Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
    • ԳԼՈՒԽ 3

      Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

      • Մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

      • Աստուծոյ ինչպէ՞ս մարտահրաւէր ուղղուած է

      • Ապագային՝ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ

      1. Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է։

      ԵՐԿՐԻ նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը իրապէս հոյակապ է։ Ան կ’ուզէ որ երկիրը երջանիկ ու առողջ մարդոցմով լեցուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուած «Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց» եւ «տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ. . . բուսցուց»։ Ան առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան ստեղծելէ ետք, զանոնք այդ սիրուն բնակարանին մէջ դրաւ եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28. 2։8, 9, 15)։ Ուստի Աստուծոյ նպատակն էր որ մարդիկ զաւակներ ունենային, այդ դրախտային տան սահմանները մինչեւ երկրի ծայրերը ընդարձակէին եւ անասուններուն հոգ տանէին։

      2. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրականանայ։ բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ երկրի վրայ մարդոց յաւիտեան ապրելուն մասին։

      2 Կը խորհի՞ս թէ երկրային դրախտի մէջ մարդիկը ապրեցնելու Աստուծոյ նպատակը օրին մէկը պիտի իրականանայ։ Աստուած կ’ըսէ. «Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ» (Եսայի 46։9-11. 55։11)։ Արդարեւ, Աստուած ինչ որ նպատակադրէ՝ անպայման պիտի կատարէ։ Ան կ’ըսէ թէ երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Աստուած երկրի վրայ ինչպիսի՞ մարդիկ կ’ուզէր ապրեցնել եւ որքա՞ն ատեն։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։3, 4)։

      3. Երկրի վրայ այժմ ի՞նչ ողբալի վիճակ կը տիրէ, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներ կը յարուցանէ։

      3 Բացայայտ է որ այս նպատակը տակաւին չէ իրականացած։ Մարդիկ այժմ կը հիւանդանան ու կը մեռնին. անոնք նոյնիսկ կը կռուին ու զիրար կը սպաննեն։ Ուրեմն սխալ բան մը կայ։ Վստահաբար Աստուած չէր նպատակադրած որ երկիրը հիմակուան վիճակին հասնէր։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուծոյ նպատակը ինչո՞ւ չկատարուեցաւ։ Մարդու ձեռքով գրուած պատմական ո՛չ մէկ գիրք կրնայ մեզի ասոր պատասխանը տալ, որովհետեւ բուն խնդիրը երկնքի մէջ սկսաւ։

      ԹՇՆԱՄԻԻ ՄԸ ԾԱԳՈՒՄԸ

      4, 5. ա) Օձի մը միջոցաւ Եւային հետ խօսողը՝ իրականութեան մէջ ո՞վ էր։ բ) Նախապէս առաքինի ու պարկեշտ անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ գող դառնալ։

      4 Աստուածաշունչի առաջին գիրքը կը խօսի Եդեմի պարտէզին մէջ ի յայտ եկող Աստուծոյ մէկ հակառակորդին մասին։ Թէեւ նկարագրուած է որպէս «օձը», բայց անիկա լոկ անասուն մը չէր։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը զայն կը բնորոշէ որպէս «Բանսարկու ու Սատանայ. . . որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Ան նաեւ կոչուած է «այն առաջուան օձը» (Ծննդոց 3։1. Յայտնութիւն 12։9)։ Այս հզօր հրեշտակը կամ անտեսանելի հոգեղէն արարածը, Եւայի հետ խօսելու համար օձ մը գործածեց, ճիշդ ինչպէս որ հմուտ անհատ մը պուպրիկի կամ խամաճիկի մը միջոցաւ իր ձայնը կը գործածէ։ Անկասկած այդ հոգեղէն անձը ներկայ էր, երբ Աստուած երկիրը կը պատրաստէր մարդոց համար (Յոբ 38։4, 7)։

      5 Քանի որ Եհովայի բոլոր ստեղծագործութիւնները կատարեալ են, ուստի ո՞վ ըրաւ այս «Բանսարկուն», այս «Սատանան»։ Մէկ խօսքով, Աստուծոյ հզօր հոգեղէն որդիներէն մէկը ինքզինք Բանսարկու ըրաւ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի եղաւ։ Գիտենք թէ առաքինի ու պարկեշտ անհատ մը կարելի է որ օրին մէկը գող դառնայ։ Ինչպէ՞ս։ Անհատը կրնայ թոյլ տալ որ իր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւն մը զարգանայ։ Եթէ ան շարունակէ անոր մասին մտածել, այդ սխալ ցանկութիւնը կրնայ զօրանալ։ Ապա, եթէ պատեհութիւնը ներկայանայ, ան կրնայ իր մտածած ցանկութեան համաձայն գործել (կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15)։

      6. Աստուծոյ հզօր հոգեղէն որդիներէն մէկը ինչպէ՞ս Բանսարկու Սատանան եղաւ։

      6 Բանսարկու Սատանայի պարագային ճիշդ ասիկա տեղի ունեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, ան լսեց թէ Աստուած Ադամի ու Եւայի կ’ըսէ, որ զաւակներ ծնանին ու երկիրը իրենց սերունդով լեցնեն (Ծննդոց 1։27, 28)։ Բացայայտօրէն, ան սապէս խորհեցաւ. ‘Այս բոլոր մարդ արարածները կրնան Աստուծոյ փոխարէն զիս պաշտել’։ Ուստի անոր սրտին մէջ սխալ ցանկութիւն մը զարգացաւ։ Ի վերջոյ, ան Աստուծոյ մասին սուտեր խօսելով՝ Եւան խաբեց (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5)։ Այսպէս է որ ան «Բանսարկու» եղաւ, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ»։ Միեւնոյն ատեն, ան «Սատանայ» եղաւ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։

      7. ա) Ադամն ու Եւան ինչո՞ւ մեռան։ բ) Ինչո՞ւ Ադամի ամբողջ սերունդը կը ծերանայ ու կը մեռնի։

      7 Սուտեր ու խաբէութիւն գործածելով, Բանսարկու Սատանան պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ դառնան (Ծննդոց 2։17. 3։6)։ Առ ի հետեւանք, անոնք ի վերջոյ մահացան, ինչպէս Աստուած ըսած էր թէ պիտի պատահէր, եթէ իրեն չհնազանդէին (Ծննդոց 3։17-19)։ Քանի որ Ադամ իր մեղանչելէն ետք անկատար եղաւ, իր ամբողջ սերունդը իրմէ մեղք ժառանգեց (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12)։ Պարագան կարելի է լուսաբանել գործածելով նկանակ եփելու կաղապարին օրինակը։ Եթէ կաղապարը փոսիկ մը ունի, անոր մէջ եփուող իւրաքանչիւր նկանակին ի՞նչ կը պատահի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ փոսիկ կամ թերութիւն մը պիտի ունենայ։ Նոյնպէս, իւրաքանչիւր մարդ արարած Ադամէն ժառանգած է անկատարութեան «փոսիկ» մը։ Այս պատճառաւ է որ բոլոր մարդիկ կը ծերանան ու կը մեռնին (Հռովմայեցիս 3։23)։

      8, 9. ա) Ըստ երեւոյթին, Սատանան ի՞նչ մարտահրաւէր ուղղեց։ բ) Աստուած ինչո՞ւ ըմբոստները անմիջապէս չկորսնցուց։

      8 Երբ Սատանան Ադամն ու Եւան դրդեց Աստուծոյ դէմ մեղանչելու, իրականութեան մէջ ան ըմբոստութիւն մը կ’առաջնորդէր։ Ան Եհովայի իշխելու կերպին դէմ մարտահրաւէր կ’ուղղէր։ Ուրիշ խօսքով, կարծես թէ Սատանան կ’ըսէր. ‘Աստուած վատ իշխան մըն է։ Ան սուտեր կը խօսի եւ իր հպատակները բարի բաներէ կը զրկէ։ Մարդիկ հարկ չունին որ Աստուած իրենց վրայ իշխէ։ Անոնք իրենք իրենց կրնան որոշել թէ ի՛նչն է բարին ու ի՛նչն է չարը։ Եւ իմ իշխանութեանս ներքեւ անոնք աւելի լաւ պայմաններու տակ կ’ապրին’։ Աստուած ինչպէ՞ս պիտի վարուէր այս նախատալից մարտահրաւէրին հետ։ Ոմանք կը խորհին թէ Աստուած պարզապէս կրնար ըմբոստները մեռցնել։ Սակայն այսպիսով ան Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխանած կ’ըլլա՞ր։ Ըմբոստները մեռցնելը պիտի ապացուցանէ՞ր թէ Աստուծոյ իշխելու կերպը ճիշդ է։

      9 Եհովայի արդարութեան կատարեալ զգացումը թոյլ չտուաւ, որ ըմբոստները անմիջապէս մեռցնէ։ Ան որոշեց, որ Սատանայի մարտահրաւէրին գոհացուցիչ պատասխան մը հայթայթելը եւ Բանսարկուին ստախօս մը ըլլալը ապացուցանելը՝ ժամանակ կը պահանջէ։ Ուստի ան վճռեց թոյլ տալ, որ մարդիկ որոշ ժամանակ մը իրենք զիրենք իշխեն Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ։ Սոյն գիրքին 11–րդ գլուխը նկատի պիտի առնէ, թէ Եհովա ինչո՛ւ ասիկա ըրաւ եւ ինչո՛ւ այս հարցերը լուծելու համար այսքան ժամանակ թոյլատրեց։ Սակայն այժմ տեղին է որ հետեւեալ հարցումներուն մասին խորհիս. Ադամն ու Եւան ճիշդ վարուեցա՞ն հաւատալով Սատանային, որ իրենց համար բնաւ օգտակար բան չէր ըրած։ Անոնք ճիշդ վարուեցա՞ն հաւատալով թէ Եհովա, որ իրենց ամբողջ ունեցածը տուած էր, անգութ ստախօս մըն է։ Դուն ինչպէ՞ս կը վարուէիր։

      10. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի կողմը դիրք բռնելով Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան մը տալ։

      10 Այս հարցումներուն մասին խորհիլը օգտակար է, որովհետեւ իւրաքանչիւրս այսօր նոյնանման հարցեր կը դիմագրաւենք։ Արդարեւ, դուն պատեհութիւնը ունիս Եհովայի կողմը դիրք բռնելով՝ Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան մը տալու։ Կրնաս Եհովան ընդունիլ որպէս Իշխանդ, եւ այսպիսով ցոյց տալ՝ որ Սատանան ստախօս մըն է (Սաղմոս 73։28. կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Ցաւօք սրտի, այս աշխարհի միլիառաւոր մարդոցմէ միայն քիչեր են որ այս ընտրութիւնը կ’ընեն։ Ասիկա կարեւոր հարցում մը կը յարուցանէ. Աստուածաշունչը իրապէս կը սորվեցնէ՞ թէ Սատանան այս աշխարհին կ’իշխէ։

      ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ Ո՞Վ Կ’ԻՇԽԷ

      Սատանան Յիսուսի կը հրամցնէ աշխարհի բոլոր կառավարութիւններն ու թագաւորութիւնները

      Սատանան ինչպէ՞ս կրնար Յիսուսի հրամցնել աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները, եթէ անոնք իրեն չպատկանէին

      11, 12. ա) Յիսուսի մէկ փորձութիւնը ինչպէ՞ս կը յայտնէ թէ Սատանան է այս աշխարհին իշխանը։ բ) Ուրիշ ի՞նչ բան կ’ապացուցանէ թէ այս աշխարհին իշխանը Սատանան է։

      11 Յիսուս երբեք չկասկածեցաւ թէ այս աշխարհի իշխանը Սատանան է։ Անգամ մը Սատանան հրաշալի կերպով Յիսուսի ցոյց տուաւ «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ Ապա ան Յիսուսի խոստացաւ. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես» (Մատթէոս 4։8, 9. Ղուկաս 4։5, 6)։ Ասոր մասին պահ մը խորհէ։ Այս առաջարկը Յիսուսի համար փորձութիւն պիտի ըլլա՞ր, եթէ այս թագաւորութիւններուն իշխանը Սատանան չըլլար։ Յիսուս չուրացաւ որ բոլոր աշխարհիկ կառավարութիւնները Սատանային կը պատկանին։ Ան վստահաբար պիտի ուրանար, եթէ անոնց ետին եղող ուժը Սատանան չըլլար։

      12 Անշուշտ Եհովան է Ամենակալ Աստուածը, սքանչելի տիեզերքին Արարիչը (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչը որեւէ տեղ չ’ըսեր թէ Եհովա Աստուած կամ Յիսուս Քրիստոս այս աշխարհի իշխանն է։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս յատկապէս Սատանայի ակնարկեց իբրեւ «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 12։31. 14։30. 16։11)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ Բանսարկու Սատանային կ’ակնարկէ որպէս «այս աշխարհի աստուածը» (Բ. Կորնթացիս 4։3, 4)։ Այս հակառակորդին առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է (Ա. Յովհաննէս 5։19, ՆԹ)։

      ՍԱՏԱՆԱՅԻ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ

      13. Ինչո՞ւ նոր աշխարհի մը կարիք կայ։

      13 Տարուէ տարի, աշխարհը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր վայր կը դառնայ։ Անիկա լեցուն է պայքարող բանակներով, անպարկեշտ քաղաքագէտներով, կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներով եւ անգութ ոճրագործներով։ Աշխարհը ամբողջութեամբ բարեկարգելը անկարելի է։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ժամանակը մօտեցած է, երբ Աստուած չարերը պիտի բնաջնջէ իր Արմագեդոն պատերազմով։ Ասիկա ճամբան պիտի հարթէ արդար նոր աշխարհի մը (Յայտնութիւն 16։14-16)։

      14. Աստուած ո՞վ ընտրած է Իր Թագաւորութեան Իշխանը ըլլալու, եւ ասիկա ինչպէ՞ս նախագուշակուած էր։

      14 Եհովա Աստուած Յիսուս Քրիստոսը ընտրեց, որպէսզի Իր երկնային Թագաւորութեան կամ կառավարութեան Իշխանը ըլլայ։ Աստուածաշունչը վաղուց նախագուշակած էր. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի. . . Խաղաղութեան Իշխան. . . անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ» (Եսայի 9։6, 7)։ Այս կառավարութեան մասին, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Ինչպէս այս գրքին յետագայ բաժիններուն մէջ պիտի տեսնենք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով այս աշխարհի բոլոր կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ զանոնք պիտի փոխարինէ (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։ Այն ատեն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։

      ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ ՄՕՏ Է

      Նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ կ’երգեն, կը նուագեն ու կեանքը կը վայելեն

      15. Ի՞նչ է «նոր երկիր»ը։

      15 Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13. Եսայի 65։17)։ Երբեմն, երբ Աստուածաշունչը «երկրի»ն մասին կը խօսի, անիկա կ’ակնարկէ երկրին վրայ ապրող մարդոց (Ծննդոց 11։1)։ Ուստի արդար «նոր երկիր»ը, Աստուծոյ հաւանութիւնը վայելող մարդկային ընկերութիւն մըն է։

      16. Աստուած իր հաւանութիւնը ունեցողներուն ի՞նչ անգին պարգեւ մը պիտի շնորհէ, եւ զայն ստանալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

      16 Յիսուս խոստացաւ որ մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ, Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող անհատները «յաւիտենական կեանք»ի պարգեւը պիտի ստանան (Մարկոս 10։30)։ Հաճիս Աստուածաշունչդ բաց ու կարդա՛ Յովհաննէս 3։16–ը եւ 17։3–ը, եւ տե՛ս թէ Յիսուս ինչ ըսաւ որ պէտք է ընենք յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ Այժմ Աստուածաշունչէն նկատի առ այն օրհնութիւնները, զորս պիտի վայելեն անոնք՝ որոնք մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ Աստուծոյ այս սքանչելի պարգեւին համար որակեալ են։

      17, 18. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ երկրի վրայ ամէնուրեք խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ։

      17 Չարութիւնը, պատերազմը, ոճիրն ու բռնութիւնը պիտի անհետանան։ «Ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղմոս 37։10, 11)։ Խաղաղութիւն պիտի տիրէ, որովհետեւ ‘Աստուած պատերազմները պիտի դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը’ (Սաղմոս 46։9. Եսայի 2։4)։ Ապա «արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ», այսինքն՝ յաւիտեան (Սաղմոս 72։7)։

      18 Եհովայի երկրպագուները ապահովութեամբ պիտի բնակին։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, այնքան ատեն որ իսրայէլացիները Աստուծոյ կը հնազանդէին, անոնք ապահովութեամբ կ’ապրէին (Ղեւտացւոց 25։18, 19)։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ նոյնանման ապահովութիւն մը վայելել Դրախտին մէջ (կարդա՛ Եսայի 32։18. Միքիա 4։4)։

      19. Ուրկէ՞ գիտենք թէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։

      19 Ուտելիքի պակաս պիտի չըլլայ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ)։ Եհովա Աստուած պիտի օրհնէ իր արդար ծառաները, եւ «երկիր իր պտուղը պիտի տայ» (Սաղմոս 67։6)։

      20. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ թէ ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ։

      20 Ամբողջ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Գեղեցիկ նոր տուներ ու պարտէզներ պիտի փոխարինեն ատենօք մեղաւոր մարդոց ապականած հողամասերը (կարդա՛ Եսայի 65։21-24. Յայտնութիւն 11։18)։ Ժամանակի ընթացքին, երկրի արդէն իսկ դրախտի վերածուած մասերը պիտի ընդարձակուին, մինչեւ որ ամբողջ երկրագունդը Եդեմի պարտէզին նման գեղեցիկ ու բարեբեր դառնայ։ Աստուած ‘իր ձեռքը պիտի բանայ ու ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղմոս 145։16)։

      21. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։

      21 Մարդոց ու անասուններուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Գազանները ու ընտանի անասունները միասնաբար պիտի արածին։ Նոյնիսկ մանուկ մը՝ այժմ վտանգաւոր նկատուած անասուններէն վախնալու պատճառ պիտի չունենայ (կարդա՛ Եսայի 11։6-9. 65։25)։

      22. Ի՞նչ պիտի պատահի հիւանդութեան։

      22 Հիւանդութիւնը պիտի չքանայ։ Որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Իշխանը, Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն իր կատարած բուժումներէն շա՜տ աւելի մեծ տարողութեամբ բուժումներ պիտի կատարէ (Մատթէոս 9։35. Մարկոս 1։40-42. Յովհաննէս 5։5-9)։ Այն ատեն «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24. 35։5, 6)։

      23. Ինչո՞ւ յարութիւնը մեր սրտերը պիտի ուրախացնէ։

      23 Մեր մահացած սիրելիները պիտի վերակենդանանան, բնաւ չմեռնելու հեռանկարով։ Մահուան քունին մէջ եղող բոլոր անհատները՝ որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, պիտի յարուցանուին։ Իրականութեան մէջ, «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15. կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29)։

      24. Դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

      24 Ի՜նչ հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ անոնց, որոնք կ’որոշեն մեր Մեծ Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ մասին սորվիլ ու իրեն ծառայել։ Յիսուս երկրի վրայ մօտալուտ Դրախտին էր որ ակնարկեց, երբ իր կողքին մահուան դատապարտուած չարագործին խոստացաւ. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։43)։ Կենսական է որ աւելին սորվինք Յիսուս Քրիստոսի մասին, որուն միջոցաւ այս բոլոր օրհնութիւնները կարելի պիտի դառնան։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

      • Երկիրը դրախտ ընելու Աստուծոյ նպատակը պիտի կատարուի (Եսայի 45։18. 55։11)։

      • Ներկայիս Սատանան կ’իշխէ այս աշխարհին (Յովհաննէս 12։31. Ա. Յովհաննէս 5։19)։

      • Մօտալուտ նոր աշխարհին մէջ, Աստուած մարդկութեան վրայ բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ (Սաղմոս 37։10, 11, 29)։

  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
    • ԳԼՈՒԽ 8

      Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

      • Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ մեզի

      • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ

      • Թագաւորութիւնը ե՞րբ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ

      1. Այժմ ո՞ր հանրածանօթ աղօթքը պիտի քննարկենք։

      ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ ծանօթ են այն աղօթքին, զոր շատեր կը կոչեն «Հայր մեր» կամ «Տէրունական աղօթքը»։ Այս երկու արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ տրուած տիպար աղօթքին։ Անիկա շատ իմաստալից աղօթք մըն է, եւ անոր առաջին երեք խնդրանքները նկատի առնելը քեզի պիտի օգնէ աւելի գիտնալու, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։

      2. Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ո՞ր խնդրանքներուն մասին աղօթել։

      2 Այս տիպար աղօթքին սկիզբը, Յիսուս իր ունկնդիրներուն պատուիրեց. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’» (Մատթէոս 6։9-13)։ Այս երեք խնդրանքներուն նշանակութիւնը ի՞նչ է։

      3. Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ պէտք է գիտնանք։

      3 Արդէն իսկ Աստուծոյ անուան մասին շատ բաներ սորվեցանք։ Նաեւ որոշ տարողութեամբ Աստուծոյ կամքին մասին քննարկեցինք,– մարդկութեան համար ի՛նչ ըրած է եւ տակաւին պիտի ընէ։ Սակայն Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ մեզի ըսաւ որ աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անոր գալը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ։ Եւ Թագաւորութեան գալը ինչպէ՞ս կապուած է Աստուծոյ կամքին կատարման հետ։

      ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ Է

      4. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, եւ ո՞վ է անոր Թագաւորը։

      4 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովա Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառավարութիւն մըն է, որ իր կողմէ ընտրուած Թագաւոր մը ունի։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ո՞վ է։ Յիսուս Քրիստոս։ Որպէս Թագաւոր, Յիսուս մարդկային բոլոր կառավարիչներէն մեծ է եւ կոչուած՝ «թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը» (Ա. Տիմոթէոս 6։15)։ Ան զօրութիւն ունի աւելի բարիք ընելու, քան մարդկային ոեւէ կառավարիչ, որքան ալ լաւ ըլլայ ան։

      5. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրկէ՞ կ’իշխէ, եւ ի՞նչ բանի վրայ։

      5 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրկէ՞ պիտի իշխէ։ Նախ նկատի առնենք թէ այժմ Յիսուս ո՞ւր կը գտնուի։ Հաւանաբար յիշես թէ ան տանջանքի ցիցի մը վրայ սպաննուեցաւ, յարուցանուեցաւ եւ ետքը երկինք համբարձաւ (Գործք 2։33)։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը գտնուի երկինքը։ Այս պատճառաւ է որ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ ‘երկնային թագաւորութիւն’ (Բ. Տիմոթէոս 4։18)։ Թէեւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքն է, սակայն անիկա հոնկէ պիտի իշխէ երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 11։15)։

      6, 7. Ի՞նչ բան Յիսուսը արտակարգ Թագաւոր մը կը դարձնէ։

      6 Ի՞նչ բան Յիսուսը արտակարգ Թագաւոր մը կը դարձնէ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ ան երբե՛ք պիտի չմեռնի։ Յիսուսը մարդկային թագաւորներու հետ բաղդատելով Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ «միայն [ինք] ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած» (Ա. Տիմոթէոս 6։16)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ Յիսուսի իրագործելիք բոլոր բարիքները մնայուն պիտի ըլլան։ Վստահաբար, ան մեծամեծ ու լաւ բաներ պիտի ընէ։

      7 Նկատի առ Յիսուսի նկատմամբ Աստուածաշունչի հետեւեալ մարգարէութիւնը. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (Եսայի 11։2-4)։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ երկրի բնակչութեան համար, Յիսուս արդար ու կարեկից Թագաւոր մը պիտի ըլլար։ Չե՞ս փափաքիր այսպիսի կառավարիչ մը ունենալ։

      8. Որո՞նք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։

      8 Ահաւասիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշ ճշմարտութիւն մը. Յիսուս առանձին պիտի չիշխէ, ան իշխանակիցներ պիտի ունենայ։ Օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ըսաւ. «Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ» (Բ. Տիմոթէոս 2։12)։ Արդարեւ, Պօղոս, Տիմոթէոս եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած այլ հաւատարիմներ, Յիսուսի հետ պիտի իշխեն երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Սակայն քանի՞ հոգիներ այդ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։

      9. Յիսուսի հետ քանի՞ հոգի պիտի իշխէ, եւ Աստուած ե՞րբ սկսաւ զանոնք ընտրել։

      9 Ինչպէս որ այս գրքին 7–րդ գլուխին մէջ նշուած էր, Յովհաննէս առաքեալի տրուեցաւ տեսիլք մը, որուն մէջ ան տեսաւ «Գառնուկը [Յիսուս Քրիստոս] կայներ էր Սիօն լերանը վրայ [երկնքի մէջ իր թագաւորական դիրքը] ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։ Որո՞նք են այս 144,000–ը։ Յովհաննէս անձնապէս մեզի կ’ըսէ. «Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու» (Յայտնութիւն 14։1, 4)։ Այո, անոնք Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներ են, յատկապէս ընտրուած՝ երկնքի մէջ իրեն հետ իշխելու համար։ Մահանալէ ապա երկնային կեանքի յարուցանուելէ ետք, անոնք Յիսուսի հետ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։10)։ Առաքեալներուն ժամանակէն ի վեր, Աստուած հաւատարիմ քրիստոնեաներ կ’ընտրէ 144,000–ը ամբողջացնելու համար։

      10. Ինչո՞ւ սիրալիր կարգադրութիւն մըն է Յիսուսի եւ 144,000–ի իշխելը մարդկութեան վրայ։

      10 Ինչո՞ւ շատ սիրալիր կարգադրութիւն մըն է Յիսուսի եւ 144,000–ի իշխելը մարդկութեան վրայ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ ըսել է մարդ արարած ըլլալ ու չարչարուիլ։ Յիսուսի առնչութեամբ Պօղոս ըսաւ. «Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի» (Եբրայեցիս 4։15. 5։8)։ Յիսուսի իշխանակիցներն ալ որպէս մարդ արարածներ տառապած ու համբերած են։ Ասկէ զատ, անոնք անկատարութեան դէմ պայքարած եւ ամէն տեսակ հիւանդութիւններու տոկացած են։ Վստահաբար, անոնք մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրները պիտի հասկնան։

      ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

      11. Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն ըսաւ, թէ պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկնքի մէջ։

      11 Երբ Յիսուս ըսաւ թէ իր աշակերտները պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթեն, ան նաեւ ըսաւ թէ անոնք պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Աստուած երկինքն է, եւ իր կամքը երկնքի մէջ մի՛շտ կատարուած է՝ իր հաւատարիմ հրեշտակներուն միջոցաւ։ Սակայն այս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, թէ չար հրեշտակ մը դադրեցաւ Աստուծոյ կամքը կատարելէ եւ պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան մեղանչեն։ 10–րդ գլուխին մէջ աւելի պիտի սորվինք, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ այդ չար հրեշտակին մասին, որ մեզի ծանօթ է որպէս Բանսարկու Սատանայ։ Քանի որ Սատանայի եւ իրեն հետեւիլ ընտրող հոգեղէն արարածներուն՝ դեւերուն, թոյլատրուեցաւ ժամանակ մը երկնքի մէջ մնալ, ուրեմն այդ միջոցին երկնքի մէջ գտնուող արարածներուն ո՛չ բոլորը Աստուծոյ կամքը կը կատարէին։ Բայց այս վիճակը պիտի փոխուէր, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսէր իշխել։ Նոր գահակալուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, Սատանայի դէմ պատերազմ պիտի մղէր (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9)։

      12. Յայտնութիւն 12։10–ի մէջ ո՞ր երկու կարեւոր դէպքերը նկարագրուած են։

      12 Հետեւեալ մարգարէական խօսքերը կը նկարագրեն ետքը տեղի ունենալիք դէպքերը. «Մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. ‘Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը [Սատանան] վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր’» (Յայտնութիւն 12։10)։ Այս համարին մէջ նկարագրուած երկու շատ կարեւոր դէպքերը նկատեցի՞ր։ Առաջին, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը սկսի իշխել, եւ երկրորդ՝ Սատանան երկնքէն վար կը ձգուի դէպի երկիր։

      13. Սատանայի երկնքէն վար ձգուելուն հետեւանքները ի՞նչ եղած են։

      13 Այս երկու դէպքերուն հետեւանքները ի՞նչ եղած են։ Երկնքի մէջ պատահած բաներուն առնչութեամբ, կը կարդանք. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Արդարեւ, երկնքի մէջ գտնուող հաւատարիմ հրեշտակները կ’ուրախանան, քանի որ Սատանան ու իր դեւերը վար ձգուելով, այժմ երկնքի մէջ մնացին միայն Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ արարածները։ Այլեւս հոն կատարեալ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կը տիրէ։ Այժմ երկնքի մէջ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի։

      Տառապանքի, պատերազմի, ոճիրի եւ ապականութեան տեսարաններ

      Սատանայի ու իր դեւերուն երկնքէն դուրս նետուիլը երկրին վայ բերաւ։ Այսպիսի խնդիրներ շուտով վերջ պիտի գտնեն

      14. Սատանայի երկիր նետուելուն հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

      14 Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել երկրին մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Սատանան երկնքէն վռնտուելուն եւ կարճ ժամանակ ունենալուն համար բարկացած է։ Բարկացած ըլլալով, ան երկրի վրայ նեղութիւն կամ «վայ» կը պատճառէ։ Այս «վայ»ին մասին աւելի պիտի սորվինք յաջորդ գլուխին մէջ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, թերեւս հարց տանք. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ պատճառ ըլլալ որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի։

      15. Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը երկրին նկատմամբ։

      15 Լաւ, մտաբերէ թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Ինչպէս 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցար, Եդեմի մէջ Աստուած ցոյց տուաւ թէ իր կամքն է՝ որ երկիրը ըլլայ դրախտ, ուր պիտի ապրէր արդար մարդկային ցեղ մը, առանց մեռնելու։ Սատանան պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան մեղանչեն, եւ ասիկա երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքին կատարման ազդեց, բայց զայն չփոխեց։ Եհովա տակաւին նպատակադրած է, որ ‘արդարները ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ բնակին’ (Սաղմոս 37։29)։ Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ասիկա պիտի իրագործէ։ Ի՞նչ կերպով։

      16, 17. Դանիէլ 2։44–ը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեզի ի՞նչ կ’ըսէ։

      16 Նկատի առ Դանիէլ 2։44–ի մէջ գտնուող մարգարէութիւնը. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Ասիկա մեզի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

      17 Առաջին, ասիկա մեզի կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր «այն թագաւորներուն օրերը» կամ՝ մինչ այլ թագաւորութիւններ տակաւին գոյութիւն ունին։ Երկրորդ, անիկա մեզի կ’ըսէ թէ Թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անիկա ուրիշ կառավարութիւններու կողմէ պիտի չնուաճուի կամ չփոխարինուի։ Երրորդ, կը տեսնենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի թագաւորութիւններու միջեւ պատերազմ տեղի պիտի ունենայ, որմէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յաղթական դուրս պիտի գայ։ Վերջաւորութեան, անիկա մարդկութեան վրայ տիրող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։ Այն ատեն մարդիկ ցարդ գոյութիւն ունեցած լաւագոյն իշխանութեան ներքեւ պիտի ապրին։

      18. Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք վերջնական պատերազմը ի՞նչ կը կոչուի։

      18 Աստուածաշունչը շատ բաներ ունի ըսելիք Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք այդ վերջնական պատերազմին մասին։ Օրինակ՝ անիկա կը սորվեցնէ թէ մինչ այդ պատերազմը կը մօտենայ, չար ոգիներ սուտեր պիտի տարածեն «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը խաբելու համար։ Ի՞նչ նպատակաւ։ «Որպէսզի զանոնք [թագաւորները] Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն»։ Երկրի թագաւորները պիտի հաւաքուին ‘տեղ մը, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի’ (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այս երկու համարներուն վրայ հիմնուելով, մարդկային կառավարութիւններուն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջեւ տեղի ունենալիք վերջնական պատերազմը կը կոչուի Արմագեդոնի պատերազմը։

      19, 20. Ի՞նչ բան արգելք կը հանդիսանայ, որ ներկայիս Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։

      19 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Արմագեդոնի պատերազմով ի՞նչ պիտի իրագործէ։ Պահ մը դարձեալ խորհէ թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ինչ է։ Եհովա Աստուած նպատակադրեց որ երկիրը լեցուի արդար ու կատարեալ մարդկային ցեղով մը, որ Դրախտին մէջ իրեն կը ծառայէ։ Ներկայիս ի՞նչ բաներ արգելք կը հանդիսանան որ ասիկա տեղի ունենայ։ Արգելք հանդիսացող բաներէն մէկը այն է, թէ մենք մեղաւոր ենք եւ հետեւաբար կը հիւանդանանք ու կը մեռնինք։ Սակայն 5–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք թէ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտեան ապրիլ։ Այս առնչութեամբ, հաւանաբար յիշես Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած հետեւեալ խօսքը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։

      20 Երկրորդ արգելքը այն է, թէ շատեր չար բաներ կ’ընեն։ Անոնք կը ստեն, խաբեբայութիւն կ’ընեն եւ անբարոյութիւն կը գործեն։ Անոնք չեն ուզեր Աստուծոյ կամքը ընել։ Չար բաներ ընող անհատները պիտի բնաջնջուին Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին ընթացքին (կարդա՛ Սաղմոս 37։10)։ Երրորդ արգելքը, որուն պատճառաւ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը չի կատարուիր, այն է՝ թէ կառավարութիւններ մարդիկը չեն քաջալերեր որ զայն կատարեն, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը անզօր, անգութ կամ փտած է։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։

      21. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պատճառ պիտի ըլլայ որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի։

      21 Արմագեդոնէն ետք, մարդկութիւնը միայն մէկ կառավարութեան ներքեւ պիտի ապրի, որն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այս Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ եւ հոյակապ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Օրինակ՝ անիկա Սատանան ու իր դեւերը պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 20։1-3)։ Ինչպէս նաեւ Յիսուսի զոհին արժէքը պիտի կիրարկուի, այնպէս որ հաւատարիմ մարդիկ այլեւս պիտի չհիւանդանան ու չմեռնին։ Փոխարէն, Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, անոնք պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ (կարդա՛ Յայտնութիւն 22։1-3)։ Նաեւ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Հետեւաբար, Թագաւորութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ, որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի եւ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ ի վերջոյ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրող իւրաքանչիւր անհատ Եհովայի անունը պիտի պատուէ։

      ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ԳՈՐԾԻ ՊԻՏԻ ԼԾՈՒԻ

      22. Ուրկէ՞ գիտենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չեկաւ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր կամ՝ իր յարութենէն անմիջապէս ետք։

      22 Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն՝ «քու թագաւորութիւնդ գայ», բացայայտ էր որ Թագաւորութիւնը այդ ժամանակ տակաւին չէր եկած։ Արդեօք անիկա եկաւ, երբ Յիսուս երկի՞նք համբարձաւ։ Ո՛չ, քանի որ թէ՛ Պետրոս եւ թէ Պօղոս ըսին թէ Յիսուսի յարութենէն ետք, անոր վրայ կատարուեցաւ Սաղմոս 110։1–ի մէջ նշուած մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’» (Գործք 2։32-35. Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Ուրեմն սպասման ժամանակ մը կար։

      Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի երկրի վրայ՝ ինչպէս երկինքը

      23. ա) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել։ բ) Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

      23 Այդ ժամանակը որքա՞ն պիտի տեւէր։ 19–րդ եւ 20–րդ դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ աստիճանաբար ըմբռնեցին թէ սպասման ժամանակը վերջ պիտի գտնէր 1914–ին (այս թուականին համար, տե՛ս «1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը» յաւելուածը)։ 1914–ին սկսած համաշխարհային դէպքերը կը հաստատեն, թէ Աստուածաշունչի այս անկեղծ աշակերտներուն ունեցած հասկացողութիւնը ճիշդ էր։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը ցոյց կու տայ, թէ 1914–ին Քրիստոս Թագաւոր եղաւ եւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել։ Ուստի ներկայիս, մենք կ’ապրինք Սատանայի ունեցած «քիչ ժամանակ»ին մէջ (Յայտնութիւն 12։12. Սաղմոս 110։2)։ Նաեւ ստոյգ կրնանք ըսել, թէ շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի, որպէսզի երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարէ։ Ասիկա սքանչելի լուր մը չե՞ս նկատեր։ Կը հաւատա՞ս թէ ասիկա իրականութիւն է։ Յաջորդ գլուխը քեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ Աստուածաշունչը ի՛րապէս կը սորվեցնէ այս բաները։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

      • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, որպէս Թագաւոր ունենալով Յիսուս Քրիստոսը, իսկ մարդկութենէն 144,000 մարդիկ պիտի առնուին իրեն հետ իշխելու համար (Յայտնութիւն 14։1, 4)։

      • Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին, եւ անկէ ետք Սատանան նետուած է երկնքէն դէպի երկիր (Յայտնութիւն 12։9)։

      • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի կործանէ մարդկային կառավարութիւնները, եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ (Յայտնութիւն 16։14, 16)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել