Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Լուսափայլ քաղաքը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • 6. (ա) Յովհաննէս ի՞նչպէս կը նկարագրէ քաղաքին չափուիլը, եւ այս չափուիլը ի՞նչ կը նշէ։ (բ) ‘Մարդու ու հրեշտակի չափ’ գործածուիլը ի՞նչպէս կարելի է բացատրել։ (Տես ստորանիշը։)

      6 Յովհաննէս կը շարունակէ պատմել. «Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։ Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։ Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը»։ (Յայտնութիւն 21։15-17) Երբ տաճարին սրբարանը չափուեցաւ, անիկա՝ անոր նկատմամբ Եհովայի նպատակին իրագործուիլը կ’երաշխաւորէր։ (Յայտնութիւն 11։1) Հիմա հրեշտակին կողմէ Նոր Երուսաղէմին չափուիլը ցոյց կու տայ թէ այս փառահեղ քաղաքին նկատմամբ Եհովայի նպատակները իրապէս անփոփոխելի են։a

      7. Քաղաքին չափերը ի՞նչ կերպով ուշագրաւ են։

      7 Ասիկա ի՜նչ ուշագրաւ քաղաք մըն է։ Անթերի քառակուսի մը, որուն շրջագիծն է 12,000 ասպարէզ (շուրջ 2,220 քմ.), շրջապատուած 144 կանգուն (64 մեթր) բարձրութիւն ունեցող պարիսպով մը։ Բառացի ո՛չ մէկ քաղաք այսպիսի չափեր կրնայ ունենալ։ Անիկա արդի Իսրայէլի հողամասին 14 անգամը կրնայ ծածկել, եւ դէպի երկինք սլացող շուրջ 560 քմ. բարձրութիւն կ’ունենայ։ Յայտնութիւնը խորհրդանշաններով տրուած է։ Ուստի, այս չափերը մեզի ի՞նչ կը հասկցնեն երկնային Նոր Երուսաղէմի մասին։

      8. Ի՞նչ կը նշէ (ա) քաղաքի պարիսպի բարձրութեան 144 կանգուն ըլլալը. (բ) քաղաքին չափը 12,000 ասպարէզ ըլլալը. (գ) քաղաքը անթերի քառակուսի ըլլալը։

      8 Պարիսպին բարձրութիւնը 144 կանգուն ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ որ այդ քաղաքը Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած 144,000 հոգեւոր որդիներէն կը բաղկանայ։ Քաղաքին չափը՝ համահաւասար երկայնութիւնը, լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը, 12,000 ասպարէզ էր. այս չափին մէջ 12 թիւին յայտնուիլը Աստուածաշունչի մարգարէական պատկերներուն մէջ գործածուած է խորհրդանշելու համար կազմակերպչական կարգադրութիւններ։ Հետեւաբար, Նոր Երուսաղէմը հոյակապօրէն ծրագրուած կազմակերպչական կարգադրութիւն մըն է Աստուծոյ յաւիտենական նպատակը իրագործելու համար։ Նոր Երուսաղէմը, Յիսուս Քրիստոս Թագաւորին հետ, Եհովայի թագաւորական կազմակերպութիւնն է։ Կայ նաեւ քաղաքին ձեւը, որ անթերի քառակուսի մըն է։ Սողոմոնի տաճարին մէջ, Սրբութիւն Սրբութեանցը, որ Եհովայի ներկայութիւնը խորհրդանշող բան մը կը պարունակէր, անթերի քառակուսի մըն էր։ (Գ. Թագաւորաց 6։19, 20) Ուստի ո՜րքան տեղին է որ ուղղակի Եհովայի փառքով լուսաւորուած Նոր Երուսաղէմը, կատարեալ ու հսկայ քառակուսիի մը երեւոյթը ունենայ։ Անոր բոլոր չափերը կատարելապէս հաւասարակշռուած են։ Անիկա քաղաք մըն է որ անհարթութիւններ կամ թերութիւններ չունի։—Յայտնութիւն 21։22

  • Լուսափայլ քաղաքը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
    • a ‘Մարդու ու հրեշտակի չափ’ գործածուիլը կրնայ նշել այն իրողութեան որ քաղաքը կազմուած էր 144,000–է, որոնք նախապէս մարդ արարածներ էին, բայց ետքը հոգեւոր արարածներ եղան՝ հրեշտակներուն մէջ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել