Երրորդ հազարամեակը ե՞րբ կը սկսի
ԼՍԵՑԻ՞Ք թէ ըստ ոմանց երրորդ հազարամեակը 2000 թուականին պիտի չսկսի այլ՝ 2001–ին։ Այդ խօսքը որոշ չափով շիտակ է։ Եթէ ենթադրենք որ Յիսուս Քրիստոս ծնած է այդպէս ընդունուած Հ.Դ.Ա. 1–ին, ինչպէս ատեն մը ոմանք կ’ենթադրէին, հետեւաբար 31 Դեկտեմբեր 2000–ը (եւ ոչ թէ 1999–ը) իրապէս երկրորդ հազարամեակին վերջը պիտի նշէ. իսկ 1 Յունուար 2001–ը երրորդ հազարամեակին սկիզբը պիտի ըլլայ։a Սակայն, ներկայիս գրեթէ բոլոր ուսումնականներն ալ կը համաձայնին թէ Յիսուս Քրիստոս Հ.Դ.Ա. 1–ին ծնած չէ։ Ուստի, ան ե՞րբ ծնած է։
Յիսուս Ե՞րբ Ծնած Է
Աստուածաշունչը չի յայտներ Յիսուսի ծննդեան ճշգրիտ թուականը։ Սակայն, կ’ըսէ թէ ան «Հերովդէս թագաւորին օրերը» ծնաւ։ (Մատթէոս 2։1) Աստուածաշունչի ուսումնականներէն շատեր կը հաւատան թէ Հերովդէս մեռաւ Հ.Դ.Ա. 4–ին եւ թէ Յիսուս ծնած ըլլալու էր անկէ առաջ, հաւանաբար՝ Հ.Դ.Ա. 5–ին կամ 6–ին։ Անոնք Հերովդէսի մահուան մասին իրենց ենթադրութիւնները կը հիմնեն առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոսի խօսքերուն վրայ։b
Յովսեպոսի համաձայն, Հերովդէս Թագաւորի մահէն քիչ առաջ, լուսնի խաւարում մը պատահեցաւ։ Աստուածաշունչի ուսումնականները 11 Մարտ Հ.Դ.Ա. 4–ին տեղի ունեցած լուսնի մասնակի խաւարումին կ’ակնարկեն որպէս փաստ, թէ Հերովդէս այդ տարին մեռած ըլլալու էր։ Սակայն, Հ.Դ.Ա. 1–ին, լուսնի ընդհանուր խաւարում մը տեղի ունեցաւ Յունուար 8–ին, ապա՝ մասնակի խաւարում մը Դեկտեմբեր 27–ին։ Ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել թէ Յովսեպոս ո՛ր խաւարումին կ’ակնարկէր, Հ.Դ.Ա. 1–ի խաւարումներո՞ւն, թէ Հ.Դ.Ա. 4–ի խաւարումին։ Հետեւաբար, չենք կրնար Յովսեպոսի խօսքերը գործածելով Հերովդէսի մահուան ճիշդ տարին գիտնալ։ Նոյնիսկ եթէ կարենայինք, առանց յաւելեալ տեղեկութեան տակաւին պիտի չկրնայինք Յիսուսի ծննդեան թուականը որոշել։
Յիսուսի ծննդեան թուականին նկատմամբ մեր ունեցած ամենէն զօրաւոր ապացոյցը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ Յիսուսի զարմիկը՝ Յովհաննէս Մկրտիչ, որպէս մարգարէ իր ասպարէզը սկսաւ Հռովմի Տիբերիոս Կայսրին 15–րդ տարին։ (Ղուկաս 3։1, 2) Աշխարհային պատմութիւնը կը հաստատէ թէ Տիբերիոս կայսր հռչակուեցաւ 15 Սեպտեմբեր Հ.Դ. 14–ին, ուստի անոր 15–րդ տարին կը սկսի Հ.Դ. 28–ի վերջաւորութեան եւ կը վերջանայ Հ.Դ. 29–ի վերջաւորութեան։ Յովհաննէս իր ծառայութիւնը սկսաւ այդ շրջանին եւ բացայայտօրէն, Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ անկէ վեց ամիս ետք։ (Ղուկաս 1։24-31) Ասիկա ուրիշ ապացոյցներու հետ միացնելով, Յիսուսի ծառայութեան սկիզբը կը դնեն Հ.Դ. 29–ի աշնան։c Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ «գրեթէ երեսուն տարեկան էր»։ (Ղուկաս 3։23) Եթէ ան Հ.Դ. 29–ի աշնան 30 տարեկան էր, Հ.Դ.Ա. 2–ի աշնան ծնած ըլլալու էր։ Հիմա, եթէ Հ.Դ.Ա. 2–ի աշունէն սկսեալ երկու հազար տարի հաշուենք (յիշելով որ զեռօ տարի մը գոյութիւն չունի. ուստի, Հ.Դ.Ա. 2–էն մինչեւ Հ.Դ. 1–ը երկու տարի է), կը նկատենք թէ երկրորդ հազարամեակը լրացաւ եւ երրորդ հազարամեակը սկսաւ 1999–ի աշնան։
Ասիկա տարբերութիւն կ’ընէ՞։ Զոր օրինակ, երրորդ հազարամեակին սկիզբը Յայտնութեան գրքին ակնարկած Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան սկի՞զբը կը նշէ։ Ո՛չ։ Աստուածաշունչը ոչ մէկ տեղ կ’ըսէ թէ երրորդ հազարամեակին եւ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան միջեւ կապ մը կայ։
Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց թուականներու շուրջ ենթադրութիւններ ընելու դէմ։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ»։ (Գործք 1։7) Նախապէս, Յիսուս յայտնեց թէ նոյնիսկ ի՛նք այն պահուն չէր գիտեր թէ Աստուած այս չար դրութեան վրայ ե՛րբ դատաստան պիտի գործադրէ, Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ճամբան հարթելու համար։ Ան ըսաւ. «Ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը»։—Մատթէոս 24։36, Անթիլիաս։
Տրամաբանակա՞ն է ակնկալել որ Քրիստոս որպէս մարդ իր ծննդեան թուականէն ճիշդ 2,000 տարի ետք վերադառնայ։ Ո՛չ, տրամաբանական չէ։ Յիսուս իր ծննդեան թուականը գիտնալու էր։ Ան նաեւ վստահաբար գիտէր այդ թուականէն սկսեալ 2,000 տարի հաշուել։ Այսուհանդերձ, ան իր գալուստին օրը եւ ժամը չէր գիտեր։ Ակներեւաբար, իր վերադարձի թուականին մատնանշելը այդքան ալ պարզ չէր։ «ժամերը եւ ժամանակները» Հօրը իրաւասութիւնն էր, միա՛յն ինք գիտէր։
Ասկէ զատ, Յիսուս իր հետեւորդներուն չպատուիրեց որ զինք սպասեն աշխարհագրական որոշ տեղ մը։ Ան չըսաւ, որ անոնք իրարու քով հաւաքուելով սպասեն, այլ՝ «մինչեւ երկրին ծայրերը» ցրուին եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտեն։ Ան այս պատուէրը երբեք չփոխեց։—Գործք 1։8. Մատթէոս 28։19, 20
Անոնց Հազարամեակի Յոյսերը Ի Դերե՞ւ Պիտի Ելլեն
Այսուհանդերձ, կարգ մը կրօնական ծայրայեղականներ 2000 թուականին նկատմամբ մեծ ակնկալութիւններ ունին։ Անոնք կը հաւատան թէ յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին, Յայտնութիւն գրքին հատուածներէն ոմանք բառացի կատարում մը պիտի ունենան։ Արդարեւ, անոնք կը հաւատան թէ իրենք ալ այդ կատարումին մէջ դեր մը պիտի ունենան։ Օրինակի համար, Յայտնութիւն 11։3, 7, 8–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան կը մատնանշեն, ուր կը խօսի երկու վկաներու մասին, որոնք մարգարէութիւն կ’ընեն ‘մեծ քաղաքին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ’։ Երբ անոնք իրենց մարգարէութիւնը լրացնեն, երկու վկաները անդունդէն ելլող վայրի գազանի մը կողմէ կը սպաննուին։
Տը Նիու Եորք Թայմզ Պարբերաթերթին, 27 Դեկտեմբեր 1998–ի համարով լոյս տեսած տեղեկագրութեան մը համաձայն, կրօնական խումբի մը առաջնորդը «իր հետեւորդներուն ըսած է թէ ինք այդ վկաներէն մէկն է, եւ թէ երկրին կործանումը եւ Տիրոջ գալուստը ծանուցանելու, ապա Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ Սատանայի կողմէ սպաննուելու նախասահմանուած է»։ Հասկնալիօրէն, Իսրայէլի կառավարութիւնը մտահոգ է։ Անոնք կը վախնան որ կարգ մը ծայրայեղականներ թերեւս փորձեն մարգարէութիւնը իրենց ձեռքով «կատարել», նոյնիսկ եթէ ասիկա զինեալ բախումի մը ծայր տայ։ Սակայն, Աստուած մարդոց «օգնութեան» պէտք չունի իր նպատակը յաջողեցնելու համար։ Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները պիտի կատարուին Աստուծո՛յ որոշած ժամանակին եւ ի՛ր ուզած կերպով։
Յայտնութիւն գիրքը «նշաններով» գրուած էր։ Յայտնութիւն 1։1–ի (ՆԱ) համաձայն, Յիսուս ուզեց «իր ծառաներուն» ցուցնել (եւ ոչ թէ ընդհանուր աշխարհին) ինչ որ շուտով տեղի պիտի ունենար։ Յայտնութիւն գիրքը հասկնալու համար, Քրիստոսի ծառաները, կամ հետեւորդները, Աստուծոյ սուրբ հոգիին կարիքը ունէին, զոր Եհովա կու տայ զինք հաճեցնողներուն։ Եթէ Յայտնութիւն գիրքը բառացիօրէն պէտք էր հասկցուէր, նոյնիսկ անհաւատ մարդիկ կրնային զայն կարդալ ու հասկնալ։ Այն ժամանակ հարկ ալ պիտի չըլլար որ Քրիստոնեաներ զայն հասկնալու համար սուրբ հոգիին համար աղօթէին։—Մատթէոս 13։10-15
Տեսանք թէ սուրբ գրային ապացոյցներու համաձայն, Յիսուսի ծննդեան երրորդ հազարամեակը 1999–ի աշնան կը սկսի, եւ թէ ո՛չ այս թուականը, ո՛չ 1 Յունուար 2000–ը եւ ո՛չ ալ 1 Յունուար 2001–ը որեւէ մասնայատուկ նշանակութիւն ունի։ Սակայն, կա՛յ հազարամեակ մը որ Քրիստոնեաները մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Եթէ անիկա երրորդ հազարամեակը չէ, հապա ո՞րն է։ Այս յօդուածաշարքին երրորդ մասը պիտի պատասխանէ այս հարցումին։
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ «2000 թէ՛ 2001» խորագրով շրջագիծը, էջ 5։
b Այս ուսումնականներուն ժամանակագրութեան համաձայն, երրորդ հազարամեակը լրացած պէտք էր ըլլար 1995–ին կամ 1996–ին։
c Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, հաճեցէք տեսնել՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 1094-1095։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
2000 թէ՛ 2001
Որպէսզի հասկնանք թէ ոմանք ինչո՛ւ կը դաւանին որ Յիսուսի ծննդեան երրորդ հազարամեակը պիտի սկսի 1 Յունուար 2001–ին, նկատի առէք այս օրինակը։ Ենթադրենք որ 200 էջնոց գիրք մը կը կարդաք։ Երբ 200–րդ էջին սկիզբը հասնիք, 199 էջ կարդացած կ’ըլլաք եւ տակաւին էջ մը մնացած կ’ըլլայ։ Գիրքը ամբողջացուցած պիտի չըլլաք մինչեւ 200–րդ էջին վերջաւորութեան հասնիք։ Նմանապէս՝ 31 Դեկտեմբեր 1999–ին, ներկայ հազարամեակէն 999 տարիներ անցած պիտի ըլլան, հետեւաբար, մէկ տարի մնացած կ’ըլլայ հազարամեակի վերջաւորութեան։ Այս հաշուով, երրորդ հազարամեակը կը սկսի 1 Յունուար 2001–ին։ Սակայն, ինչպէս այս յօդուածը ցոյց կու տայ, ասիկա չի նշանակեր որ այդ թուականին Յիսուսի ծնունդէն ճիշդ 2,000 տարի անցած պիտի ըլլայ։
[Շրջանակ՝ էջ 6]
Ք.Ա.–Յ.Տ. Թուարկելու Մեթոտը Ի՛նչպէս Զարգացաւ
Հ.Դ. վեցերորդ դարու սկիզբը, Յովհաննէս Ա. Պապը, Դիոնեսիոս Էքսիկիւս կոչուած վանականին յանձնարարութիւն տուաւ որ հաշուելու դրութիւն մը զարգացնէ, որպէսզի եկեղեցիները կարենան Զատկի համար պաշտօնական թուական մը որոշել։
Դիոնեսիոս գործի լծուեցաւ։ Ան դէպի ետ հաշուեց, անցաւ Յիսուսի մահը, հասաւ Յիսուսի ծննդեան կարծեցեալ թուականը, ապա այդ թուականէն դէպի առջեւ հաշուեց։ Դիոնեսիոս, Յիսուսի ծնունդէն ետք ժամանակաշրջանը կոչեց «Յ.Տ.» (Յամի Տեառն՝ «մեր Տիրոջ տարին»)։ Մինչ Դիոնեսիոսի նպատակն էր ամէն տարի Զատկի թուականը հաշուելու մեթոտ մը հնարել, ան անգիտակցաբար Յիսուսի ծնունդէն ետք տարիները հաշուելու գաղափարը ներկայացուց։
Թէեւ ուսումնականներէն շատեր կը համաձայնին թէ Յիսուս չէ ծնած Դիոնեսիոսի հաշիւներուն որպէս հիմ ծառայող տարին, սակայն անոր ժամանակագրութեան մեթոտը թոյլ կու տայ որ ժամանակի հոսանքին մէջ դէպքերու թուականները որոշենք եւ իրարու հետ անոնց կապը տեսնենք։