Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Պարկեշտութիւնը տակաւին ժամանակայարմա՞ր է
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 1
    • Գործատէր մը իր պաշտօնեային կը սպառնայ

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

      Պարկեշտութիւնը տակաւին ժամանակայարմա՞ր է

      Հիթօշին կ’աշխատէր աշխատանքի գործակալութեան մը հաշուապահութեան գրասենեակին մէջ, Ճափոն։ Մինչ իր վերակացուին հետ հաշիւները նկատի կ’առնէր, Հիթօշիէն պահանջուեցաւ խարդախուած տեղեկագիր մը պատրաստել։ Ան բացատրեց թէ իր խիղճը թոյլ չէր տար որ անպարկեշտ գործ մը ընէր։ Առ ի արդիւնք, Հիթօշիին գործատէրը սպառնաց որ զինք գործէն պիտի վռնտէ, եւ ան ի վերջոյ իր գործը կորսնցուց։

      Յաջորդ ամիսներուն, Հիթօշին գործ գտնելու դժուարութիւններուն պատճառաւ վհատեցաւ։ Օրինակ, գործի հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան նշեց թէ չէր կրնար անպարկեշտ գործի մը միջամուխ ըլլալ։ Իրեն հետ տեսակցող անհատը ըսաւ. «Տարօրինակ կերպով կը մտածես»։ Հիթօշիին ընտանիքն ու բարեկամները զինք քաջալերեցին որ պարկեշտ մնալու իր վճռականութիւնը պահէ. բայց իր մտքին մէջ կասկածներ արթնցան։ Օրինակ, ան կ’ըսէ. «Հարց տուի թէ արդեօք անպարկեշտ վարքի միջամուխ չըլլալը լա՞ւ բան է»։

      Ցաւօք սրտի, Հիթօշիին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ամէն մարդ պարկեշտութիւնը չի գնահատեր։ Իրականութեան մէջ, ոմանք թերեւս զայն վնաս նկատեն, մանաւանդ գործի ասպարէզին մէջ։ «Անպարկեշտ մարդոցմով շրջապատուած եմ», ըսաւ աշխատաւոր կին մը Հարաւային Ափրիկէի մէջ, «եւ երբեմն անպարկեշտութեան տեղի տալու ճնշումը շատ մեծ է»։

      Անպարկեշտութեան կերպերէն մէկը, որ ներկայիս մեծապէս տարածուած է՝ ստելն է։ Քանի մը տարի առաջ, Մասաչուսեցի Ամհերսթ համալսարանի հոգեբան Ռապըրթ Ֆելտմընի կողմէ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ չափահասներուն 60 տոկոսը տասը վայրկեանուան խօսակցութեան մը մէջ առնուազն մէկ անգամ սուտ կը խօսի։ «Ուսումնասիրութեան արդիւնքը շա՛տ զարմանալի էր», կ’ըսէ Ֆելտմըն։ «Չէինք ակնկալեր որ սուտ խօսիլը առօրեայ կեանքին մէջ այսքան սովորական ըլլար»։ Զարմանալի չէ՞ որ թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ատէ երբ ստութեան զոհը կ’երթայ, բայց եւ այնպէս կը ստէ։

      Ինչո՞ւ ստելը, գողնալը եւ անպարկեշտութեան այլ կերպեր ներկայիս ա՛յսքան համատարած են։ Անպարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մարդոց։ Եւ աւելի կարեւորը, ինչպէ՞ս կրնանք այս անպարկեշտ սովորութիւններէն խուսափիլ։

  • Անպարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 1
    • Երկու կիներ իրարու հետ կը խօսին

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

      Անպարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի

      «Միշտ կան պարագաներ, որոնք քիչ մը անպարկեշտութեամբ կրնան լուծուիլ» (Սըմենթա, Հարաւային Ափրիկէ)։

      Այս խօսքին հետ համաձա՞յն ես։ Սըմենթայի նման, բոլորս ալ ատեն–ատեն դժուար պարագաներ կը դիմագրաւենք։ Երբ անպարկեշտ ըլլալու փորձութեան առջեւ կը գտնուինք, մեր հակազդեցութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի՛ արժէքներու կը կառչինք։ Օրինակ, եթէ երես ճերմկցնելը ամէն բանէ աւելի կարեւոր կը սեպենք, այն ատեն հաւանաբար անպարկեշտութիւնը անհրաժեշտ նկատենք։ Սակայն երբ մարդիկ ճշմարտութիւնը գիտնան, յաճախ անպարկեշտութիւնը բացասական հետեւանքներ կ’ունենայ։ Հետեւեալը նկատի առ։

      ԱՆՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴԷ

      Փոխյարաբերութիւնները կը հիմնուին վստահութեան վրայ։ Երբ երկու անձեր իրարու կը վստահին, անոնք ապահով կը զգան։ Բայց վստահութիւնը մէկ օրուան մէջ չի զարգանար։ Երբ մարդիկ իրարու հետ անկեղծօրէն հաղորդակցելով եւ անձնուրացօրէն գործելով ժամանակ կ’անցընեն՝ վստահութիւն կը կերտեն։ Բայց անիկա կրնայ քանդուիլ անպարկեշտութեան միայն մէկ արարքով։ Եւ անգամ մը որ քանդուի՝ շատ դժուար կ’ըլլայ զայն դարձեալ կերտել։

      Երբեք խաբուա՞ծ ես անհատէ մը, որ կը խորհէիր թէ լաւ բարեկամ մըն էր։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս զգացիր. հաւանաբար՝ դաւաճանուած։ Կասկած չկայ թէ անպարկեշտութիւնը կրնայ թանկագին փոխյարաբերութիւններու հիմը քանդել։

      ԱՆՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԱԿԻՉ Է

      Քալիֆորնիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան փրոֆէսոր Ռապըրթ Ինըս, ուսումնասիրութեան մը մէջ ի յայտ բերաւ, թէ «անպարկեշտութիւնը իրապէս վարակիչ է»։ Ուստի զայն կարելի է նմանցնել ժահրի մը. խաբեբայ անհատի մը հետ ո՛րքան աւելի կապ պահես, ա՛յնքան աւելի վտանգ կայ որ անպարկեշտութեամբ «վարակուիս»։

      Ինչպէ՞ս կրնաս անպարկեշտութեան թակարդին մէջ չիյնալ։ Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել։ Հաճիս նկատի առ կարգ մը աստուածաշնչական օրինակներ։

      Անպարկեշտութեան տեսակները

      Ստել

      Տղամարդ մը իր ամուսնութեան մատանին իր ձեռքէն կը հանէ

      Ի՞ՆՉ Է։ Սուտ խօսիլ անհատի մը, որ պէտք է ճշմարտութիւնը գիտնայ։ Ստելը կրնայ պարփակել՝ անհատ մը մոլորեցնելու համար իրողութիւնները սխալ կերպով ներկայացնել կամ խեղաթիւրել, մէկը խաբելու համար կարեւոր տեղեկութիւններ զանց ընել եւ սխալ տպաւորութիւն ձգելու համար իրողութիւնները չափազանցել։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ։ «Ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է» (Առակաց 3։32)։ «Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին» (Եփեսացիս 4։25)։

      Զրպարտել

      Երկու տղամարդիկ կը փսփսան, մինչ ուրիշ տղամարդ մը սենեակ կը մտնէ

      Ի՞ՆՉ Է։ Սուտ եւ չարամիտ արտայայտութիւններ ընել, որոնք անհատին համբաւը կ’արատաւորեն։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ։ «Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ եւ քսուն [կամ «զրպարտողը», ՆԱ] մտերիմ բարեկամները կը զատէ» (Առակաց 16։28)։ «Առանց փայտի կրակը կը մարի եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի» (Առակաց 26։20)։

      Խարդախել

      Տղամարդ մը իր վերարկուին մէջ պահուած դաստակի ժամացոյցներ կը ցուցնէ

      Ի՞ՆՉ Է։ Խարդախ միջոցներով անհատի մը դրամին կամ ստացուածքին տիրանալ։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ։ «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ [«մի՛ խաբեր», ՆԱ]» (Բ. Օրինաց 24։14, 15)։ «Աղքատին զրկանք ընողը [«խաբողը», ՆԱ] անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ» (Առակաց 14։31)։

      Գողնալ

      Անհատ մը պայուսակի մը մէջէն դրամապանակ մը կը գողնայ

      Ի՞ՆՉ Է։ Անհատի մը ստացուածքը առնել առանց իր արտօնութեան։

      ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ։ «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին» (Եփեսացիս 4։28)։ «Մի՛ խաբուիք. . . Ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10)։

  • Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ օգտակար է
    Դիտարան (հանրամատչելի) 2016 | Թիւ 1
    • Տղամարդ մը դրամապանակ մը իր տիրոջը կը դարձնէ

      ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

      Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ օգտակար է

      «Համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։

      Աստուածաշունչին մէջ յաճախ «պարկեշտութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «բան մը որ հիմնականօրէն լաւ է»։ Անիկա նաեւ կրնայ նշանակել բան մը որ գեղեցիկ եւ տեսարժան է բարոյական առումով։

      Քրիստոնեաները լուրջի կ’առնեն Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խօսքը. «Ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ»։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

      ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՅՔԱՐ

      Ընդհանրապէս մարդիկ ամէն առտու առաջ որ տունէն դուրս ելլեն հայելիին կը նային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ուզեն շատ լաւ երեւիլ։ Բայց նորաձեւ վարսայարդարում կամ նորոյթ հագուստներ ունենալէն աւելի կարեւոր բան մը կայ։ Իրականութեան մէջ մեր ներքին անձը մեր դրսերեւոյթը կա՛մ կը գեղեցկացնէ, կամ ալ կը տգեղցնէ։

      Աստուծոյ Խօսքը անկեղծօրէն կ’ըսէ, թէ մենք հակումը ունինք ընելու ինչ որ չար է։ Ծննդոց 8։21–ը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ Ուստի պարկեշտ ըլլալու համար, հարկ է որ մեր բնածին մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարինք։ Պօղոս առաքեալ վառ կերպով նկարագրեց մեղքին դէմ իր պայքարը, ըսելով. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է» (Հռովմայեցիս 7։22, 23)։

      Օրինակ, երբ մեր սիրտը մեզ մղէ ընելու ինչ որ չար է եւ զօրաւոր հակում ունենանք անպարկեշտ ըլլալու, ստիպուած չենք մեր սրտին մղումներուն գերին դառնալու. ընտրելու ազատութիւնը ունինք։ Երբ կը վճռենք սխալ գաղափար մը մերժել, կրնա՛նք պարկեշտ մնալ հակառակ մեզ շրջապատող անպարկեշտութեան։

      ՊԱՅՔԱՐԸ ՅԱՂԹԵԼ

      Պարկեշտ ըլլալու համար պէտք ունինք բարոյական բարձր չափանիշի։ Սակայն ցաւօք սրտի, շատեր աւելի ժամանակ կը տրամադրեն իրենց հագուելակերպի չափանիշը որոշելու, քան թէ մտածելու իրենց բարոյական չափանիշին մասին։ Առ ի արդիւնք, անոնք իրենց պարագաներուն համաձայն անպարկեշտութեան տարողութիւնը կը յարմարցնեն։ Գիրք մը այս կերպով նկարագրեց. «Իրականութեան մէջ մենք մարդիկը կը խաբենք այնքան ատեն որ մենք մեր աչքին տակաւին պարկեշտ ենք» (The (Honest) Truth About Dishonesty)։ Բայց արդեօք կա՞յ վստահելի չափանիշ, որ մեզի կրնայ օգնել անձամբ որոշելու թէ անպարկեշտութիւնը ո՛ր տարողութեամբ ընդունելի է,– ասիկա եթէ ընդունելի է։ Ուրախ ենք որ այսպիսի չափանիշ կա՛յ։

      Աստուածաշունչը ունի բարոյական անբաղդատելի չափանիշ (Սաղմոս 19։7)։ Եւ աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ այս մէկը նկատած են։ Անիկա վստահելի ուղղութիւն կու տայ, զոր օրինակ՝ ընտանեկան կեանքի, գործի, բարոյականութեան եւ հոգեւորութեան մարզերուն մէջ։ Անիկա բնա՛ւ ժամանակավրէպ չի նկատուիր։ Անոր օրէնքները եւ սկզբունքները կը կիրարկուին բոլոր ազգերուն, ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն։ Աստուածաշունչը զննելով, անոր ըսածներուն վրայ խոկալով եւ անոր խրատները կիրարկելով, կրնանք մեր սիրտը մարզել որ պարկեշտ եւ ուղիղ ըլլայ։

      Բայց տակաւին անպարկեշտութեան դէմ պայքարը յաղթելը Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն ունենալէն աւելին կը պարփակէ։ Ի վերջոյ մենք կ’ապրինք անբարոյ աշխարհի մը մէջ, որ մեր վրայ ճնշում կը բանեցնէ իր փտած չափանիշները ընդունելու։ Անոր համար պէտք է աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն եւ աջակցութիւն խնդրենք (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13)։ Այսպէս ընելով, կրնանք քաջութիւնը ունենալ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալու եւ ճիշդ բաներու կողքին դիրք բռնելու։

      ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

      Նախապէս նշուած Հիթօշին պարկեշտ աշխատաւոր մը ըլլալու համբաւը շահեցաւ։ Ան այժմ կ’աշխատի գործատիրոջ մը քով, որ իր պարկեշտութիւնը կ’արժեւորէ։ Հիթօշին կ’ըսէ. «Երախտապարտ եմ որ կրցայ գտնել գործ մը, որ ինծի թոյլ կու տայ մաքուր խիղճ մը պահելու»։

      Հիթօշիին նման ուրիշներ ալ նկատած են թէ պարկեշտութիւնը օգտակար է։ Նկատի առ կարգ մը անհատներու օրինակները, որոնք ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուելու’ Աստուածաշունչի սկզբունքը կիրարկելով օգտուած են։

      • Մաքուր խիղճ

        Շերըլ

        «Երբ 13 տարեկան էի դպրոցը ձգեցի՝ գողերու հետ աշխատելու համար։ Առ ի արդիւնք, եկամուտիս 95 տոկոսը անպարկեշտ միջոցներով շահեցայ։ Յետագային ամուսնացայ, եւ ամուսինս ու ես սկսանք Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Սորվեցանք թէ Եհովաa Աստուած անպարկեշտ սովորութիւնները կ’ատէ, ուստի որոշեցինք մեր ապրելակերպը փոխել։ 1990–ին մեր կեանքը Եհովային նուիրեցինք եւ մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկաներ» (Առակաց 6։16-19)։

        «Անցեալին, տունս գողցուած իրերով լեցուն էր, բայց այժմ այդ իրերը գոյութիւն չունին, եւ ասիկա խիղճս մաքուր կը պահէ։ Ետ նայելով անպարկեշտութեամբ անցուցած տարիներուս, Եհովային ողորմութեան համար երախտապարտ եմ։ Երբ գիշերը գլուխս բարձին վրայ կը դնեմ, որքա՜ն գոհունակ կը զգամ որ այժմ Եհովան ինծի կը հաճի» (Շերըլ, Իրլանտա)։

        Սոնի

        «Երբ վարպետս գիտցաւ թէ մերժած եմ կաշառք առնել անհատէ մը, որ հաւանաբար մեր յաճախորդը դառնար, ինծի ըսաւ. ‘Քու Աստուածդ քեզի շա՛տ վստահելի անձ մը դարձուցած է։ Մեր հաստատութեան մէջ ըլլալդ ի՛րապէս օրհնութիւն է’։ Ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալը թոյլ կու տայ, որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ մաքուր խիղճ ունենամ։ Անիկա նաեւ ինծի թոյլ կու տայ, որ ընտանիքիս եւ ուրիշներուն օգնեմ որ իրենք ալ մաքուր խիղճ ունենան» (Սոնի, Հոնկ Քոնկ)։

      • Մտքի խաղաղութիւն

        Թոմ

        «Կ’աշխատիմ միջազգային դրամատան մը մէջ որպէս գործադիր օգնական։ Այս ասպարէզին մէջ յաճախ հարստութիւն դիզելու սիրոյն պարկեշտութիւնը մէկ կողմ կը դրուի։ Համատարած է այն տեսակէտը, թէ ‘քիչ մը անպարկեշտութիւնը վնաս չէ, այնքան ատեն որ հարստութեան կը նպաստէ եւ տնտեսութեան կ’օգտէ’։ Բայց պարկեշտ ըլլալով մտքի խաղաղութիւն ունիմ։ Վճռած եմ պարկեշտ մնալ՝ ինչ որ ալ ըլլան անոր հետեւանքները։ Գործատէրերս գիտեն թէ ո՛չ իրենց կը ստեմ, ոչ ալ իրենց համար կը ստեմ» (Թոմ, Միացեալ Նահանգներ)։

      • Ինքնայարգանք

        Քաորի

        «Գործիս մէջ վերակացուս քաջալերեց որ կարգ մը պակաս իրերու առնչութեամբ սուտ խօսիմ. բայց ես մերժեցի։ Երբ ի վերջոյ գողերը գիտցուեցան՝ գործատէրս պարկեշտ ըլլալուս համար ինծի շնորհակալութիւն յայտնեց։ Անպարկեշտ աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալը քաջութիւն կը պահանջէ։ Բայց կրնանք վերջաւորութեան ուրիշներուն վստահութիւնն ու յարգանքը շահիլ» (Քայօրի, Ճափոն)։

      Պարկեշտութեան վարձատրութիւնները, ինչպէս՝ մաքուր խիղճ, մտքի խաղաղութիւն եւ ինքնայարգանք, ցոյց կու տան թէ պարկեշտութիւնը ի՛րապէս օգտակար է։ Ասոր հետ համաձայն չե՞ս։

      a Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել