Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները
    Դիտարան 2015 | Նոյեմբեր 1
    • Զինուորներ, հրասայլ եւ պատերազմական օդանաւեր

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

      Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ պատերազմները

      Այս հարցումին ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիր։ Շատեր կը խորհին որ Աստուած պատերազմներու կը հաճի։ Անոնք կը պատճառաբանեն, թէ անցեալին ան իր երկրպագուներէն ոմանց հրամայեց որ պատերազմներու մասնակցին. եւ Աստուածաշունչը ասիկա կը հաստատէ։ Բայց ուրիշներ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, իր հետեւորդներուն սորվեցուց իրենց թշնամիները սիրել (Մատթէոս 5։43, 44)։ Ուստի կը պատճառաբանեն, թէ որոշ մէկ հանգրուանին պատերազմներու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուեցաւ եւ թէ ներկայիս ան պատերազմներու չի հաճիր։

      Ի՞նչ կ’ըսես. Աստուած պատերազմներու կը հաճի՞։ Եթէ այո՛, ան այժմու պատերազմներուն մէջ որո՞ւն կողքին դիրք կը բռնէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները գտնելը կրնայ պատերազմներու նկատմամբ տեսակէտիդ ազդել։ Օրինակ, եթէ գիտնայիր թէ Աստուած ո՛չ միայն պատերազմներու կը հաճի, այլեւ որոշ պատերազմի մը մէջ ա՛յն խումբին կողմէն է, որուն կողքին դիրք բռնած ես, հաւանաբար ուրախ պիտի ըլլայիր, վստահ ըլլալով որ խումբդ պիտի յաղթէ։ Իսկ ի՞նչ պիտի զգայիր, եթէ գիտնայիր թէ Աստուած հակառակ կողմին հետ է։ Թերեւս դարձեալ մտածէիր թէ որո՛ւն կողքին կ’ուզես դիրք բռնել։

      Աւելի կարեւոր հարց մը կայ։ Եթէ գիտնաս թէ Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ, այն ատեն իրեն մասին քու ունեցած տեսակէտդ կրնայ ազդուիլ։ Եթէ պատերազմներէն վնասուած միլիոնաւորներէն մէկն ես, անկասկած պէտք է որ սա հարցումին պատասխանը գիտնաս. արդեօք Աստուած ռազմամո՞լ մըն է, որ կը թոյլատրէ կամ նոյնիսկ կը քաջալերէ պատերազմին պատճառած տառապանքը, ինչպէս ոմանք կը հաւատան, կամ թէ հարստահարուածներուն բարօրութեան նկատմամբ անտարբեր եւ անհո՞գ է։

      Թերեւս զարմանաս, երբ գիտնաս թէ Աստուածաշունչին պատասխանը այս կարծիքներէն շատ կը տարբերի։ Նաեւ, հինէն ի վեր պատերազմի մասին Աստուծոյ տեսակէտը չէ փոխուած։ Նկատի առնենք թէ ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս դիտած է անցեալին եւ առաջին դարուն՝ երբ Յիսուս աշխարհ եկաւ։ Ատիկա մեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ ներկայիս եւ թէ ապագային պատերազմներ գոյութիւն պիտի ունենա՞ն։

  • Անցեալին Աստուած պատերազմները ինչպէ՞ս կը դիտէր
    Դիտարան 2015 | Նոյեմբեր 1
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

      Անցեալին Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէր

      Կարմիր ծովուն ջուրերը կը ծածկեն փարաւոնն ու իր զօրքը

      Ժողովուրդը կը հարստահարուէր։ Անոնք կրկին անգամ աղօթքով Աստուծմէ հանգստութիւն խնդրեցին, բայց իրենց անմիջապէս չտրուեցաւ։ Այդ ժողովուրդը իսրայէլացիներն էին,– Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը։ Հարստահարողները եգիպտացիներն էին,– հզօր ազգ մը (Ելից 1։13, 14)։ Տարիներ շարունակ, իսրայէլացիները սպասեցին որ Աստուած եգիպտական բռնակալութեան վերջ դնէ։ Ի վերջոյ Աստուծոյ գործի լծուելու ժամանակը հասաւ (Ելից 3։7-10)։ Աստուածաշունչը կը նշէ, թէ ան եգիպտացիներուն դէմ անձամբ պատերազմեցաւ։ Ան Եգիպտոսը շարք մը աւերիչ պատուհասներով հարուածեց, եւ ապա Եգիպտոսի թագաւորն ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ոչնչացուց (Սաղմոս 136։15)։ Ան փաստեց թէ իր ժողովուրդին համար “հզօր պատերազմող է” (Ելից 15։3, 4)։

      Եգիպտացիներուն դէմ Աստուծոյ անձամբ պատերազմիլը ցոյց կու տայ, թէ ան բոլոր պատերազմներուն դէմ չէ։ Այլ առիթներով, ան իր ժողովուրդին՝ իսրայէլացիներուն, իրաւասութիւն տուաւ որ պատերազմի մասնակցին։ Օրինակ, իրենց պատուիրեց որ պատերազմին քանանացիներուն դէմ, որոնք չափազանց չար էին (Բ. Օրինաց 9։5. 20։17, 18)։ Ան Դաւիթ թագաւորը առաջնորդեց, որ կեղեքիչ փղշտացիներուն դէմ պատերազմի։ Աստուած նոյնիսկ Դաւիթին սորվեցուց ռազմավարութիւն մը, որ յաղթանակի պիտի առաջնորդէր (Բ. Թագաւորաց 5։17-25)։

      Այս պատմութիւնները ցոյց կու տան, թէ երբ որոշ տեսակ չարութիւն եւ կեղեքում իսրայէլացիներուն կը սպառնային, Աստուած իր ժողովուրդին պատերազմելու իրաւասութիւն կու տար իրենց պաշտպանման եւ մաքուր պաշտամունքին պահպանման համար։ Բայց նկատի առ այսպիսի պատերազմներու մասին 3 կէտեր.

      1. ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՐՈՇԷՐ ԹԷ Ո՛Վ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԷՐ։ Առիթով մը, Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ի՛նք իրենց համար պիտի պատերազմէր (Բ. Մնացորդաց 20։17. 32։7, 8)։ Ան շա՜տ անգամներ այդպէս ըրաւ, ինչպէս որ այս յօդուածին սկիզբը նշեցինք։ Ուրիշ անգամներ, Աստուած վաղեմի Իսրայէլի մէջ իր ժողովուրդին պատուիրեց որ մասնակցի այն պատերազմներուն, որոնց հաւանութիւն կու տար, այսինքն՝ այն պատերազմները, որոնք կը մղուէին Աւետեաց երկիրը գրաւելու եւ պաշտպանելու համար (Բ. Օրինաց 7։1, 2. Յեսու 10։40)։

      2. ՄԻԱՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՈՐՈՇԷՐ ԹԷ ԱՅՍՊԻՍԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐ Ե՛ՐԲ ՊԻՏԻ ՄՂՈՒԷԻՆ։ Աստուծոյ ծառաները իրենց շուրջը եղող բռնութեան եւ չարութեան դէմ դնելու համար, պէտք էր համբերութեամբ սպասէին Աստուծոյ նշանակած ժամանակին։ Մինչ այդ, պէտք չէր իրենք իրենցմէ պատերազմներու մասնակցէին։ Ամէն անգամ որ այդպէս ընէին, Աստուծոյ հաճութիւնը կը կորսնցնէին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ երբ իսրայէլացիները կը համարձակէին այդպէս ընել, յաճախ արդիւնքը աղէտալի կ’ըլլարa։

      3. Ռախաբ եւ իր ընտանիքը Երիքովի աւերներուն մօտ կեցած են

        Թէեւ Աստուած քանանացիներուն դէմ պատերազմեցաւ, բայց ան ոմանց խնայեց, ինչպէս՝ Ռախաբին եւ իր ընտանիքին

        ԱՍՏՈՒԱԾ Չ’ՈՒԶԵՐ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ ԱՄԲԱՐԻՇՏՆԵՐԸ, ՄԵՌՆԻՆ։ Եհովա Աստուած կեանքի Աղբիւրը եւ մարդկութեան Ստեղծիչն է (Սաղմոս 36։9)։ Ուստի ան չ’ուզեր որ մարդիկ մեռնին։ Սակայն ցաւօք սրտի կան մարդիկ, որոնք չարամտօրէն կը ծրագրեն ուրիշները հարստահարել եւ նոյնիսկ սպաննել (Սաղմոս 37։12, 14)։ Այսպիսի չարութիւն կեցնելու համար, Աստուած երբեմն չարերուն դէմ պատերազմելու իրաւասութիւն տուած էր։ Բայց հակառակ ասոր, ան իսրայէլացիները հարստահարողներուն հանդէպ տակաւին «գթած» եւ «երկայնամիտ» էր (Սաղմոս 86։15)։ Օրինակ, ան հրամայեց որ քաղաքի մը դէմ պատերազմելէ առաջ, իսրայէլացիները ‘անոր խաղաղութիւն առաջարկէին’, որպէսզի այդ քաղաքի բնակիչներուն առիթ տրուէր իրենց ճամբաները փոխելու եւ պատերազմէն խուսափելու (Բ. Օրինաց 20։10-13)։ Այսպէս, Աստուած ցոյց տուաւ որ «ամբարշտին մեռնիլը [չ’]ուզեր, հապա կ’ուզ[է] որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզեկիէլ 33։11, 14-16)b։

      Վերոնշեալ դէպքերէն կը տեսնենք թէ Աստուած անցեալին պատերազմները կը նկատէր օրինաւոր միջոց՝ տարբեր տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Բայց Աստուա՛ծ էր որ արդարացիօրէն կ’որոշէր թէ ե՛րբ այսպիսի պատերազմներ պիտի մղուէին եւ ո՛վ պիտի պատերազմէր։ Արդեօք ան պատերազմի կը տենչա՞ր,– արեան ծառա՞ւը ունէր։ Ընդհակառակը, ան կ’ատէ բռնութիւնը (Սաղմոս 11։5)։ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուեցա՞ւ, երբ իր Որդին առաջին դարուն իր ծառայութիւնը սկսաւ։

      a Օրինակ, առիթով մը, երբ իսրայէլացիները ամաղեկացիներուն եւ քանանացիներուն դէմ պատերազմեցան՝ պարտուեցան, քանի որ Աստուած իրենց հրաման տուած էր չպատերազմիլ (Թուոց 14։41-45)։ Տարինե՜ր ետք, հաւատարիմ Յովսիա թագաւոր մասնակցեցաւ պատերազմի մը, որուն Աստուած հաւանութիւն չէր տուած։ Այս անխոհեմ արարքին պատճառաւ ան իր կեանքը կորսնցուց (Բ. Մնացորդաց 35։20-24)։

      b Իսրայէլացիները քանանացիներուն դէմ պատերազմելէ առաջ խաղաղութիւն չառաջարկեցին, քանի որ անոնց 400 տարի առիթ տրուած էր որ իրենց չար ճամբաները սրբագրէին։ Երբ իսրայէլացիները եկան անոնց դէմ պատերազմելու, քանանացիները որպէս խումբ անսրբագրելիօրէն չար էին (Ծննդոց 15։13-16)։ Ուստի հարկ էր որ բնաջնջուէին։ Սակայն այն քանանացիները որոնք իրենց սխալ ճամբաներէն ետ դարձան՝ խնայուեցան (Յեսու 6։25. 9։3-27)։

  • Առաջին դարուն Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէր
    Դիտարան 2015 | Նոյեմբեր 1
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

      Առաջին դարուն Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէր

      Ժողովուրդը կը հարստահարուէր։ Իրենց նախահայրերուն նման, առաջին դարու հրեաները անկասկած կրկին անգամ աղօթքով Աստուծմէ հանգստութիւն խնդրեցին, այս անգամ Հռոմէական կայսրութեան կեղեքիչ լուծէն ազատելու համար։ Ապա անոնք Յիսուսի մասին լսեցին։ Ան նախագուշակուած Մեսիա՞ն էր։ Զարմանալի չէ որ շատեր ‘կը յուսային որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր’ հռոմայեցի կեղեքիչներէն (Ղուկաս 24։21)։ Բայց ժողովուրդին անմիջապէս հանգստութիւն չտրուեցաւ։ Հապա Ք.Ե. 70–ին հռոմէական բանակը եկաւ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեց։

      Ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուած ինչո՞ւ հրեաներուն համար չպատերազմեցաւ, ինչպէս անցեալին ըրած էր։ Կամ ան ինչո՞ւ իրենց իրաւասութիւն չտուաւ որ հարստահարումէն ազատելու համար պատերազմէին։ Արդեօք պատերազմի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուա՞ծ էր։ Ո՛չ։ Բայց հրեաներուն նկատմամբ բան մը կար որ մեծապէս փոխուած էր։ Անոնք մերժած էին թէ Յիսուս Մեսիան էր (Գործք 2։36)։ Ուստի, որպէս ազգ Աստուծոյ հետ իրենց յատուկ փոխյարաբերութիւնը կորսնցուցին (Մատթէոս 23։37, 38)։

      Հրեայ ազգը եւ Աւետեաց երկիրը ա՛լ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը չէին վայելեր։ Հրեաները ա՛լ չէին կրնար դաւանիլ թէ պատերազմներուն մէջ Աստուծոյ հաւանութիւնը կամ աջակցութիւնը ունէին։ Ինչպէս Յիսուս մարգարէացաւ, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալուն հետ կապ ունեցող օրհնութիւնները մարմնաւոր Իսրայէլ ազգէն առնուեցան եւ տրուեցան նոր ազգի մը,– հոգեւոր ազգ մը, որ կը կոչուի «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղատացիս 6։16. Մատթէոս 21։43)։ Հոգիով օծուած քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքը եղաւ Աստուծոյ հոգեւոր իսրայէլը։ Առաջին դարուն անոնց յստակօրէն ըսուեցաւ. «Հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք» (Ա. Պետրոս 2։9, 10)։

      Քանի որ առաջին դարու քրիստոնեաները այժմ «Աստուծոյ ժողովուրդ»ն էին, Աստուած ի նպաստ իրենց պատերազմեցա՞ւ, որպէսզի հռոմէական հարստահարութենէն ազատէր զիրենք։ Կամ իրենց իրաւասութիւն տուա՞ւ որ զիրենք հարստահարողներուն դէմ պատերազմէին։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Երբ հարցը կապ ունի Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող պատերազմներու, միայն Աստուա՛ծ կ’որոշէ թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուին, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշեցինք։ Աստուած առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար չպատերազմեցաւ, ո՛չ ալ իրենց իրաւասութիւն տուաւ որ պատերազմին։ Յստակ է որ առաջին դարը Աստուծոյ ժամանակը չէր որ չարութեան եւ կեղեքումի դէմ դնէ։

      Ուստի ինչպէս Աստուծոյ անցեալի ծառաները, նոյնպէս ալ առաջին դարու քրիստոնեաները պէտք էր սպասէին, մինչեւ որ չարութեան եւ կեղեքումի վերջ դնելու Աստուծոյ ժամանակը հասնէր։ Մինչ այդ, Աստուած իրենց իրաւասութիւն չէր տուած որ իրենք իրենցմէ պատերազմէին թշնամիներուն դէմ։ Յիսուս այս մէկը յստակացուց իր ուսուցումներուն մէջ։ Օրինակ, ան իր հետեւորդներուն չուղղեց պատերազմելու, այլ անոնց ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները» (Մատթէոս 5։44)։ Մարգարէանալով այն ժամանակին մասին, երբ առաջին դարու Երուսաղէմը յարձակումի պիտի ենթարկուէր հռոմէական բանակին կողմէ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ հոն չկենան եւ չպատերազմին, հապա՝ փախչին,– ինչ որ անոնք ըրին (Ղուկաս 21։20, 21)։

      Ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք. . . վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (Հռովմայեցիս 12։19)։ Պօղոս կը մէջբերէր ինչ որ Աստուած դարեր առաջ նշած էր, ինչպէս որ արձանագրուած է Ղեւտացւոց 19։18–ին եւ Բ. Օրինաց 32։35–ին մէջ։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, անցեալին իր ժողովուրդին վրէժը լուծելու Աստուծոյ կերպերէն մէկն էր՝ իրենց օգնել թշնամիներուն դէմ պատերազմելու։ Ուստի Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ պատերազմի շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը չէր փոխուած։ Առաջին դարուն եւս, Աստուած պատերազմները դիտեց որպէս օրինաւոր կերպ մը՝ իր ծառաներուն վրէժը լուծելու եւ տարբեր տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Սակայն ինչպէս անցեալին, նոյնպէս առաջին դարուն միայն Աստուա՛ծ կ’որոշէր թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուէին եւ ո՛վ զանոնք պիտի մղէր։

      Յստակ է որ առաջին դարուն Աստուած քրիստոնեաներուն իրաւասութիւն չտուաւ որ պատերազմին։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ Արդեօք ան որեւէ ժողովուրդի իրաւասութիւն տուա՞ծ է պատերազմներու մասնակցելու։ Կամ արդեօք հիմա՞ է ժամանակը որ Աստուած միջամտէ եւ ի նպաստ իր ծառաներուն պատերազմի։ Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՞ս կը դիտէ։ Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

  • Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ
    Դիտարան 2015 | Նոյեմբեր 1
    • ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

      Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէ

      Ներկայիս մարդիկ կը հարստահարուին։ Շատեր կրկին անգամ Աստուծմէ կը խնդրեն որ հանգստանան եւ հարց կու տան եթէ անիկա երբեք իրենց պիտի տրուի։ Աստուած օգնութեան այդ աղերսանքները կը լսէ՞։ Իսկ ի՞նչ ըսել անոնց մասին, որոնք իրենց կեղեքումին վերջ դնելու համար պատերազմներու կը դիմեն։ Աստուած իրենց կ’օգնէ՞, այդ պատերազմները արդարացի նկատելով։

      Յիսուս եւ իր հրեշտակները Արմագեդոնին ճերմակ ձիերու վրայ կը հեծնեն

      Արմագեդոնը բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը պիտի ըլլայ

      Նախ այս ճշմարտութիւնով մխիթարուէ. Աստուած ներկայիս աշխարհի մէջ եղած տառապանքը կը տեսնէ եւ մտադրած է անոր նկատմամբ բան մը ընել (Սաղմոս 72։13, 14)։ Ան իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ ‘նեղութիւն կրողներուն հանգստութիւն’ կը խոստանայ։ Ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ «Երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը. . . վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8)։ Յիսուսի այս յայտնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապագային՝ «Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը կոչէ։ Անիկա նաեւ ճանչցուած է որպէս Արմագեդոն (Յայտնութիւն 16։14, 16)։

      Այդ գալիք պատերազմին, Աստուած չարերուն դէմ պատերազմելու համար պիտի գործածէ ո՛չ թէ մարդիկ, հապա իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ այլ զօրեղ հոգեղէն արարածներ։ Այդ երկնային զօրքը ամէն տեսակ կեղեքումի վերջ պիտի դնէ (Եսայի 11։4. Յայտնութիւն 19։11-16)։

      Մինչեւ օրս, պատերազմներու նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը չէ փոխուած։ Ան տակաւին պատերազմները կը դիտէ որպէս օրինաւոր միջոց՝ ամէն տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Բայց ինչպէս ամբողջ պատմութեան ընթացքին, նոյնպէս ներկայիս միա՛յն Աստուած արդարացիօրէն կ’որոշէ թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուին եւ ո՛վ պիտի մղէ զանոնք։ Ինչպէս որ տեսանք, Աստուած արդէն իսկ որոշած է, թէ չարութեան վերջ դնելու եւ հարստահարուածներուն վրէժը առնելու պատերազմը ապագային պիտի մղուի եւ թէ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը այդ պատերազմը պիտի մղէ։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ներկայիս աշխարհի մէջ մղուած պատերազմները Աստուծոյ հաւանութիւնը չունին, որքա՛ն ալ վսեմ թուին իրենց նպատակները։

      Լուսաբանենք. երեւակայէ թէ 2 եղբայրներ կը սկսին իրարու հետ կռուիլ, երբ իրենց հայրը տունը չէ։ Անոնք ժամանակաւորապէս կռուելէ դադրելով իրենց հօր կը հեռաձայնեն։ Եղբայրներէն մէկը կ’ըսէ թէ մի՛ւսը կռիւը սկսաւ, իսկ երկրորդ տղան կ’ըսէ թէ եղբա՛յրը զինք կը նեղէր։ Երկուքն ալ իրենց հօր կը դիմեն՝ իւրաքանչիւրը յուսալով որ հայրը իր կողմը պիտի բռնէ։ Սակայն երկու կողմերը մտիկ ընելէ ետք, հայրը իրենց կ’ըսէ որ կռուելէ դադրին եւ սպասեն մինչեւ որ ինք տուն գայ եւ խնդիրը լուծէ։ Անոնք որոշ ժամանակ կը սպասեն, բայց շատ չանցած դարձեալ կը սկսին կռուիլ։ Երբ հայրը տուն կու գայ, երկու զաւակներէն ալ կը դժգոհի եւ երկուքն ալ կը պատժէ, քանի որ իրեն չհնազանդեցան։

      Ներկայիս, պատերազմող ազգերը յաճախ Աստուծոյ աջակցութիւնը կը խնդրեն։ Բայց ան այժմու պատերազմներուն մէջ կողմ չի բռներ։ Փոխարէն իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ յստակօրէն կ’ըսէ. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք» եւ «Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար» (Հռովմայեցիս 12։17, 19)։ Ասկէ զատ ան ըսած է որ մարդկութիւնը պէտք է ‘իրեն համբերէ’ մինչեւ որ ինք գործի լծուի,– ինչ որ պիտի ընէ Արմագեդոնին (Սաղմոս 37։7)։ Բայց երբ ազգերը իրեն չսպասելով պատերազմի կը դիմեն, Աստուած այս պատերազմները կը նկատէ զինք տհաճեցնող վայրագութեան յանդուգն արարքներ։ Ուստի Արմագեդոնին ան իր բարկութիւնը պիտի թափէ եւ մէկ անգամ ընդմիշտ ազգերուն խնդիրները լուծէ՝ ‘պատերազմները դադրեցնելով մինչեւ երկրի ծայրը’ (Սաղմոս 46։9. Եսայի 34։2)։ Իրապէս, Արմագեդոնը բոլոր պատերազմներուն վերջ դնող պատերազմը պիտի ըլլայ։

      Պատերազմներու վերջ դնելը Աստուծոյ Թագաւորութեան շա՜տ մը օրհնութիւններէն մէկն է։ Յիսուս այդ կառավարութեան մասին խօսեցաւ այս հանրածանօթ աղօթքին մէջ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ո՛չ միայն բոլոր պատերազմները պիտի դադրեցնէ, այլեւ պիտի վերացնէ պատերազմին պատճառը. չարութիւնը (Սաղմոս 37։9, 10, 14, 15)a։ Ուստի զարմանալի չէ որ Յիսուսի հետեւորդները անձկագին կը սպասեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն (Բ. Պետրոս 3։13)։

      Դրախտին մէջ մարդիկ միասնաբար կեանքը կը վայելեն

      Բայց որքա՞ն պէտք է սպասենք Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ վերջ դնէ ամէն տառապանքի, կեղեքումի եւ չարութեան։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու կատարումը ցոյց կու տայ, որ այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)b։ Շուտով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս վերջին օրերուն վերջ պիտի դնէ՝ Արմագեդոն պատերազմով։

      Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, այս վերջին պատերազմին մէջ մեռնողները պիտի ըլլան անոնք, որոնք կը մերժեն ‘մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին հնազանդիլ’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։8)։ Բայց յիշէ թէ Աստուած չ’ուզեր որ մէ՛կը մեռնի,– ներառեալ չարերը (Եզեկիէլ 33։11)։ Եւ քանի որ Աստուած չ’ուզեր որ այս վերջին պատերազմին մէջ «մէ՛կը կորսուի», ան ներկայիս վստահ կ’ըլլայ որ Յիսուսի աւետարանը ‘բովանդակ աշխարհի մէջ քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու’, առաջ որ վերջը գայ (Բ. Պետրոս 3։8, 9. Մատթէոս 24։14. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Արդարեւ, Եհովայի վկաներու համաշխարհային քարոզչութեան միջոցաւ, ներկայիս մարդիկ պատեհութիւն ունին Աստուած ճանչնալու, Յիսուսի աւետարանին հնազանդելու եւ տեսնելու այն օրը երբ ա՛լ պատերազմ պիտի չըլլայ։

      a Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նաեւ պիտի վերացնէ մարդկութեան թշնամին. մահը։ Ինչպէս որ «Աստուածաշունչին պատասխանը» յօդուածը կը նշէ, Աստուած անհամար մարդիկ պիտի յարուցանէ, ներառեալ շատեր, որոնք պատմութեան ընթացքին պատերազմներու զոհը գացած են։

      b Վերջին օրերուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը՝ հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել