Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները եղէք
«Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 1։3
1. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ գրեց Յայտնութիւնը, եւ այս տեսիլքները ի՞նչ նպատակաւ գրի առնուեցան։
«ԵՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ . . . Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար»։ (Յայտնութիւն 1։9) Յովհաննէս առաքեալ այսպիսի պարագաներու ներքեւ գրեց Աբոքալիբս, կամ Յայտնութիւն, գիրքը։ Կը կարծուի որ ան Պատմոս աքսորուած էր Հռովմէացի Դոմետիանոս Կայսրի իշխանութեան ընթացքին (Հ.Դ. 81-96), որ կայսրի պաշտամունքը պարտադրեց եւ Քրիստոնեաները հալածող մը եղաւ։ Պատմոսի վրայ գտնուած միջոցին, Յովհաննէս շարք մը տեսիլքներ ստացաւ, զորս գրի առաւ։ Ան պատմեց զանոնք, ոչ թէ նախկին Քրիստոնեաները վախցնելու նպատակաւ, այլ իրենց կրած, եւ տակաւին իրենց դիմաց եղող փորձութիւններուն ի տես զանոնք զօրացնելու, մխիթարելու եւ քաջալերելու համար։—Գործք 28։22. Յայտնութիւն 1։4. 2։3, 9, 10, 13
2. Յովհաննէսի եւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն կացութիւնը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ ներկայ Քրիստոնեաները։
2 Աստուածաշունչի այս գրքին գրուած պայմանները շատ իմաստալից են ներկայիս ապրող Քրիստոնեաներուն համար։ Յովհաննէս հալածանքի կ’ենթարկուէր Եհովայի եւ իր Որդւոյն՝ Քրիստոս Յիսուսի, վկայ մը ըլլալուն համար։ Ինք եւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները թշնամական մթնոլորտի մը մէջ կ’ապրէին, քանի որ գովելի քաղաքացիներ ըլլալ ջանալով հանդերձ, չէին կրնար կայսրին պաշտամունք մատուցանել։ (Ղուկաս 4։8) Կարգ մը երկիրներու մէջ, ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենք զիրենք նման կացութեան մէջ կը գտնեն, ուր պետութիւնը ինքզինքին իրաւասութիւն կու տայ սահմանելու թէ ի՛նչ բան «կրօնական գետնի վրայ ընդունելի» է։ Արդ, որքա՛ն մխիթարական են Յայտնութիւն գրքին բացման խօսքերը. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի [«որոշուած», ՆԱ] ժամանակը մօտ է»։ (Յայտնութիւն 1։3) Այո, Յայտնութիւն գրքին ուշադիր եւ հնազանդ ընթերցողներ իրական ուրախութիւն եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ կրնան գտնել։
3. Յովհաննէսի տրուած Յայտնութեան Աղբիւրը ո՞վ է։
3 Ո՞վ է Յայտնութիւն գրքի նախնական Աղբիւրը եւ զայն փոխանցելու համար ի՞նչ խողովակ գործածուած է։ Բացման համարը մեզի կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային [«նշաններով», ՆԱ] իմացուց»։ (Յայտնութիւն 1։1) Պարզաբանենք. Յայտնութիւն գրքի բուն Աղբիւրը Եհովա Աստուած է, որ զայն Յիսուսի տուաւ եւ հրեշտակի մը միջոցաւ, Յիսուս զայն հաղորդեց Յովհաննէսի։ Աւելի մանրակրկիտ քննութիւն մը կը յայտնէ որ Յիսուս սուրբ հոգին ալ գործածեց պատգամները ժողովքներուն փոխանցելու եւ Յովհաննէսին տեսիլքներ տալու համար։—Յայտնութիւն 2։7, 11, 17, 29. 3։6, 13, 22. 4։2. 17։3. 21։10. Համեմատել՝ Գործք 2։23
4. Եհովա տակաւին ի՞նչ միջոց կը գործածէ, ներկայիս երկրի վրայ իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար։
4 Եհովա տակաւին կը գործածէ իր Որդին՝ «ժողովքին գլուխը», իր երկրային ծառաներուն սորվեցնելու համար։ (Եփեսացիս 5։23, ՆԱ. Եսայեայ 54։13. Յովհաննու 6։45) Եհովա իր հոգին ալ կը գործածէ իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար։ (Յովհաննու 15։26. Ա. Կորնթացիս 2։10) Իսկ ինչպէս որ Յիսուս «իր Յովհաննէս ծառան» գործածեց, առաջին դարու ժողովքներուն հոգեւոր կազդուրիչ կերակուր հաղորդելու համար, այսօր ալ ան կը գործածէ երկրի վրայ իր օծեալ ‘եղբայրներով’ կազմուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», իր ծառաներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն հոգեւոր ‘կերակուրը ատենին տալու’ համար։ (Մատթէոս 24։45-47. 25։40) Երանելի են անոնք որոնք հոգեւոր կերակուրի կերպով մեր ստացած «բարի տուրք»ին Աղբիւրը եւ Իր գործածած խողովակը կը ճանչնան։—Յակոբու 1։17
Քրիստոսի Կողմէ Առաջնորդուած Ժողովքներ
5. (ա) Քրիստոնեայ ժողովքները եւ անոնց վերակացուները ի՞նչ բանի նմանցուած են։ (բ) Հակառակ մարդկային անկատարութեան, ի՞նչ բան պիտի սատարէ մեր ուրախութեան։
5 Յայտնութիւն գրքի առաջին գլուխներուն մէջ, քրիստոնէական ժողովքները նմանցուած են աշտանակներու։ Անոնց վերակացուները նմանցուած են հրեշտակներու (պատգամաբերներու) եւ աստղերու։ (Յայտնութիւն 1։20)a Ինքն իր մասին խօսելով, Քրիստոս՝ Յովհաննէսին ըսաւ որ գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի»։ (Յայտնութիւն 2։1) Ասիական եօթը ժողովքներուն ղրկուած եօթը պատգամները ցոյց կու տան որ Հ.Դ. առաջին դարուն, ժողովքներն ու անոնց երէցները ունէին իրենց զօրաւոր ու տկար կողմերը։ Նոյնն է պարագան ներկայիս։ Ուստի, շատ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ բնաւ չմոռնանք այն իրողութիւնը թէ Քրիստոս՝ մեր Գլուխը՝ ժողովքներուն մէջտեղ կը գտնուի։ Ան շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Վերակացուները այլաբանօրէն «իր աջ ձեռքին մէջ», այսինքն՝ իր հսկողութեան ու առաջնորդութեան ներքեւ կը գտնուին, եւ անոնք ժողովքները հովուելու իրենց կերպին համար անոր համարատու են։—Գործք 20։28. Եբրայեցիս 13։17
6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ միայն վերակացուները չեն որ Քրիստոսի համարատու են։
6 Սակայն մենք մեզ կը խաբենք, եթէ խորհինք որ միայն վերակացուներն են որ Քրիստոսի համարատու են իրենց արարքներուն համար։ Պատգամներէն մէկուն մէջ Քրիստոս ըսաւ. «Բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ»։ (Յայտնութիւն 2։23) Ասիկա միանգամայն ազդարարութիւն մը եւ քաջալերութիւն մըն է. ազդարարութիւն մը՝ թէ Քրիստոս գիտէ մեր սրտին խորունկ շարժառիթները, իսկ քաջալերութիւն մը, քանի որ մեզի կը վստահեցնէ թէ Քրիստոս տեղեակ է մեր ջանքերէն եւ մեզ պիտի օրհնէ, եթէ մեր ձեռքէն եկածը ընենք։—Մարկոս 14։6-9. Ղուկաս 21։3, 4
7. Ֆիլատելֆիոյ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ‘համբերութեան մասին Յիսուսի ըսածները պահած էին’։
7 Լիդիական քաղաք՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ գտնուող ժողովքին տուած Քրիստոսի պատգամը յանդիմանութիւն չէր պարունակեր, բայց մեզի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող խոստում մը կու տայ։ «Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար»։ (Յայտնութիւն 3։10) «Իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր» արտայայտութիւնը Յունարէնին մէջ կրնայ նաեւ նշանակել՝ «համբերութեան մասին իմ ըսածս պահեցիր»։ 8–րդ համարը կը թելադրէ որ Ֆիլատելֆիոյ Քրիստոնեաները ոչ միայն Քրիստոսի պատուէրին հնազանդած էին, այլ նաեւ հաւատարմօրէն համբերելու մասին իր տուած խրատին ալ հետեւած էին։—Մատթէոս 10։22. Ղուկաս 21։19
8. (ա) Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ Ֆիլատելֆիայի Քրիստոնեաներուն։ (բ) Ներկայիս որո՞նք կ’ազդուին «փորձութեան ժամանակ»էն։
8 Յիսուս աւելցուց, ըսելով որ զանոնք պիտի պահէր «փորձութեան ժամանակ»։ Ասիկա այն ժամանակուան Քրիստոնեաներուն համար իրապէս ի՞նչ նշանակեց՝ չենք գիտեր։ Թէեւ Հ.Դ. 96–ին Դոմետիանոսի մահուընէ ետք հալածանքը կարճ ժամանակ մը առկախուեցաւ, բայց հալածանքի նոր ալիք մը ծայր տուաւ Տրայանոսի (Հ.Դ. 98-117) իշխանութեան ընթացքին, անկասկած յաւելեալ փորձութիւններ բերելով։ Բայց աւելի մեծ «փորձութեան ժամանակ» մը պիտի գար «Տէրունական օր»ուան՝ «վերջին ժամանակ»ուան, ընթացքին, որու մէջ կը գտնուինք հիմա։ (Յայտնութիւն 1։10. Դանիէլ 12։4) Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաները փորձութեան մասնայատուկ ժամանակէ մը անցան Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք։ Սակայն, «փորձութեան ժամանակ»ը տակաւին մեր դիմաց է։ Անիկա պիտի ազդէ «բոլոր աշխարհի»ն, մէջը ըլլալով մեծ նեղութենէն վերապրելու յոյս ունեցող մեծ բազմութիւնը կազմող միլիոնաւոր անհատներուն։ (Յայտնութիւն 3։10. 7։9, 14) Ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ ‘պահենք ինչ որ Յիսուս ըսած է համբերութեան մասին’. ուրիշ խօսքով՝ «ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։—Մատթէոս 24։13
Ուրախութեամբ Ենթարկուինք Եհովայի Գերիշխանութեան
9, 10. (ա) Եհովայի աթոռին տեսիլքը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ։ (բ) Յայտնութիւնը կարդալը ի՞նչպէս կրնայ նպաստել մեր ուրախութեան։
9 Յայտնութիւն 4–րդ գլուխին մէջ տրուած Եհովայի աթոռին եւ իր երկնային ատեանին տեսիլքը ակնածանքով պէտք է լեցնէ մեզ։ Երկնային զօրաւոր արարածներուն փառաբանութեան սրտաբուխ արտայայտութիւնները մեզ պէտք է տպաւորեն, մինչ անոնք ուրախութեամբ կ’ենթարկուին Եհովայի արդար գերիշխանութեան։ (Յայտնութիւն 4։8-10) Մեր ձայները պէտք է խառնուին անոնց ձայներուն, որոնք կ’ըսեն. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։—Յայտնութիւն 5։13
10 Գործնականօրէն, ասիկա կը նշանակէ ամէն բանի մէջ Եհովայի կամքին ուրախութեամբ ենթարկուիլ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով»։ (Կողոսացիս 3։17) Յայտնութիւնը կարդալը մեզ իրապէս պիտի ուրախացնէ, եթէ մեր մտքին ու սրտին ներքնագոյն խոռոչներուն մէջ ընդունինք Եհովայի գերիշխանութիւնը եւ մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ իր կամքը հաշուի առնենք։
11, 12. (ա) Սատանայի երկրային դրութիւնը ի՞նչպէս պիտի ցնցուի ու խորտակուի։ (բ) Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին համաձայն, այդ ժամանակ ո՞վ պիտի կարենայ «դիմանալ»։
11 Եհովայի գերիշխանութեան ուրախութեամբ ենթարկուիլը հիմը կը կազմէ ուրախութեան, թէ՛ անհատական եւ թէ տիեզերական գետնի վրայ։ Շուտով այլաբանական մեծ երկրաշարժ մը հիմէն պիտի ցնցէ Սատանայի աշխարհի դրութիւնը ու զայն պիտի խորտակէ։ Այն մարդիկը, որոնք կը մերժեն Աստուծոյ իրաւական գերիշխանութիւնը ներկայացնող Քրիստոսի երկնային թագաւորական կառավարութեան ենթարկուիլ, ապաստանարան պիտի չգտնեն։ Մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ պահուըտեցան եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. ‘Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։ Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ’»։—Յայտնութիւն 6։12, 15-17
12 Այս հարցումին առ ի պատասխան, Յովհաննէս առաքեալ յաջորդ գլուխին մէջ մեծ նեղութենէն եկող մեծ բազմութեան անդամները կը նկարագրէ որպէս՝ «աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցած»։ (Յայտնութիւն 7։9, 14, 15) Աստուծոյ աթոռին առջեւ անոնց կեցած ըլլալը ցոյց կու տայ որ անոնք կ’ընդունին այդ աթոռը եւ լիովին կ’ենթարկուին Եհովայի գերիշխանութեան։ Ուստի, անոնք ընդունելի կեցուածք մը ունին։
13. (ա) Երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ի՞նչ կը պաշտէ եւ անոնց ճակտին ու ձեռքի դրոշմը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (բ) Ուստի, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է համբերել։
13 Միւս կողմէ, 13–րդ գլուխը կը նկարագրէ երկրի մնացեալ բնակչութիւնը, որ գազանով խորհրդանշուած Սատանայի քաղաքական դրութիւնը կը պաշտէ։ Անոնք իրենց «ճակատներուն» ու իրենց «ձեռքերուն» վրայ դրոշմ մը կը ստանան, այդ դրութեան նկատմամբ իրենց մտային եւ ֆիզիքական աջակցութիւնը ցոյց տալով։ (Յայտնութիւն 13։1-8, 16, 17) Ապա 14–րդ գլուխը կ’աւելցնէ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ . . . Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն»։ (Յայտնութիւն 14։9, 10, 12) Մինչ ժամանակը կ’ընթանայ, այս հարցումը աւելի շեշտակի պիտի ըլլայ. Որո՞ւ նեցուկ կը կանգնիք. Եհովայի ու իր գերիշխանութեա՞ն, թէ գազանով խորհրդանշուած ամբարիշտ քաղաքական դրութեան։ Երանելի պիտի ըլլան անոնք որոնք գազանին դրոշմը ստանալէ կը խուսափին եւ Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուելու համար հաւատարմօրէն կը համբերեն։
14, 15. Ի՞նչ պատգամ Յայտնութիւն գրքի Արմագեդոնի նկարագրութիւնը կ’ընդմիջէ, եւ ասիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։
14 «Բոլոր աշխարհի» կառավարիչները ընդհարումի ընթացքի մը մէջ են, գերիշխանութեան հարցով Եհովայի հետ ճակատում մը պիտի ունենան։ Այս հարցը պիտի լուծուի Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին»։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Երկրի կառավարիչները Եհովայի հետ պատերազմելու նկարագրականին ճիշդ մէջտեղ հետաքրքրաշարժ փակագիծ մը կը բացուի։ Յիսուս անձամբ տեսիլքէն ներս կը թափանցէ եւ կ’ըսէ. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ»։ (Յայտնութիւն 16։15) Ասիկա կրնայ ակնարկութիւն մը ըլլալ տաճարի Ղեւտացի պահակներուն, որոնք եթէ իրենց պահակութեան պաշտօնի ընթացքին քնացած գտնուէին, իրենց հանդերձներէն կը մերկացուէին, հանրապէս խայտառակուելու համար։
15 Պատգամը յստակ է. Եթէ կը փափաքինք Արմագեդոնէն վերապրիլ, հոգեւորապէս արթուն պէտք է մնանք եւ որպէս Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ Վկայ բնորոշող մեր այլաբանական հանդերձները պէտք է պահենք։ Երանելի պիտի ըլլանք, եթէ հոգեւոր թմրածութենէ խուսափինք եւ առանց դանդաղելու շարունակենք, Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան «յաւիտենական աւետիսը» տարածելու մէջ նախանձախնդիր մասնակցութիւն բերելով։—Յայտնութիւն 14։6
‘Երանի՜ Անոր որ կը Պահէ Այս Խօսքերը’
16. Յայտնութիւն գրքին վերջին գլուխները ինչո՞ւ մասնայատուկ ուրախութեան պատճառ մըն են մեզի համար։
16 Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները կրնան ցնծալ, մինչ կը կարդան մեր փառաւոր յոյսը նկարագրող փակման գլուխները. նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը, այսինքն, արդար երկնային թագաւորական կառավարութիւն մը, որ կ’իշխէ նոր, մաքրուած, մարդկային ընկերութեան մը վրայ, այս բոլորը «Տէր Աստուած Ամենակալ»ին փառքին համար։ (Յայտնութիւն 21։22) Հոյակապ տեսիլքներու շարքի աւարտին, պատգամաբեր հրեշտակը Յովհաննէսի ըսաւ. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։ ‘Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը’»։—Յայտնութիւն 22։6, 7
17. (ա) Յայտնութիւն 22։6–ը ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ (բ) Ի՞նչ բաներէ խուսափելու մէջ արթուն պէտք է ըլլանք։
17 Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները պիտի յիշեն որ նոյնանման խօսքեր կը գտնուին «գրքին» սկիզբը։ (Յայտնութիւն 1։1, 3) Այս խօսքերը մեզ կը վստահեցնեն թէ Աստուածաշունչի այս վերջին գրքին մէջ մարգարէացուած բաները «շուտով պիտի ըլլան»։ Մենք վերջին ժամանակին մէջ ա՛յնքան յառաջացած ենք, որ Յայտնութիւն գրքին մէջ նախագուշակուած դէպքերը շուտով տեղի պիտի ունենան արագընթաց յաջորդականութեամբ։ Ուրեմն, Սատանայի դրութեան որեւէ երեւութական կայունութիւն մեզ պէտք չէ քնացնէ։ Զգաստ ընթերցող մը պիտի յիշէ ասիական եօթը ժողովքներուն ղրկուած պատգամներուն մէջ տրուած ազդարարութիւնները եւ պիտի խուսափի նիւթապաշտութեան, կռապաշտութեան, անբարոյութեան, գաղջութեան եւ հաւատուրաց աղանդապաշտութեան որոգայթին մէջ իյնալէ։
18, 19. (ա) Յիսուս տակաւին ինչո՞ւ պէտք է գայ, եւ Յովհաննէսի յայտնած ո՞ր յոյսը կը բաժնենք։ (բ) Եհովա տակաւին ի՞նչ նպատակ իրագործելու համար պիտի ‘գայ’։
18 Յայտնութիւն գրքին մէջ, Յիսուս բազմիցս կը ծանուցանէ՝ «շուտով պիտի գամ»։ (Յայտնութիւն 2։16. 3։11. 22։7, 20) Ան տակաւին պիտի գայ դատաստան գործադրելու համար Մեծն Բաբելոնի, Սատանայի քաղաքական դրութեան եւ՝ Մեսիական Թագաւորութեամբ արտայայտուած Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուիլը մերժող բոլոր մարդոց վրայ։ Մեր ձայները կը միացնենք Յովհաննէս առաքեալի ձայնին, որ բացագանչեց. «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։—Յայտնութիւն 22։20բ
19 Եհովա անձամբ կը նշէ. «Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու»։ (Յայտնութիւն 22։12) Մինչ կը սպասենք անվերջ կեանքի փառաւոր վարձատրութեան, ըլլանք «նոր երկինք»ի կամ «նոր երկիր»ի մէկ մասը, թող որ մենք ալ եռանդով մասնակցինք ողջամիտ անհատներուն հետեւեալ հրաւէրը տալու, ըսելով. «‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Կը մաղթենք որ անոնք ալ Յայտնութիւն ներշնչեալ ու ներշնչող գրքին ուրախ ընթերցողները ըլլան։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, էջ 28-29, 136 (ստորանիշը)։
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Յայտնութիւնը փոխանցելու համար Եհովա ի՞նչ խողովակ գործածեց եւ ասկէ ի՛նչ կը սորվինք։
◻ Ասիոյ եօթը ժողովքներուն ղրկուած պատգամները կարդալով ինչո՞ւ ուրախ պէտք է ըլլանք։
◻ «Փորձութեան ժամանակ» ի՞նչպէս կրնանք ապահով ըլլալ։
◻ Ի՞նչ ուրախութիւն պիտի ունենանք, եթէ Յայտնութիւն գրքին խօսքերը պահենք։
[Նկար՝ էջ 15]
Երանելի են անոնք որոնք աւետիսին Աղբիւրը կը ճանչնան
[Նկար՝ էջ 18]
Երանելի է ան որ արթուն կը կենայ