-
Մեսիային ներկայութիւնը եւ իր իշխանութիւնըԴիտարան 1993 | Յունուար 1
-
-
Քրիստոսի Վերադարձին Կերպը
3. Շատ մը մարդիկ ի՞նչ կը հաւատան Քրիստոսի վերադարձին մասին։
3 Ըստ Աւետարանչական Քրիստոսաբանութիւն մը (Անգլ.) խորագրով գրքին, «Քրիստոսի երկրորդ գալուստը կամ վերադարձը (բարուսիա) Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը հաստատէ վերջնականապէս, յայտնապէս եւ յաւիտենապէս»։ Լայնօրէն ընդունուած համոզում մըն է թէ Քրիստոսի վերադարձը յայտնապէս տեսանելի պիտի ըլլայ, մոլորակին վրայ եղող ամէն անհատ բառացիօրէն պիտի տեսնէ զայն։ Այս կարծիքին թիկունք կանգնելու համար, շատեր կ’ակնարկեն Յայտնութիւն 1։7–ին, զոր կը կարդանք. «Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին»։ Բայց այս համարը բառացիօրէ՞ն պէտք է առնուի։
4, 5. (ա) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Յայտնութիւն 1։7–ն բառացի իմաստ չունի։ (բ) Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս կը հաստատեն այս հասկացողութիւնը։
4 Յիշենք որ Յայտնութիւն գիրքը «նշաններով» ներկայացուած է։ (Յայտնութիւն 1։1, ՆԱ) Ուստի, այս համարը այլաբանական պէտք է ըլլայ. իրապէս, «անոնք որ զանիկա խոցեցին» ինչպէ՞ս կրնային տեսնել Քրիստոսը որ կը վերադառնայ։ Անոնք մօտ 20 դարերէ ի վեր մեռած են։ Ասկէ զատ, հրեշտակները ըսին որ Քրիստոս պիտի վերադառնար «նոյն կերպով» որ մեկնած էր։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս մեկնեցաւ։ Միլիոնաւոր հանդիսատեսներո՞ւ ներկայութեան։ Ոչ, միայն մի քանի հաւատարիմներ տեսան դէպքը։ Իսկ երբ հրեշտակները անոնց հետ խօսեցան, առաքեալները բառացիօրէն կը դիտէի՞ն Քրիստոսի ճամբորդութիւնը մինչեւ անոր երկինք հասնիլը։ Ոչ, ամպի ծածկոց մը Յիսուսը աննշմարելի դարձուցած էր։ Անկէ որոշ ժամանակ մը ետք, ան հոգեւոր երկինք մտած ըլլալու էր որպէս մարդկային աչքերուն անտեսանելի հոգեղէն էութիւն մը։ (Ա. Կորնթացիս 15։50) Հետեւաբար, առաքեալները Յիսուսի ճամբորդութեան միայն սկիզբը տեսան. անոնք չէին կրնար դիտել անոր աւարտը, իր Հօր՝ Եհովայի երկնային ներկայութեան իր վերադարձը։ Անոնք կրնային ասիկա ըմբռնել միայն իրենց հաւատքի աչքերով։—Յովհաննու 20։17
5 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Յիսուս նոյն կերպով կը վերադառնայ։ Յիսուս անձամբ ըսաւ իր մահէն քիչ առաջ. «Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ»։ (Յովհաննու 14։19) Ան նաեւ ըսաւ որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար»։ (Ղուկաս 17։20) Ուստի, ի՞նչ իմաստով «ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա»։ Պատասխանելու համար, նախ յստակօրէն պէտք է հասկնանք այն բառը զոր Յիսուս եւ իր հետեւորդները գործածեցին իր վերադարձին հետ կապակցաբար։
6. (ա) Ինչո՞ւ այսպիսի բառեր, զոր օրինակ, «վերադառնալ», «հասնիլ», «գալուստ» եւ «գալ» շիտակ թարգմանութիւններ չեն Յունարէն բարուսիա բառին համար։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ բարուսիան, կամ «ներկայութիւն»ը, կը տեւէ շատ աւելի երկար քան որեւէ պարզ վայրկենական դէպք։
6 Իրողութիւնը այդ է որ Քրիստոս պարզապէս «վերադառնալ»էն շատ աւելին կը կատարէ։ Այդ բառը, «գալ», «հասնիլ», կամ «գալուստ» բառերուն նման, կ’ակնարկէ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կատարուող դէպքի մը։ Բայց Յիսուսի եւ իր հետեւորդներուն գործածած Յունարէն բառը շատ աւելին կը նշանակէ։ Բառը բարուսիա է, բառացիօրէն նշանակելով «քովը ըլլալ» կամ «ներկայութիւն մը»։ Շատ մը ուսումնականներ կը համաձայնին որ այս բառը կը պարփակէ ոչ միայն հասնիլ մը, այլ նաեւ՝ յաջորդող ներկայութիւն մը—ինչպէս արքայական անձնաւորութեան մը տուած Պաշտօնական այցելութիւն մը։ Այս ներկայութիւնը վայրկենական դէպք մը չէ. ան մասնայատուկ ժամանակաշրջան մըն է, յատկանշական ժամանակամիջոց մը։ Մատթէոս 24։37–39–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ «Որդի մարդոյ գալուստն ալ [բարուսիա՝ ներկայութիւնը]» «Նոյի օրեր»ուն պէս պիտի ըլլար, որոնք գագաթնակէտին հասան Ջրհեղեղով։ Նոյ տապանը շինեց ու ամբարիշտները ազդարարեց Ջրհեղեղը գալէն ու այդ համաշխարհային եղծանուած դրութիւնը ջնջելէն տասնեակ տարիներ առաջ։ Ուստի, նմանապէս Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութիւնը կը տեւէ մի քանի տասնամեակներու ժամանաշրջան մը, մեծ կործանումով մը իր գագաթնակէտին հասնելէ առաջ։
7. (ա) Ի՞նչ բան կը փաստէ թէ բարուսիան տեսանելի չէ մարդկային աչքերու։ (բ) Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի կատարուին այն համարները որոնք Քրիստոսի վերադարձը կը նկարագրեն որպէս տեսանելի «ամէն աչք»ի։
7 Անկասկած, բարուսիան բառացիօրէն տեսանելի չէ մարդկային աչքերու։ Եթէ այդ ըլլար պարագան, Յիսուս ինչո՞ւ այսքան շատ ժամանակ պիտի յատկացնէր իր հետեւորդներուն նշան մը տալով, անոնց օգնելու համար որ այս ներկայութիւնը ըմբռնէին, ինչպէս պիտի տեսնենք։a Այսուհանդերձ, երբ Քրիստոս գայ Սատանայի համաշխարհային դրութիւնը կործանելու համար, իր ներկայութեան իրողութիւնը ջախջախիչ կերպով բոլորին յայտնի պիտի ըլլայ։ Այն ատեն է որ «ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա»։ Նոյնիսկ Յիսուսի հակառակորդները ահաբեկուած պիտի կարենան ըմբռնել թէ Քրիստոսի իշխանութիւնը իրական է։—Տես Մատթէոս 24։30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։8. Յայտնութիւն 1։5, 6։
-
-
Մեսիային ներկայութիւնը եւ իր իշխանութիւնըԴիտարան 1993 | Յունուար 1
-
-
a 1864–ին, աստուածաբան Ռ. Կովէթ այս կերպով արտայայտուեցաւ. «Ասիկա շատ վճռական կը թուի ինծի։ Ներկայութեան նշան մը տալը ցոյց կու տայ թէ անիկա բացայայտ չէ։ Մենք նշանի մը կարիքը չունինք մեր տեսածին ներկայութիւնը մեզի գիտցնելու համար»։
-