-
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը հասկնալԴիտարան 2015 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը հասկնալ
«Աստուածաշունչը հանրածանօթ կրօնական գիրք մըն է։ Բայց անիկա չինացիներուն անծանօթ է» (ԼԻՆ, ՉԻՆԱՍՏԱՆ)։
«Եթէ հինտու կրօնքիս առնչուող սուրբ գիրքե՛րը չեմ կրնար հասկնալ, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ Աստուածաշո՛ւնչը հասկնալ» (ԱՄԻԹ, ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ)։
«Աստուածաշունչը որպէս հին գիրք կը յարգեմ եւ լսած եմ որ անիկա ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն է։ Բայց բնա՛ւ անկէ օրինակ մը չեմ տեսած» (ԵՈՒՄԻՔՕ, ՃԱՓՈՆ)։
Աշխարհի տարածքին մարդիկ Աստուածաշունչը մեծապէս կ’արժեւորեն։ Բայց անոնք թերեւս անոր բովանդակութեան մասին քիչ բան գիտեն կամ բնա՛ւ տեղեկութիւն չունին։ Այս է պարագան Ասիոյ մէջ ապրող միլիոնաւորներուն. բայց անիկա նաեւ ճիշդ է այն երկիրներուն մէջ, ուր Աստուածաշունչը մեծապէս տարածուած է։
Սակայն կրնաս հարց տալ. «Ինչո՞ւ պէտք է Աստուածաշունչը հասկնամ»։ Անոր խօսքերը հասկնալը քեզի պիտի օգնէ որ. . .
Գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնես
Ընտանեկան խնդիրներու հետ գլուխ ելլես
Մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլես
Անձնական փոխյարաբերութիւններդ բարելաւես
Դրամը իմաստութեամբ գործածես
Օրինակ նկատի առ Ճափոնի մէջ՝ Եօշիքոն։ Ան ուզեց գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պարունակէ եւ որոշեց զայն կարդալ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը օգնած է որ կեանքս նպատակ ունենայ եւ ապագայի նկատմամբ յոյս ունենամ»։ Ան նաեւ կ’աւելցնէ. «Ա՛լ չեմ զգար որ անիմաստ կեանք կը վարեմ»։ Նախապէս նշուած Ամիթը որոշեց Աստուածաշունչը քննել։ «Զարմացայ», կ’ըսէ ան։ «Աստուածաշունչը բոլորին համար գործնական տեղեկութիւններ կը պարունակէ»։
Աստուածաշունչը մեծապէս ազդած է միլիոնաւորներու կեանքին։ Քեզ կը քաջալերենք որ զայն անձամբ քննես եւ տեսնես թէ ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգտել։
-
-
Հասկնալի գիրք մըԴիտարան 2015 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
Հասկնալի գիրք մը
Աստուածաշունչը իրապէս շատ հին գիրք մըն է։ Անիկա սկսաւ գրուիլ Միջին Արեւելքի մէջ, շուրջ 3500 տարի առաջ։ Անիկա գրի առնուեցաւ Չինաստանի Շէնկեան հարստութեան օրերուն եւ Հնդկաստանի մէջ պուտտայականութիւնը սկսելէն տասը դար առաջ (տե՛ս «Աստուածաշունչին մասին տուեալներ» շրջանակը)։
Աստուածաշունչը կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները կու տայ
Գիրք մը մարդոց օգտակար ուղեցոյց ըլլալու համար, հարկ է որ հասկնալի եւ գործնական ըլլայ։ Աստուածաշունչը այսպիսի գիրք մըն է։ Անիկա կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները կու տայ։
Օրինակ, երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ հոս կը գտնուինք։ Այս հարցումը հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդ արարածը շփոթեցուցած է եւ տակաւին կը շփոթեցնէ։ Բայց անոր պատասխանը կրնանք գտնել Աստուածաշունչին առաջին գիրքին՝ Ծննդոցին առաջին երկու գլուխներուն մէջ։ Հոն, Աստուածաշունչը կը խօսի «սկիզբ»ին մասին, որ միլիառաւոր տարիներ առաջ էր, երբ մեր ֆիզիքական տիեզերքը գոյացաւ, ներառեալ՝ աստղախումբերը, աստղերը եւ երկիրը (Ծննդոց 1։1)։ Ապա անիկա աստիճանաբար կը նկարագրէ թէ երկիրը ինչպէ՛ս բնակելի դարձաւ, կեանքի զանազան տեսակները ինչպէ՛ս գոյացան եւ մարդիկ ինչպէ՛ս երեւան եկան,– ինչպէս նաեւ թէ այս բոլորը ինչո՛ւ գոյացան։
ՀԱՍԿՆԱԼԻ ԿԵՐՊՈՎ ԳՐՈՒԱԾ
Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ՝ մեզի օգնելու համար որ առօրեայ խնդիրները լուծենք։ Խրատները դիւրահասկնալի են երկու մարզերու մէջ։
Առաջին, Աստուածաշունչի լեզուն յստակ, ուղղակի եւ գրաւիչ է։ Փոխանակ շատ մը անհասկնալի կամ խորհրդաւոր արտայայտութիւններ գործածելու, անիկա կը գործածէ բառեր, որոնք հասկնալի են։ Դժուար գաղափարները արտայայտուած են այնպիսի բառերով, որոնք մեր առօրեայ կեանքին մէջ սովորական են։
Օրինակ, Յիսուս գործածեց մարդոց առօրեայ կեանքէն առնուած շատ մը պարզ օրինակներ, որպէսզի անոնց սրտին դպչող դասեր սորվեցնէ։ Այս օրինակներէն շատերը Յիսուսի Լերան քարոզին մէջ նշուած են, որ արձանագրուած է Աստուածաշունչի Մատթէոս գրքին 5-7–րդ գլուխներուն մէջ։ Զայն «գործնական ճառ մը» կոչելով մեկնաբան մը ըսաւ, որ անոր նպատակն է «ո՛չ թէ մեր մտքերը գաղափարներով լեցնել, այլ մեր գործունէութիւնները առաջնորդել եւ կանոնաւորել»։ Այս գլուխները կրնաս կարդալ թերեւս 15-20 վայրկեանուան մէջ, եւ պիտի զարմանաս թէ Յիսուսի խօսքերը որքա՛ն պարզ, բայց միեւնոյն ատեն ազդու են։
Աստուածաշունչը դիւրահասկնալի դարձնող ուրիշ ազդակ մըն է՝ անոր բովանդակութիւնը։ Անիկա դիցաբանութիւններու կամ առասպելներու գիրք մը չէ։ Հապա, ըստ համայնագիտարանի մը, անիկա մեծաւ մասամբ «թէ՛ երեւելի եւ թէ սովորական մարդոց մասին է», ինչպէս նաեւ անոնց «պայքարներուն, յոյսերուն, ձախորդութիւններուն եւ յաղթանակներուն մասին» (The World Book Encyclopedia)։ Իրական մարդոց եւ դէպքերու մասին այս պատմութիւնները կրնանք ըմբռնել, ինչպէս նաեւ անոնց մէջի դասերը կրնանք դիւրութեամբ հասկնալ (Հռովմայեցիս 15։4)։
ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԱՏՉԵԼԻ
Գիրք մը հասկնալու համար, հարկ է որ անիկա գիտցած մէկ լեզուովդ ըլլայ։ Ներկայիս Աստուածաշունչը հաւանաբար քու հասկցած մէկ լեզուովդ մատչելի է, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրիս կամ ո՛ր ազգութեան կը պատկանիս։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է։
Թարգմանութիւն։ Աստուածաշունչին բնագիրը գրուեցաւ եբրայերէն, արամերէն եւ յունարէն լեզուներով։ Այդ պատճառով, կարդացողներուն թիւը սահմանափակ էր։ Աստուածաշունչը այլ լեզուներով մատչելի դարձնելու համար, անկեղծ թարգմանիչներ շատ ջանք թափած են զայն թարգմանելու։ Անոնց աշխատանքին շնորհիւ, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանուած է շուրջ 2700 լեզուներու։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մարդկութեան աւելի քան 90 տոկոսը Աստուածաշունչէն առնուազն մաս մը կրնայ իր մայրենի լեզուով կարդալ։
Հրատարակութիւն։ Աստուածաշունչի բնագիրը գրուեցաւ փճացող նիւթերու վրայ, ինչպէս՝ կաշի եւ պապիրոս։ Պատգամը փոխանցելու համար, հարկ էր որ այդ գրութիւնները ուշադրութեամբ ընդօրինակուէին եւ վերստին ընդօրինակուէին։ Այսպիսի օրինակներ սուղ էին եւ քիչեր կրնային զանոնք գնել։ Բայց 550 տարի առաջ հնարուած Կիւթենպերկ տպագրամեքենային շնորհիւ, Աստուածաշունչի շրջաբերութիւնը մեծապէս արագացաւ։ Տուեալի մը համաձայն, Աստուածաշունչի աւելի քան 5 միլիառ օրինակներ բաշխուած են՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ։
Այս մարզերուն մէջ ո՛չ մէկ այլ կրօնական գիրք կարելի է Աստուածաշունչին հետ համեմատել։ Յստակ է որ Աստուածաշունչը հասկնալի գիրք մըն է։ Բայց եւ այնպէս կրնայ ըլլալ որ մարդիկ զայն հասկնալու մէջ դժուարութիւն ունենան։ Սակայն կարելի է օգնութիւն գտնել. ո՞ւր։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։ Նկատի առ յաջորդ յօդուածը։
-
-
Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն գտնելԴիտարան 2015 | Դեկտեմբեր 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն գտնել
Երեւակայէ թէ օտար երկիր մը կը ճամբորդես։ Կը ծանօթանաս նոր մարդոց, սովորութիւններու, ուտելիքներու եւ դրամի։ Թերեւս նեղանաս. ինչ որ հասկնալի է։
Կրնայ ըլլալ որ նոյն զգացումները ունենաս, երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչը կարդաս։ Կ’երթաս հին աշխարհ մը, որ քեզի օտար կը թուի։ Հոն, պիտի ծանօթանաս փղշտացի կոչուած ժողովուրդի մը, ‘հանդերձ պատռելու’ նման արտակարգ սովորութիւններու կամ պիտի տեղեկանաս մանանայ կոչուած ուտելիքի մը եւ սիկղ անունով դրամի մը մասին (Ելից 16։31. Յեսու 13։2. Բ. Թագաւորաց 3։31. Մատթէոս 26։15)։ Այս բոլորը կրնան քեզ շփոթեցնել։ Ինչպէս որ երբ օտար երկիր մը ճամբորդես եւ մէկը քեզի օգտակար դառնայ, զայն կը գնահատես, նոյնպէս ալ երբ մէկը քեզի բաներ բացատրէ, զանոնք չե՞ս գնահատեր։
ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ԷՐ
Սուրբ Գրութիւնները սկսան գրուիլ Ք.Ա. 16–րդ դարուն։ Անկէ ի վեր զայն հասկնալու համար մարդոց օգնութիւն հայթայթուած է։ Օրինակ, Մովսէս՝ իսրայէլ ազգին առաջին առաջնորդը, գրուածին բացատրութիւնը «սկսաւ յայտնել» (Բ. Օրինաց 1։5)։
Անկէ շուրջ տասը դար ետք, Սուրբ Գրութիւններու որակեալ ուսուցիչներ տակաւին կային։ Ք.Ա. 455–ին, հրեաներու բազմութիւն մը, ներառեալ երեխաներ, հաւաքուեցաւ Երուսաղէմ քաղաքին մէկ հրապարակը։ Ուսուցիչները «օրէնքի [նոյն սուրբ] գիրքը յստակ կերպով կարդացին»։ Բայց անոնք աւելի՛ն ըրին։ Անոնք «մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին» (Նէեմիա 8։1-8)։
Հինգ դար ետք, Յիսուս Քրիստոս ալ նոյնպէս ուսուցանեց։ Իրականութեան մէջ, ան մարդոց մէջ գլխաւորաբար ճանչցուեցաւ որպէս ուսուցիչ (Յովհաննէս 13։13)։ Ան մեծ բազմութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատներու սորվեցուց։ Առիթով մը, Յիսուս մեծ բազմութեան մը հանրածանօթ Լերան քարոզը տուաւ, եւ ‘ժողովուրդը զարմացաւ անոր վարդապետութեանը վրայ’ (Մատթէոս 5։1, 2. 7։28)։ Ք.Ե. 33–ի գարնան, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքին խօսեցաւ, մինչ անոնք Երուսաղէմի մօտ գտնուող գիւղ մը կ’երթային։ Յիսուս անոնց «գրքերը կը մեկնէր», կամ յստակ կերպով կը բացատրէր (Ղուկաս 24։13-15, 27, 32)։
Յիսուսի աշակերտներն ալ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչներն էին։ Առիթով մը, մինչ եթովպիացի պաշտօնեայ մը Սուրբ Գրութիւններէն հատուած մը կը կարդար, Փիլիպպոս անունով աշակերտ մը իրեն մօտեցաւ եւ հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Եթովպիացին պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Այն ատեն Փիլիպպոս հատուածին նշանակութիւնը իրեն բացատրեց (Գործք 8։27-35)։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ Է
Ինչպէս անցեալին Աստուածաշունչի ուսուցիչները կը մասնակցէին Աստուածաշունչի կրթական գործունէութեան, նոյնպէս ալ այսօր Եհովայի վկաները նոյն բանը կ’ընեն աշխարհի տարածքին 239 երկիրներու մէջ (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ամէն շաբաթ, անոնք աւելի քան 9 միլիոն անհատներու հետ Աստուածաշունչը կը սերտեն՝ անոնց օգնելու համար որ զայն հասկնան։ Աստուածաշունչը սերտող անհատներէն շատեր քրիստոնեայ չեն։ Այս սերտողութիւնները ձրի են եւ կրնան տեղի ունենալ անհատին տան մէջ կամ այլ յարմար վայր մը։ Ոմանք նոյնիսկ հեռախօսիկով կամ առցանց իրենց ուսումնասիրութիւնը կ’ունենան։
Այս կարգադրութեան մասին մանրամասնութիւններ ստանալու համար, կրնաս Եհովայի վկայի մը հետ կապ պահել։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով պիտի տեսնես թէ անիկա անհասկնալի գիրք մը չէ, այլ «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար», որպէսզի «կատարեալ ըլլա[ս] ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։
-