-
Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ ԱրմագեդոնինՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
22. Յովհաննէս ի՞նչպէս կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը։
22 Յովհաննէս այս կերպով կ’ամփոփէ վերջնական պատերազմին ընթացքը. «Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան»։—Յայտնութիւն 19։19-21
-
-
Ռազմիկ Թագաւորը յաղթական՝ ԱրմագեդոնինՅայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
-
-
25. (ա) Որո՞նք են «ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն» սպաննուածները։ (բ) Կրնա՞նք ակնկալել որ այդ ‘սպաննուածներէն’ ոեւէ մէկը յարուցանուի։
25 Մնացեալ բոլորը, որոնք ուղղակիօրէն կառավարութեան մաս չկազմելով հանդերձ, այս ապականած աշխարհի մարդկութեան անուղղայ անդամներն էին, անոնք ալ «սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն»։ Յիսուս զանոնք մահուան արժանի պիտի յայտարարէ։ Քանի որ իրենց պարագային կրակի լիճը յիշուած չէ, կրնա՞նք ակնկալել որ անոնք յարուցանուին։ Որեւէ տեղ չէ ըսուած թէ այն ատեն Եհովայի Դատաւորին ձեռքով մեռնողները պիտի յարուցանուին։ Ինչպէս Յիսուս ի՛նք ըսաւ, անոնք որոնք «ոչխարներ» չեն, պիտի երթան «յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն» համար, ուրիշ խօսքով՝ «յաւիտենական կործանում»ի։ (Մատթէոս 25։33, 41, 46, ՆԱ) Ասով՝ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» իր յանգումին կը հասնի։—Բ. Պետրոս 3։7. Նաւումայ 1։2, 7-9. Մաղաքեայ 4։1
-