Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ Արմագեդոնին
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 22. Յովհաննէս ի՞նչպէս կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը։

      22 Յովհաննէս այս կերպով կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը. «Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան»։—Յայտնութիւն 19։19-21

  • Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ Արմագեդոնին
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 24. (ա) Գազանին եւ սուտ մարգարէին վրայ ի՞նչ դատաստան ի գործ կը դրուի, եւ ի՞նչ առումով անոնք տակաւին «ողջ» են։ (բ) «Կրակին լիճը» ինչո՞ւ այլաբանական պէտք է ըլլայ։

      24 Ծովէն ելլող եօթը գլուխով ու տասը եղջիւրով գազանը, որ կը ներկայացնէ Սատանայի քաղաքական կազմակերպութիւնը, մոռացութեան կը մատնուի եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, եօթներորդ աշխարհակալ ուժը։ (Յայտնութիւն 13։1, 11-13. 16։13) Երբ տակաւին «ողջ» են, կամ երբ տակաւին երկրի վրայ միասնաբար կը գործեն Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ, անոնք «կրակին լիճը» կը ձգուին։ Ասիկա բառացի՞ կրակի լիճ մըն է։ Ո՛չ, ինչպէս որ գազանը եւ սուտ մարգարէն բառացի անասուններ չեն։ Այլ, անիկա ամբողջական, վերջնական բնաջնջումի խորհրդանիշ մըն է. վայր մը ուրկէ վերադարձ չկայ։ Հոս է որ հետագային մահը եւ Հատէսը, ինչպէս նաեւ Սատանան պիտի նետուին։ (Յայտնութիւն 20։10, 14) Վստահաբար անիկա չարերուն համար յաւիտենական տանջանքի դժոխք մը չէ, քանի որ այդպիսի վայրի մը գաղափարն իսկ զզուելի է Եհովայի։—Երեմեայ 19։5. 32։35. Ա. Յովհաննու 4։8, 16

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել