։3, ՆԱ) Մեր յաւիտենական բարիքին համար այդ ծանուցումներուն ականջ պէտք է տանք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են եւ Յիսուս Քրիստոս»էն։—Յայտնութիւն 1։4, 5ա

  • Յիսուս քաջալերական խօսքերով կու գայ
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 3. (ա) Յովհաննէսի ողջոյնին համաձայն, «շնորհք եւ խաղաղութիւն»ը ուրկէ՞ կու գան։ (բ) Պօղոս առաքեալի ո՞ր արտայայտութիւնը կը նմանի Յովհաննէսի ողջոյնին։

      3 «Շնորհք եւ խաղաղութիւն». ի՜նչ փափաքելի բաներ են, մանաւանդ երբ անոնց աղբիւրը գնահատենք։ Անոնք կը բղխին Գերիշխան Տէր Եհովայէ, «Անկէ»՝ «յաւիտենական Թագաւոր»էն, որ «յաւիտենից մինչեւ յաւիտեան» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Սաղմոս 90։2) Հոս նաեւ պարփակուած են ‘եօթը հոգիները’. այս արտայայտութիւնը կը նշէ Աստուծոյ գործօն ուժին՝ կամ սուրբ հոգիին՝ ամբողջական գործողութիւնը, քանի որ անիկա է որ հասկացողութիւն ու օրհնութիւն կու տայ այս մարգարէութեան բոլոր ուշադրութիւն ընծայողներուն։ Նաեւ, գլխաւոր դեր մը կը կատարէ «Յիսուս Քրիստոս», որուն մասին Յովհաննէս հետագային գրեց, որ ան «շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն» է։ (Յովհաննու 1։14) Ուստի, Յովհաննէսի ողջոյնը, Կորնթացիներու ժողովքին երկրորդ նամակին փակման մէջ Պօղոս առաքեալի յիշած նոյն արտայայտութիւնները կը գործածէ. «Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ»։ (Բ. Կորնթացիս 13։13) Թող որ այս խօսքերը կիրարկուին նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։—Սաղմոս 119։97

      ‘Հաւատարիմ Վկան’

      4. Յովհաննէս ի՞նչպէս կը շարունակէ նկարագրել Յիսուս Քրիստոսը եւ այս նկարագրութիւնները ինչո՞ւ շատ տեղին են։

      4 Եհովայէ ետք, տիեզերքի ամենափառաւոր անձնաւորութիւնը Յիսուսն է, ինչպէս Յովհաննէս կ’ընդունի, զինք նկարագրելով որպէս ‘հաւատարիմ վկան, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը’։ (Յայտնութիւն 1։5բ) Երկնքի մէջ եղող լուսնին նման, ան ամրօրէն հաստատուած է որպէս Եհովայի Աստուածութեան մեծագոյն Վկան։ (Սաղմոս 89։37) Մինչեւ զոհաբերական մահ ուղղամիտ մնալով, ան մարդոց մէջէն առաջին անհատը եղաւ որ հոգեղէն անմահ կեանքի յարուցուեցաւ։ (Կողոսացիս 1։18) Հիմա Եհովայի ներկայութեան, ան երկրային բոլոր թագաւորներէն աւելի բարձր է, իրեն տրուած ըլլալով «ամէն իշխանութիւն . . . երկնքի ու երկրի մէջ»։ (Մատթէոս 28։18. Սաղմոս 89։27. Ա. Տիմոթէոս 6։15) 1914–ին, ան թագադրուեցաւ՝ երկրային ազգերուն մէջ իշխելու համար։—Սաղմոս 2։6-9

      5. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը շարունակէ իր գնահատութիւնը արտայայտել Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։ (բ) Ո՞վ կ’օգտուի Յիսուսի մարդկային կատարեալ կեանքի պարգեւէն, իսկ օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս մասնայատուկ օրհնութեան մը մասնակից եղած են։

      5 Յովհաննէս կը շարունակէ իր գնահատութիւնը արտայայտել Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, հետեւեալ ջերմ խօսքերով. «Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ (Յայտնութիւն 1։5գ, 6) Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքը տուաւ, որպէսզի մարդկային աշխարհէն անոնք որ իրեն հաւատք ընծայեն՝ կատարեալ կեանք վերստանան։ Դուք ալ, ո՛վ սիրելի ընթերցող, կրնաք անոնց մէջ գտնուիլ։ (Յովհաննու 3։16) Սակայն Յիսուսի զոհաբերական մահը մասնայատուկ օրհնութեան դուռ մը բացաւ Յովհաննէսի նման օծեալ Քրիստոնեաներու դիմաց։ Անոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ արդար յայտարարուած են։ Յիսուսի նման երկրային կեանքի ամէն ակնկալութիւն մերժելով, պզտիկ հօտի անդամները Աստուծոյ հոգիով ծնած են, յարութեամբ Յիսուս Քրիստոսի հետ իր Թագաւորութեան մէջ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ ծառայելու ակնկալութիւնը ունենալով։ (Ղուկաս 12։32. Հռովմայեցիս 8։18. Ա. Պետրոս 2։5. Յայտնութիւն 20։6) Ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ Զարմանալի չէ որ Յովհաննէս այդքան հաստատօրէն բացագանչեց որ փառքն ու զօրութիւնը Յիսուսի կը պատկանին։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել