-
Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
Աստղերը եւ Աշտանակները
5. Ըստ Յիսուսի, ի՞նչ են «եօթը աստղերը» եւ «եօթը աշտանակները»։
5 Յովհաննէս Յիսուսը կը տեսնէ եօթը ոսկեղէն աշտանակներու միջեւ եւ իր աջ ձեռքին մէջ՝ եօթը աստղեր։ (Յայտնութիւն 1։12, 13, 16) Ապա Յիսուս հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Եօթը աստղերուն [«սրբազան», ՆԱ] խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։—Յայտնութիւն 1։20
-
-
Սրբազան խորհուրդի մը յայտնումըՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
9. (ա) Եօթը աշտանակները ի՞նչ կը ներկայացնեն եւ ինչո՞ւ աշտանակները յարմար խորհրդանիշներ են ասոր համար։ (բ) Տեսիլքը հաւանաբար ի՞նչ կը յիշեցնէր Յովհաննէս առաքեալին։
9 Եօթը աշտանակները այն եօթը ժողովքներն են, որոնց Յովհաննէս ուղղեց Յայտնութիւն գիրքը. Եփեսոս, Զմիւռնիա, Պերգամոն, Թիւատիր, Սարդիկէ, Ֆիլատելֆիա, եւ Լաւոդիկէ։ Ինչո՞ւ ժողովքները աշտանակներով խորհրդանշուած են։ Քանի որ Քրիստոնեաները՝ անհատապէս կամ հաւաքաբար որպէս ժողովք, այս խաւար աշխարհին մէջ պէտք է ‘իրենց լոյսը փայլեցնեն մարդոց առջեւ’։ (Մատթէոս 5։14-16, ՆԱ) Ասկէ զատ, աշտանակները Սողոմոնի տաճարին կարասիներուն մաս կը կազմէին։ Ժողովքները աշտանակներ կոչելը հաւանաբար Յովհաննէսի կը յիշեցնէր որ օծեալներու իւրաքանչիւր ժողովք, այլաբանօրէն «Աստուծոյ տաճար»ն է, ուր Աստուծոյ հոգին կը բնակի։ (Ա. Կորնթացիս 3։16) Յաւելեալ ըլլալով, հրէական տաճարի կարգադրութեան հակատիպին մէջ, օծեալներու ժողովքի անդամները կը ծառայեն որպէս «թագաւորական քահանայութիւն» մը Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարի կարգադրութեան մէջ, որու Քահանայապետը Յիսուս է եւ ուր Եհովա անձնապէս կը բնակի երկնային Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ։—Ա. Պետրոս 2։4, 5, 9. Եբրայեցիս 3։1. 6։20. 9։9-14, 24
-