Ժամանակն է որ արթննա՛ք
«ԳԻՏՆԱԼՈՎ թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ’ապրինք։ Ժամանակն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք»։ (Հռովմայեցիս 13։11, Անթիլիաս) Պօղոս առաքեալ այս խօսքերը Հռովմի մէջ բնակող Քրիստոնեաներուն գրեց, հրէական իրերու դրութեան աղիտալի վախճանէն՝ Հ.Դ. 70–էն, շուրջ 14 տարիներ առաջ։ Քանի որ հոգեւորապէս արթուն էին, ծագումով Հրեայ Քրիստոնեաներ այդ ճակատագրական ժամանակամիջոցին Երուսաղէմի մէջ չէին, հետեւաբար մահէ կամ գերութենէ ազատուեցան։ Սակայն անոնք ի՞նչպէս գիտցան որ քաղաքէն պէտք էր հեռանային։
Յիսուս Քրիստոս զգուշացուցած էր թէ Երուսաղէմ թշնամիներու կողմէ պիտի պաշարուէր եւ թէ անոր բնակիչները բոլորովին պիտի բնաջնջուէին։ (Ղուկաս 19։43, 44) Անկէ ետք, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներուն բաղադրեալ նշան մը տուաւ, զոր դժուար չէր ճանչնալ։ (Ղուկաս 21։7-24) Երուսաղէմի մէջ բնակող Քրիստոնեաներուն համար, քաղաքէն հեռանալ կը նշանակէր իրենց տուները եւ աշխատանքները լքել։ Այսուհանդերձ, անոնց արթնութիւնը եւ փախուստը իրենց կեանքերը փրկեց։
Երբ Յիսուս Երուսաղէմի կործանումը նախագուշակեց, իր աշակերտները հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Իր պատասխանին մէջ Յիսուս իր ապագայ ներկայութիւնը համեմատեց Նոյի օրուան երկրածաւալ Ջրհեղեղին առաջնորդող ժամանակաշրջանին հետ։ Յիսուս մատնանշեց թէ Ջրհեղեղը բոլոր ամբարիշտները վերցուց։ (Մատթէոս 24։21, 37-39) Այսպիսով ան ցոյց տուաւ թէ Աստուած մարդկային գործառնութիւններուն դարձեալ միջամուխ պիտի ըլլայ։ Ո՞ր տարողութեամբ։ Ամբողջ ամբարիշտ աշխարհ մը, կամ իրերու դրութիւն մը, մէջտեղէն վերցնելու աստիճան։ (Բաղդատել՝ Բ. Պետրոս 3։5, 6։) Ասիկա կրնա՞յ պատահիլ մեր ժամանակին։
Ամէն Բան Տակաւին Նո՞յնն Է
Առաջին դարու Հրեաներէն քիչեր երեւակայեցին թէ իրենց սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը՝ կրնար կործանիլ։ Նոյնանման անհաւատութիւն մը յաճախ ընդհանրացած կ’ըլլայ անոնց մէջ, որոնք հրաբուխի մը մօտակայքը կը բնակին, բայց բնաւ ժայթքումի մը փորձառութիւնը չեն ունեցած։ Երբ ազդարարութիւններ տրուին, հասարակաց հակազդեցութիւնն է. «Անիկա իմ օրովս պիտի չպատահի»։ Հրաբխագէտ Լիոնէլ Ուիլսըն կը բացատրէ. «Սովորաբար, հրաբուխները կը ժայթքին երկու կամ երեք դար անգամ մը։ . . . Կը մտահոգուիք՝ երբ ձեր ծնողքը ժայթքումի մը պատճառաւ ստիպուած եղած է փոխադրուելու։ Բայց եթէ նոյն բանը ձեր մեծ–ծնողներուն օրով եղած է, զայն ականջի ետեւ կը նետէք»։
Սակայն, ճշգրիտ տեղեկութիւններ կրնան մեզի օգնել որ ազդանշանները ճանչնանք եւ զանոնք լուրջի առնենք։ Փէլէ լեռնէն փախչող անհատներէն մէկը հրաբուխներու ծանօթ էր եւ հասկցաւ ազդանշանները։ Փինաթուպօ լերան ժայթքումէն քիչ առաջ տրուած այսպիսի ազդանշաններն ալ շիտակ կերպով մեկնաբանուեցան։ Լերան մէջ կազմուող անտեսանելի ուժերուն հետեւող հրաբխագէտները, տեղացի բնակիչները համոզեցին որ այդ շրջանէն հեռանան։
Անշուշտ, ոմանք միշտ պիտի անտեսեն ազդանշանները եւ պնդեն թէ բան մը պիտի չպատահի։ Անոնք նոյնիսկ կրնան վճռական քայլեր առնողները ծաղրել։ Պետրոս առաքեալ նախագուշակեց թէ մեր օրերուն այսպիսի տեսակէտ մը ընդհանրացած պիտի ըլլար։ Ան ըսաւ. «Նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։—Բ. Պետրոս 3։3, 4
Կը հաւատա՞ք թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Տը Գոլոմպիա Հիսթըրի օֆ տը Ուըրլտ–ին մէջ (Անգլերէն), Ճոն Ա. Կարէթի եւ Բիթըր Կէ կը հարցնեն. «Մեր քաղաքակրթութեան անկումը կը տեսնե՞նք»։ Ապա այս պատմաբանները կը վերլուծեն կառավարութեան վերաբերող խնդիրները, ոճիրի եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան երկրածաւալ յաւելումը, ընտանեկան կեանքի քայքայումը, ընկերութեան խնդիրները լուծելու գիտութեան եւ արուեստագիտութեան անկարողութիւնը, հեղինակութեան տագնապը, ինչպէս նաեւ բարոյական ու կրօնական համաշխարհային ապականութիւնը։ Անոնք կ’եզրակացնեն. «Եթէ ասոնք հաստատ վախճանի մը նշանները չեն՝ վստա՛հաբար կը համեմատին անոնց»։
Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու թէ «վախճան»ը վերահաս է։ Ո՜չ, ասիկա երկրագունդին վախճանը չէ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած «հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Սակայն, պէտք է ակնկալենք որ մարդկութեան այսքան թշուառութիւն պատճառած իրերու ամբարիշտ դրութիւնը շուտով վերջ գտնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս դրութեան վերջին օրերը բնորոշող բազմաթիւ յստակ երեւոյթներ կրնանք տեսնել, զորս Յիսուս Քրիստոս ընդգծած էր։ (Տես՝ «Վերջին Օրերու Երեւոյթներէն Ոմանք» շրջագիծը։) Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ չհամեմատէք աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ։ Ասիկա ընելը կ’օգնէ որ ձեր եւ ձեր ընտանիքին ի նպաստ իմաստուն որոշումներ տաք։ Սակայն, ինչո՞ւ հիմա՛ քայլեր պէտք է առնենք։
Արթուն Մնալու Իսկական Կարիք Կայ
Թէեւ գիտնականները կրնան հրաբխային ժայթքումի մը մօտ ըլլալը գիտնալ, բայց չեն կրնար ճշգրտօրէն ըսել թէ անիկա ե՛րբ պիտի պատահի։ Իրերու այս դրութեան վախճանին մասին ալ Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս»։ (Մատթէոս 24։36) Քանի որ ճիշդ չենք գիտեր իրերու ներկայ դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէ, Յիսուս մեզի տուաւ հետեւեալ ազդարարութիւնը. «Այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ [Յիսուս] պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։—Մատթէոս 24։43, 44
Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ այս դրութեան աղիտալի վախճանը աշխարհը անակնկալի պիտի բերէ։ Նոյնիսկ իր հետեւորդները պէտք է ‘պատրաստ կենան’։ Մեր պարագան կը նմանի տանտիրոջ մը որ անակնկալի կու գայ, քանի որ չի գիտեր թէ գողը ե՛րբ իր տունը պիտի մտնէ։
Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն ալ ըսաւ. «Դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ . . . Եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի»։ Պօղոս նաեւ յորդորեց. «Չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 4, 6) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘արթուն ու զգաստ ըլլալ’։
Դէպի ապահով վայր փախչիլը, որոշ քաղաքէ մը հեռանալ չի նշանակէր մեզի համար, ինչպէս էր պարագան Երուսաղէմէն փախչող առաջին դարու Քրիստոնեաներուն։ Հռովմի մէջ եղող իր հաւատակիցները քաջալերելէ ետք որ իրենց քունէն արթննան, Պօղոս զանոնք յորդորեց որ ‘մէկդի ընեն խաւարին գործերը’ ու իրենց վրայ ‘հագնին Տէր Յիսուս Քրիստոսը’։ (Հռովմայեցիս 13։12, 14) Յիսուսի քայլերուն սերտօրէն հետեւելով է որ ժամանակներուն նկատմամբ մեր արթուն ըլլալը ցոյց պիտի տանք եւ այս հոգեւոր արթնութիւնը կարելի պիտի դարձնէ որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը վայելենք, երբ իրերու այս ամբարիշտ դրութիւնը իր վախճանին հասնի։—Ա. Պետրոս 2։21
Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը կը վայելեն։ Միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ գտած են թէ Քրիստոսի աշակերտներ ըլլալու լուծը քաղցր եւ թարմացուցիչ է։ (Մատթէոս 11։29, 30) Աշակերտ մը ըլլալու առաջին քայլն է ‘գիտութիւն ստանալ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր ան ղրկեց’։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Վկաները ամէն շաբաթ միլիոնաւոր տուներ կ’այցելեն, մարդոց օգնելու համար որ «ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն» ձեռք ձգեն։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4, ՆԱ) Անոնք ուրախ պիտի ըլլան ձեր տան մէջ ձեզի հետ սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Իսկ մինչ Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան մէջ կ’աճիք, վստահաբար դուք ալ պիտի համոզուիք թէ մեր օրերը տարբեր են։ Արդարեւ, քունէն արթննալու ժամանա՛կ մըն է։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 7]
ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ
«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ». ‘երկրէն խաղաղութիւնը պիտի վերցուի’։ (Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։4)
Այս դարուս երկու աշխարհամարտերը, բազմաթիւ ուրիշ պատերազմներու հետ մէկտեղ, երկրէն խաղաղութիւնը վերցուցած են։ «Առաջին եւ անոր յաջորդող Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը, նախապէս մղուած միւս բոլոր պատերազմներէն տարբեր եղան», գրեց պատմաբան Ճոն Գիկըն, «անոնք տարբեր էին իրենց տարողութեամբ, ուժգնութեամբ, ընդարձակութեամբ, նիւթական ու մարդկային կորուստով։ . . . Աշխարհամարտերը, երկրագունդին մեծ մասին վրայ, նախորդ որեւէ պատերազմէ աւելի մարդ սպաննեցին, աւելի հարստութիւն վատնեցին եւ աւելի տառապանք պատճառեցին»։ Ներկայիս պատերազմները զինուորներէ աւելի կիներու եւ մանուկներու վնաս կը հասցնեն։ Միացեալ Ազգերու Մանուկներու Հիմնադրամը հաշիւ ըրած է թէ վերջին տասը տարիներուն, երկու միլիոն երախաներ սպաննուած են պատերազմներու մէջ։
«Սովեր» (Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։5, 6, 8)
1996–ին, ցորենի եւ եգիպտացորենի գիները շատ բարձրացան։ Պատճա՞ռը։ Այս արմտիքներուն համաշխարհային պահեստը միայն 50 օր կը բաւէր, ցարդ արձանագրուած ամենէն ցած մակարդակը։ Հիմնական ուտելիքներու գիներու բարձրացումը կը նշանակէ թէ հարիւրաւոր միլիոններու հասնող աշխարհի աղքատացած մարդիկը, որոնց մեծամասնութիւնը երախաներ են, անօթի անկողին կ’երթան։
‘Տեղ տեղ երկրաշարժներ’ (Մատթէոս 24։7)
Վերջին 2,500 տարիներուն, միմիայն ինը երկրաշարժներու իւրաքանչիւրի ընթացքին 100,000–է աւելի մարդիկ սպաննուած են։ Այս երկրաշարժներէն չորսը՝ պատահած են 1914–էն ասդին։
«Անօրէնութեան շատնալ»ը (Մատթէոս 24։12)
Մինչ Ի. դարը իր վերջաւորութեան կը մօտենայ, անօրէնութիւնը, կամ օրէնքի բեկանումը, ընդհանրացած է։ Քաղաքացիներու վրայ ահաբեկչական յարձակումները, պաղարիւնութեամբ սպաննելը, եւ խմբային ոճիրները այս վայրագ վերջին օրերու սոսկալի երեւոյթներուն մաս կը կազմեն։
‘Տեղ տեղ մահտարաժամներ’ (Ղուկաս 21։11)
1990–ական թուականներուն, հաւանաբար 30 միլիոն անհատներ պիտի մահանան թոքախտէ։ Ախտաբեր մանրէներ հետզհետէ աւելի կը դիմադրեն մանրէասպան դեղերու։ Ուրիշ մահացու հիւանդութիւն մը՝ Մալարիան, ամէն տարի կը հարուածէ 300–էն 500 միլիոն մարդ եւ կը սպաննէ մօտաւորապէս 2 միլիոն անհատներ։ Այս տասնամեակի վերջաւորութեան, կ’ակնկալուի որ ԷՅՏԾ–ը տարեկան 1,800,000 անհատներու մահուան պատճառ ըլլայ։ 1996–ի Աշխարհի Վիճակը (Անգլերէն) կը յայտարարէ. «Ներկայիս, մարդկութիւնը համաճարակներու համաճարակէն կը տառապի»։
«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։ (Մատթէոս 24։14)
1997–ին, Եհովայի Վկաները աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեցին Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար։ Աւելի քան հինգ միլիոն Վկաներ այս պատգամը կանոնաւորաբար մարդոց կը տանին, 232 երկիրներու մէջ։
[Նկարներուն աղբիւրները]
FAO photo/B. Imevbore
U.S. Coast Guard photo
[Նկար՝ էջ 4]
Քրիստոնեաները Երուսաղէմէն փախան, քանի որ հոգեւորապէս արթուն էին