-
Գիտութիւնը փաստա՞ծ է Աստուածաշունչին սխալ ըլլալըԱստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
-
-
Գլուխ 8
Գիտութիւնը փաստա՞ծ է Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը
1613–ին, Իտալացի գիտնական Գալիլէոս երկ մը հրատարակեց, որ ծանօթ է որպէս «Նամակներ՝ արեւաբիծերուն Մասին»։ Անոր մէջ, ան ապացոյցներ կը ներկայացնէր թէ երկիրը կը թաւալի արեւուն շուրջ եւ ոչ թէ արեւը՝ երկրին շուրջ։ Ասիկա միջադէպերու ծայր տուաւ, որոնք վերջապէս զինք բերին Հռովմէական Կաթողիկէ Հաւատաքննութեան առջեւ, «հերետիկոսութեան ուժեղ կասկածանքի ամբաստանութեամբ»։ Վերջապէս, ան պարտադրուեցաւ «հերքել» իր ըսածը։ Երկիրը արեւուն շուրջ թաւալելուն գաղափարը ինչո՞ւ հերետիկոսութիւն կը նկատուէր։ Քանի որ Գալիլէոսը ամբաստանողները կը դաւանէին թէ ասիկա հակառակ էր Աստուածաշունչի ըսածին։
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Գալիլէոս թելադրեց որ երկիրը արեւուն շուրջ կը թաւալի։ (բ) Թէեւ Աստուածաշունչը գիտական դասագիրք մը չէ, սակայն երբ զայն բաղդատենք արդի գիտութեան հետ, ի՞նչ կը տեսնենք։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ընդհանուր կարծիք մը կայ թէ Աստուածաշունչը հակա–գիտական է եւ ոմանք ասիկա փաստելու համար յաճախ Գալիլէոսի փորձառութիւններուն կը մատնանշեն։ Բայց արդեօք պարագան ա՞յս է։ Երբ այս հարցումին կը պատասխանենք, պէտք է յիշենք որ Աստուածաշունչը մարգարէութիւն, պատմութիւն, աղօթք, օրէնք, խրատ եւ Աստուծոյ մասին գիտութիւն պարունակող գիրք մըն է։ Անիկա չի դաւանիր գիտական դասագիրք մը ըլլալ։ Այսուհանդերձ, երբ Աստուածաշունչը գիտական հարցեր կը շօշափէ, իր ըսածը ամբողջովին ճշգրիտ է։
Մեր Երկիր Մոլորակը
2. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ անջրպետին մէջ երկրի դիրքը։
2 Նկատի առէք, զոր օրինակ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ մեր մոլորակին՝ երկրին՝ մասին։ Յոբայ գիրքին մէջ կը կարդանք. «[Աստուած] հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ»։ (Յոբ 26։7) Ասիկա բաղդատեցէք Եսայիի խօսքերուն հետ, երբ կ’ըսէ. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը»։ (Եսայեայ 40։22) Հոս թելադրուած պատկերը՝ «պարապ տեղին» մէջ ‘ոչնչին վրայ կախուող’ կլոր երկիր մը՝ մեզի անմիջապէս կը յիշեցնէ պարապ անջրպետին մէջ ծփացող երկրագունդը զոր աստղանաւորդներ լուսանկարած են։
3, 4. Երկրին ջուրի շրջանը ի՞նչ է, եւ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այդ մասին։
3 Նկատի առէք նաեւ երկրին ջուրի ապշեցուցիչ շրջանը։ Գոմբթըն Համայնագիտարանը (Անգլ.) հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ. «Ջուրը ... ովկիանոսներու մակերեսէն շոգիանալով կը թափանցէ մթնոլորտին մէջ ...։ Խոնաւութեամբ ծանրաբեռնուած օդը երկրին ներքին կողմերը կը քշուի մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող օդային յարատեւ հոսանքներու միջոցաւ։ Երբ օդը պաղի, շոգին խտանալով կը վերածուի ջուրի կաթիլներու, զորս սովորաբար կը տեսնենք որպէս ամպեր։ Յաճախ այս կաթիլները իրար կը միանան անձրեւի կաթիլներ կազմելու համար։ Եթէ մթնոլորտը աւելի պաղի, փոխանակ անձրեւի կաթիլներու, ձիւնի փաթիլներ կը կազմուին։ Երկու պարագային ալ, ովկիանոսէն հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր քիլոմեթր ճամբորդած ջուրը դարձեալ կը թափի երկրի վրայ։ Ապա անիկա գետերու կը միանայ կամ հողին մէջ կը սուզուի եւ ապա ետ դէպի ծով իր ճամբորդութեան կը ձեռնարկէ»։1
4 Ցամաք երկրին վրայ կեանքը կարելի դարձնող այս հոյակապ գործարկութիւնը Աստուածաշունչին մէջ լաւ կերպով նկարագրուած էր շուրջ 3,000 տարիներ առաջ, հետեւեալ պարզ բառերով. «Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, նորէն հո՛ն կ’երթան»։—Ժողովողի 1։7
5. Երկրին լեռներու կազմութեան մասին սաղմոսերգուին բացատրութիւնը ինչպէ՞ս հոյակապ կերպով արդիական է։
5 Թերեւս նոյնիսկ աւելի հոյակապ է լեռներու պատմութեան Աստուածաշունչի խորաթափանց տեղեկութիւնը։ Երկրաբանութեան մասին դասագիրք մը հետեւեալը կ’ըսէ. «Նախա–Կամբրիական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, լեռներու կազմութեան եւ կործանման յարատեւ գործարկութիւնը շարունակուած է։ ... Ոչ միայն լեռներ ծագում առած են անհետացած ծովերու յատակէն, այլ անոնք իրենց կազմութենէն երկար ժամանակ ետք յաճախ մխրճուած եւ ապա դարձեալ բարձրացած են»։2 Ասիկա բաղդատեցէք սաղմոսերգուին բանաստեղծական լեզուին հետ. «[Երկիրը] անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով, ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։ Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան, այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար»։—Սաղմոս 104։6, 8
«Սկիզբէն»
6. Տիեզերքի ծագման մասին Աստուածաշունչի ո՞ր խօսքը համաձայն է մերօրեայ գիտական վարկածներուն հետ։
6 Աստուածաշունչին առաջին համարը կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։ (Ծննդոց 1։1) Իրենց կատարած քննութիւններէն դատելով, գիտնականներ այն վարկածին յանգած են թէ նիւթական տիեզերքը իրապէս սկիզբ մը ունեցած է։ Անիկա միշտ գոյութիւն չէ ունեցած։ Աստղագէտ Ռապըրթ Ճէսթրօ, կրօնական հարցերու մէջ երեւութապաշտ մը, գրեց. «Աստղաբանական եւ Ծննդոցի սուրբ գրային պատմութիւններուն մէջ, մանրամասնութիւններ կը տարբերին, սակայն հիմնական տարրերը նոյնն են. մինչեւ մարդը հասնող դէպքերու շարքը յանկարծ կը սկսի, որոշ ժամանակ մը, լոյսի եւ ոյժանիւթի ճայթքումով մը»։3
7, 8. Թէեւ այս հարցին մէջ Աստուծոյ խաղցած դերը չեն ընդունիր, սակայն տիեզերքի ծագումին նկատմամբ շատ մը գիտնականներ կը պարտադրուին ի՞նչ ընդունիլ։
7 Թէեւ շատ մը գիտնականներ կը հաւատան թէ տիեզերքը սկիզբ մը ունեցած է, սակայն չեն ընդունիր «Աստուած ... ստեղծեց» խօսքը։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ ոմանք ներկայիս կ’ընդունին որ դժուար է ժխտել գոյութիւն ունեցող ամէն բանի ետին գտնուող մտացի Էութեան փաստերը։ Բնագիտութեան ուսուցչապետ Ֆրիման Տիսըն կը բացատրէ. «Որքան քննեմ տիեզերքը եւ սերտեմ անոր ճարտարագիտական կառոյցին մանրամասնութիւնները, այդքան աւելի փաստ կը գտնեմ թէ տիեզերքը կերպով մը տեղեակ ըլլալու էր մեր գալէն»։
8 Տիսըն կը շարունակէ ընդունիլ. «Ի. դարու եւ ոչ թէ ԺԸ. դարու խորհելակերպով եւ լեզուաբանական վարժութեամբ մարզուած գիտնական մը ըլլալով, չեմ դաւանիր որ տիեզերքին ճարտարագիտական կառոյցը կը փաստէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Միայն կը դաւանիմ որ տիեզերքին ճարտարագիտական կառոյցը ներդաշնակ է այն ենթադրութեան հետ թէ միտքը կարեւոր դեր մը կը խաղայ անոր գործելակերպին մէջ»։4 Իր բացատրութիւնը վստահաբար ներկայ սկեպտիկական կեցուածքը կը յայտնէ։ Սակայն այդ սկեպտիկութիւնը մէկդի դնելով, անհատ մը կը նշմարէ որ յատկանշական ներդաշնակութիւն մը կայ արդի գիտութեան եւ Աստուածաշունչի այն տեղեկութեան միջեւ թէ «սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։—Ծննդոց 1։1
Առողջութիւն եւ Առողջապահական Միջոցառումներ
9. Մորթային փոխանցիկ ախտերու մասին Աստուածաշունչի օրէնքը ինչպէ՞ս գործնական իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ։ (Յոբ 12։9, 16ա)
9 Հիմա նկատի առէք Աստուածաշունչի շօշափած ուրիշ մէկ մարզը. առողջութիւնը եւ առողջապահական միջոցառումները։ Եթէ Իսրայելացի մը բորոտութիւն թելադրող մորթային բիծ մը ունենար, ան կը մեկուսացուէր. «Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ»։ (Ղեւտացւոց 13։46) Վարակուած հագուստներն անգամ կ’այրուէին։ (Ղեւտացւոց 13։52) Այդ օրերուն, ախտին տարածումը արգիլելու համար, ասիկա միակ ազդեցիկ կերպն էր։
10. Կարգ մը երկիրներու մէջ շատեր ինչպէ՞ս պիտի օգտուէին, եթէ առողջապահութեան մասին Աստուածաշունչի խրատին հետեւէին։
10 Ուրիշ կարեւոր կէտ մը կապ ունէր մարդկային կղկղանքէն ձերբազատուելուն հետ, զոր բանակավայրէն դուրս պէտք էր թաղել։ (Բ. Օրինաց 23։12, 13) Այս օրէնքը անկասկած Իսրայելացիները պահպանեց շատ մը հիւանդութիւններէ։ Նոյնիսկ ներկայիս, մարդկային կեղտերէ ձերբազատուելու պատշաճ միջոցառումներ չունեցող կարգ մը երկիրներու մէջ առողջապահական լուրջ խնդիրներ գոյութիւն ունին։ Այդ երկիրներու մէջ ապրողները, եթէ պարզապէս հետեւէին հազարաւոր տարիներ առաջ Աստուածաշունչի մէջ գրուած օրէնքին, աւելի առողջ պիտի ըլլային։
11. Մտային առողջութեան մասին Աստուածաշունչի խրատին գործնական ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուած է։
11 Առողջապահութեան նկատմամբ Աստուածաշունչին բարձր չափանիշը մտային առողջութիւն ալ կը ներփակէր։ Աստուածաշունչի առակ մը ըսաւ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է»։ (Առակաց 14։30) Վերջին տարիներուն, բժշկական հետազօտութիւններ ցոյց տուած են թէ մեր մտավիճակը արդարեւ կ’ազդէ մեր ֆիզիքական առողջութեան։ Օրինակի համար, Ճոն Հոբքինս Համալսարանէն Բժիշկ Թովմաս շուրջ 16 տարիներու ընթացքին, հազարէ աւելի շրջանաւարտներ ուսումնասիրեց, անոնց հոգեբանական վիճակին եւ ենթակայ եղած ախտերուն միջեւ կապ մը գտնելու համար։ Ան հետեւեալը նշմարեց. Այն շրջանաւարտները, որոնք ճնշումի ներքեւ աւելի ջղային եւ աւելի մտահոգ էին, ախտերու աւելի ենթակայ էին։5
Աստուածաշունչը Ի՞նչ կ’Ըսէ
12. Կաթողիկէ Եկեղեցին ինչո՞ւ կը պնդէր թէ երկրին մասին Գալիլէոսի վարկածը հերետիկոսութիւն էր։
12 Եթէ Աստուածաշունչը այսքան ճշգրիտ է գիտական մարզերու մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին ինչո՞ւ ըսաւ որ Գալիլէոսի ուսուցումը թէ երկիրը արեւուն շուրջ կը թաւալի՝ սուրբ գրային չէր։ Պատճառը այդ հեղինակութիւններուն Աստուածաշունչի որոշ համարները մեկնաբանելու կերպն էր։6 Անոնց մեկնաբանութիւնները շիտա՞կ էին։ Անոնց մատնանշած երկու հատուածները կարդանք եւ տեսնենք։
13, 14. Կաթողիկէ Եկեղեցին ո՞ր համարները սխալ կերպով կը մեկնաբանէր։ Բացատրեցէք։
13 Անոնցմէ մէկը կ’ըսէ. «Արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ»։ (Ժողովողի 1։5) Ըստ Եկեղեցիին պատճառաբանութեան, «արեւը կը ծագի» եւ «արեւը մարը կը մտնէ» արտայայտութիւնները կը նշանակեն թէ արե՛ւը կը շարժի, ոչ թէ՝ երկիրը։ Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն կ’ըսենք թէ արեւը կը ծագի ու մարը կը մտնէ եւ շատերս գիտենք թէ երկի՛րն է, որ կը շարժի, ոչ թէ՝ արեւը։ Երբ այսպիսի արտայայտութիւններ կը գործածենք, պարզապէս կը նկարագրենք արեւուն երեւութական շարժումը, այնպէս ինչպէս կ’երեւնայ մարդկային աչքերուն։ Աստուածաշունչը գրողին պարագան ալ ճիշդ նոյնն էր։
14 Միւս հատուածը կ’ըսէ. «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէսզի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Ասոր այն մեկնաբանութիւնը տրուեցաւ թէ իր ստեղծուելէն ետք, երկիրը բնաւ չէր կրնար շարժիլ։ Իրականութեան մէջ սակայն, այս համարը կը շեշտէ երկրին մնայուն ըլլալը, ոչ թէ՝ անշարժ ըլլալը։ Երկիրը բնաւ պիտի «չխախտի» կամ կործանի, ինչպէս ուրիշ սուրբ գրային համարներ կը հաստատեն։ (Սաղմոս 37։29. Ժողովողի 1։4) Այս համարն ալ ոչ մէկ կապ ունի երկրին եւ արեւուն յարաբերական շարժումին հետ։ Գալիլէոսի ժամանակներուն, գիտական ազատ բանավէճերուն արգելք հանդիսացողը Եկեղեցին էր, ոչ թէ՝ Աստուածաշունչը։
Բարեշրջութիւն եւ Ստեղծագործութիւն
15. Ի՞նչ է բարեշրջութեան վարկածը, եւ անիկա ինչպէ՞ս կը հակասէ Աստուածաշունչին։
15 Սակայն, կայ մարզ մը, որու մէջ, շատեր կ’ըսեն որ կարելի չէ արդի գիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը իրարու հետ հաշտեցնել։ Շատ մը գիտնականներ կը հաւատան բարեշրջութեան վարկածին որ կը սորվեցնէ թէ բոլոր ապրող բաները միլիոնաւոր տարիներ առաջ գոյացած կեանքի պարզագոյն ձեւէ մը բարեշրջուած են։ Իսկ միւս կողմէն, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ ապրող բաներուն իւրաքանչիւր գլխաւոր տեսակ, մասնայատուկ կերպով ստեղծուած է եւ միայն ‘իր տեսակին պէս’ կ’արտադրէ։ Անիկա կ’ըսէ որ մարդը «գետնին հողէն» ստեղծուեցաւ։ (Ծննդոց 1։21. 2։7) Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ գիտական նշմարելի սխա՞լ մըն է։ Այս մասին որոշում առնելէ առաջ, աւելի մօտէն քննենք ինչ որ գիտութիւնը գիտէ եւ ինչ որ անոր համար դեռ վարկած մըն է։
16–18. (ա) Չարլզ Տարվինի մէկ դիտարկութիւնը ի՞նչ էր, որ զինք մղեց բարեշրջութեան վարկածը յղանալու։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք պատճառաբանել թէ Կալափակոս կղզիներուն վրայ Տարվինի նկատածը չի հակասեր Աստուածաշունչի ըսածին։
16 Բարեշրջութեան վարկածը ժողովրդական դարձաւ անցեալ դարու ընթացքին, Չարլզ Տարվինի կողմէ։ Երբ Տարվին Խաղաղականի Կալափակոս կղզիներուն վրայ կը գտնուէր, տարբեր կղզիներուն վրայ գտնուող սարեկիկներու այլազանութիւնը մեծապէս տպաւորեց զինք։ Ան հետեւցուց թէ այս բոլորը սերած ըլլալու էին մէկ նախատիպէ։ Մասամբ, այս դիտարկութիւնը պատճառ եղաւ որ ան ներկայացնէ այն վարկածը թէ բոլոր ապրող բաները նախնական մէկ ձեւէ յառաջ եկած են։ Ըստ իրեն, ստորին արարածները աւելի բարձր ձեւի կը բարեշրջուին բնական ընտրութեամբ, յարմարագոյնին վերապրումով։ Բարեշրջութեան շնորհիւ, ըսաւ ան, ցամաքային անասունները զարգացան ձուկերէն, թռչունները՝ սողուններէն, եւայլն։
17 Իրականութեան մէջ, Տարվին ինչ որ նկատեց այդ մեկուսացած կղզիներուն վրայ, Աստուածաշունչին հետ աններդաշնակ չէր, որովհետեւ անիկա կ’ընդունի այլազանութիւններու առկայութիւնը իւրաքանչիւր գլխաւոր տեսակի մէջ։ Մարդկային բոլոր ցեղերը, զոր օրինակ, ծագում առին մարդկային նախնական զոյգէ մը։ (Ծննդոց 2։7, 22–24) Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ այդ սարեկիկներու տարբեր տեսակները ծագում առնէին հասարակաց նախատիպէ մը։ Սակայն անոնք սարեկիկներ մնացին։ Անոնք բազէներու կամ արծիւներու չբարեշրջուեցան։
18 Ո՛չ սարեկիկներու այլազանութիւնը եւ ոչ ալ Տարվինին տեսած ուրիշ որեւէ բան կը փաստեն թէ բոլոր ապրող արարածները՝ ըլլան անոնք շանաձուկեր թէ ծովային թռչուններ, փիղեր թէ հողի որդեր, հասարակաց նախածնող մը ունին։ Այսուհանդերձ, շատ մը գիտնականներ կը հաստատեն թէ բարեշրջութիւնը այլեւս պարզ վարկած մը չէ, այլ՝ իրողութիւն մը։ Ուրիշներ, այդ վարկածին թերի ըլլալը ընդունելով հանդերձ, կ’ըսեն որ անոր կը հաւատան, քանի որ անիկա ժողովրդական է։ Մենք, սակայն, պէտք է գիտնանք թէ բարեշրջութիւնը Աստուածաշունչին սխալ ըլլալը փաստելու աստիճան ապացոյցներ ունի թէ ոչ։
Բարեշրջութիւնը Փաստուա՞ծ Է
19. Բրածոյական տուեալները թիկունք կը կանգնին բարեշրջութեա՞ն թէ ստեղծագործութեան։
19 Բարեշրջութեան վարկածը ինչպէ՞ս կարելի է ստուգել։ Ամենէն պարզ կերպն է բրածոյական տուեալները քննել, տեսնելու համար թէ տեսակներու միջեւ իրապէս աստիճանաւոր փոփոխութիւն մը եղա՛ծ է թէ ոչ։ Արդեօք բրածոները ասիկա փաստա՞ծ են։ Ո՛չ, ինչպէս շատ մը գիտնականներ պարկեշտօրէն կ’ընդունին։ Անոնցմէ մէկը՝ Ֆրանսիս Հիչինկ կը գրէ. «Երբ անասուններու գլխաւոր տեսակներու միջեւ կապեր փնտռէք, չէք կրնար գտնել»։7 Բրածոյական տուեալներուն մէջ ապացոյցի չգոյութիւնը այդքան բացայայտ է որ բարեշրջականներ Տարվինի աստիճանաւոր փոփոխութեան վարկածը փոխարինող լուծումներ կը փնտռեն։ Ճշմարտութիւնը այն է, սակայն, թէ բրածոյական տուեալներուն մէջ անասնական տեսակներու յանկարծական երեւոյթը աւելի թիկունք կը կանգնի ստեղծագործութեան քան բարեշրջութեան։
20. Ապրող բջիջի մը վերարտադրուելու կերպը ինչո՞ւ թոյլ չի տար որ բարեշրջութիւնը տեղի ունենայ։
20 Ասկէ զատ, Հիչինկ ցոյց կու տայ թէ ապրող արարածները ծրագրուած են որ ճիշդ իրենց տեսակը արտադրեն եւ ոչ թէ ուրիշ բանի մը փոխուին։ Ան կ’ըսէ. «Ապրող բջիջները կը բազմանան գրեթէ ամբողջական հաւատարմութեամբ։ Սխալի հաւանականութեան աստիճանը այնքան ջնջին է, որ մարդակերտ ոչ մէկ մեքենայ կրնայ անոր հաւասարիլ։ Կան նաեւ բնածին պարտադրանքներ։ Բոյսերը որոշ չափի կը հասնին եւ կը մերժեն աւելի աճիլ։ Պտղաճանճերը կը շարունակեն պտղաճանճեր մնալ որեւէ պարագայի ներքեւ»։8 Պտղաճանճերը ուրիշ բանի փոխելու գիտնականներուն տասնեակ տարիներու ջանքերը ապարդիւն մնացած են։
Կեանքին Ծագումը
21. Լուտվիկ Բասթէօրի կողմէ փաստուած ի՞նչ եզրակացութիւն բարեշրջականներուն համար լուրջ հարց մըն է։
21 Բարեշրջականները չեն կրցած նաեւ ուրիշ փշոտ հարցի մը պատասխանել. Կեանքը ինչպէ՞ս ծագում առաւ։ Կեանքի ամենանախնական ձեւը, որմէ կ’ենթադրուի որ բոլորս ալ սերած ենք, ինչպէ՞ս գոյութիւն ունեցած է։ Դարեր առաջ, ասիկա հաւանաբար հարց մը չէր։ Այն ատեն շատեր կը խորհէին թէ նեխած միսէն ճանճեր կրնային յառաջ գալ եւ ցնցոտիներու կոյտերէն ինքնաբերաբար մուկ կրնար յառաջ գալ։ Սակայն, աւելի քան դար մը առաջ, Ֆրանսացի քիմիագէտ Լուտվիկ Բասթէօր յստակօրէն ցոյց տուաւ որ կեանքը կրնայ միայն նախագոյութիւն ունեցող կեանքէ մը յառաջ գալ։
22, 23. Ըստ բարեշրջականներուն, կեանքը ինչպէ՞ս գոյացաւ, բայց իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։
22 Արդ, բարեշրջականները ինչպէ՞ս կը բացատրեն կեանքի ակունքը։ Ըստ համաժողովրդային վարկածի մը, միլիոնաւոր տարիներ առաջ, քիմիական տարրերու եւ ոյժանիւթի պատահական ձուլումով կեանքը յանկարծ գոյացած է։ Սակայն Բասթէօրի փաստած սկզբունքին մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։ Համաշխարհային Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը բացատրէ. «Բասթէօր ցոյց տուաւ որ կեանքը չի կրնար յանկարծ յառաջ գալ ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող քիմիական եւ բնագիտական պայմաններուն ներքեւ։ Միլիառաւոր տարիներ առաջ սակայն, երկրի քիմիական եւ բնագիտական պայմանները շատ աւելի տարբեր էին»։9
23 Նոյնիսկ շատ աւելի տարբեր պայմաններու ներքեւ, հսկայ խրամատ մը կայ անկենդան նիւթին եւ կեանքի ամենապարզ տեսակին միջեւ։ Բարեշրջութիւն. Տագնապի մէջ Եղող Վարկած մը խորագրով իր երկին մէջ (Անգլ.), Մայքըլ Տէնթըն կ’ըսէ. «Ապրող բջիջի մը եւ լաւագոյն կերպով դասաւորուած անկենդան դրութեան մը միջեւ՝ ինչպէս բիւրեղ մը կամ ձիւնի փաթիլ մը՝ աներեւակայելիօրէն ընդարձակ եւ որոշ վիհ մը կայ»։10 Պատահական արկածով մը անկենդան նիւթէն կեանքը սկսած ըլլալու գաղափարը այնքան անհաւանական է, որ անկարելի է։ Աստուածաշունչի բացատրութիւնը՝ թէ ‘կեանքը կեանքէն յառաջ եկաւ’ եւ թէ Աստուած ստեղծեց կեանքը՝ համոզիչ կերպով ներդաշնակ է իրողութիւններուն հետ։
Ինչո՞ւ Մերժել Ստեղծագործութիւնը
24. Հակառակ բարեշրջութեան վարկածին յարուցած հարցերուն, ինչո՞ւ շատ մը գիտնականներ տակաւին անոր կառչած կը մնան։
24 Հակառակ բարեշրջութեան վարկածին յարակից հարցերուն, ստեղծագործութեան հաւատալը այսօր կը նկատուի որպէս հակա–գիտական, նոյնիսկ արտասովոր։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչո՞ւ Ֆրանսիս Հիչինկի նման հեղինակութիւն մը, որ բարեշրջութեան տկարութիւններուն պարկեշտօրէն մատնանշելէ ետք, կը մերժէ ստեղծագործութեան գաղափարը։11 Մայքըլ Տէնթըն կը բացատրէ որ բարեշրջութիւնը, իր բոլոր թերութիւններով, պիտի շարունակուի ուսուցուիլ, քանի որ ստեղծագործութեան հետ կապ ունեցող վարկածները «ուղղակի գերբնական պատճառներու կոչ կ’ընեն»։12 Ուրիշ խօսքով, քանի որ ստեղծագործութիւնը Ստեղծիչի մը կարիքը ցոյց կու տայ, հետեւաբար անիկա ընդունելի չէ։ Վստահաբար, ասիկա կը նմանի այն անվաւեր պատճառաբանութեան զոր տեսանք հրաշքներու պարագային. Հրաշքները անկարելի են, քանի որ անոնք հրաշալի են։
25. Գիտականօրէն խօսելով, բարեշրջութեան ո՞ր տկարութիւնները ցոյց կու տան որ անիկա չի կրնար կեանքի ծագումը բացատրելու մէջ վաւերականօրէն փոխարինել ստեղծագործութեան։
25 Գիտական տեսանկիւնէն դիտուած, արդէն բարեշրջութեան վարկածը մեծապէս անստոյգ է։ Մայքըլ Տէնթըն կը շարունակէ ըսել. «Հիմնականօրէն պատմական վերակառոյցի վարկած մը ըլլալով, [Տարվինի բարեշրջութեան վարկածը] անկարելի է ստուգել փորձով կամ ուղղակի քննարկութեամբ, ինչպէս սովորական է գիտութեան մէջ։ ... Ասկէ զատ, բարեշրջութեան վարկածը կապ ունի յատուկ դէպքերու յաջորդականութեան հետ, ինչպէս կեանքի ծագումը, իմացականութեան ծագումը, եւայլն։ Յատուկ դէպքերը անկրկնելի են եւ հետեւաբար կարելի չէ զանոնք ենթարկել որեւէ տեսակ հետախուզական փորձերու»։13 Ճշմարտութիւնը այն է թէ բարեշրջութեան վարկածը, հակառակ իր ժողովրդականութեան, թերութիւններով եւ խնդիրներով լեցուն է։ Անիկա վաւերական պատճառ մը չի տար կեանքի ծագման մասին Աստուածաշունչի պատմութիւնը մերժելու։ Ծննդոցի առաջին գլուխը տրամաբանական լման տեղեկութիւն կը հայթայթէ թէ այս «անկրկնելի», «յատուկ դէպքերը» ի՛նչպէս գոյացան ստեղծագործական ‘օրեր’ու ընթացքին, որոնք հազարաւոր տարիներու տեւողութիւն ունեցան։a
Ի՞նչ Կարելի Է Ըսել Ջրհեղեղին Մասին
26, 27. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Ջրհեղեղի մասին։ (բ) Հեղեղին ջուրերը մասամբ ուրկէ՞ եկած ըլլալու են։
26 Շատեր Աստուածաշունչի եւ արդի գիտութեան միջեւ եղող ենթադրեալ ուրիշ հակասութեան մը կը մատնանշեն։ Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք որ հազարաւոր տարիներ առաջ, մարդոց ամբարշտութիւնը այնքան շատ էր որ Աստուած որոշեց կործանել զանոնք։ Սակայն, ան արդար մարդու մը՝ Նոյին՝ հրահանգ տուաւ որ հսկայ փայտէ նաւ մը՝ տապան մը՝ շինէ։ Ապա Աստուած ջրհեղեղ մը բերաւ մարդկութեան վրայ։ Միայն Նոյ եւ իր ընտանիքը վերապրեցան, անասնական ամէն տեսակ նմուշի հետ։ Ջրհեղեղը այնքան մեծ էր որ ջուրերը «բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին»։—Ծննդոց 7։19
27 Ուրկէ՞ եկան այն բոլոր ջուրերը որոնք ամբողջ երկիրը ծածկեցին։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ ասոր։ Ստեղծագործութեան սկիզբը, երբ մթնոլորտի տարածութիւնը սկսաւ ձեւաւորուիլ, այն ատեն «հաստատութեանը տակ եղած ջուրեր» եւ «հաստատութեանը վրայ եղած ջուրեր» կազմուեցան։ (Ծննդոց 1։7. Բ. Պետրոս 3։5) Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Ջրհեղեղի ժամանակ, «երկնքի պատուհանները բացուեցան»։ (Ծննդոց 7։11) Բացայայտօրէն, «հաստատութեանը վրայ եղած ջուրեր»ը թափուեցան եւ հեղեղի մը յառաջացման նպաստեցին։
28. Աստուծոյ վաղեմի ծառաները, ինչպէս Յիսուս, ինչպէ՞ս կը նկատէին Ջրհեղեղը։
28 Արդի հրատարակութիւններ կը հերքեն տիեզերական ջրհեղեղի մը գաղափարը։ Ուստի կը հարցնենք. Ջրհեղեղը պարզ առասպե՞լ մըն է, թէ ոչ անիկա իրապէս տեղի ունեցած է։ Ասոր պատասխանելէ առաջ, պէտք է նշենք թէ հետագային Եհովայի երկրպագուները Ջրհեղեղը ընդունեցին որպէս հարազատ պատմութիւն մը. անոնք զայն չնկատեցին որպէս առասպել մը։ Անոնց մաս կը կազմէին Եսայի, Յիսուս, Պօղոս եւ Պետրոս, որոնք Ջրհեղեղին ակնարկեցին որպէս իրողութիւն մը։ (Եսայեայ 54։9. Մատթէոս 24։37–39. Եբրայեցիս 11։7. Ա. Պետրոս 3։20, 21. Բ. Պետրոս 2։5. 3։5–7) Սակայն, այս տիեզերական Ջրհեղեղին մասին հարցումներ կան, որոնք պատասխանի կը կարօտին։
Հեղեղին Ջուրերը
29, 30. Երկրի ջուրի մթերքին մասին ո՞ր իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ Ջրհեղեղը հնարաւոր էր։
29 Նախ, ամբողջ երկիրը ջուրով ծածկուելու գաղափարը շատ անտրամաբանական չէ՞։ Իրականութեան մէջ, Ո՛չ։ Արդարեւ, որոշ չափով երկիրը տակաւին ջուրով ողողուած է։ Անոր 70 առ հարիւրը ջուրով ծածկուած է եւ միայն 30 առ հարիւրը ցամաք է։ Ասկէ զատ, երկրի անոյշ ջուրին 75 առ հարիւրը կուտակուած է սառնադաշտերուն եւ բեւեռային սառնակոյտերուն մէջ։ Եթէ այս բոլոր սառերը հալէին, ծովուն մակերեսը շատ աւելի պիտի բարձրանար։ Նիւ Եորքի եւ Թոքիոյի նման քաղաքներ պիտի անհետանային։
30 Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) յաւելեալ տեղեկութիւն կու տայ, ըսելով. «Բոլոր ծովերուն խորութեան միջինը նկատուած է 3,790 մեթր, թիւ մը՝ որ համեմատաբար շատ աւելի բարձր է քան ծովուն մակերեսէն վեր ցամաքի բարձրութեան միջինը՝ որ է 840 մեթր։ Եթէ խորութեան միջինը բազմապատկուի անոր պատկան մակերեսի տարածութիւնով, Աշխարհի Ովկիանոսին ծաւալը ծովուն մակերեսէն վեր ցամաքի ծաւալէն 11 անգամ աւելի կ’ըլլայ»։14 Ուստի, եթէ ամէն բան հարթ հաւասար ըլլար, այսինքն, եթէ լեռները տափակցուէին եւ ծովուն խորութիւնները լեցուէին, ծովը հազարաւոր մեթր բարձրութեամբ պիտի ծածկէր ամբողջ երկիրը։
31. (ա) Ջրհեղեղը տեղի ունեցած ըլլալու համար, անկէ առաջ երկրի վիճակը ի՞նչ եղած պէտք էր ըլլար։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ հնարաւոր էր որ Ջրհեղեղէն առաջ լեռները աւելի ցած ըլլային, իսկ ծովուն խորութիւնները՝ աւելի ծանծաղ։
31 Ջրհեղերը տեղի ունեցած ըլլալու համար, նախա–Ջրհեղեղեան ծովուն հուները հիմակուընէ շատ աւելի ծանծաղ եղած ըլլալու էին, իսկ լեռները՝ աւելի ցած։ Ասիկա կարելի՞ է։ Գիրք մը հետեւեալը կ’ըսէ. «Հոն ուր հիմա աշխարհի լեռները գլխապտոյտ պատճառող բարձրութիւններով կը սլանան, միլիոնաւոր տարիներ առաջ, նոյնաձեւ ովկիանոսներով եւ դաշտագետիններով ծածկուած էին։ ... Ցամաքամասերու շերտերու շարժումները պատճառ կ’ըլլան որ մէկ կողմէն ցամաքին կարգ մը մասերը այդքան բարձրանան, ուր միայն ամենադիմացկուն անասունները եւ բոյսերը կրնան վերապրիլ, իսկ միւս ծայրայեղութեամբ, ծովուն մակերեսէն շատ աւելի վար իջնելով խորութեան մէջ խորասուզուիլ եւ ծածկուիլ»։15 Քանի որ լեռները եւ ծովուն հուները կը բարձրանան եւ կը ցածնան, բացայայտ է որ ատեն մը լեռները այսքան բարձր չէին եւ ծովու մեծ հուները այսքան խորունկ չէին։
32. Ջրհեղեղի ջուրերուն ի՞նչ պատահած ըլլալու է։ Բացատրեցէք։
32 Ջրհեղեղէն ետք, հեղեղի ջուրերուն ի՞նչ պատահեցաւ։ Անոնք ծովուն հուներուն մէջ հաւանաբար քաշուեցան։ Ինչպէ՞ս։ Գիտնականներ կը հաւատան որ ցամաքամասերը կը հանգչին հսկայական շերտերու վրայ եւ թէ այս շերտերուն շարժումը կրնայ պատճառ ըլլալ որ երկրի մակերեսին վրայ փոփոխութիւններ տեղի ունենան։ Ներկայիս աւելի քան 10,000 մեթր խորութեամբ հսկայ անդունդներ գոյութիւն ունին այդ շերտերու կարգ մը սահմանագծերուն միջեւ։16 Հետեւաբար շատ հաւանական է որ, թերեւս Ջրհեղեղի ազդեցութեան ներքեւ, այդ շերտերը շարժած, ծովուն հունը աւելի իջած եւ հսկայ խրամատներ բացուած ըլլան, թոյլ տալով որ երկիրը ողողած ջուրերը հոն քաշուին։b
Ջրհեղեղի Հետքե՞ր
33, 34. (ա) Գիտնականները ի՞նչ ապացոյցներ ունին, որոնք կը փաստեն Ջրհեղեղին տեղի ունեցած ըլլալը։ (բ) Տրամաբանակա՞ն է ըսել թէ գիտնականները կրնան իրողութիւնները սխալ մեկնաբանել։
33 Ենթադրենք որ հսկայ ջրհեղեղ մը տեղի ունեցած է. բայց գիտնականներ ինչո՞ւ անոր հետքը չեն գտած։ Թերեւս գտած են, բայց անոնք այս տուեալները ուրիշ կերպով կը մեկնաբանեն։ Օրինակի համար, աւանդական գիտութիւնը կը սորվեցնէ որ շատ մը տեղեր, երկրին մակերեսը ձեւափոխուած է, հսկայական սառնադաշտերու պատճառաւ, սառնակոյտի քանի մը դարերու ընթացքին։ Բայց սառնային գործունէութեան երեւութական ապացոյցը կրնայ երբեմն ջուրին ձգած ազդեցութեան պատճառաւ ըլլալ։ Շատ հաւանական է, ուրեմն, որ Ջրհեղեղի կարգ մը ապացոյցներ սխալ կերպով մեկնաբանուած են որպէս սառոյցի դարերու ապացոյց մը։
34 Նոյնանման սխալներ եղած են։ Հետեւեալը կը կարդանք այն ժամանակին մասին, երբ գիտնականներ սառոյցի դարերու իրենց վարկածը յառաջ կը տանէին. «Անոնք երկրաբանական պատմութեան ամէն հանգրուանին սառոյցի դարեր կը գտնէին, ըստ համաձեւութեան փիլիսոփայութեան։ Վերջին տարիներուն, սակայն, այս իրողութեան մանրակրկիտ վերաքննութիւնը հերքեց սառոյցի այդ շատ մը դարերը. նախապէս ինչ որ սառնակուտային խիճաքարեր կը կարծուէին, հիմա բացատրուած են որպէս ընդծովեայ հողավիժերու, ցեխի եւ տիղմի հոսանքներէ կազմուած խաւեր. խոր ովկիանոսի հունէն տիղմ, աւազ եւ խիճ կրող պղտոր ջուրերու սառնակոյտեր»։18
35, 36. Բրածոյական տուեալներուն եւ երկրաբանութեան մէջ ի՞նչ ապացոյց կարելի է կապել Ջրհեղեղին հետ։ Բացատրեցէք։
35 Բրածոյական տուեալները ուրիշ ապացոյց մըն են թէ Ջրհեղեղը տեղի ունեցած է։ Ըստ այս տուեալներուն, ժամանակին սուր ատամներ ունեցող մեծ վագրեր իրենց որսը կը հետապնդէին Եւրոպայի մէջ, հիմա գոյութիւն ունեցողներէն աւելի մեծ ձիեր կը դեգերէին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ հսկայ փիղեր կը ճարակէին Սիպերիոյ մէջ։ Ապա, համայն աշխարհի մէջ ստնտուներու տեսակները սկսան ոչնչանալ։ Միեւնոյն ատեն, կլիմայի յանկարծակի փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Տասնեակ հազարաւոր մամութներ սպաննուեցան ու Սիպերիոյ մէջ իսկոյն սառեցան։c Չարլզ Տարվինի ժամանակակից Ալֆրէտ Ուալլաս դիտել տուաւ որ աշխարհածաւալ բացառիկ դէպք մը պատճառած ըլլալու էր այսպիսի լայնատարած կործանում մը։19 Շատեր ենթադրած են թէ այս դէպքը Ջրհեղեղն էր։
36 Սուրբ Գրային Հնագէտ խորագրով պարբերաթերթին մէջ (Անգլ.), խմբագրական մը նշեց. «Կարեւոր է յիշել թէ հսկայ ջրհեղեղի մը պատմութիւնը մարդկային մշակոյթին մէջ ամենէն շատ տարածուած աւանդութիւնն է։ ... Հետեւաբար, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուած ամենահին աւանդութիւններուն մէջ իրապէս կայ հսկայական համեմատութիւն ունեցող ջրհեղեղ մը, որ տեղի ունեցած է անձրեւային շրջաններէն մէկուն ընթացքին ... հազարաւոր տարիներ առաջ»։20 Անձրեւային շրջանները այն ժամանակներն էին, երբ երկրին մակերեսը շատ աւելի խոնաւ էր քան հիմա։ Երկրին անոյշ ջուրի լիճերը շատ աւելի ընդարձակ էին։ Կար այն տեսութիւնը թէ այդ խոնաւութիւնը սառոյցի դարերու վերջաւորութեան տեղացող տեղատարափներուն պատճառաւ էր։ Սակայն ոմանք յայտնած են այն գաղափարը թէ այդ ատեն երկրի մակերեսին ծայր աստիճան խոնաւութիւնը Ջրհեղեղին հետեւանքով էր։
Մարդկութիւնը Չէ Մոռցած
37, 38. Գիտնական մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ, ըստ իրողութիւններուն, Ջրհեղեղը հաւանաբար տեղի ունեցած է, եւ ինչպէ՞ս գիտենք անոր իրապէս տեղի ունեցած ըլլալը։
37 Երկրաբանութեան ուսուցչապետ Ճոն ՄաքՔէմբպէլլ առիթով մը գրեց. «Սուրբ գրային աղէտին [Ջրհեղեղին] եւ բարեշրջական համաձեւութենականութեան միջեւ եղող հիմնական տարբերութիւնները երկրաբանական իրական տուեալներու վրայ չեն հիմնուած, այլ՝ այդ տուեալներուն մեկնաբանութիւիններուն վրայ։ Նախընտրուած մեկնաբանութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ աշակերտին մարզումէն եւ նախակարծիքներէն»։21
38 Ջրհեղեղին իրապէս տեղի ունեցած ըլլալը կը տեսնուի այն իրողութենէն թէ մարդկութիւնը բնաւ չէ մոռցած զայն։ Համայն աշխարհի մէջ, մինչեւ հեռաւոր Ալասքա եւ Հարաւային Ծովու Կղզիները, հին պատմութիւններ կան անոր մասին։ Ամերիկայի բնիկ, նախա–Գոլոմպիական քաղաքակրթութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ նախա–բնիկները, բոլորն ալ Ջրհեղեղի մասին պատմութիւններ հիւսած են։ Թէեւ կարգ մը պատմութիւններ մանրամասնութեանց մէջ իրարմէ կը տարբերին, սակայն գրեթէ բոլոր պատմութիւններուն մէջ կը տեսնուի այն հիմնական իրողութիւնը թէ երկիրը հեղեղով մը ողողուած է եւ միայն քանի մը անհատներ մարդակերտ նաւով մը փրկուած են։ Ջրհեղեղը այսքան համատարած կերպով ընդունուած ըլլալուն միակ բացատրութիւնը անոր իրապէս պատմական դէպք մը ըլլալն է։d
39. Յաւելեալ ի՞նչ փաստ տեսանք թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։
39 Հետեւաբար, հիմնական մարզերու մէջ, Աստուածաշունչը արդի գիտութեան հետ ներդաշնակ է։ Երբ այս երկուքին միջեւ հակասութիւն մը ըլլայ, գիտնականներուն փաստերը երկբայելի են։ Իսկ հոն ուր անոնք համաձայն են, յաճախ Աստուածաշունչը ա՛յդքան ճշգրիտ է որ կը ստիպուինք ընդունիլ թէ անիկա իր տեղեկութիւնը գերմարդկային իմաստութենէ մը ստացած է։ Արդարեւ, փաստուած գիտութեան հետ Աստուածաշունչին համաձայն ըլլալը յաւելեալ փաստ մըն է թէ անիկա իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։
[Ստորանիշներ]
a Բարեշրջութեան եւ ստեղծագործութեան նիւթին շուրջ աւելի մանրամասն բացատրութիւն կարելի է գտնել Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ. Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ խորագրով գրքին մէջ (Անգլ.), հրատարակուած՝ 1985–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
b Երկիր Մոլորակը—Սառնադաշտ խորագրով գիրքը (Անգլ.) ուշադրութիւն կը հրաւիրէ թէ սառոյցի շերտերու վերածուած ջուրը ի՛նչպէս ճնշում կը բանեցնէ երկրի մակերեսին վրայ։ Օրինակի համար, անիկա կ’ըսէ. «Եթէ Կրիլանտայի սառոյցը հալէր, կղզին վերջապէս շուրջ 700 մեթր պիտի բարձրանար»։ Ասոր հիման վրայ, երկրածաւալ անակնկալ ջրհեղեղի մը ազդեցութիւնը շատ աւելի աղիտալի եղած կրնար ըլլալ երկրի խաւին կարգ մը մասերուն համար։17
c Տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ՝ հինգ միլիոն։
d Ջրհեղեղի մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Ա., էջ 327, 328, 609–612 (Անգլ.)։
[Շրջանակ՝ էջ 105]
«Հողէն» շինուած
«Համաշխարհային Համայնագիտարանը» (Անգլ.) կը տեղեկագրէ. «Կենդանի էակները կազմող բոլոր քիմիական տարրերը նաեւ կը գտնուին անկենդան նիւթին մէջ»։ Ուրիշ խօսքով, կենդանի մարմինները, ի ներառեալ մարդը, կազմելու համար գործածուած հիմնական քիմիական տարրերը կը գտնուին նաեւ երկրին մէջ։ Այս իրողութիւնը ներդաշնակ է Աստուածաշունչի խօսքին հետ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը»։—Ծննդոց 2։7
[Շրջանակ՝ էջ 107]
‘Աստուծոյ պատկերովը’
Ոմանք մարդուն եւ կարգ մը անասուններուն միջեւ եղող ֆիզիքական նմանութիւններուն ուշադրութիւն կը հրաւիրեն անոնց միջեւ եղող յարակցութիւնը փաստելու համար։ Սակայն, անոնք պէտք է ընդունին որ մարդուն մտային կարողութիւնները որեւէ անասունի կարողութիւններէն շատ աւելի գերիվեր են։ Մարդը ինչո՞ւ ծրագրելու եւ զինք շրջապատող աշխարհը կազմակերպելու կարողութիւնը ունի։ Ան ինչո՞ւ սիրելու կարողութեամբ, բարձր իմացականութեամբ, խղճմտանքով օժտուած է։ Ան ինչո՞ւ անցեալի, ներկայի եւ ապագայի գիտակցութիւնը ունի։ Բարեշրջութիւնը չի կրնար ասոնց պատասխանել, բայց Աստուածաշունչը կը պատասխանէ։ Անիկա կ’ըսէ. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա»։ (Ծննդոց 1։27) Իր մտային, բարոյական եւ ուրիշ կարողութիւններով, մարդը իր երկնաւոր Հօրը ցոլքն է։
[Նկար՝ էջ 99]
Անջրպետին մէջ կախուած երկրին մասին Աստուածաշունչի նկարագրութիւնը շատ լաւ կը համապատասխանէ աստղանաւորդներուն տեղեկագրութեան
[Նկար՝ էջ 102]
Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր որ երկիրը արեւուն շուրջ կամ արեւը երկրին շուրջ թաւալելուն մասին
[Նկար՝ էջ 112, 113]
Եթէ երկիրը հարթ հաւասար եղած ըլլար, առանց լեռներու կամ անդունդներու, անիկա ամբողջովին ծածկուած պիտի ըլլար ջուրի հաստ խաւով մը
[Նկար՝ էջ 114]
Մամութներ գտնուած են, որոնք յանկարծ սառած են իրենց մահէն ետք
[Նկար՝ էջ 115]
Լուտվիկ Բասթէօր փաստեց որ կեանքը կրնայ միմիայն արդէն գոյութիւն ունեցող կեանքէ մը յառաջ գալ
[Գծապատկեր/Նկար՝ էջ 109]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Աստուածաշունչը երկրին ջուրի շրջանին մասին ճշգրիտ նկարագրութիւն մը կը ներկայացնէ
-
-
Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած ենԱստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
-
-
Գլուխ 9
Մարգարէութիւններ որոնք կատարուած են
Մարդիկ չեն կրնար ապագան ստոյգ կերպով նախագուշակել։ Անոնց նախագուշակութիւնները ողորմելիօրէն կը ձախողին։ Ուստի, գիրք մը, որուն մարգարէութիւնները կատարուած են, մեր ուշադրութիւնը պէտք է գրաւէ։ Աստուածաշունչը այսպիսի գիրք մըն է։
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած մարգարէութիւններուն կատարուիլը ի՞նչ կ’ապացուցանէ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ շատ մը մարգարէութիւններ այնքան մանրամասնութեամբ կատարուած են որ քննադատներ կը պնդեն թէ անոնք կատարուէլէ ետք արձանագրուած են։ Սակայն, այսպիսի դաւանութիւններ շիտակ չեն։ Աստուած ամենակարող ըլլալով, լիովին կարող է մարգարէանալ։ (Եսայեայ 41։21–26. 42։8, 9. 46։8–10) Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարուիլը կ’ապացուցանէ թէ անոնք Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած են եւ ոչ թէ վերջը գրի առնուած։ Արդ, մի քանի կատարուած աչքառու մարգարէութիւններ նկատի առնենք, որոնք յաւելեալ ապացոյց մըն են թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ոչ թէ՝ մարդոց։
Բաբելոնի մէջ Գերութիւն
2, 3. Ի՞նչ բան Եզեկիա Թագաւորին առաջնորդեց Բաբելոնի պատգամաւորներուն ցուցնելու իր տան ամբողջ հարստութիւնը եւ իր իշխանութեան տարողութիւնը։
2 Եզեկիա Երուսաղէմի մէջ շուրջ 30 տարիներ թագաւորեց։ Հ.Դ.Ա. 740–ին, ան ականատես եղաւ իր հիւսիսային դրացիին՝ Իսրայէլի՝ կործանման, երբ անիկա Ասորեստանցիներուն ձեռքը ինկաւ։ Հ.Դ.Ա. 732–ին, ան զգաց Աստուծոյ պահպանիչ ոյժը, երբ Երուսաղէմը գրաւելու Ասորեստանցիներուն փորձը ձախողեցաւ, ներխուժողները մեծ պարտութիւն մը կրելով։—Եսայեայ 37։33–38
3 Արդ, Բաբելոնի թագաւորը՝ Մարովդաք–Բաղադան՝ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Եզեկիայի։ Դեսպանները եկած են որպէս թէ ծանր հիւանդութենէ մը ապաքինած Եզեկիային իրենց մաղթանքները յայտնելու։ Սակայն, հաւանաբար Մարովդաք–Բաղադան հաւանական դաշնակից մը կը նկատէ Եզեկիան, Ասորեստանին՝ աշխարհակալ ոյժին՝ դէմ։ Եզեկիա բան մը չընէր այս գաղափարը վանելու համար, քանի որ ան այցելու Բաբելոնացիներուն կը ցուցնէ իր տան ամբողջ հարստութիւնը եւ իր իշխանութեան տարողութիւնը։ Թերեւս ինքն ալ դաշնակիցներ կը փնտռէ Ասորեստանցիներուն հաւանական վերադարձի մը դէմ դնելու համար։—Եսայեայ 39։1, 2
4. Ըստ Եսայի մարգարէութեան, թագաւորին սխալը ի՞նչ եղերական հետեւանք պիտի ունենար։
4 Եսայի այդ ժամանակաշրջանի կարկառուն մարգարէն է, որ անմիջապէս կը նշմարէ Եզեկիայի անխոհեմութիւնը։ Ան գիտէ թէ Եզեկիայի ամենավստահելի պաշտպանը Եհովան է, ոչ թէ՝ Բաբելոնը։ Ան թագաւորին կ’ըսէ որ իր հարստութիւնը Բաբելոնացիներուն ցուցնելը եղերական պիտի ըլլայ։ «Օրեր պիտի գան», կ’ըսէ Եսայի, «որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին»։ Եհովան հրամայած է. «Բան մը պիտի չմնայ»։—Եսայեայ 39։5, 6
5, 6. (ա) Երեմիայի ո՞ր խօսքերը Եսայիի մարգարէութիւնը կը հաստատեն։ (բ) Եսայիի եւ Երեմիայի մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան։
5 Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, այդ մարգարէութեան կատարուիլը անհաւանական կը թուէր։ Հարիւր տարի ետք սակայն, վիճակները փոխուեցան։ Բաբելոնը Ասորեստանին փոխարինեց որպէս տիրող աշխարհակալ ոյժ, մինչ Յուդան կրօնապէս այնքան նուաստացաւ որ Աստուած իր օրհնութիւնը քաշեց անոր վրայէն։ Արդ, ուրիշ մարգարէ մը՝ Երեմիա՝ ներշնչուեցաւ Եսայիի ազդարարութիւնը կրկնելու։ Երեմիա ծանուցանեց. «Այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ [Բաբելոնացիները] ... պիտի բերեմ ...։ Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։—Երեմիա 25։9, 11
6 Երեմիա այս մարգարէութիւնը տալէն շուրջ չորս տարիներ ետք, Բաբելոնացիները Յուդան իրենց կայսրութեան միացուցին։ Անկէ երեք տարի ետք, անոնք կարգ մը Հրեայ գերիներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի տաճարին հարստութենէն մաս մը, առին ու Բաբելոն տարին։ Ութ տարի ետք, Յուդա ըմբոստացաւ եւ դարձեալ գրաւուեցաւ Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսորին՝ կողմէ։ Այս անգամ, քաղաքը եւ անոր տաճարը կործանեցան։ Անոր ամբողջ հարստութիւնը եւ նոյնիսկ Հրեաները հեռաւոր Բաբելոն տարուեցան, ճիշդ ինչպէս Եսային եւ Երեմիան նախագուշակած էին։—Բ. Մնացորդաց 36։6, 7, 12, 13, 17–21
7. Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ Երուսաղէմի մասին Եսայիի եւ Երեմիայի մարգարէութիւններուն կատարումը։
7 Սուրբ Երկրին Հնագիտական Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը նշէ որ երբ Բաբելոնական յարձակումը վերջ գտաւ, «[Երուսաղէմ] քաղաքին կործանումը ամբողջական էր»։1 Հնագէտ Ու. Ֆ. Ալպրայթ կը նշէ. «Յուդայի մէջ պեղումները եւ մակերեսային հետախուզութիւնը փաստած են թէ Յուդայի քաղաքները ոչ միայն ամբողջովին կործանեցան Քաղդէացիներուն երկու արշաւանքներէն, այլ անբնակելի մնացին սերունդներու տեւողութեան—յաճախ պատմութեան մէջ անկրկնելի երեւոյթ մը»։2 Այսպիսով, հնագիտութիւնը կը հաստատէ այս մարգարէութիւններուն ապշեցուցիչ կատարումը։
Տիւրոսի Ճակատագիրը
8, 9. Եզեկիէլ ի՞նչ մարգարէացաւ Տիւրոսի մասին։
8 Եզեկիէլ ուրիշ վաղեմի գրող մըն էր, որ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած մարգարէութիւններ արձանագրեց։ Ան Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ վեցերորդ դարը մարգարէացաւ, այսինքն, Երուսաղէմի կործանման առաջնորդող տարիներուն եւ ապա Բաբելոնի մէջ Հրեաներու աքսորի առաջին տասնամեակներուն ընթացքին։ Նոյնիսկ կարգ մը արդի քննադատներ կը համաձայնին որ այս գիրքը գրուեցաւ մօտաւորապէս այդ ժամանակաշրջանին։
9 Եզեկիէլ ուժեղ մարգարէութիւն մը արձանագրեց Իսրայէլի հիւսիսային դրացիին՝ Տիւրոսի՝ կործանման մասին, որ նախապէս Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բարեկամ էր, բայց ապա թշնամին դարձած էր։ (Գ. Թագաւորաց 5։1–9. Սաղմոս 83։2–8) Ան գրեց. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։ ... Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն»։—Եզեկիէլ 26։3, 4, 12
10–12. Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ե՞րբ իր ամբողջ մանրամասնութեամբ վերջապէս կատարուեցաւ եւ ինչպէ՞ս։
10 Ասիկա իրապէս տեղի ունեցա՞ւ։ Եզեկիէլ այս մարգարէութիւնը տալէն քանի մը տարիներ ետք, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորը Տիւրոսը պաշարեց։ (Եզեկիէլ 29։17, 18) Բայց ասիկա դիւրին պաշարում մը չէր։ Տիւրոս մասամբ կը գտնուէր ցամաքի վրայ (այն մասը որ կը կոչուէր Հին Տիւրոս)։ Սակայն, քաղաքին մէկ մասը կղզիի մը վրայ կը գտնուէր, ծովեզերքէն մօտ 800 մեթր հեռուն։ Կղզին 13 տարի պաշարուած վիճակի մէջ մնալէ ետք, Նաբուգոդոնոսոր ի վերջոյ գրաւեց զայն։
11 Սակայն, Հ.Դ.Ա. 332–ին էր որ Եզեկիէլի մարգարէութիւնը վերջապէս իր մանրամասնութեամբ կատարուեցաւ։ Այն ժամանակ, Մեծն Աղեքսանդր՝ Մակեդոնացի տիրակալը՝ Ասիա կը ներխուժէր։ Իր կղզիին վրայ ապահով զգալով, Տիւրոս անոր դիմադրեց։ Աղեքսանդր չէր ուզէր ուժեղ թշնամի մը իր ետին ձգել, բայց նաեւ չէր ուզէր Տիւրոսը գրաւելու համար տարիներ վատնել, Նաբուգոդոնոսորին նման։
12 Ան ինչպէ՞ս լուծեց այս ռազմավարական խնդիրը։ Ան ցամաքէն դէպի կղզի կամուրջ մը, կամ թումբ մը, շինեց, որպէսզի իր զինուորները կարենային անոր վրայէն քալելով յարձակիլ կղզի քաղաքին վրայ։ Բայց նկատի առէք թէ այդ թումբը շինելու համար ան ի՛նչ գործածեց։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը տեղեկագրէ. «Ան ցամաքամասին վրայ գտնուած քաղաքին իր քանդած աւերակներով հսկայական թումբ մը շինեց 332–ին, կղզին ցամաքամասին միացնելու համար»։ Յարաբերաբար կարճ պաշարումէ մը ետք, կղզի քաղաքը կործանեցաւ։ Այսպիսով, Եզեկիէլի մարգարէութիւնը իր ամենայն մանրամասնութեամբ կատարուեցաւ։ Հին Տիւրոսի նոյնիսկ ‘քարերը, փայտերը եւ հողը ջուրերուն մէջ ձգուեցան’։
13. ԺԹ. դարու ուղեւոր մը ինչպէ՞ս նկարագրեց հին Տիւրոսի վայրը։
13 ԺԹ. դարու ուղեւոր մը նկարագրեց թէ իր օրերուն վաղեմի Տիւրոսէն ի՛նչ մնացած էր, ըսելով. «Սողոմոնի եւ Իսրայէլի մարգարէներուն ծանօթ նախկին Տիւրոսէն հետք մը չի մնար, լերան լանջի վէմերու մէջ փորուած անոր գերեզմաններէն եւ պարիսպի հիմնաքարերէն զատ ...։ Նոյնիսկ կղզին, զոր Մեծն Աղեքսանդր, քաղաքը պաշարած ատեն, հրուանդանի մը փոխեց, անոր եւ ցամաքամասին միջեւ եղած ջուրերը լեցնելով, ոչ մէկ ճանաչելի հետք կը պարունակէ Խաչակիրներուն նախորդող ժամանակաշրջանէն։ Արդի քաղաքը, որ յարաբերաբար ամբողջովին նոր է, վաղեմի կղզիին հիւսիսային կէս մասը կը գրաւէ, մինչ գրեթէ ամբողջ մնացեալ մակերեսը անճանաչելի աւերակներով ծածկուած է»։3
Բաբելոնը
14, 15. Եսայի եւ Երեմիա Բաբելոնի դէմ ի՞նչ մարգարէութիւններ արձանագրեցին։
14 Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի, այն մարգարէն որ Հրեաներուն ազդարարած էր Բաբելոնին մօտալուտ նուաճման մասին, ուրիշ ապշեցուցիչ բան մըն ալ մարգարէացաւ. Բաբելոնին ամբողջական բնաջնջումը։ Ան պատկերաւոր մանրամասնութեամբ նախագուշակեց ասիկա. «Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ ...։ Թագաւորութիւններուն փառքը եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը տակնուվրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի»։—Եսայեայ 13։17–20
15 Երեմիա մարգարէն ալ նախագուշակեց Բաբելոնի անկումը, որ տեղի պիտի ունենար շատ մը տարիներ ետք։ Ան հետաքրքրական մանրամասնութիւն մըն ալ աւելցուց. «Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին»։ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան եւ բերդերու մէջ բնակեցան. ուժերնին հատաւ»։—Երեմիա 50։38. 51։30
16. Բաբելոն ե՞րբ գրաւուեցաւ, եւ որո՞ւ կողմէ։
16 Հ.Դ.Ա. 539–ին, Բաբելոն առաջնակարգ աշխարհակալ ոյժը ըլլալէ դադրեցաւ, երբ Պարսիկ հզօր իշխանը՝ Կիւրոս, Մարերու բանակին ընկերակցութեամբ, քաղաքին վրայ արշաւեց։ Սակայն, Կիւրոս ահաւոր բանի մը դիմաց գտնուեցաւ։ Բաբելոն հսկայական պարիսպներով շրջապատուած էր եւ անառիկ կը թուէր։ Մեծ գետը՝ Եփրատն ալ՝ քաղաքին մէջէն կ’անցնէր եւ մեծապէս կը նպաստէր անոր պաշտպանման։
17, 18. (ա) Ի՞նչ կերպով Բաբելոնի «ջուրերուն վրայ չորութիւն» եկաւ։ (բ) Ինչո՞ւ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան»։
17 Յոյն պատմաբան՝ Հերոդոտոս կը նկարագրէ թէ Կիւրոս ի՛նչպէս խնդիրը ձեռք առաւ. «Ան իր բանակէն մեծ մաս մը զետեղեց հո՛ն ուր գետը քաղաք կը մտնէ, իսկ ուրիշ մաս մը՝ հո՛ն ուր անիկա կը հոսի, հրամայելով գետին հունէն անցնիլ եւ քաղաքը մտնել երբ ջուրերը բաւական ցածնան ...։ Ան ջրանցքով մը, Եփրատին հոսանքը դարձուց ճահիճի դարձած լճակին մէջ [արուեստական լիճ մը զոր Բաբելոնի նախկին կառավարիչ մը փորել տուած էր], այսպիսով գետին մակարդակը այնքան ցածցաւ որ անոր բնական հունէն անցնիլը կարելի դարձաւ։ Ասոր վրայ, Բաբելոն մտնելու նպատակաւ գետեզերքը ձգուած Պարսիկները գետ իջան, որու ջուրերը մինչեւ անոնց սրունքները կը հասնէին, ու այսպիսով քաղաք մտան»։4
18 Այս կերպով քաղաքը ինկաւ, ինչպէս Երեմիան եւ Եսային ազդարարած էին։ Բայց նշմարեցէք մարգարէութիւններուն մանրամասնօրէն կատարուիլը։ Բառացիօրէն ‘անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն եկաւ եւ անոնք ցամքեցան’։ Եփրատի ջուրերուն ցածնալը թոյլ տուաւ որ Կիւրոս քաղաք մտնէ։ «Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցա՞ն», ինչպէս նախագուշակած էր Երեմիան։ Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ Յոյն պատմաբաններ՝ Հերոդոտոս եւ Քսենոփոն՝ կը տեղեկագրեն թէ Բաբելոնացիները իրապէս տօնախմբութեան մէջ էին, երբ Պարսիկները յարձակեցան։5 Նաբունիտոսի Մնացորդացը, պաշտօնական սեպագիր արձանագրութիւն մը, կ’ըսէ որ Կիւրոսի զօրքերը Բաբելոն մտան «առանց կռուելու», հաւանաբար ըսել ուզելով՝ առանց մեծ ընդդիմութեան։6 Բացայայտօրէն, Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը շատ ջանք չթափեցին քաղաքը պաշտպանելու համար։
19. Բաբելոնի մէջ «յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ» մարգարէութիւնը կատարուեցա՞ւ։ Բացատրեցէք։
19 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել այն նախագուշակութեան մասին թէ Բաբելոնի մէջ «յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ»։ Ասիկա Հ.Դ.Ա. 539–ին անմիջական կատարում մը չունեցաւ։ Բայց այս մարգարէութիւնը ամենայն ճշգրտութեամբ կատարուեցաւ։ Իր անկումէն ետք, Բաբելոն բազմաթիւ ըմբոստութիւններու կեդրոնը եղաւ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 478–ը, երբ Քսերքսէս կործանեց զայն։ Դ. դարու վերջաւորութեան, Մեծն Աղեքսանդր ծրագրեց զայն վերակառուցանել, բայց գործը շատ չյառաջացած, ան մահացաւ։ Անկէ ի վեր, քաղաքը երթալով իր կարեւորութիւնը կորսնցուց։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, մարդիկ տակաւին հոն կը բնակէին, բայց ներկայիս հին Բաբելոնը լոկ աւերակներու կոյտ մըն է Իրաքի մէջ։ Եթէ նոյնիսկ անոր աւերակները մասամբ վերականգնել տրուին, Բաբելոնը միմիայն զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայր մը կը մնայ, առանց բնակելի, զեղուն քաղաք մը դառնալու։ Անոր աւերակ վայրը կը վկայէ որ իր դէմ տրուած ներշնչեալ մարգարէութիւնները վերջնականապէս կատարուած են։
Աշխարհակալ Ուժերուն Յաջորդականութիւնը
20, 21. Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութեան մասին Դանիէլ ի՞նչ տեսիլք ունեցաւ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
20 Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, երբ Հրեաները Բաբելոն գերութեան մէջ էին, ուրիշ մարգարէ մը՝ Դանիէլ՝ ներշնչուեցաւ աշխարհի դէպքերու ապագայ ընթացքը նախատեսող աչքառու տեսիլքներ արձանագրելու համար։ Անոնցմէ մէկուն մէջ, Դանիէլ կը նկարագրէ կարգ մը խորհրդանշական անասուններ որոնք աշխարհի թատերաբեմին վրայ իրարու տեղը կը գրաւեն։ Հրեշտակ մը կը բացատրէ որ այս անասունները աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը կը նախագուշակեն այդ ժամանակէն սկսեալ։ Վերջին երկու անասուններուն մասին խօսելով, ան կ’ըսէ. «Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը»։—Դանիէլ 8։20–22
21 Այս մարգարէական նախատեսութիւնը ճշգրտօրէն կատարուեցաւ։ Բաբելոնական Կայսրութիւնը տապալեցաւ Մարա–Պարսկաստանի կողմէ, որ իր կարգին, 200 տարի ետք, տեղի տուաւ Յունական աշխարհակալ ոյժին։ Յունական Կայսրութեան գլուխը անցաւ Մեծն Աղեքսանդրը՝ «մեծ եղջիւրը»։ Սակայն, Աղեքսանդրի մահէն ետք, իր զօրավարները տիրելու համար իրարու դէմ կռուեցան եւ վերջապէս հեռածաւալ կայսրութիւնը չորս աւելի փոքր կայսրութիւններու՝ «չորս թագաւորութիւն»ներու՝ բաժնուեցաւ։
22. Աշխարհակալ ուժերու հետ առնչուած մարգարէութեան մը մէջ, ուրիշ ո՞ր աշխարհակալ ոյժը մարգարէացուեցաւ։
22 Դանիէլի 7–րդ գլուխին մէջ, հեռաւոր ապագայի մասին նոյնանման տեսիլք մըն ալ կայ։ Բաբելոնական աշխարհակալ ոյժը պատկերացուած էր առիւծով մը, Պարսկականը՝ արջով մը, իսկ Յունականը՝ ինձով մը, որու կռնակին վրայ չորս թեւեր կային եւ ան չորս գլուխ ունէր։ Ապա Դանիէլ ուրիշ գազան մը կը տեսնէ, որ «ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր ...։ [Անիկա] տասը եղջիւր ունէր»։ (Դանիէլ 7։2–7) Այս չորրորդ գազանը կը պատկերացնէր Հռովմէական հզօր Կայսրութիւնը որ սկսաւ զարգանալ Դանիէլ այս մարգարէութիւնը արձանագրելէ շուրջ երեք դարեր ետք։
23. Դանիէլի մարգարէութեան չորրորդ գազանը ի՞նչ կերպով «բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր» էր։
23 Հռովմի մասին հրեշտակը մարգարէացաւ. «Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ»։ (Դանիէլ 7։23) Աշխարհի Ամփոփուած Պատմութիւն մը խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլ.), Հ. Կ. Ուէլզ կ’ըսէ. «Այս Հռովմէական նոր զօրութիւնը որ արեւմտեան աշխարհին տիրելու համար Ք.Ա. երկրորդ եւ առաջին դարերուն երեւան եկաւ, բազմաթիւ մարզերու մէջ, ցարդ քաղաքակրթուած աշխարհին տիրած մեծ կայսրութիւններէն տարբեր էր»։7 Անիկա սկսաւ որպէս հանրապետութիւն, ապա դարձաւ միապետութիւն մը։ Նախորդ կայսրութիւններուն հակառակը, անիկա մէկ տիրակալով մը չստեղծուեցաւ, այլ դարերու ընթացքին անընդհատ մեծցաւ։ Անիկա շատ աւելի երկար տեւեց եւ շատ աւելի հողերու տիրացաւ քան նախկին որեւէ կայսրութիւն։
24, 25. (ա) Գազանին տասը եղջիւրները ինչպէ՞ս երեւան եկան։ (բ) Դանիէլ գազանին եղջիւրներուն միջեւ ի՞նչ կռիւ նախատեսեց։
24 Իսկ այս հսկայ գազանին տասը եղջիւրները ի՞նչ են։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ»։ (Դանիէլ 7։24) Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
25 Երբ Հռովմէական Կայսրութիւնը սկսաւ տկարանալ Հ.Դ. հինգերորդ դարուն, անիկա անմիջապէս չփոխարինուեցաւ ուրիշ աշխարհակալ ոյժով մը։ Այլ անիկա բազմաթիւ թագաւորութիւններու՝ «տասը թագաւոր»ներու՝ բաժնուեցաւ։ Վերջապէս, Բրիտանական Կայսրութիւնը պարտութեան մատնեց իր երեք մրցակից կայսրութիւնները՝ Սպանիան, Ֆրանսան եւ Հոլանտան եւ դարձաւ գլխաւոր աշխարհակալ ոյժը։ Այս կերպով այս նոր ելլող ‘եղջիւրը’ «երեք թագաւորներ» կործանեց։
Դանիէլի Մարգարէութիւնները Դէպքերը Կատարուելէ Ե՞տք Գրուեցան
26. Ըստ քննադատներուն, Դանիէլի գիրքը ե՞րբ գրուած ըլլալու է եւ ինչո՞ւ։
26 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Դանիէլի գիրքը գրուեցաւ Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն։ Սակայն, անոր մարգարէութիւններուն կատարումները այնքա՛ն ճշգրիտ են որ քննադատներ կը դաւանին որ անիկա գրուած ըլլալու է շուրջ Հ.Դ.Ա. 165–ին, երբ անոր շատ մը մարգարէութիւնները արդէն կատարուած էին։8 Հակառակ այն իրողութեան որ անոնց դաւանութեան բուն պատճառը Դանիէլի մարգարէութիւններուն կատարուած ըլլալն է, այսուհանդերձ, վերագրեալ բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ այս հետագայ թուականը կը ներկայացնեն որպէս հաստատուած իրողութիւն մը։
27, 28. Ի՞նչ են կարգ մը իրողութիւնները որոնք կը փաստեն թէ Դանիէլի գիրքը Հ.Դ.Ա. 165–ին չգրուեցաւ։
27 Այս վարկածին դէմ սակայն, մենք հետեւեալ իրողութիւնները հաշուի պէտք է առնենք։ Նախ, Դանիէլի գրքին ակնարկուած է Հրէական երկերուն մէջ, որոնք Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն են, ինչպէս Մակաբայեցիներուն առաջին գիրքը։ Երկրորդ, անիկա մաս կը կազմէր Յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան, որու թարգմանութիւնը սկսաւ Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն։9 Երրորդ, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն մէջ, մեծ տեղ կը գրաւեն Դանիէլի գիրքին ընդօրինակութիւններու բեկորները որոնք, ըստ ընդունուած կարծիքին, Հ.Դ.Ա. 100 թուականէն են։10 Ուրեմն որոշ է որ Դանիէլի գիրքը արդէն հանրածանօթ եւ յարգուած էր անոր գրութեան կարծուած թուականէն անմիջապէս ետք. զօրաւոր փաստ մը՝ որ անիկա գրուած էր քննադատներուն ըսած թուականէն շատ առաջ։
28 Ասոնցմէ զատ, Դանիէլի գիրքը կը պարունակէ պատմական մանրամասնութիւններ որոնցմէ չէր կրնար տեղեակ ըլլալ երկրորդ դարու գրող մը։ Ուշագրաւ օրինակ մըն է Բաբելոնի կառավարիչ Բաղտասարի պարագան, որ սպաննուեցաւ երբ Բաբելոն ինկաւ Հ.Դ.Ա. 539–ին։ Բաբելոնի անկման մասին մեր ունեցած ոչ–սուրբ գրային գիտութեան գլխաւոր աղբիւրներն են, Հերոտոդոս (Ե. դար), Քսենոփոն (Ե. եւ Դ. դար) եւ Բերոսոս (Գ. դար)։ Ասոնցմէ ո՛չ մէկը Բաղտասարի մասին գաղափար ունէր։11 Որքա՜ն անհաւանական է որ Բ. դարու գրող մը տեղեկութիւններ ունեցած ըլլար, որոնք մատչելի եղած չըլլային այս նախկին գրողներուն։ Բաղտասարի մասին Դանիէլի 5–րդ գլուխին արձանագրութիւնը զօրաւոր պատճառաբանութիւն մըն է թէ Դանիէլ իր գիրքը գրեց միւս գրողները իրենց գիրքերը գրելէ առաջ։a
29. Ինչո՞ւ անկարելի է որ Դանիէլի գիրքը գրուած ըլլայ իր մէջի մարգարէութիւնները կատարուելէ ետք։
29 Վերջապէս, Դանիէլի գիրքին մէջ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կան, որոնք Հ.Դ.Ա. 165–էն շատ ետքը կատարուեցան։ Անոնցմէ մէկն էր Հռովմէական Կայսրութեան մասին եղած մարգարէութիւնը զոր նախապէս յիշեցինք։ Իսկ ուրիշ մը Յիսուսի՝ Մեսիային՝ գալը նախագուշակող աչքառու մարգարէութիւնն է։
Օծեալին Գալը
30, 31. (ա) Դանիէլի ո՞ր մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր Մեսիային գալու ժամանակը։ (բ) Դանիէլի մարգարէութեան վրայ հիմնուած, ինչպէ՞ս կրնանք հաշուել Մեսիայի յայտնուելիք տարին։
30 Այս մարգարէութիւնը արձանագրուած է Դանիէլի 9–րդ գլուխին մէջ, ուր կը կարդանք. «Քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար [տարիներու] եօթանասուն եօթնեակ [կամ չորս հարիւր ինիսուն տարի] որոշուած է»։b (Դանիէլ 9։24) Ի՞նչ տեղի պիտի ունենար այս 490 տարուան ընթացքին։ Կը կարդանք. «Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը [տարիներու] եօթը եօթնեակ ու [տարիներու] վաթսունըերկու եօթնեակ կայ»։ (Դանիէլ 9։25) Ուստի, ասիկա Մեսիային՝ «Օծեալ»ին գալու ժամանակին մասին մարգարէութիւն մըն է։ Ասիկա ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։
31 Երուսաղէմը վերահաստատելու ու նորէն շինելու հրամանը ‘ելաւ’ Պարսկաստանի «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին», այսինքն, Հ.Դ.Ա. 455–ին։ (Նէեմեայ 2։1–9) 49 տարուան [տարիներու 7 եօթնեակի] վերջաւորութեան, Երուսաղէմը գրեթէ իր փառքը վերագտած էր։ Ապա, Հ.Դ.Ա. 455–էն դարձեալ 483 տարի (7 առաւել 62 տարիներու եօթնեակ) հաշուելով, կը հասնինք Հ.Դ. 29–ին։ Այս թուականը կը համապատասխանէ «Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ» տարուան, այն տարին երբ Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ։ (Ղուկաս 3։1) Այդ ժամանակ, Յիսուս հանրապէս բնորոշուեցաւ որպէս Աստուծոյ Որդի եւ Հրեայ ազգին բարի լուրը քարոզելու իր ծառայութիւնը սկսաւ։ (Մատթէոս 3։13–17. 4։23) Ան «Օծեալ»ը, կամ Մեսիան եղաւ։
32. Ըստ Դանիէլի մարգարէութեան, Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը որքա՞ն պիտի տեւէր, եւ անոր վերջաւորութեան ի՞նչ պիտի պատահէր։
32 Մարգարէութիւնը կ’աւելցնէ. «[Տարիներու] վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Ու եօթնեակ մը [7 տարի] շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ»։ (Դանիէլ 9։26, 27) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Յիսուս միայն «շատերուն», այսինքն, մարմնաւոր Հրեաներուն գնաց։ Եղան առիթներ երբ ան Սամարացիներուն ալ քարոզեց, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն մէկ մասին կը հաւատային, սակայն Հրէականութեան գլխաւոր հոսանքէն բաժնուած աղանդ մը կազմած էին։ Ապա, «եօթնեակին մէջտեղը», երեքուկէս տարի քարոզելէ ետք, ան իր կեանքը տուաւ որպէս զոհ եւ այսպիսով ‘կտրուեցաւ’։ Ասով վերջ գտաւ Մովսիսական Օրէնքը, իր զոհերով եւ ընծաներով։ (Գաղատացիս 3։13, 24, 25) Հետեւաբար, իր մահով, Յիսուս «զոհն ու պատարագը» դադրեցուց։
33. Եհովա որքա՞ն ժամանակ միմիայն Հրեաներուն հետ առնչութիւն պիտի ունենար, եւ ո՞ր դէպքը նշեց այս ժամանակաշրջանին վերջը։
33 Այսուհանդերձ, երեքուկէս տարի եւս, Քրիստոնէական նորածին ժողովքը միմիայն Հրեաներուն քարոզեց եւ հետագային՝ անոնց ազգական Սամարացիներուն։ Սակայն, Հ.Դ. 36–ին, տարիներու 70 եօթնեակին վերջաւորութեան, Պետրոս առաքեալ առաջնորդուեցաւ Հեթանոսի մը՝ Կոռնելիոսի՝ քարոզելու։ (Գործք 10։1–48) «Շատերուն հետ ուխտը» այլեւս միայն Հրեաներուն չէր սահմանուած։ Անթլփատ հեթանոսներուն ալ փրկութիւն քարոզուեցաւ։
34. Դանիէլի մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, քանի որ մարմնաւոր Իսրայէլը Մեսիան մերժեց, անոր ի՞նչ պատահեցաւ։
34 Քանի որ Հրեայ ազգը Յիսուսը մերժեց եւ իր մահը դաւադրեց, Եհովա զայն չպաշտպանեց, երբ Հռովմէացիները եկան ու Երուսաղէմը կործանեցին, Հ.Դ. 70–ին։ Այսպիսով Դանիէլի միւս խօսքերն ալ կատարուեցան. «Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են»։ (Դանիէլ 9։26բ) Այս երկրորդ «իշխան»ը Հռովմէացի Տիտոս զօրավարն էր, որ Երուսաղէմը կործանեց Հ.Դ. 70–ին։
Մարգարէութիւններ Որոնք Ներշնչուած Էին
35. Յիսուսի մասին ուրիշ ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան։
35 Այս կերպով, 70 եօթնեակի Դանիէլի մարգարէութիւնը աչքառու ճշգրտութեամբ կատարուեցաւ։ Արդարեւ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած բազմաթիւ մարգարէութիւններ առաջին դարուն կատարուեցան, որոնց մեծամասնութիւնը Յիսուսի հետ առնչուած էր։ Յիսուսի ծննդավայրը, Աստուծոյ տան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը, իր քարոզչութիւնը, 30 կտոր արծաթի փոխարէն մատնուիլը, իր մահուան կերպը, իր հանդերձին վրայ վիճակ ձգուիլը. այս բոլոր մանրամասնութիւնները մարգարէացուած էին Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Անոնց կատարումը աներկբայելիօրէն կը փաստէր որ Յիսուս Մեսիան էր, նաեւ կ’ապացուցանէր որ մարգարէութիւները ներշնչուած էին։—Միքիայ 5։2. Ղուկաս 2։1–7. Զաքարեայ 11։12. 12։10. Մատթէոս 26։15. 27։35. Սաղմոս 22։18. 34։20. Յովհաննու 19։33–37
36, 37. Ի՞նչ կը սորվինք այն իրողութենէն թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարուած են, եւ այս գիտութիւնը ի՞նչ վստահութիւն կը ներշնչէ մեզի։
36 Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները, որոնք պէտք էր կատարուէին, իրապէս կատարուեցան։ Դէպքերը տեղի ունեցան ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր։ Ասիկա զօրաւոր փաստ մըն է որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Այսքան ճշգրիտ ելլելու համար, այս տրուած մարգարէութիւններուն ետին մարդկային իմաստութենէն գերիվեր իմաստութիւն մը եղած ըլլալու է։
37 Բայց Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ նախագուշակութիւններ ալ կան, որոնք այդ օրերուն չկատարուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք մեր օրերուն եւ նոյնիսկ մօտ ապագային պէտք էր կատարուէին։ Այդ անցեալի մարգարէութիւններուն արժանահաւատ ըլլալը մեզ կը վստահեցնէ որ միւս նախագուշակութիւններն ալ անվարանօրէն պիտի կատարուին։ Ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ գլուխին մէջ, իրապէս այս է պարագան։
[Ստորանիշներ]
a Տես «‘Հին Կտակարան’ը Որքա՞ն Արժանահաւատ Է» վերնագրով 4–րդ գլուխին 16–րդ եւ 17–րդ պարբերութիւնները։
b Այս թարգմանութեան մէջ, մեծ փակագիծի մէջ առնուած բառերը աւելցուած են իմաստը յստակ ընելու համար։
[Մէջբերում՝ էջ 133]
Բոլոր մարգարէութիւնները, որոնք պէտք էր կատարուէին, իրապէս կատարուեցան։ Դէպքերը տեղի ունեցան ճիշդ ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր
[Նկար՝ էջ 118]
Հնագէտներ երեւան հանած են որ Նաբուգոդոնոսորին կողմէ Երուսաղէմին կործանումը ամբողջական էր
[Նկար՝ էջ 121]
Տիւրոս՝ մեր օրերուն։ Իսրայելացի մարգարէներուն ծանօթ Տիւրոսէն հազիւ հետք մը կը մնայ
[Նկար՝ էջ 123]
Հին Բաբելոնի աւերակները այցելող զբօսաշրջիկներ կը վկայեն որ քաղաքին դէմ տրուած մարգարէութիւնները կատարուած են
[Նկարներ՝ 126]
Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութեան մասին Դանիէլի մարգարէութիւնները այնքան ճշգրտութեամբ կատարուած են որ արդի քննադատներ կը խորհին որ անոնք կատարուելէ ետք գրուեցան
ԲԱԲԵԼՈՆ
ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
ՀՌՈՎՄ
ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ
[Նկար՝ էջ 130]
Դանիէլ Իսրայէլի մէջ Մեսիային յայտնուելուն ճշգրիտ թուականը մարգարէացաւ
-
-
Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէքԱստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
-
-
Գլուխ 10
Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը որու կատարուիլը կը տեսնէք
Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ ի՛նչու հիմա կեանքը այսքան տարբեր է, բաղդատած՝ դար մը առաջուան հետ։ Կարգ մը բաներ բարելաւուած են։ Շատ մը երկիրներու մէջ, անցեալին մահացու եղող հիւանդութիւններ հիմա դիւրութեամբ կը բուժուին եւ մարդոց մեծամասնութիւնը այնպիսի կենցաղ մը ունի զոր իր նախնիքները երեւակայած պիտի չըլլային։ Իսկ միւս կողմէն, մեր դարը պատմութեան յոռեգոյն պատերազմները եւ ամենագէշ վայրագութիւնները տեսած է։ Մարդկութեան բարեկեցութիւնը՝ նոյնիսկ անոր գոյատեւումը՝ սպառնալիքի տակ է բնակչութեան պայթումով, ապականութեան հարցով եւ կորիզային, կենսատարրական եւ քիմիական զէնքերու ընդարձակ ու միջազգային մթերումով։ Այս Ի. դարը ինչո՞ւ այսքան տարբեր է նախկին դարերէն։
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Ի. դարը ինչպէ՞ս տարբեր եղած է նախկին դարերէն։ (բ) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ մեր ժամանակները ի՛նչու տարբեր են։
ԱՅՍ հարցումին պատասխանը կապ ունի Աստուածաշունչի աչքառու մէկ մարգարէութեան հետ, որու կատարուիլը կը տեսնէք։ Ատիկա Յիսուսի կողմէ տրուած մարգարէութիւն մըն է, որ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալը փաստելէն զատ, կը նշէ որ մենք կը գտնուինք աշխարհի թատերաբեմին եղերական փոփոխութիւններու սեմին։ Ի՞նչ է այս մարգարէութիւնը։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ անիկա հիմա կը կատարուի։
Յիսուսի Մեծ Մարգարէութիւնը
2, 3. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ հարցում ուղղեցին իրեն, եւ իր պատասխանը ո՞ւր կը գտնենք։
2 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ Յիսուսի մահէն քիչ առաջ, իր աշակերտները Երուսաղէմի մեծ տաճարին կառոյցին մասին կը խօսէին։ Անոնք տպաւորուած էին այդ տաճարին մեծութեամբ եւ երեւութական տոկունութեամբ։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’»։—Մատթէոս 24։1, 2
3 Յիսուսի այս խօսքերը ապշեցուցած ըլլալու են իր աշակերտները որոնք հետագային իրեն եկան եւ իրմէ յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրեցին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [ներկայութեանդ (ՆԱ)] ու աշխարհիս վերջին [իրերու այս դրութեան վախճանին (ՆԱ)] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթէոս 24։3) Յիսուսի պատասխանը կը գտնուի Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ։ Իր խօսքերը նաեւ արձանագրուած են Մարկոս 13–րդ եւ Ղուկաս 21–րդ գլուխներուն մէջ։ Ասիկա որոշապէս իր երկրային կեանքի ընթացքին Յիսուսի կողմէ տրուած կարեւորագոյն մարգարէութիւնն էր։
4. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ տարբեր բաներու մասին կը հարցնէին։
4 Իրականութեան մէջ, Յիսուսի աշակերտները մէկէ աւելի բաներու մասին կը հարցնէին։ Նախ, անոնք հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները», այսինքն, Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը ե՞րբ պիտի կործանին։ Ապա, անոնք կ’ուզէին գիտնալ այն նշանը որ պիտի նշէր թէ Յիսուս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մէջ որպէս Թագաւոր ներկայ էր եւ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտ էր։
5. (ա) Յիսուսի մարգարէութիւնը նախնական ի՞նչ կատարում ունեցաւ, սակայն իր խօսքերը ե՞րբ իրենց ամբողջական կատարումը պիտի ունենային։ (բ) Յիսուս ինչպէ՞ս սկսաւ պատասխանել աշակերտներուն հարցումին։
5 Իր պատասխանին մէջ, Յիսուս այս երկու կէտերը նկատի առաւ։ Իր խօսքերէն շատերը իրապէս կատարուեցան առաջին դարուն, Հ.Դ. 70–ին, Երուսաղէմի ահաւոր կործանումին նախորդող տարիներու ընթացքին։ (Մատթէոս 24։4–22) Բայց իր մարգարէութիւնը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն մը պիտի ունենար հետագային, իրականութեան մէջ, մեր օրերուն։ Արդ, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ Ան իր մարգարէութիւնը 7–րդ եւ 8–րդ համարներուն մէջ արձանագրուած հետեւեալ խօսքերով սկսաւ։ «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։
6. Մատթէոս 24։7, 8–ին մէջ, Յիսուսի խօսքերը ո՞ր զուգահեռ մարգարէութիւնը կը յիշեցնեն մեզի։
6 Յստակ էր, ուրեմն, որ որպէս երկնային Թագաւոր Յիսուսի ներկայութիւնը երկրի վրայ մեծ տակնուվրայութիւններով պիտի նշուէր։ Ասիկա կը հաստատուի Յայտնութիւն գիրքին զուգահեռ մարգարէութեամբ մը. Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներու տեսիլքով։ (Յայտնութիւն 6։1–8) Այս ձիաւորներուն առաջինը Յիսուսը կը պատկերացնէ որպէս յաղթական Թագաւոր։ Միւս հեծեալները եւ իրենց ձիերը կը պատկերացնեն երկրի վրայ այն իրադարձութիւնները որոնք կը նշեն Յիսուսի իշխանութեան սկիզբը. պատերազմ, սով եւ տարբեր ազդակներով պատճառուած վաղահաս մահ։ Ներկայիս այս երկու մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը տեսնէ՞ք։
Պատերազմ
7. Աբոքալիբսին երկրորդ ձիաւորին արշաւով մարգարէականօրէն ի՞նչ կը նախապատկերացուի։
7 Այս մարգարէութիւնները աւելի մօտէն քննենք։ Նախ, Յիսուս ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ Ասիկա պատերազմի մարգարէութիւն մըն էր։ Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներուն երկրորդն ալ պատերազմ կը պատկերացնէր։ Կը կարդանք. «Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէսզի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ (Յայտնութիւն 6։4) Արդէն հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդիկ պատերազմներ կը մղեն։ Ուստի, այս խօսքերը ինչո՞ւ մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունին մեր օրերուն։
8. Ինչո՞ւ պիտի ակնկալէինք որ պատերազմը նշանին աչքառու մէկ երեսակը ըլլար։
8 Յիշեցէք թէ Յիսուսի ներկայութեան նշանը միմիայն պատերազմ չէ։ Յիսուսի մարգարէութեան բոլոր մանրամասնութիւններուն միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ պատահիլն է, որ կը կազմէ նշանը։ Բայց պատերազմը յիշուած առաջին երեսակն է. ուստի կրնանք ակնկալել որ այս երեսակը այնպիսի աչքառու կերպով մը պիտի կատարուէր, որ մեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւէր։ Իսկ ստիպուած ենք ընդունիլ որ այս Ի. դարու պատերազմները ամբողջ պատմութեան մէջ աննախընթաց են։
9, 10. Պատերազմին նկատմամբ մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս սկսան կատարուիլ։
9 Օրինակի համար, նախկին պատերազմներէն ո՛չ մէկը՝ որքան ալ բուռն եւ կործանարար եղած ըլլայ՝ կարելի է նոյնիսկ բաղդատել Ի. դարուն տեղի ունեցած երկու համաշխարհային պատերազմներուն հետ։ Ա. Աշխարհամարտը շուրջ 14 միլիոն մահեր պատճառեց. շատ մը երկիրներու ընդհանուր բնակչութեան թիւէն աւելի։ Իրապէս, «[այս ձիաւորին] ... իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէսզի իրար սպաննեն»։
10 Ըստ մարգարէութեան, Աբոքալիբսի ռազմանման երկրորդ ձիաւորին «մեծ սուր մը տրուեցաւ»։ Ասիկա ի՞նչ բանի կը համեմատի։ Հետեւեալին. պատերազմական զէնքերը շատ աւելի մահացու եղան։ Հրասայլով, օդանաւով, մահացու թունաւոր կազերով, ընդծովեաներով եւ բազմաթիւ քիլոմեթր հեռու ռմբաձիգ հրետանիներով զինուած ըլլալով, մարդս աւելի ատակ եղաւ իր դրացին սպաննելու մէջ։ Իսկ Ա. Աշխարհամարտէն ի վեր, «մեծ սուր»ը նոյնիսկ աւելի կործանարար եղած է հեռախօսի հաղորդակցութիւններու, ռատարներու, արդիական հրացաններու, մանրէաբանական եւ քիմիական զէնքերու, հրաձիգերու, հրդեհ յառաջացնող եւ նորաձեւ ռումբերու, միջ–ցամաքային արտաձգական հրթիռներու, կորիզային ընդծովեաներու, գերարդիական օդանաւերու եւ հսկայ ռազմանաւերու գործածութեան շնորհիւ։
«Ցաւերուն Սկիզբ»ը
11, 12. Ի՞նչ կերպով Ա. Աշխարհամարտը պարզապէս «ցաւերուն սկիզբն» էր։
11 Յիսուսի մարգարէութեան սկիզբի համարները սա խօսքերով կ’եզրափակուին. «Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են»։ Ասիկա վստահաբար շատ լաւ կը յարմարի Ա. Աշխարհամարտին։ 1918–ին, անոր վերջ դրուիլը երկարատեւ խաղաղութիւն չբերաւ։ Շուտով անոր յաջորդեցին թէեւ սահմանափակ, բայց վայրագ զինուորական բախումներ՝ Եթովպիոյ, Լիպիոյ, Սպանիոյ, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Ապա եկաւ քստմնելի Բ. Աշխարհամարտը որ շուրջ 50 միլիոն զինուորներու եւ քաղաքացիներու կեանքերը խլեց։
12 Հակառակ պարբերական խաղաղութեան համաձայնութիւններու եւ կռիւներու դադրեցման, մարդիկ տակաւին պատերազմի մէջ են։ 1987–ի տեղեկագրութիւն մը նշեց որ 1960–էն ի վեր, 81 մեծ պատերազմներ մղուած են, սպաննելով 12,555,000 այրեր, կիներ եւ երախաներ։ 1987 տարին, պատմութեան մէջ որեւէ տարուընէ աւելի շատ պատերազմներ տեսած է։1 Ասկէ զատ, զինուորական պատրաստութիւններն ու մսխումները, որոնք ներկայիս տարեկան շուրջ 1,000 միլիառ տոլարի կը հասնին, աշխարհի տնտեսականութեան լրջօրէն կը վնասեն։2 Յիսուսի մարգարէութիւնը թէ «ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»՝ իրապէս կը կատարուի։ Պատերազմի շառագոյն ձին կը շարունակէ իր վայրագ արշաւը ամբողջ երկրի վրայ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել նշանին երկրորդ երեսակին մասին։
Սովեր
13. Յիսուս ողբերգական ի՞նչ դէպքեր նախագուշակեց, եւ Աբոքալիբսին երրորդ ձիաւորին տեսիլքը ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնի այս մարգարէութեան։
13 Յիսուս նախագուշակեց. «Եւ տեղ տեղ սովեր ... պիտի ըլլան»։ Նկատի առէք թէ ասիկա որքան ներդաշնակ է Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներէն երրորդին արշաւին հետ։ Անոր մասին կը կարդանք. «Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր’»։ (Յայտնութիւն 6։5, 6) Ասիկա կը նախագուշակէր խիստ սովեր։
14. 1914–էն ի վեր, ո՞ր մեծ սովերը կատարած են Յիսուսի մարգարէութիւնը։
14 Կարելի՞ է որ այս մարգարէութիւնը հիմա կը կատարուի, երբ կարգ մը երկիրներ ապրելակերպի բարձր մակարդակի մը հասած են։ Ընդհանուր աշխարհին ակնարկ մը նետելը կը հաստատէ պատասխանը։ Պատմականօրէն, սովեր տեղի ունեցած են պատերազմներու եւ բնական աղէտներու պատճառաւ։ Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ շատ աւելի աղէտներ ու պատերազմներ տեսած մեր դարն ալ անընդհատ հարուածուած ըլլայ սովերով։ 1914–էն ի վեր, երկրի շատ մը շրջաններուն մէջ, մարդիկ այսպիսի աղէտներէ տառապած են։ Տեղեկագրութիւն մը կը նշէ որ 1914–էն ի վեր, աւելի քան 60 մեծ սովեր տեղի ունեցած են, իրարմէ տարբեր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկիրներու մէջ, ինչպէս Յունաստան, Հոլանտա, նախկին Խորհրդային Միութիւն, Նիկերիա, Չատ, Չիլի, Բերու, Պանկլատէշ, Պենկալ, Գամպոտիա, Եթովպիա եւ Ճափոն։3 Այս սովերէն ոմանք երկար տարիներ տեւած եւ միլիոնաւոր մահերու պատճառ եղած են։
15, 16. Ուրիշ ի՞նչպիսի սով մը իրապէս կործանարար է մեր օրերուն։
15 Թէեւ խիստ սովերը սովորաբար լայնօրէն կ’արձագանգուին, բայց ժամանակ մը ետք, կը մոռցուին, ու վերապրողները կամաց–կամաց կը վերադառնան իրենց յարաբերաբար բնականոն կեանքին։ Սակայն, Ի. դարուն, աւելի չարագուշակ սով մը ծաւալ ստացած է։ Ասիկա նուազ ակնբախ է եւ հետեւաբար՝ յաճախ անտեսուած, հակառակ անոր որ տարիներէ ի վեր կը շարունակուի։ Ասիկա թերի սննդառութեան ծանր պատուհասն է, որ մեր մոլորակի բնակչութեան մէկ հինգերորդին կ’ազդէ, սպաննելով տարեկան 13–էն 18 միլիոն անհատներ։4
16 Ուրիշ խօսքով, այսպիսի սով մը ամէն երկու օրը այնքան մարդ կը սպաննէ, որքան Հիրոշիմայի վրայ արձակուած Հիւլէական ռումբը։ Արդարեւ, ամէն երկու տարի, Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն մեռած զինուորներուն թիւէն աւելի անհատներ կը մեռնին անօթութեան հետեւանքներէն։ Կրնա՞նք ըսել թէ 1914–էն ի վեր, «տեղ տեղ սովեր» եղած են։ Այո՛, արդարեւ։
Երկրաշարժներ
17. 1914–էն անմիջապէս ետք, կործանարար ի՞նչ երկրաշարժ տեղի ունեցաւ։
17 Յունուար 13, 1915–ին, երբ տակաւին Ա. Աշխարհամարտին սկսելուն քանի մը ամիսներ եղած էր, երկրաշարժ մը ցնցեց Իտալիոյ Ապրուզի քաղաքը եւ 32,610 մարդոց կեանքերը խլեց։ Այս մեծ աղէտը մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, պատերազմներու եւ սովերու պիտի ընկերակցէր ուրիշ դէպք մը. «Տեղ տեղ ... երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Պատերազմին եւ սովին նման, Ապրուզի քաղաքին երկրաշարժն ալ պարզապէս «ցաւերուն սկիզբն» էր։a
18. Երկրաշարժներու նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։
18 Ի. դարը, երկրաշարժներու դար մը եղած է եւ հաղորդագրական միջոցներու զարգացման շնորհիւ, մարդիկ քաջածանօթ են անոնց պատճառած աւերումներուն։ Քանի մը հատը յիշենք. 1920–ին՝ Չինաստանի մէջ 200,000 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան։ 1923–ին՝ Ճափոնի մէջ շուրջ 99,300 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան։ 1935–ին՝ Փաքիստանի մէջ ուրիշ երկրաշարժ մը 25,000 անհատներ սպաննեց, մինչ 1939–ին՝ Թուրքիոյ մէջ 32,700 անհատներ սպաննուեցան։ 1970–ին՝ Բերուի մէջ 66,800 անհատներ երկրաշարժով մը մահացան եւ 1976–ին՝ Չինաստանի Թանկշան քաղաքին մէջ շուրջ 240,000 անհատներ (կամ, ըստ կարգ մը աղբիւրներուն, 800,000) մեռան։ Տակաւին վերջերս, 1988–ին՝ Հայաստանի մէջ զօրաւոր երկրաշարժի մը պատճառաւ 25,000 անհատներ մահացան։b Վստահաբար, կրնանք ըսել որ «տեղ տեղ ... երկրաշարժներ» եղած են։6
«Մահացու Պատուհաս»
19. Յիսուս նախագուշակեց նշանին յաւելեալ ո՞ր երեսակն ալ, որ Աբոքալիբսին չորրորդ ձիաւորով նախագուշակուած է։
19 Յիսուսի մարգարէութեան ուրիշ մէկ երեսակը կապ ունի հիւանդութեան հետ։ Աւետարանիչ Ղուկաս, իր պատմութեան մէջ, կ’արձանագրէ որ Յիսուս «տեղ տեղ ... մահտարաժամներ» նախագուշակեց։ (Ղուկաս 21։11) Ասիկա ալ լաւ կերպով կը համեմատի Աբոքալիբսի չորս ձիաւորներու մարգարէական տեսիլքին հետ։ Չորրորդ ձիաւորին անունը Մահ է։ Անիկա կը պատկերացնէ տարբեր բաներով՝ զոր օրինակ, «մահացու պատուհասով (ՆԱ)» եւ «երկրի գազաններով»՝ պատճառուած կանխահաս մահը։—Յայտնութիւն 6։8
20. Աչքառու ո՞ր համաճարակը մասամբ կատարեց մահտարաժամներու մասին Յիսուսի տուած մարգարէութիւնը։
20 1918–ին եւ 1919–ին, աւելի քան 1 միլիառ անհատներ հիւանդացան Սպանական հարբուխէն եւ աւելի քան 20 միլիոն անհատներ անկէ մահացան։ Այս հիւանդութիւնը շատ աւելի կեանքեր խլեց քան Մեծ Պատերազմը։7 Հակառակ բժշկական բացայայտ յառաջդիմութիւններուն, այս սերունդը կը շարունակէ տառապիլ «մահացու պատուհաս»է կամ «մահտարաժամներ»է։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Նախ ըսենք որ աւելի աղքատ երկիրները գիտական յառաջդիմութիւններէն միշտ չեն օգտուիր։ Աղքատ անհատներ կը տառապին եւ կը մահանան հիւանդութիւններէ զորս կարելի էր բուժել, եթէ աւելի դրամ ունենային։
21, 22. Թէ՛ հարուստ եւ թէ աղքատ երկիրներու բնակիչները ինչպէ՞ս տառապած են «մահացու պատուհաս»է։
21 Ուստի, համայն աշխարհի մէջ շուրջ 150 միլիոն անհատներ կը տառապին ճախճատենդէ (malaria)։ Ուրիշ 200,000 միլիոն անհատներ վարակուած են սողնատապէ (bilharziose)։ Շուրջ 10 միլիոն անհատներ շակայի ախտէ կը տառապին։ Շուրջ 40 միլիոն ուրիշներ կը տառապին գետի կուրութենէ։ Ամէն տարի միլիոնաւոր երախաներ կը մեռնին սաստիկ փորհարութենէ։8 Թոքախտն ու բորոտութիւնն ալ տակաւին առողջապահական լուրջ հարցեր են։ Շատ աչքառու կերպով, այս աշխարհի աղքատները կը տառապին «տեղ տեղ ... մահտարաժամներ»է։
22 Բայց հարուստներն ալ ասկէ չեն խնայուած։ Հարբուխը, զոր օրինակ, կը հարուածէ թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները։ 1957–ին, միմիայն Միացեալ Նահանգներու մէջ հարբուխի ալիք մը 70,000 մահ պատճառեց։ Գերմանիոյ մէջ գնահատուած է որ 6–էն մէկը վերջապէս քաղցկեղէ պիտի տառապի։9 Սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ ախտերն ալ կը հարուածեն թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները։ Ըստ տեղեկագրութեան, ջերմամիզութիւնը (gonorrheia)՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ ընթացիկ եղող փոխանցիկ ախտ մը՝ Ափրիկէի կարգ մը մասերուն մէջ բնակչութեան 18.9 առ հարիւրը կը հարուածէ։10 Ֆրանկախտը (syphilis), Գլամիտիան (chlamydiae) եւ սեռային գործարաններու սողնախտը (genital herpes) «մահտարաժամներ»ու ուրիշ քանի մը հատն են, որոնք սեռային ճամբով կը փոխանցուին։
23. Վերջերս ի՞նչպիսի «մահացու պատուհաս» մը օրաթերթերու վերնագիրները կազմած է։
23 Վերջին տարիներուն, ԱԴԱ–ի (AIDS) «մահացու պատուհաս»ն ալ «մահտարաժամներ»ու ցանկին միացած է։ ԱԴԱ–ն ահաւոր հիւանդութիւն մըն է, քանի որ մինչեւ այս գրքին գրութիւնը տակաւին բուժում մը չի տեսնուիր հորիզոնին վրայ եւ անոր զոհերուն թիւը շարունակաբար կ’աւելնայ։ Բժ. Ժոնաթան Ման որ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան (Ա.Հ.Կ.) ԱԴԱ–ի Մասնաւոր Յայտագրին տնօրէնն է, ըսաւ. «Կը գնահատուի որ ներկայիս մարդկային ախտազերծական անկարողութեան ժահրէն (HIV) վարակուածներուն թիւը 5–էն 10 միլիոն է»։11 Ըստ հրատարակուած հաշուեգրութեան մը, ԱԴԱ–ի ժահրը ամէն վայրկեան նոր զոհ մը կը հարուածէ։ Արդարեւ «մահացու պատուհաս» մը։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն մարգարէութեան մասին, որ գազաններով պատճառուած մահ կը նախագուշակէր։
«Երկրի Գազաններ»ը
24, 25. (ա) Եզեկիէլ մարգարէն ի՞նչպիսի «գազաններ»ու ակնարկեց։ (բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ «գազաններ»ու մասին, որոնք իր ներկայութեան ընթացքին երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլային։
24 Իրականութեան մէջ, մեր օրերուն, երբ թերթերը գազաններու մասին կը խօսին, պատճառը այն է որ կարգ մը տեսակներ վտանգուած են կամ գրեթէ չքանալու վրայ են։ «Երկրի գազաններ»ը շատ աւելի մեծ սպառնալիքի ներքեւ կը գտնուին մարդոց կողմէ քան մարդիկ՝ գազաններու կողմէ։ Հակառակ ասոր, կարգ մը երկիրներու մէջ, վայրի անասուններ, ինչպէս Հնդկաստանի մէջ վագրեր, տակաւին կը շարունակեն մեծ թիւով մարդկային կեանքեր խլել։
25 Աստուածաշունչը, սակայն, մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ տարբեր տեսակ գազանի մը վրայ, որ վերջին տարիներուն իրապէս վախ պատճառած է։ Եզեկիէլ մարգարէն գազանաբարոյ մարդիկը նմանցուց վայրի անասուններու, երբ ըսաւ. «Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէսզի ագահութեամբ վաստկին»։ (Եզեկիէլ 22։27) Երբ մարգարէացաւ «անօրէնութեան շատնալուն» մասին, Յիսուս, իրականութեան մէջ, ըսել կ’ուզէր թէ այսպիսի «գազաններ» երկրի վրայ գործունեայ պիտի ըլլային իր ներկայութեան ընթացքին։ (Մատթէոս 24։12) Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցող Պօղոս կ’աւելցնէ թէ «վերջին օրեր»ու ընթացքին, մարդիկ պիտի ըլլային «արծաթասէր, ... անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–3) Պարագան այսպէ՞ս եղած է 1914–էն ի վեր։
26–28. Համայն աշխարհէն եկող ի՞նչ տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ ոճրագործ «գազաններ» երկրի վրայ կ’ոռնան։
26 Վստահաբար այո՛։ Եթէ որեւէ մեծ քաղաքի մը մէջ կը բնակիք, արդէն գիտէք ասոր ճշմարիտ ըլլալը։ Բայց եթէ կասկած ունիք, միայն նկատի առէք վերջերս հրատարակուած օրաթերթերու հետեւեալ մէջբերումները։ Գոլոմպիայէն. «Անցեալ տարի, ոստիկանութիւնը արձանագրեց ... շուրջ 10,000 մարդասպանութիւններ եւ 25,000 զինեալ գողութիւններ»։ Վիգդորիա, Աւստրալիայէն. «Մեծ Ոճիրներու մէջ Հսկայ Բարձրացում»։ Միացեալ Նահանգներէն. «Նիւ Եորքի մէջ Ոճիրները Նոր Բարձրակէտի կը Հասնին»։ «Անցեալ տարի Տիթրոյթը (Միշիկան) գերազանցեց Կէրին (Ինտիանա) որպէս ազգին բարձրագոյն ոճիրը ունեցող քաղաքը. 58 ոճիր՝ 100,000 բնակչութեան համար»։
27 Զիմպապուէյէն. «Երախաներու սպանութիւնը ճգնաժամային համեմատութիւններ ստացած է»։ Պրազիլիայէն. «Հոս ոճիրը այնքան շատ է եւ զէնքերը այնքան սովորական են որ վայրագութեան լուրերը այլեւս շատ գրգռութիւն չեն յառաջացներ»։ Նոր Զելանտայէն. «Սեռային յարձակումները եւ վայրագ ոճիրները կը շարունակեն մեծապէս մտահոգել ոստիկանութիւնը»։ «Իրարու հանդէպ Նոր Զելանտացիներուն ցոյց տուած վայրագութեան մակարդակը միայն կարելի է նկարագրել որպէս բարբարոսական»։ Սպանիայէն. «Սպանիան կը կաշկանդուի երթալով աւելցող ոճրային հարցերով»։ Իտալիայէն. «Սիկիլիայի Մաֆիան, որոշ նահանջէ մը ետք, սպանութեան նոր ալիքով մը կը վերադառնայ»։
28 Ասոնք պարզապէս այս գրքին հրատարակութենէն քիչ մը առաջ օրաթերթերէն քաղուած կարգ մը մէջբերումներ են։ Վստահաբար, «գազաններ»ը որսի համար կ’ոռնան, մարդիկը ահ ու սարսափի եւ անապահովութեան մատնելով։
Բարի Լուրի Քարոզչութիւնը
29, 30. Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ կրօնական վիճակը ի՞նչ է, առ ի կատարում Յիսուսի մարգարէութեան։
29 Յիսուսի ներկայութեան խառնաշփոթ ժամանակաշրջանի ընթացքին, կրօնքին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Մէկ կողմէն, Յիսուս մարգարէացաւ որ կրօնական աւելի մեծ գործունէութիւն մը պիտի ըլլար, ըսելով. «Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն»։ (Մատթէոս 24։11) Իսկ միւս կողմէն, ան նախագուշակեց որ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ, ընդհանուր առմամբ, Աստուծոյ հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ ցած մակարդակ պիտի ունենար։ «Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։—Մատթէոս 24։12
30 Ասիկա իրապէս կը նկարագրէ Քրիստոնեայ Աշխարհի ներկայ վիճակը։ Մէկ կողմէն, Աւանդական Եկեղեցիները ամէնուրեք կը տկարանան, ծուխերու նուազումին պատճառաւ։ Ատենին թունդ Բողոքական եղող Հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներու եւ Անգլիոյ մէջ, կրօնքը այլեւս մեռած է։ Միեւնոյն ժամանակ, Կաթողիկէ Եկեղեցին կղերներու պակասէն եւ ծուխերու աջակցութեան նուազումէն կը տառապի։ Իսկ միւս կողմէն, ոչ–ուղղափառ կրօնական տարրեր կը ծաղկին։ Արեւելեան կրօնքներու վրայ հիմնուած ծիսականութիւնները կը ծաղկին, մինչ հեռատեսիլի ընչաքաղց աւետարանիչներ միլիոնաւոր տոլարներ կը շորթեն։
31. Յիսուս ի՞նչ նախագուշակեց, որ կ’օգնէ մեր օրերու ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշելու։
31 Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել ճշմարիտ Քրիստոնէութեան մասին, այն կրօնքը որ Յիսուսի կողմէ ներմուծուեցաւ եւ իր առաքեալներուն կողմէ քարոզուեցաւ։ Անիկա տակաւին գոյութիւն պիտի ունենար Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, բայց ինչպէ՞ս պիտի ճանչցուէր։ Շատ մը բաներ կը բնորոշեն ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը եւ անոնցմէ մէկը յիշուած է Յիսուսի մեծ մարգարէութեան մէջ։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները զբաղած պիտի ըլլային համաշխարհային քարոզչութիւնով։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը [Թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
32. Միմիայն ո՞ր խումբն է, որ կը կատարէ Մատթէոս 24։14–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մարգարէութիւնը։
32 Այս քարոզչութիւնը ներկայիս տեղի կ’ունենայ հսկայական տարողութեամբ։ Մեր օրերուն, Եհովայի Վկաներ կոչուող կրօնական խումբը, Քրիստոնէութեան պատմութեան ամենածաւալուն քարոզչական գործունէութեան ձեռնարկած է։ (Եսայեայ 43։10, 12) 1919–ին, մինչ քաղաքականութեամբ թաթախուած Քրիստոնեայ Աշխարհի գլխաւոր կրօնքները ձախողութեան վիճակուած Ազգերու Դաշնակցութիւնը կը ջատագովէին, Եհովայի Վկաները այս համերկրային քարոզչական արշաւին համար կը պատրաստուէին։
33, 34. Համայն աշխարհի մէջ Թագաւորութեան բարի լուրը ո՞ր տարողութեամբ քարոզուած է։
33 Այն ատեն միմիայն 10,000 Վկաներ կային, բայց անոնք հասկցան այս կատարուելիք գործին տարողութիւնը։ Հետեւաբար, անոնք քաջութեամբ ձեռնակեցին այս քարոզչութեան։ Անոնք գիտակցեցան որ կղեր–աշխարհականի բաժանումը հակառակ էր թէ՛ Աստուածաշունչի պատուէրներուն եւ թէ առաքելական օրինակին։ Ուստի բոլորն ալ, առանց բացառութեան, սորվեցան իրենց դրացիներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլ։ Անոնք քարոզիչներու կազմակերպութիւն մը դարձան։
34 Ժամանակի ընթացքին, այս քարոզիչները բուռն հակառակութեան տոկացին։ Եւրոպայի մէջ, անոնք ամբողջատիրական տարբեր տեսակ վարչաձեւերու կողմէ հակառակութեան հանդիպեցան։ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ, անոնք դատական պայքարներ մղեցին եւ խուժանային արարքներ դիմագրաւեցին։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, անոնք մոլեռանդ կրօնական նախապաշարումներու եւ բիրտ բռնակալներու կողմէ անգութ հալածանքներու ենթարկուեցան։ Վերջին տարիներուն, անոնք զարգացող սկեպտիկ հոգիին եւ ինքնահաճ գաղափարներուն դէմ ալ պայքար պէտք էր մղէին։ Սակայն անոնք յարատեւեցին, այն աստիճան որ ներկայիս չորս միլիոնէ աւելի անհատներ 212 երկիրներու մէջ կը քարոզեն։ Որեւէ ժամանակ Թագաւորութեան բարի լուրը այս տարողութեամբ չէր քարոզուած։ Ահաւասիկ նշանին այս երեսակն ալ ջախջախիչ կատարում մը ունեցած է։
Այս Բոլոր Դէպքերը Ի՞նչ կը Նշանակեն
35. (ա) Մեր օրերուն մարգարէութեան կատարուիլը ինչպէ՞ս կ’օգնէ ապացուցանելու Աստուածաշունչին Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած ըլլալը։ (բ) Յիսուսի տուած նշանին կատարուիլը ի՞նչ կը նշանակէ մեր օրերուն համար։
35 Տարակոյս չկայ թէ մենք ներկայիս Յիսուսի տուած մեծ նշանին կատարուելուն ականատես ենք։ Այս իրողութիւնը յաւելեալ փաստ մըն է թէ Աստուածաշունչը արդարեւ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած է։ Ո՛չ ոք այսքան ժամանակ առաջուընէ պիտի կարենար նախագուշակել այն դէպքերը որոնք տեղի պիտի ունենային այս Ի. դարուն։ Ասկէ զատ, նշանին կատարուիլը կը նշանակէ որ մենք կ’ապրինք Յիսուսի ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանի ժամանակին մէջ։ (Մատթէոս 24։3) Ի՞նչ է ասոր նշանակութիւնը։ Յիսուսի ներկայութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ։ Իսկ ի՞նչ է իրերու դրութիւնը որ իր վախճանին կը մօտենայ։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն ուրիշ զօրաւոր ապացոյց մը նկատի պէտք է առնենք. անոր հոյակապ ներքին ներդաշնակութիւնը։ Յաջորդ գլուխին մէջ, այս մասին պիտի խօսինք եւ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի գլխաւոր բնաբանը նոյնիսկ հիմա իր ահաւոր յանգումին կը մօտենայ։
[Ստորանիշներ]
a Առնուազն 5 երկրաշարժներ տեղի ունեցած են 1914–ի եւ 1918–ի միջեւ, որոնք Ապրուզի քաղաքին երկրաշարժէն շատ աւելի զօրաւոր էին՝ Ռիշթէրի աստիճանով 8 կամ աւելի։ Սակայն, այս երկրաշարժները երկրագունդին հեռաւոր մասերուն մէջ տեղի ունեցան եւ հետեւաբար շատ ուշադրութիւն չգրաւեցին որքան Իտալիոյ երկրաշարժը։5
b Այս կարգ մը աղէտներու զոհերու թիւին նկատմամբ տարբեր թուանշաններ տեղեկագրուած են։ Բոլորն ալ, սակայն, ծայր աստիճան կործանարար էին։
-
-
Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնըԱստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
-
-
Գլուխ 11
Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
Երեւակայեցէք գրադարան մը, բաղկացած՝ 66 գիրքերէ որոնք գրուած են շուրջ 40 տարբեր անհատներու կողմէ, աւելի քան 1,600 տարիներու ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած այս գրողները երեք տարբեր լեզուներ գործածած են։ Իւրաքանչիւր գրող տարբեր անձնաւորութիւն, տաղանդներ եւ ծագում ունէր։ Սակայն, երբ անոնց գրած գիրքերը վերջապէս իրարու քով բերուեցան, զարմանալիօրէն անոնք մեծ գիրք մը կազմեցին, որ հիմնական մէկ բնաբան կը զարգացնէ սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Ասիկա դժուար է երեւակայել, այդպէս չէ՞։ Սակայն Աստուածաշունչը ճիշդ այսպիսի գրադարան մըն է։
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) Ի՞նչ յատկանշական ներդաշնակութիւն կը վկայէ այն իրողութեան թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ պարկեշտօրէն ուսումնասիրող մը պիտի տպաւորուի այն իրողութենէն որ թէեւ անիկա տարբեր գիրքերու հաւաքածոյ մըն է, սակայն միաձուլուած գիրք մըն է։ Միաձուլուած՝ այն իմաստով որ, սկիզբէն մինչեւ վերջը, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ միակ Աստուծոյ պաշտամունքը, որու յատկանիշները անփոփոխ են, ինչպէս նաեւ անոր բոլոր գիրքերը մէկ գլխաւոր բնաբան կը հետապնդեն։ Այս ընդհանուր ներդաշնակութիւնը զօրաւոր փաստ մըն է թէ Աստուածաշունչը, արդարեւ, Աստուծոյ Խօսքն է։
2, 3. Եդեմի մէջ տրուած ի՞նչ մարգարէութիւն յոյս կը տածէր, եւ ի՞նչ պարագաներ այդ մարգարէութեան տրուելուն առաջնորդեցին։
2 Աստուածաշունչի հիմնական բնաբանը անոր առաջին գիրքին՝ Ծննդոցին՝ սկիզբի գլուխներուն մէջ կը շեշտուի։ Հոն կը կարդանք որ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, կատարեալ ստեղծուեցան եւ դրախտային պարտէզի մը՝ Եդեմի՝ մէջ դրուեցան։ Սակայն, Եւայի մօտենալով, օձ մը Աստուծոյ օրէնքներուն ուղիղ ըլլալը հարցի տակ դրաւ եւ խորամանկ սուտերով դրդեց զինք որ մեղանչէ։ Ադամ իր կնոջ հետեւեցաւ եւ ան ալ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Երկուքն ալ Եդեմէն վռնտուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան։ Մենք ներկայիս այդ առաջին ըմբոստութեան հետեւանքները կը կրենք, քանի որ բոլորս ալ մեր առաջին ծնողքէն մեղք ու մահ ժառանգած ենք։—Ծննդոց 3։1–7, 19, 24. Հռովմայեցիս 5։12
3 Այդ եղերական պահուն սակայն, Աստուած մարգարէութիւն մը տուաւ, որ յոյս կը տածէր։ Մարգարէութիւնը ուղղուեցաւ օձին, բայց Ադամի ու Եւայի լսելի կերպով մը, որպէսզի անոնք կարենային զայն իրենց զաւակներուն փոխանցել։ Աստուած հետեւեալը ըսաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։—Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 8։20, 21
4. Եդեմի մէջ Եհովայի տուած մարգարէութեան մէջ ի՞նչ էութիւններ յիշուեցան, եւ դարերու ընթացքին անոնք ինչպէ՞ս իրարու հետ գործառնութիւն պիտի ունենային։
4 Նկատի առէք թէ այս գլխաւոր համարին մէջ չորս տարբեր էութիւններ կը յիշուին. օձն ու իր սերունդը, ինչպէս նաեւ կինն ու իր սերունդը։ Այս էութիւնները հազարաւոր տարիներու ընթացքին տեղի ունենալիք դէպքերուն գլխաւոր դերակատարները պիտի ըլլային։ Յարատեւ թշնամութիւն գոյութիւն պիտի ունենար երկու կողմերուն՝ կնոջ ու իր սերունդին եւ Սատանային ու իր սերունդին՝ միջեւ։ Այս թշնամութիւնը ճշմարիտ եւ սուտ պաշտամունքին, շիտակ եւ սխալ վարմունքին միջեւ անվերջ պայքար պիտի ներփակէր։ Որոշ ժամանակ մը, օձը երեւութապէս առաւելութիւն մը ձեռք պիտի ձգէր, երբ կնոջ սերունդին գարշապարը խայթէր։ Սակայն, կնոջ սերունդը վերջապէս պիտի ջախջախէր օձին գլուխը եւ Աստուած պիտի ջատագովուէր, երբ այդ առաջին ըմբոստութեան բոլոր հետքերը վերցուէին։
5. Ինչպէ՞ս գիտենք որ այդ մարգարէութեան կինը Եւան չէր։
5 Որո՞նք են կինը եւ օձը։ Իսկ որո՞նք են անոնց սերունդները։ Երբ իր առաջին որդին՝ Կայէնը ունեցաւ, Եւա բացագանչեց. «Մարդ ստացայ [Եհովայի օգնութեամբ ՆԱ]»։ (Ծննդոց 4։1) Ան թերեւս կը խորհէր թէ ինքն էր մարգարէութեան կինը եւ թէ իր որդին պիտի ըլլար սերունդը։ Սակայն, Կայէն, օձին նման, չար հոգի մը ունէր։ Իր կրտսեր եղբայրը՝ Աբէլը՝ սպաննելով, ան մարդասպան մը դարձաւ։ (Ծննդոց 4։8) Յստակ է, ուրեմն, որ մարգարէութիւնը աւելի խոր եւ այլաբանական իմաստ մը ունէր, զոր միայն Աստուած ի վիճակի էր բացատրելու։ Բայց Աստուած աստիճանաբար ըրաւ ասիկա։ Աստուածաշունչի բոլոր 66 գիրքերն ալ կերպով մը կը նպաստեն Աստուածաշունչի այս առաջին մարգարէութեան իմաստին յայտնութեան։
Ո՞վ Է Օձը
6–8. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը մեզի կ’օգնեն օձին ետին եղած զօրութիւնը բնորոշելու։ Բացատրեցէք։
6 Նախ, ո՞վ է Ծննդոց 3։15–ին մէջ յիշուած օձը։ Պատմութիւնը կ’ըսէ որ Եդեմի մէջ բառացի օձ մը մօտեցաւ Եւայի։ Սակայն բառացի օձերը չեն կրնար խօսիլ։ Այդ օձին ետին զօրութիւն մը եղած ըլլալու էր, որ զինք այդպէս վարուելու մղեց։ Ի՞նչ էր այդ զօրութիւնը։ Այդ զօրութեան ինքնութիւնը յստակօրէն յայտնուեցաւ մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, երբ Յիսուս երկրի վրայ իր ծառայութիւնը կը մատուցանէր։
7 Առիթով մը, Յիսուս ինքնարդար Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն հետ կը խօսէր, որոնք կը պարծենային թէ իրենք Աբրահամի որդիներն էին։ Սակայն, անոնք յամառօրէն կը հակառակէին Յիսուսի քարոզած ճշմարտութեան։ Ուստի, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասնզի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը»։—Յովհաննու 8։44
8 Յիսուսի խօսքերը զօրաւոր եւ շեշտակի էին։ Ան Բանսարկուն նկարագրեց որպէս «մարդասպան» մը եւ ‘ստութեան հայրը’։ Արձանագրուած առաջին սուտերը օձին կողմէ արտաբերուեցան Եդեմի մէջ։ Ան որ այդ սուտերը խօսեցաւ արդարեւ ‘ստութեան հայր’ն էր։ Ասկէ զատ, այդ սուտերը Ադամի եւ Եւայի մահուան պատճառ եղան, այդ վաղեմի ստախօսը մարդասպան մը դարձնելով։ Բացայայտ է, ուրեմն, որ Եդեմի մէջ օձին ետին եղած զօրութիւնը Բանսարկու Սատանան էր, իսկ Եհովա իրապէս Սատանային կ’ուղղէր այդ վաղեմի մարգարէութիւնը։
9. Սատանան ինչպէ՞ս գոյութիւն ունեցաւ։
9 Ոմանք հարց տուած են. Եթէ Աստուած բարի է, ինչո՞ւ այսպիսի արարած մը՝ Բանսարկուն՝ ստեղծեց։ Յիսուսի խօսքերը մեզի կ’օգնեն այս հարցումին ալ պատասխանելու։ Յիսուս Սատանայի մասին ըսաւ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր»։ Ուստի, երբ Սատանան Եւային սուտ խօսեցաւ, ա՛յն ատեն ան Սատանայ դարձաւ, Եբրայերէն բառ մը, որ կը նշանակէ՝ «հակառակորդ»։ Աստուած չստեղծեց Սատանան։ Նախապէս հաւատարիմ եղած հրեշտակ մը թոյլ տուաւ որ իր սրտին մէջ չար ցանկութիւններ զարգանան, այնպէս որ ան Սատանայ դարձաւ։—Բ. Օրինաց 32։4. բաղդատել Յոբ 1։6–12. 2։1–10. Յակոբու 1։13–15։
Օձին Սերունդը
10, 11. Յիսուս եւ Յովհաննէս առաքեալ ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն Օձին սերունդը բնորոշելու։
10 Բայց ո՞վ է ‘օձին սերունդ’ը։ Յիսուսի խօսքերը կ’օգնեն մեզի հանելուկին այս մասն ալ լուծելու։ Ան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ Այդ Հրեաները Աբրահամի սերունդ էին, ինչպէս անոնք կը պարծենային։ Սակայն անոնց ամբարիշտ վարքը զանոնք Սատանայի՝ մեղքի հեղինակին՝ հոգեւոր որդիներ կը դարձնէր։
11 Առաջին դարու վերջաւորութեան գրելով, Յովհաննէս առաքեալ յստակօրէն կը բացատրէ թէ որո՛նք Օձին՝ Սատանային՝ սերունդին կը պատկանին։ Ան կը գրէ. «Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասնզի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ... Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր»։ (Ա. Յովհաննու 3։8–10) Ակներեւաբար, Օձին սերունդը շատ գործունեայ եղած է ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին։
Ո՞վ Է Կնոջ Սերունդը
12, 13. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս Աբրահամին յայտնեց որ կնոջ սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար։ (բ) Սերունդին նկատմամբ խոստումը ո՞վ ժառանգեց։
12 Իսկ ո՞վ է ‘կնոջ սերունդ’ը։ Ասիկա ցարդ յարուցուած ամենէն կարեւոր հարցումն է, քանի որ կնոջ սերունդն է, որ վերջապէս պիտի ջախջախէ Սատանային գլուխը եւ առաջին ըմբոստութեան գէշ հետեւանքները պիտի սրբէ։ Հ.Դ.Ա. քսաներորդ դարուն, Աստուած այս սերունդին ինքնութեան մասին հիմնական նշան մը տուաւ հաւատարիմ Աբրահամին։ Աբրահամի մեծ հաւատքին պատճառաւ, Աստուած խոստումներու շարք մը տուաւ անոր, իրմէ սերելիք սերունդին մասին։ Այդ խոստումներէն մէկը կը յայտնէր թէ ‘կնոջ սերունդ’ը, որ ‘Սատանային գլուխը պիտի ջախջախէր, Աբրահամի զաւակներէն պիտի գար։ Աստուած անոր ըսաւ. «Քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [իրենք զիրենք պիտի օրհնեն ՆԱ], որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։—Ծննդոց 22։17, 18
13 Մինչ տարիները սահեցան, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը կրկնուեցաւ Աբրահամի որդւոյն՝ Իսահակի եւ անոր թոռան՝ Յակոբի։ (Ծննդոց 26։3–5. 28։10–15) Վերջապէս, Յակոբի սերունդը 12 ցեղեր կազմեց եւ այդ ցեղերէն մէկը՝ Յուդան՝ մասնայատուկ խոստում մը ստացաւ։ «Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, մինչեւ որ Սելովը գայ ու ժողովուրդները անոր հնազանդին»։ (Ծննդոց 49։10) Բացայայտօրէն, Սերունդը Յուդայի ցեղէն պիտի գար։
14. Ո՞ր ազգը կազմակերպուեցաւ գալիք Սերունդին համար պատրաստ ըլլալու։
14 Հ.Դ.Ա. տասնըվեցերորդ դարու վերջաւորութեան, Իսրայէլի 12 ցեղերը որպէս ազգ կազմակերպուեցան Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը ըլլալու։ Այս նպատակով, Աստուած անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ եւ անոնց օրինագիրք մը տուաւ։ Ասոր գլխաւոր նպատակն էր գալիք Սերունդին համար ժողովուրդ մը պատրաստել։ (Ելից 19։5, 6. Գաղատացիս 3։24) Անկէ ի վեր, կնոջ Սերունդին հանդէպ Սատանային թշնամութիւնը յայտնի եղաւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին հանդէպ ազգերուն թշնամութենէն։
15. Վերջնական ի՞նչ նշան տրուեցաւ թէ Աբրահամի շառաւիղին ո՛ր ընտանիքէն յառաջ պիտի գար Սերունդը։
15 Հ.Դ.Ա. տասնըմէկերորդ դարուն, վերջնական նշան մը տրուեցաւ թէ Սերունդը ո՛ր ընտանիքէն յառաջ պիտի գար։ Այդ ժամանակ, Աստուած Իսրայէլի երկրորդ թագաւորին՝ Դաւիթին՝ խօսեցաւ ու խոստացաւ որ Սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար եւ որ Անոր աթոռը ‘յաւիտեան ապահով պիտի ըլլար’։ (Բ. Թագաւորաց 7։11–16) Անկէ սկսեալ, պատշաճօրէն կարելի եղաւ Սերունդին ակնարկել որպէս Դաւիթի որդի։—Մատթէոս 22։42–45
16, 17. Եսայի ինչպէ՞ս նկարագրեց Սերունդին բերելիք օրհնութիւնները։
16 Յաջորդ տարիներուն, Աստուած մարգարէներ հանեց, որպէսզի անոնք գալիք Սերունդին մասին շատ մը ներշնչեալ տեղեկութիւններ տան։ Օրինակի համար, Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսային գրեց. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7
17 Եսայի այս Սերունդին մասին դարձեալ մարգարէացաւ. «Աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ ... Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ...։ Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։4–9) Ի՜նչ ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէր այս սերունդը։
18. Սերունդին մասին Դանիէլ յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւն արձանագրեց։
18 Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ վեցերորդ դարուն, Դանիէլ Սերունդին մասին յաւելեալ մարգարէութիւն մը արձանագրեց։ Ան նախագուշակեց այն ժամանակը, երբ երկնքի մէջ Որդի մարդոյ նման մէկը պիտի երեւնար եւ ըսաւ որ «անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէսզի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ուստի, գալիք Սերունդը երկնային թագաւորութիւն մը պիտի ժառանգէր, իսկ անոր արքայական հեղինակութիւնը ամբողջ երկրի վրայ պիտի տարածուէր։
Հանելուկը Լուծուած
19. Ինչպէս հրեշտակը յայտնեց, Մարիամ ի՞նչ դեր պիտի խաղար գալիք Սերունդին նկատմամբ։
19 Սերունդին ինքնութիւնը վերջապէս քօղազերծուեցաւ մեր Հասարակ Դարաշրջանի սկիզբը։ Հ.Դ.Ա. 2–ին, հրեշտակ մը Դաւիթի սերունդէն եղած Հրեայ երիտասարդուհիի մը երեւցաւ, որու անունն էր՝ Մարիամ։ Հրեշտակը անոր ըսաւ որ ան մասնայատուկ զաւկի մը ծնունդ պիտի տար եւ աւելցուց. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ (Ղուկաս 1։32, 33) Ուստի, երկար ատենէ սպասուած «սերունդ»ը ի վերջոյ պիտի գար։
20. Ո՞վ է խոստացեալ Սերունդը, եւ ան ի՞նչ պատգամ քարոզեց Իսրայէլի մէջ։
20 Հ.Դ. 29–ին (Դանիէլի կողմէ շատ առաջուընէ մատնանշուած թուական մը), Յիսուս մկրտուեցաւ։ Այն ատեն սուրբ հոգին անոր վրայ իջաւ, իսկ Աստուած զինք ընդունեց որպէս իր Որդին։ (Դանիէլ 9։24–27. Մատթէոս 3։16, 17) Ապա Յիսուս երեքուկէս տարի Հրեաներուն վկայութիւն տուաւ, յայտարարելով. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Մատթէոս 4։17) Այս ժամանակամիջոցին, Յիսուս Եբրայերէն Գրութիւններէն այնքան շատ մարգարէութիւններ կատարեց որ արդարեւ խոստացեալ Սերունդը ըլլալուն շուրջ ո՛չ մէկ կասկած ձգեց։
21. Սերունդին ինքնութեան մասին առաջին Քրիստոնեաները ի՞նչ հասկցան։
21 Առաջին Քրիստոնեաները ասիկա լաւ հասկցան։ Պօղոս Գաղատիոյ Քրիստոնեաներուն բացատրեց. «Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. ‘Եւ քու սերունդներուդ’, որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար ‘Եւ քու սերունդիդ’, որ Քրիստոս է»։ (Գաղատացիս 3։16) Յիսուս պիտի ըլլար Եսայի նախագուշակած «Խաղաղութեան Իշխան»ը։ Երբ ան վերջապէս իր Թագաւորութիւնովը գար, արդարութիւնը եւ իրաւունքը պիտի հաստատուէին ամբողջ երկրի վրայ։
Իսկ Ո՞վ Է Կինը
22. Եդեմի մէջ Եհովայի տուած մարգարէութեան մէջ ակնարկուած կինը ո՞վ է։
22 Եթէ Յիսուս Սերունդն է, ուրեմն ո՞վ է այն կինը որու ակնարկուեցաւ Եդեմի մէջ։ Քանի որ օձին ետին գտնուած զօրութիւնը հոգեղէն արարած մըն էր, պէտք չէ զարմանանք որ կինն ալ հոգեղէն ըլլայ, ոչ թէ՝ մարմնեղէն։ Պօղոս առաքեալ երկնային «կնոջ» մը մասին խօսեցաւ, երբ ըսաւ. «Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է»։ (Գաղատացիս 4։26) Ուրիշ համարներ կը մատնանշեն որ այս «վերին Երուսաղէմը» արդէն հազարամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Անիկա հոգեղէն արարածներէ բաղկացած Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնն է, ուրկէ Յիսուս երկիր եկաւ, որպէսզի ‘կնոջ սերունդ’ին դերը կատարէ։ Միայն այսպիսի հոգեղէն ‘կին’ մը կրնար հազարամեակներ տոկալ «առաջուան օձ»ին թշնամութեան։—Յայտնութիւն 12։9. Եսայեայ 54։1, 13. 62։2–6
23. Եհովայի Եդեմական մարգարէութեան իմաստին յառաջդիմական յայտնութիւնը ինչո՞ւ շատ յատկանշական է։
23 Ծննդոց 3։15–ի այս վաղեմի մարգարէութեան զարգացման հակիրճ ակնարկ մը նետելը զօրաւոր վկայութիւն մը կու տայ Աստուածաշունչին հոյակապ ներդաշնակութեան։ Իրապէս յատկանշական է որ այս մարգարէութիւնը հասկնալի կը դառնայ միմիայն երբ Հ.Դ.Ա. քսաներորդ, տասնըմէկերորդ, ութերորդ եւ վեցերորդ դարերու պատահարները եւ խօսքերը կապենք մեր Հասարակ Դարաշրջանի Ա. դարու խօսքերուն ու դէպքերուն հետ։ Կարելի չէ այս բոլորը դիպուածի վերագրել։ Ասոնց ետին անպայման առաջնորդող ձեռք մը ըլլալու էր։—Եսայեայ 46։9, 10
Ի՛նչ կը Նշանակէ Մեզի Համար
24. Սերունդին բնորոշումը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։
24 Այս մարգարէութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Յիսուս «կնոջ» գլխաւոր «սերունդ»ն է։ Ծննդոց 3։15–ի այդ վաղեմի մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր որ Օձը ‘սերունդին գարշապարը պիտի խայթէր’ եւ ասիկա պատահեցաւ երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ մեռաւ։ Խայթուածքի մը վնասը մնայուն չէ։ Հետեւաբար, Օձին երեւութական յաղթանակը շուտով պարտութեան դարձաւ, երբ Յիսուս յարուցուեցաւ։ (Ինչպէս 6–րդ գլուխին մէջ տեսանք, անժխտելի ապացոյցներ կան թէ ասիկա իրողութիւն մըն է։) Յիսուսի մահը արդարամիտ մարդոց փրկութեան հիմը եղաւ։ Ուստի, Սերունդը օրհնութիւն մը եղաւ, ինչպէս Աստուած խոստացած էր Աբրահամին։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն մարգարէութիւններուն մասին, ըստ որոնց, Յիսուս ամբողջ երկրին վրայ պիտի իշխէր երկնային թագաւորութենէ մը։
25, 26. ‘Կնոջ սերունդ’ին եւ Օձին միջեւ եղող թշնամութիւնը ի՞նչ հարց կը բովանդակէր, ինչպէս նկարագրուած է Յայտնութեան մէջ։
25 Յայտնութիւն 12–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած մարգարէական պատկերաւոր տեսիլք մը այս Թագաւորութեան հաստատուիլը կը նկարագրէ երկնքի մէջ արու զաւկի մը ծնունդով։ Այս Թագաւորութեան մէջ, խոստացեալ Սերունդը զօրութիւն կը ստանայ Միքայէլ տիտղոսին ներքեւ, որ կը նշանակէ՝ «Ո՞վ Է Աստուծոյ Պէս»։ «Առաջուան օձը» երկնքէն ընդմիշտ դուրս վռնտելով, ան ցոյց կու տայ որ ո՛չ մէկը կրնայ իրաւացիօրէն ասպարէզ կարդալ Եհովայի գերիշխանութեան։ Կը կարդանք. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ [ամբողջ] աշխարհ մոլորեցուց»։—Յայտնութիւն 12։7–9
26 Ասիկա երկնքին հանգստութիւն կը բերէ, բայց երկրին՝ նեղութիւն։ Երկնքի մէջ սա յաղթական աղաղակը թնդաց. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը»։ Ապա կը կարդանք. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։—Յայտնութիւն 12։10, 12
27. Սատանայի երկնքէն վռնտուելուն մասին մարգարէութիւնը ե՞րբ կատարուեցաւ։ Ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։
27 Կրնա՞նք գիտնալ թէ այս մարգարէութիւնը ե՛րբ պիտի կատարուէր։ Իրականութեան մէջ, աշակերտները ճիշդ այս հարցումը ուղղեցին Յիսուսի, երբ ‘իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին նշանը’ խնդրեցին իրմէ, որու մասին խօսեցանք 10–րդ գլուխին մէջ։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Ինչպէս տեսանք, ջախջախիչ փաստեր կան թէ երկնային Թագաւորութեան մէջ զօրութիւն ստացած Յիսուսի ներկայութիւնը սկսաւ 1914–ին։ Այն ատենէն ի վեր, արդարեւ կրնանք ըսել. «Վա՜յ երկրին»։
28, 29. Տակաւին երկրի թատերաբեմին վրայ ի՞նչ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, եւ ինչպէ՞ս գիտենք որ անոնք շուտով տեղի պիտի ունենան։
28 Բայց մի՛ մոռնաք որ այդ երկնային աղաղակը կը ծանուցանէր թէ Սատանան «քիչ ժամանակ» պիտի մնար։ Ուստի, Ծննդոց 3։15–ի այդ առաջին մարգարէութիւնը անդիմադրելիօրէն իր յանգումին կը մօտենայ։ Օձն ու իր սերունդը, կինն ու իր սերունդը, բոլորն ալ բնորոշուած են։ Սերունդին ‘գարշապարը խայթուեցաւ’, բայց անիկա ապաքինուեցաւ։ Շուտով, Աստուծոյ արդէն իշխող Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ պիտի ջախջախէ Սատանան (եւ անոր սերունդը)։
29 Ասիկա երկրի թատերաբեմին վրայ հսկայական փոփոխութիւններ պիտի բերէ։ Բոլոր անոնք որոնք կը փաստեն Սատանայի սերունդը ըլլալ, անոր հետ պիտի բնաջնջուին։ Ինչպէս սաղմոսերգուն մարգարէացաւ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես»։ (Սաղմոս 37։10) Ի՜նչ արմատական փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ ատիկա։ Այն ատեն, պիտի իրականանան սաղմոսերգուին յաջորդ խօսքերը. «Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։11
30. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն եւ Աստուծոյ գոյութեան վրայ կասկած յայտնող սկեպտիկները անիրապաշտ են։
30 Այս կերպով, «Խաղաղութեան Իշխան»ը ի վերջոյ բոլոր մարդոց խաղաղութիւն պիտի բերէ։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ խոստացուած է, ինչպէս նկատի առինք Եսայեայ 9։6, 7–ին մէջ։ Այս սկեպտիկական դարուն, շատեր այսպիսի խոստումներ անիրապաշտ կը գտնեն։ Բայց մարդս ասոր փոխարէն ի՞նչ կը հրամցնէ։ Իրապէս ոչինչ։ Իսկ միւս կողմէն, այս խոստումը յստակօրէն նշուած է Աստուածաշունչին մէջ, որ Աստուծոյ անթերի Խօսքն է։ Իրականութեան մէջ, սկեպտիկներն են որ անիրապաշտ են։ (Եսայեայ 55։8, 11) Անոնք Աստուած կ’անտեսեն, որ Աստուածաշունչը ներշնչեց եւ որ գերագոյն իրականութիւնն է։
[Նկար՝ էջ 151]
Աստուածաշունչի առաջին մարգարէութիւնը ինկած մարդկութեան յոյս տածեց
[Նկար՝ էջ 154]
Հ.Դ.Ա. քսաներորդ դարուն, Եհովա Աբրահամին ըսաւ որ խոստացեալ Սերունդը իր շառաւիղէն պիտի գար
[Նկար՝ էջ 155]
Հ.Դ.Ա. տասնըմէկերորդ դարուն, Դաւիթ Թագաւոր իմացաւ որ Սերունդը իր արքայական շառաւիղէն պիտի գար
[Նկար՝ էջ 156]
Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի Սերունդին բերելիք օրհնութիւնները նախագուշակեց
[Նկար՝ էջ 157]
Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ նախագուշակեց որ Սերունդը երկնային թագաւորութեան մը մէջ պիտի իշխէր
[Նկար՝ էջ 159]
Հ.Դ. առաջին դարու գրեթէ սկիզբը, Մարիամ իմացաւ որ իր յղանալիք երախան՝ Յիսուսը՝ մեծնալով Սերունդը պիտի ըլլար
-