-
Ո՞վ են Եհովայի վկաներըԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ
Ո՞վ են Եհովայի վկաները
«Տարիներէ ի վեր Մայքը կը ճանչնայի։ Ան Եհովայի վկայ մըն է։ Բայց իր կրօնքը միշտ գլուխս կը դարձնէր։ Եհովան ո՞վ է։ Վկաները ինչո՞ւ տօները չեն տօներ։ Մայքը տարօրինակ կրօնքի՞ մը կը պատկանէր» (Պէքի, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ)։
«Երբ դրացիս եւ իր ընտանիքը սկսան Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, ես ինծի ըսի. ‘Ի՞նչ ըսել է «Եհովայի վկաներ»։ Տարօրինակ է որ կրօնք մը այսպէս կոչուի’» (Զենոն, Օնթարիօ, Քանատա)։
«Ես ու կինս կը կարծէինք որ Եհովայի վկաները եկած են մեր յանցաւոր ըլլալու զգացումները օգտագործելու, քանի որ եկեղեցին չենք։ Եւ մենք կը մտածէինք որ եթէ մեր փնտռածները հիմնական եկեղեցիներուն քով չենք գտներ, Եհովայի վկաներուն պէս տարօրինակ աղանդի մը քով երէկուընէ պիտի չգտնենք» (Քենթ, Ուաշինկթըն, ԱՄՆ)։
«Անկեղծօրէն կ’ըսեմ, ո՛չ գիտէի անոնք ո՛վ են, ոչ ալ ինչի՛ կը հաւատան» (Սեսիլի, Էսպիերկ, Դանիա)։
Շատ հաւանաբար տեսած ես Եհովայի վկայ մը դռնէ–դուռ կամ հանրային տեղ մը կը քարոզէ, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը բաշխէ եւ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկէ։ Թերեւս այս պարբերաթերթը անոնցմէ առած ես։ Բայց թերեւս տակաւին կը հարցնես, թէ անոնք իսկապէս ո՛վ են։ Թերեւս վերը յիշուած անձերէն մէկուն պէս կը մտածես։
Եթէ այսպիսի հարցումներ ունիս, պատասխանները ո՞ւր կրնաս գտնել։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ Եհովայի վկաները իսկապէս ինչի՛ կը հաւատան, իրենց ծառայութեան եւ պաշտամունքի վայրերուն համար պէտք եղած դրամը ուրկէ՛ կ’ապահովուի, եւ անոնք ինչո՛ւ դուռդ կը զարնեն եւ հանրային տեղերը հետդ կը խօսին։
Վերը նշուած Սեսիլին կ’ըսէ. «Եհովայի վկաներուն մասին շատ կը կարդայի համացանցին վրայ։ Կարգ մը տարաձայնութիւններ լսեցի եւ շատ մը սխալ կարծիքներու ականջ տուի։ Այսպիսով, Եհովայի վկաներուն մասին լաւ գաղափար չկազմեցի»։ Սակայն ետքը Սեսիլին ուղղակի Եհովայի վկաներուն հետ խօսեցաւ եւ իր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ ստացաւ։
Կ’ուզե՞ս Եհովայի վկաներուն մասին հարցումներուդ ճի՛շդ պատասխանները առնել։ Քեզ կը քաջալերենք որ այս նիւթին շուրջ ամէնէն շատ տեղեկութիւն ունեցողներուն հարցնես, այսինքն՝ Եհովայի վկաներուն, որոնք այս պարբերաթերթը կը հրատարակեն (Առակաց 14։15)։ Կը յուսանք որ յաջորդ յօդուածները քեզի օգնեն գիտնալու, թէ մենք ո՛վ ենք եւ ինչի՛ կը հաւատանք, ինչպէս նաեւ՝ հասկնալու թէ մեր ըրած գործը ի՛նչ է։
-
-
Եհովայի վկաները ինչպիսի՞ մարդիկ ենԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ
Եհովայի վկաները ինչպիսի՞ մարդիկ են
Մենք համաշխարհային կազմակերպութիւն մըն ենք, որ ուրիշ կրօնական խումբերու հետ կապ չունինք։ Հակառակ որ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղին Միացեալ Նահանգներուն մէջ է, Եհովայի վկաներուն մեծամասնութիւնը ուրիշ երկիրներու մէջ կ’ապրի։ Շուրջ ութ միլիոն Վկաներ Աստուածաշունչը կը սորվեցնեն աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Ասիկա կ’ընենք քանի որ կ’ուզենք Յիսուսի խօսքին հետեւիլ, որ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատթէոս 24։14)։
Ուր որ ալ ըլլանք, մեր խիղճը մեզ կը մղէ որ օրէնքը յարգենք։ Սակայն քաղաքական գետնի վրայ չէզոք կը մնանք, քանի որ կը հետեւինք Յիսուսի խօսքին, որ քրիստոնեաներուն համար ըսաւ թէ «աշխարհէն [չեն]» (Յովհաննէս 15։19. 17։16)։ Օրինակ՝ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, Եհովայի վկաները բանտարկուեցան, չարչարուեցան եւ նոյնիսկ սպաննուեցան, քանի որ չէզոք մնացին։ Նախկին գերմանացի եպիսկոպոս մը գրեց. «Անոնք իրաւացիօրէն կրնան դաւանիլ, թէ խղճմտանքի առարկուներու միակ գլխաւոր խումբն էին Երրորդ Ռայխին մէջ»։
«[Եհովայի վկաները] բարձր բարոյականութիւն ունին։ Նոյնիսկ քաղաքական բարձրագոյն պաշտօններու մէջ կրնանք այսպիսի անձնազոհ անձեր գործածել. բայց ասիկա բնա՛ւ պիտի չպատահի. . . Անոնք կառավարական հեղինակութիւնները կը յարգեն, բայց կը հաւատան որ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կարող է բոլոր մարդկային խնդիրները լուծել»(Նովա Սւոպոտա լրագիր, Չեխիայի Հանրապետութիւն)։
Սակայն մենք մարդոցմէ հեռանալով չենք մեկուսանար։ Յիսուս իր հետեւորդներուն համար Աստուծոյ աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես» (Յովհաննէս 17։15)։ Ուստի, մենք կ’աշխատինք, գնում կ’ընենք եւ դպրոց կ’երթանք։
-
-
Եհովայի վկաները ինչի՞ կը հաւատանԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ
Եհովայի վկաները ինչի՞ կը հաւատան
Եհովայի վկաները կը հաւատան որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչը կը գործածենք, որպէսզի Ստեղծիչին մասին սորվինք եւ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իմաստալից կեանք ապրիլ։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Թող որ] գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։ Ուստի մենք միա՛յն Եհովա Աստուածը կը պաշտենք եւ կ’ուզենք իր անձնական անունը ճանչցնել որպէս իր վկաները (Եսայի 43։10-12)։
Քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք կը հաւատանք որ Յիսուս՝ «Աստուծոյ Որդին»a երկիր եկաւ եւ Մեսիան եղաւ (Յովհաննէս 1։34, 41. 4։25, 26)։ Իր մեռնելէն ետք, յարութիւն առաւ եւ երկինք վերադարձաւ (Ա. Կորնթացիս 15։3, 4)։ Յետագային, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եղաւ (Յայտնութիւն 11։15)։ Այդ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ երկիրը Դրախտի պիտի վերածէ (Դանիէլ 2։44)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11, 29)։
«Անոնք Աստուածաշունչը կը կարդան այն համոզումով, որ Աստուած անոր միջոցաւ իրենց հետ կը խօսի։ Երբ իրենց կեանքին մէջ խնդիրներ ծագին, Աստուծոյ Խօսքը կ’առնեն եւ մէջը լուծում մը կը փնտռեն. . . Իրենց համար, Աստուծոյ Խօսքը տակաւի՛ն կենդանի է» (կաթողիկէ կղերական Պէնճէմին Չերաիաթ, Münsterländische Volkszeitung լրագիր, Գերմանիա)։
Եհովայի վկաները կը հաւատան որ Աստուածաշունչի սկզբունքները նոյնիսկ ներկայիս կրնան մարդոց օգտակար դառնալ (Եսայի 48։17, 18)։ Ուստի, այդ սկզբունքները մեր կեանքին մէջ բծախնդրաբար կը կիրարկենք։ Օրինակ՝ մենք չենք ծխեր եւ թմրեցուցիչ չենք գործածեր, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ այն բաներէն, որոնք մեր միտքն ու մարմինը կ’ապականեն (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Նաեւ չենք ըներ ինչ որ Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն կ’ըսէ թէ սխալ է, ինչպէս՝ գինովութիւնը, սեռային անբարոյութիւնը եւ գողութիւնը (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։
a Աստուածաշունչը նաեւ Յիսուսը կը կոչէ՝ «Աստուծոյ միածին Որդին», քանի որ Եհովան միայն զինք ուղղակի ստեղծեց (Յովհաննէս 3։18. Կողոսացիս 1։13-15)։
-
-
Մեր ծառայութեան պէտք եղած դրամը ուրկէ՞ կ’ապահովուիԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ
Մեր ծառայութեան պէտք եղած դրամը ուրկէ՞ կ’ապահովուի
Ամէն տարի, հարիւր միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ սուրբգրային հրատարակութիւններ կը տպենք ու կը բաշխենք։ Աշխարհի չորս կողմը մասնաճիւղեր եւ տպարաններ կը կառուցանենք։ Տասնեակ հազարաւոր ժողովքներ պաշտամունքի համեստ ու գեղեցիկ վայրերու մէջ կը ժողվուին, որոնք Թագաւորութեան սրահ կը կոչուին։ Ո՞վ կը վճարէ բոլոր այս ծախսերը։
Մեր գործը բոլորովին կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’ըլլայ (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ 1879–ին, այս պարբերաթերթին երկրորդ թիւը ըսաւ. «Կը հաւատանք որ Եհովա թիկունք կը կանգնի ‘Սիօնի դիտարան’ին եւ ա՛յնքան ատեն որ այս է պարագան, անիկա բնա՛ւ պիտի չմուրայ եւ մարդոցմէ օգնութիւն չխնդրէ»։ Տակաւին այս գաղափարին վրայ ենք։
Նուիրատուութիւնները ուղղակի մեր մասնաճիւղերէն մէկուն կը ղրկուին, կամ ալ Թագաւորութեան սրահին մէջ զետեղուած նուիրատուութեան տուփին մէջ կը դրուին։ Մենք բնա՛ւ տասանորդ չենք գանձեր, հանգանակութիւն չենք ըներ, եւ մեր ծառայութեան կամ հրատարակութիւններուն համար վճարում չենք պահանջեր։ Դրամ չենք առներ որպէսզի քարոզենք, ժողովքին մէջ սորվեցնենք կամ պաշտամունքի վայրեր շինենք, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Մեր մասնաճիւղերուն մէջ եւ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ բոլոր եղողները ամսական չեն առներ, մէջը ըլլալով Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամները։
«Եհովայի վկաներուն բոլոր գործունէութիւններուն կը կիրարկուի հետեւեալը. կամաւորաբար նուիրուած դրամով կ’ապահովուի իրենց հիմնադրամը։ Իւրաքանչիւրը ինք կ’որոշէ իր կրօնական ‘նուիրատուութիւններուն’ գումարը եւ որքա՛ն յաճախ տալը» (Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, 2011)։
Նուիրատուութիւնները նաեւ կը գործածենք, որպէսզի աղէտէ տուժածներու օգնենք։ Նախկին քրիստոնեաները ուրախութեամբ աղքատներուն օգնեցին (Հռովմայեցիս 15։26)։ Նմանապէս, մենք պէտք ունեցողներուն կ’օգնենք, իրենց տուները եւ պաշտամունքի վայրերը վերաշինելով, ինչպէս նաեւ ուտելիք, հագուելիք եւ բժշկական խնամք տալով։
-
-
Ինչո՞ւ կը քարոզենքԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ
Ինչո՞ւ կը քարոզենք
Թերեւս ամէնէն շատ քարոզչութեամբ մեր Վկայ ըլլալը կը գիտցուի, ըլլայ տունէ տուն, հանրային տեղեր եւ ուր որ մարդիկ գտնենք։ Ինչո՞ւ կը քարոզենք։
Եհովայի վկաները կը քարոզեն, որպէսզի Աստուած փառաւորեն եւ իր անունը ճանչցնեն (Եբրայեցիս 13։15)։ Մենք նաեւ կ’ուզենք Քրիստոս Յիսուսին հնազանդ ըլլալ, որ պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։19, 20)։
Աւելին, մենք մեր ընկերը կը սիրենք (Մատթէոս 22։39)։ Անշուշտ, գիտենք որ մարդոց մեծամասնութիւնը իր կրօնական հաւատալիքները ունի, եւ ոմանք մեր պատգամով չեն հետաքրքրուիր։ Սակայն, համոզուած ըլլալով որ Աստուածաշունչին ըսածները կեանք կը փրկեն, ‘չենք դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’ (Գործք 5։41, 42)։
Ընկերաբան Անթոնիօ Գովա Մատուրոն գրեց. «Առանց աչքերնուն գալու, Եհովայի վկաները մեծ ջանք կը թափեն, նոյնիսկ ինքզինքնին մաշեցնելու աստիճան. . . որպէսզի սուրբ գրութիւնը աշխարհի ամէնէն հեռու տեղը հասնի» (Էլ Եունիվերսալ լրագիր, Վենեզուելլա)։
Մեր հրատարակութիւնները կարդացողներուն մեծամասնութիւնը Վկայ չէ։ Եւ այն միլիոնաւոր մարդիկը, որոնք մեզի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, զանազան կրօնքներու կը պատկանին։ Անոնք գոհ են որ Եհովայի վկաները իրենց կ’այցելեն։
Թերեւս Եհովայի վկաներուն մասին ուրիշ հարցումներ ալ ունիս։ Քեզ կը հրաւիրենք որ հետեւեալ կերպերով պատասխանները առնես.
Եհովայի վկայի մը հարցնել։
Մեր կայքը՝ www.pr2711.com/hy-latn այցելել։
Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ. մուտքը ձրի է։
-