Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 6/1 էջ 22-23
  • «Տէրունական օր»ը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Տէրունական օր»ը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Յիսուս Քրիստոս Տէր է»—Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Յայտնութիւն գիրքը ի՞նչ կը նշանակէ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Յայտնութիւն գրքին ուրախ ընթերցողները եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յովհաննէս կը տեսնէ փառաւորուած Յիսուսը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 6/1 էջ 22-23

«Տէրունական օր»ը

«ՆԵՐՇՆՉՄԱՄԲ տէրունական օրուան մէջ գտնուեցայ»։ (Յայտնութիւն 1։10, ՆԱ։) Այսպէս ըսաւ վերը պատկերով ցոյց տրուած տարեց Յովհաննէս առաքեալը, Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գրքին առաջին գլուխին մէջ։ Իր խօսքերը մեզի կ’օգնեն որ իր նկարագրելիք հոյակապ տեսիլքներուն իրագործման ժամանակը սահմանենք։

Սակայն, բոլորն ալ համաձայն չեն Յայտնութիւն 1։10–ի այս ձեւով թարգմանուելուն։ Օրինակի համար, Գերմանացի Աստուածաշունչի թարգմանիչ՝ Եորկ Սինգ, այսպէս կը թարգմանէ. «Կիրակի օրը՝ սուրբ հոգիով լեցուեցայ»։ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ, սակայն, Յունարէն դէի գիրիագէի հեմէրաի նախադասութիւնը կը թարգմանեն՝ «Տէրունական օր»ը։ Բայց աստղանիշով մը կ’ըսեն թէ անիկա Կիրակի օրուան կ’ակնարկէ։ Ասիկա ճի՞շդ է։

Գերմաներէն Կաթողիկէ տեղեկատուական երկ մը (Հէրտէրզ Պիպըլգոմմէնթար) այս խորհելակերպին ետին գտնուող պատճառը կը բացատրէ, երբ կ’ըսէ. «Հոս եղած ակնարկութիւնը [Յայտնութիւն 1։10] Վերջին Դատաստանի Օրուան համար չէ՝ որ նաեւ կը ճանչցուի որպէս ‘Տէրունական Օր’՝ այլ շաբթուան մասնայատուկ մէկ օրուան։ Նախկին Քրիստոնեաները առաջին դարուն կէսէն իսկ սկսան շաբթուան առաջին օրը տօնել որպէս իրենց եկեղեցական գլխաւոր սպասարկութիւններու օրը։ (Գործք 20։7. Ա. Կորնթացիս 16։2)»։ Սակայն, տեղեկատուական երկին հոս ակնարկած երկու համարներն ալ ոչ մէկ կերպով կը փաստեն թէ առաջին դարու Քրիստոնեաները շաբթուան առաջին օրը կը նկատէին որպէս «իրենց եկեղեցական գլխաւոր սպասարկութիւններու օրը»։

Առաջին համարը, Գործք 20։7–ը, պարզապէս կ’ըսէ թէ Պօղոս, իր ճամբորդակիցները եւ Տրովադայէն Քրիստոնեաներ մէկտեղ հաւաքուեցան շաբթուան առաջին օրը, մեկշաբթի օրը, ճաշի մը համար։ Քանի որ յաջորդ օրը Պօղոս պիտի մեկնէր եւ որոշ ատեն մը պիտի չտեսներ զանոնք, ան առիթէն օգտուեցաւ անոնց հետ երկար զրոյց մը ունենալու։

Երկրորդ համարը, Ա. Կորնթացիս 16։2–ը, Կորնթոսի Քրիստոնեաները կը քաջալերէր որ մէկ կողմ դրամ դնեն «ամէն մէկշաբթի օրերը», որպէսզի կարենան կերպով մը նպաստել Յուդայի կարօտեալներուն։ Ուսումնական Ատոլֆ Տայըսման կ’ենթադրէ թէ այս օրը թերեւս իրենց վճարումի օրն էր։ Ինչ որ ալ ըլլար պարագան, Պօղոսի թելադրութիւնը գործնական էր, քանի որ դրամը կրնար վատնուիլ շաբթուան ընթացքին։

Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ ըսուած է թէ առաքելական ժամանակաշրջանի Քրիստոնեաները շաբթուան առաջին օրը՝ որ հիմա Կիրակի կը կոչուի՝ կը նկատէին որպէս Քրիստոնէական շաբաթ մը, այսինքն, պաշտամունքի համար կանոնաւորաբար հաւաքուելու սահմանուած օր մը։ Միայն առաքեալներուն մահուընէ ետքն էր որ Կիրակին այսպէս նկատուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Տէրունական օր»։ Ասիկա Յիսուսի եւ առաքեալներուն նախագուշակած հաւատուրացութեան մէկ մասն էր։—Մատթէոս 13։36–43. Գործք 20։29, 30. Ա. Յովհաննու 2։18

Ուստի, ի՞նչ է «Տէրունական օր»ը։ Յայտնութիւն 1։10–ի բովանդակութիւնը Յիսուսի կը մատնանշէ որպէս Տէր. ուրեմն Ի՛ր օրն է։ Աստուծոյ Խօսքը «մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օր»–ին նման արտայայտութիւններ մարդկութեան դատաստանի եւ Դրախտի վերահաստատման ժամանակին հետ կը կապէ։—Ա. Կորնթացիս 1։8. 15։24–26. Փիլիպպեցիս 1։6, 10. 2։16

Հետեւաբար, Հանզ Պրունզ շիտակ է երբ իր թարգմանած եւ մեկնաբանած Նոր Կտակարան երկին մէջ կ’ըսէ. «Ոմանք կը պնդեն որ [Յովհաննէս] հոս կը խօսի Կիրակի օրուան մասին։ Բայց շատ աւելի հաւանական է որ ան կ’ակնարկէ Տիրոջ նշանաւոր Օրուան, որու կը վերաբերի արդէն հետագայ ամէն նկարագրութիւն»։ Ու. Է. Վայն կ’ըսէ. «‘Տէրունական Օրը’ ... աշխարհը դատելու համար Իր յայտնուելիք Օրն է»։ Ֆրից Ռիընէքէրի Աստուածաշունչի Բառագիրքը (Գերմ.) կ’ըսէ թէ «Տէրունական օր»ը յստակօրէն կ’ակնարկէ «դատաստանի օր»ուան։

«Տէրունական օր» արտայայտութեան շիտակ հասկացողութիւնը մեզի կ’օգնէ ամբողջ Յայտնութիւն գիրքը հասկնալու։ Մանաւանդ իրողութիւնները ցոյց կու տան որ այդ օրը արդէն սկսած է։ Ուստի, որքան կարեւոր է որ ‘լսենք այս մարգարէութեան խօսքերը եւ պահենք ինչ որ անոր մէջ գրուած է’։—Յայտնութիւն 1։3, 19

[Նկար՝ էջ 23]

Յայտնութիւն գրքին իւրաքանչիւր համարի յստակ եւ այժմէական բացատրութիւն մը տրուած է՝ «Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է» գրքին մէջ։ Աստուածաշունչի սերտողութեան այս գրաւիչ օգնականը կարելի է ձեռք ձգել Եհովայի Վկաներէն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել