-
Ձեր անունը կենաց գրքին մէ՞ջ էՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
3. (ա) «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակ»ը ինչո՞ւ մասնաւորաբար նկատի պէտք էր առնէր որ Յիսուս «եօթը աստղերը» ունէր։ (բ) Յիսուս ի՞նչ զօրաւոր խրատ մը տուաւ Սարդիկէի ժողովքին։
3 Յիսուս «Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին» կը յիշեցնէ թէ ինք ունի «եօթը աստղերը»։ Ժողովքի այդ երէցները իր աջ ձեռքին մէջ ունի, անոնց հովուական գործը առաջնորդելու հեղինակութիւն ունենալով։ Անոնք ‘իրենց ոչխարներուն վիճակը աղէ՛կ գիտնալու’ համար սրտանց պէտք էր աշխատէին։ (Առակաց 27։23) Հետեւաբար, անոնք պէտք ունէին ուշադրութեամբ մտիկ ընելու Յիսուսի յաջորդ խօսքերը. «Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։ Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ»։—Յայտնութիւն 3։2, 3
4. Պետրոսի խօսքերը ի՞նչպէս պիտի օգնէին Սարդիկէի ժողովքին, որպէսզի ‘հաստատէր մնացած բաները’։
4 Սարդիկէի երէցները պէտք էր յիշէին իրենց ունեցած սկիզբի ուրախութիւնը, երբ ճշմարտութիւնը սորվեցան եւ օրհնութիւններ ստացան։ Բայց հիմա հոգեւոր գործունէութեան մէջ մեռած էին։ Անոնց ժողովքին լոյսը կը մարմրէր, հաւատքի գործերու պակասին պատճառով։ Տարիներ առաջ, Պետրոս առաքեալ Ասիոյ ժողովքներուն (հաւանաբար մէջը ըլլալով Սարդիկէի) նամակ գրած էր, որպէսզի գնահատութիւն կերտէին այն փառաւոր բարի լուրին հանդէպ, զոր Քրիստոնեաները ընդունած էին եւ որ ծանուցուած էր ‘երկնքէն ղրկուած սուրբ հոգիով’՝ որ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ եօթը հոգիներով պատկերացուած էր։ Պետրոս այդ Ասիացի Քրիստոնեաներուն յիշեցուց նաեւ որ իրենք ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մըն էին, որպէսզի հռչակէին անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչած էր’։ (Ա. Պետրոս 1։12, 25. 2։9) Այսպիսի հոգեւոր ճշմարտութիւններու մասին մտածելը, պիտի օգնէր Սարդիկէի ժողովքին որ զղջար եւ ‘մնացած բաները հաստատէր’։—Համեմատել՝ Բ. Պետրոս 3։9
5. (ա) Սարդիկէի Քրիստոնեաներուն գնահատութեան ի՞նչ պատահած էր։ (բ) Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ Սարդիկէի Քրիստոնեաները չընդառաջէին Յիսուսի խրատին։
5 Այժմ, ճշմարտութեան հանդէպ իրենց գնահատութիւնն ու սէրը գրեթէ հանգած կրակի մը պէս էր։ Միայն քանի մը կայծեր մնացած էին։ Յիսուս անոնց քաջալերութիւն կու տայ որ կրակը հովեն ու վերարծարծեն, իրենց անտարբերութեան պատճառաւ իրենց գործած մեղքերէն զղջան, եւ անգամ մը եւս հոգեւորապէս կենդանի ժողովք մը դառնան։ (Համեմատել՝ Բ. Տիմոթէոս 1։6, 7) Ապա թէ ոչ, երբ Յիսուս դատաստան գործադրելու համար անակնկալօրէն «գողի պէս» գար, Սարդիկէի ժողովքը անպատրաստ պիտի գտնէր։—Մատթէոս 24։43, 44
-
-
Ձեր անունը կենաց գրքին մէ՞ջ էՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
7. Այսօր Քրիստոնեաները ինչո՞ւ արթուն ըլլալու կարիքը ունին։
7 Քրիստոնեաներուն արթուն մնալու անհրաժեշտութիւնը տէրունական օրուան սկիզբին համար չէր միայն։ ‘Այդ բաները կատարուելու ատեն եղած նշանին’ մասին իր տուած մեծ մարգարէութեան մէջ, Յիսուս զօրաւոր ազդարարութիւն մը տուաւ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, . . . Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մարկոս 13։4, 32, 33, 37) Այո, մինչեւ օրս, ամէն մէկս՝ ըլլանք օծեալներէն թէ մեծ բազմութենէն՝ պէտք է արթուն կենանք եւ հոգեւոր քունի մէջ մտնելէ խուսափինք։ Երբ Եհովայի օրը «գիշերուան գողի պէս» գայ, թող որ մեզ լրիւ արթուն գտնէ, որպէսզի նպաստաւոր վճիռ մը ստանանք։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3. Ղուկաս 21։34-36. Յայտնութիւն 7։9
8. Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս դրդած է Աստուծոյ ծառաները որ հոգեւորապէս ողջ մնան։
8 Ներկայիս, Յովհաննէս դասակարգը արթուն է Աստուծոյ ծառաները հոգեւորապէս ողջ մնալու համար զանոնք դրդելու մէջ։ Այս նպատակաւ, համայն երկրի մէջ, տարին մի քանի անգամ մասնաւոր հաւաքոյթներ կը կազմակերպուին։ Վերջին տարիներէն մէկուն ընթացքին 2,981 նահանգային համաժողովներու ընդհանուր ներկաներուն թիւը եղաւ 9,932,798 եւ 122,701 նոր հաւատացեալներ մկրտուեցան։ Աւելի քան 120 տարիէ ի վեր, Յովհաննէս դասակարգը կը գործածէ Դիտարան պարբերաթերթը, Եհովայի անունը եւ նպատակը ծանուցանելու համար։ Համաշխարհային երկու պատերազմներու ընթացքին դառն հալածանքներու տոկալու համար, Դիտարան–ը Եհովայի Վկաներուն եռանդը վերանորոգեց, հրատարակելով կարգ մը յօդուածներ, ինչպէս՝ «Անվախները Օրհնեալ Են» (1919), «Գործի Լծուելու Հրաւէր մը» (1925), եւ «Հալածանքին Պարտութիւնը» (1942)։
9. (ա) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ինքզինքին ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղէ։ (բ) Դիտարան–ը ի՞նչ քաջալերութիւն տուած է։
9 Ինչպէս Սարդիկէի պարագային, այսօր ալ ժողովքներուն մէջ, կենսական է որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ինքնաքննութիւն մը կատարէ։ Մենք մեզի պէտք է հարց տանք. Աստուծոյ առջեւ ‘գործերս կատարեա՞լ են’։ Առանց ուրիշները դատելու, անձնապէս անձնազոհութեան հոգին կը մշակե՞մ եւ կը ջանա՞մ բոլորանուէր ծառայութիւն մատուցանել Աստուծոյ։ Ասոր կապակցաբար, Դիտարան պարբերաթերթը մեզ քաջալերած է, հետեւեալին նման խորագրերով՝ «Քննեցէք ձեր անձերը» եւ «Այլեւս մենք մեզի համար չենք ապրիր»։a Հոգեւոր այսպիսի նպաստներ ունենալով, մեր ամենաներքին անձնաւորութիւնը քննենք, մինչ կը ջանանք Եհովայի առջեւ խոնարհութեամբ, բարեպաշտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ քալել։—Սաղմոս 26։1-3. 139։23, 24
-