-
Ինչո՞ւ կ’արժէ Աստուածաշունչը սերտելԴիտարան 2015 | Ապրիլ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼ
Ինչո՞ւ կ’արժէ Աստուածաշունչը սերտել
Կեանքին նպատակը ի՞նչ է։
Մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին ու կը մեռնին։
Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ։
Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է։
Երբեք այսպիսի հարցումներ մտքէդ անցա՞ծ են։ Եթէ այո, մինակդ չես։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ կեանքի կարեւոր հարցումներ կ’ուղղեն։ Կարելի՞ է պատասխանները գտնել։
Միլիոնաւորներ «Այո՛, կարելի է» պիտի ըսեն, որովհետեւ արդէն իսկ գտած են գոհացուցիչ պատասխաններ Աստուածաշունչին ընդմէջէն։ Եթէ դուն ալ կ’ուզես գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, կրնաս օգտուիլ Աստուածաշունչի այն ձրի ուսումնասիրութենէն, որ Եհովայի վկաները կ’առաջարկենa։
Ճիշդ է որ ոմանք թերեւս Աստուածաշունչը սերտելու գաղափարին շուրջ ըսեն. «Ժամանակ չունիմ», «Խրթին գիրք մըն է», «Չեմ ուզեր յայտագրի մը կապուիլ», բայց ուրիշներ ա՛յլ կարծիք ունին։ Անոնք գրկաբաց կ’ուզեն գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
«Յաճախեցի կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներ, գացի սիխական տաճար մը ու պուտտայական վանք մը, եւ աստուածաբանութիւն ուսանեցայ համալսարանին մէջ։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր հարցումներէս շատերը անպատասխան մնացին։ Ետքը, Եհովայի վկաներէն մէկը դուռս զարկաւ։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած իր պատասխաններով տպաւորուելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը ընդունեցի» (Ճիլ, Անգլիա)։
«Կեանքի շուրջ բազմաթիւ հարցումներ ունէի, բայց եկեղեցիիս հովիւին պատասխանները չգոհացուցին զիս։ Եհովայի վկաներէն մէկը սակայն, իմ հարցումներուս պատասխանեց միմիայն Աստուածաշունչը գործածելով։ Երբ ինծի հարցուց եթէ կ’ուզեմ աւելին գիտնալ, ամենայն սիրով ընդունեցի» (Քըֆի, Պենին)։
«Մեռելներուն վիճակով հետաքրքրուած էի։ Կը հաւատայի որ մեռելները կրնան ողջերուն վնաս հասցնել, բայց ուզեցի գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կը սորվեցնէ։ Անոր համար սկսայ Վկայ բարեկամի մը հետ սերտել զայն» (Հոսէ, Պրազիլ)։
«Փորձեցի՛ Աստուածաշունչը կարդալ, բայց չկրցայ հասկնալ։ Ետքը Եհովայի վկաները եկան ու յստակ բացատրութիւններ տուին Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններու մասին։ Ուզեցի ա՛լ աւելի գիտնալ» (Տենիզ, Մեքսիքա)։
«Միշտ կը մտածէի որ Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՛ծ է ինձմով կամ ոչ։ Ուստի որոշեցի Աստուածաշունչին Աստուծոյն աղօթել։ Յաջորդ օրը, Վկաները դուռս զարկին եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն մը ընդունեցի» (Էնճու, Նեփալ)։
Այս փորձառութիւնները մեր միտքը կը բերեն Յիսուսին այս խօսքը. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։ Այո, մարդիկ ի ծնէ հոգեւոր կարիք ունին։ Միայն Աստուա՛ծ կրնայ այդ կարիքին գոհացում տալ. եւ ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։
Ուստի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս անկէ օգտուիլ։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։
-
-
Աստուածաշունչը սերտելու ծրագիր մը բոլորին համարԴիտարան 2015 | Ապրիլ 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼ
Աստուածաշունչը սերտելու ծրագիր մը բոլորին համար
Եհովայի վկաները հանրածանօթ են իրենց հանրային քարոզչութեամբ։ Բայց գիտէի՞ր որ Աստուածաշունչը սերտելու երկրապարփակ ծրագիր մըն ալ ունինք։
2014–ին, ամէն ամիս աւելի քան 8,000,000 Վկաներ շուրջ 9,500,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարեցին 240 երկիրներու մէջa։ Մեզի հետ Աստուածաշունչը սերտողներուն թիւը աւելի է, քան՝ մօտ 140 երկիրներու բնակչութեան թիւը։
Այս կրթական գործունէութիւնը կատարելու համար, Եհովայի վկաները ամէն տարի կը տպագրեն մօտաւորապէս մէկուկէս միլիառ Աստուածաշունչ, գիրք, պարբերաթերթ եւ ա՛յլ սուրբգրային հրատարակութիւններ,– շուրջ 700 լեզուներով։ Հրատարակչական այս աննման ջանքերուն շնորհիւ, մարդիկ կրնան Աստուածաշունչը իրենց ընտրած լեզուով սերտել։
ՅԱՃԱԽ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼՈՒ ՄԵՐ ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ի՞նչ է ուսումնասիրութեան մեթոտը։
Աստուածաշունչէն զանազան նիւթեր կ’առնենք եւ անոնց հետ կապ ունեցող համարներ կը քննարկենք։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ. Ո՞վ է Աստուած, Ի՞նչ է անոր բնոյթը, Ան անուն մը ունի՞, Ո՞ւր կը բնակի, Կրնա՞նք իրեն մօտենալ։ Պատասխանները գտնելու բանալին է՝ գիտնալ ո՛ւր փնտռել Աստուածաշունչին մէջ։
Որպէսզի մարդոց օգնենք պատասխանները գտնելու, սովորաբար կը գործածենք 224 էջնոց գիրք մը, որուն խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէb։ Այս գիրքը յատկապէս պատրաստուած է մարդոց օգնելու, որ Աստուածաշունչին հիմնական ուսուցումները հասկնան։ Քննարկուած նիւթերէն ոմանք են՝ Աստուած, Յիսուս Քրիստոս, մարդկային տառապանք, յարութիւն, աղօթք։
Ե՞րբ եւ ո՞ւր կրնամ ուսումնասիրել։
Կրնաս ուսումնասիրել քեզի յարմար եղող ժամուն եւ վայրին մէջ։
Ուսումնասիրութեան նիստ մը որքա՞ն ժամանակ կ’առնէ։
Շատեր ամէն շաբաթ շուրջ մէկ ժամ կը յատկացնեն Աստուածաշունչը սերտելու համար։ Բայց պարագան անձէ անձ կը տարբերի։ Կրնանք քու յայտագրիդ յարմարիլ։ Ոմանք շաբաթը միայն 10 կամ 15 վայրկեան կը տրամադրեն։
Դասընթացքին համար ի՞նչ պիտի վճարեմ։
Թէ՛ դասընթացքը եւ թէ սերտուելիք հրատարակութիւնները ձրի են, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։
Դասընթացքը ո՞րքան կը տեւէ։
Դասընթացքին երկարութիւնը քեզմէ կախեալ է։ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը ունի 19 դաս։ Կրնաս ատոնցմէ որեւէ մէկը կամ բոլորը քննարկել քեզի յարմարող արագութեամբ։
Պայմա՞ն է որ վերջաւորութեան Եհովայի վկայ ըլլամ։
Ոչ։ Մենք կը գիտակցինք որ իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ընտրելու թէ ինչի՛ն պիտի հաւատայ. եւ այդ իրաւունքը կը յարգենք։ Բայց եւ այնպէս, անոնք որոնք Աստուածաշունչի հիմնական գիտելիքները կը ստանան, կրնան անոնց հիման վրայ որոշում մը կայացնել։
Ուրկէ՞ կրնամ յաւելեալ տեղեկութիւններ առնել։
Կրնաս www.pr2711.com/hy-latn կայքը բանալ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ առնել Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն եւ գործունէութիւններուն մասին։
Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրել։
Կրնաս խնդրանքդ ուղարկել համացանցի միջոցով, www.pr2711.com/hy-latn կայքը գործածելով։
Կրնաս այս պարբերաթերթին երկրորդ էջի նշած ամէնէն մօտիկ հասցէին նամակ մը գրել։
Շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահէ։ Կրնաս հեռաձայնի թիւերու ուղեցոյցին մէջ «Եհովայի վկաներ» բաժինը օգտագործել։
-