-
Համարները Պատշաճ Շեշտով ԿարդացուածԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Ուսումնասիրութիւն 21
Համարները Պատշաճ Շեշտով Կարդացուած
ԵՐԲ ուրիշներուն կը խօսիք Աստուծոյ նպատակներուն մասին, ըլլայ առանձնապէս թէ բեմէն, ձեր քննարկումը Աստուծոյ Խօսքին բովանդակութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։ Ասիկա սովորաբար Աստուածաշունչէն համարներ կարդալ կը պարփակէ, զոր լաւ կերպով պէտք է ընել։
Պատշաճ Շեշտը՝ Զգացում կը Պարփակէ։ Համարները զգացումով պէտք է կարդացուին։ Քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։ Երբ բարձրաձայն կը կարդաք Սաղմոս 37։11–ը, ձեր ձայնը պէտք է հաղորդէ հոն խոստացուած խաղաղութեան ուրախ ակնկալութիւնը։ Երբ տառապանքի ու մահուան վախճանին մասին կը կարդաք Յայտնութիւն 21։4–ը, ձեր ձայնը ջերմ գնահատութիւն պէտք է արտացոլացնէ նախագուշակուած հոյակապ ամոքումին հանդէպ։ Յայտնութիւն 18։2, 4, 5–ը, որ մեղքով ծանրաբեռնուած «Մեծ Բաբելոն»էն դուրս ելլելու կոչ մը կ’ընէ, ստիպողականութեան թոնով պէտք է կարդացուի։ Անշուշտ, արտայայտուած զգացումը սրտէն պէտք է բխի, բայց՝ առանց չափազանցութեան։ Յոյզին պատշաճ չափը կախեալ է համարէն եւ անոր գործածութեան կերպէն։
Շիտակ Բառերը Շեշտեցէք։ Եթէ որոշ համարի մը մասին ձեր տուած բացատրութիւնը անոր միայն մէկ մասին վրայ հիմնուած է, համարը կարդալու ժամանակ՝ այդ մասը պէտք է ցցուն ընէք։ Ենթադրենք թէ Մատթէոս 6։33–ը կը կարդաք. եթէ մտադրած էք «առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը վերլուծել, գլխաւոր շեշտը պիտի չդնէք՝ «անոր արդարութիւնը» կամ «այդ բոլոր բաներ»ը խօսքերուն վրայ։
Ծառայութեան Ժողովին մէջ ձեր բաժնին մէջ թերեւս որոշած էք կարդալ Մատթէոս 28։19–ն։ Ո՞ր բառերը պէտք է շեշտէք։ Եթէ կ’ուզէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ջանադիր ըլլալու քաջալերութիւն տալ, շեշտը դրէք՝ «աշակերտեցէք» բառին վրայ։ Իսկ եթէ ծրագրած էք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գաղթականներու հետ բաժնելու Քրիստոնեային պատասխանատուութեան մասին խօսիլ, կամ կ’ուզէք կարգ մը հրատարակիչներ քաջալերել որ ծառայեն հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ, պէտք է շեշտէք՝ «բոլոր ազգերը» արտայայտութիւնը։
Յաճախ, համար մը կը գործածուի հարցումի մը պատասխանելու, կամ ուրիշներու կողմէ հակաճառելի թուող պատճառաբանութեան մը թիկունք կանգնելու համար։ Եթէ համարին մէջի բոլոր բառերը հաւասարապէս շեշտուին, ձեր ունկնդիրները կապը պիտի չտեսնեն։ Այդ կէտը կրնայ բացայայտ ըլլալ ձեզի, բայց ո՛չ՝ իրենց։
Օրինակ, երբ Սաղմոս 83։18–ն կը կարդաք Աստուածաշունչէ մը, որուն մէջ աստուածային անունը կայ, եթէ ամէն շեշտը դնէք «Բարձրեալ» բառին վրայ, տանտէրը կրնայ չնկատել այն բացայայտ իրողութիւնը թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի։ Պէտք է շեշտէք «Եհովա» անունը։ Սակայն, երբ այդ նոյն համարը կը գործածէք Եհովայի գերիշխանութեան մասին խօսելու համար, գլխաւոր շեշտը պէտք է դնէք՝ «Բարձրեալ» բառին վրայ։ Նմանապէս, երբ Յակոբու 2։24–ը կը գործածէք, ցոյց տալու համար որ հաւատքը իր հետ գործ պէտք է ունենայ, եթէ շեշտը փոխանակ «գործերով» բառին վրայ դնելու, «կ’արդարանայ» բառին վրայ դնէք, ձեզի մտիկ ընողներէն ոմանք կէտը պիտի չհասկնան։
Ուրիշ օգտակար օրինակ մը կը գտնենք Հռովմայեցիս 15։7-13–ի մէջ։ Ասիկա մաս կը կազմէ նամակի մը, որ Պօղոս առաքեալ գրեց հեթանոսութենէ դարձած անհատներէ ու Հրեաներէ բաղկացած ժողովքի մը։ Հոս առաքեալը կը պատճառաբանէ որ Քրիստոսի ծառայութիւնը ո՛չ միայն թլփատուած Հրեաներուն կը նպաստէ, այլ նաեւ ուրիշ ազգերու պատկանողներու, որպէսզի «հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն»։ Ապա Պօղոս կը մէջբերէ չորս համարներ, ազգերուն ունեցած այդ պատեհութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։ Այս մէջբերումները ի՞նչպէս պէտք է կարդաք, որպէսզի Պօղոսի ի մտի ունեցած կէտը շեշտէք։ Եթէ շեշտուելիք արտայայտութիւնները կը նշէք, 9–րդ համարին մէջ պէտք է ընդգծէք՝ «ազգերուն», 10–րդ համարին մէջ՝ «ո՛վ ազգեր», 11–րդ համարին մէջ՝ «ո՛վ բոլոր ազգեր» եւ «ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ», իսկ 12–րդ համարին մէջ՝ «ազգերուն» եւ «ազգերը»։ Փորձեցէք Հռովմայեցիս 15։7-13–ը այս շեշտով կարդալ։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, Պօղոսի ամբողջ պատճառաբանութեան եզրը աւելի յստակ եւ դիւրըմբռնելի պիտի դառնայ։
Շեշտի Կերպեր։ Միտք պարունակող բառերը, զորս կ’ուզէք ցցուն ընել, այլազան կերպերով կրնաք շեշտել։ Ձեր գործածած միջոցը համարին եւ ընդհանուր դասախօսութեան բովանդակութեան հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ։ Ահաւասիկ քանի մը թելադրութիւններ։
Ձայնի շեշտ։ Ասոր մէջ կ’իյնայ ձայնի որեւէ փոփոխութիւն, որ միտք պարունակող բառերը մնացեալ նախադասութենէն ցցուն կ’ընէ։ Շեշտադրութիւնը կրնայ իրագործուիլ ձայնածաւալի փոփոխութեամբ. զայն կա՛մ բարձրացնելով եւ կամ ցածցնելով։ Շատ մը լեզուներու մէջ, ձայնաստիճանի փոփոխութիւնը շեշտը կ’աւելցնէ։ Բայց կարգ մը լեզուներու մէջ, այդ փոփոխութիւնը ամբողջովին իմաստը կրնայ փոխել։ Երբ գլխաւոր արտայայտութիւններուն համար աւելի դանդաղ արագութիւն մը գործածուի, ասիկա կշիռ կու տայ անոնց։ Այն լեզուները, որոնց մէջ ձայնի շեշտ թոյլատրելի չէ որոշ բառեր շեշտելու համար, նոյն արդիւնքին հասնելու համար այդ լեզուին մէջ ինչ որ սովորական է, զայն պէտք է ընէք։
Դադար։ Ասիկա կարելի է ընել համարի մը գլխաւոր մասը կարդալէն առաջ կամ վերջ, կամ երկու պարագային ալ։ Գլխաւոր միտք մը կարդալէ առաջ դադար մը ընելը ակնկալութիւն կ’արթնցնէ. անկէ ետք դադար ընելը, ձգուած տպաւորութիւնը կը խորացնէ։ Սակայն եթէ շատ դադարներ գործածենք, որեւէ բան ցցուն պիտի չըլլայ։
Կրկնում։ Մասնայատուկ կէտ մը կրնաք շեշտել ձեր ընթերցանութիւնը ընդհատելով եւ անգամ մը եւս կարդալով բառը կամ խօսքը։ Նախընտրելի եղող կերպ մըն է՝ համարը ամբողջացնել, ապա կրկնել գլխաւոր արտայայտութիւնը։
Շարժուձեւեր։ Մարմնի շարժումը, ինչպէս նաեւ դէմքի արտայայտութիւնը կրնան յաճախ բառի մը կամ խօսքի մը մէջ աւելի զգացում դնել։
Ձայնի թոնը։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, երբեմն բառերը պէտք է կարդացուին թոնով մը որ անոնց իմաստին կ’ազդէ եւ զանոնք կը մասնաւորէ։ Ասոր մէջ ալ զգոյշ պէտք է ըլլալ, մանաւանդ հեգնանքի պարագային։
Երբ Ուրիշներ Համարներ կը Կարդան։ Երբ տանտէր մը համար մը կը կարդայ, ան կրնայ սխալ բառ մը շեշտել եւ կամ բնաւ շեշտ չդնել։ Այդ պարագային ի՞նչ կրնաք ընել։ Ընդհանրապէս լաւագոյն բանն է իմաստը յստակացնել, համարներուն կիրարկումը ընելով։ Կիրարկումը ընելէն ետք, մասնայատուկ ուշադրութիւն կրնաք դարձնել ուղղակիօրէն Աստուածաշունչին միտք հաղորդող բառերուն վրայ։
-
-
Համարները Շիտակ Կերպով ԿիրարկուածԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Ուսումնասիրութիւն 22
Համարները Շիտակ Կերպով Կիրարկուած
ԵՐԲ ուրիշներու կը սորվեցնենք, միմիայն Աստուածաշունչէն համարներ կարդալէն աւելին կը պահանջուի։ Պօղոս առաքեալ իր ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսին գրեց. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմ. 2։15
Ասիկա ընել կը նշանակէ որ համարներու մասին մեր տուած բացատրութիւնը պէտք է Աստուածաշունչի ուսուցումին հետ համապատասխան ըլլայ։ Ասիկա կը պահանջէ որ բովանդակութիւնը նկատի ունենանք, փոխանակ կարգ մը արտայայտութիւններ ընտրելու, որոնք մեզի հաճելի են, եւ անոնց վրայ մեր գաղափարները աւելցնելու։ Երեմիա մարգարէին միջոցով, Եհովա նախազգուշացուց այն մարգարէներուն դէմ, որոնք կը դաւանէին Եհովայի կողմէ խօսիլ, բայց իրականութեան մէջ «իրենց սրտին տեսիլքը կը խօսէին»։ (Երեմ. 23։16) Պօղոս առաքեալ զգուշացուց Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը մարդկային փիլիսոփայութիւններով վարակելու դէմ, երբ գրեց. «Կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ»։ Այդ օրերուն, գինիի անպարկեշտ վաճառականներ իրենց գինիին մէջ ջուր կը խառնէին քանակը աւելցնելու ու աւելի դրամ շահելու համար։ Մենք Աստուծոյ Խօսքը չենք խարդախեր, անոր մէջ մարդկային փիլիսոփայութիւններ խառնելով։ Պօղոս ըսաւ. «Մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։—Բ. Կորն. 2։17. 4։2
Երբեմն, թերեւս համար մը կը մէջբերէք, սկզբունք մը շեշտելու համար։ Աստուածաշունչը լեցուն է սկզբունքներով, որոնք այլազան կացութիւններ ձեռք առնելու համար շիտակ առաջնորդութիւն կու տան։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Բայց վստահ պէտք է ըլլաք որ ձեր ըրած կիրարկումը ճիշդ է եւ համարը սխալ կերպով չէք գործածեր, անոր ըսել տալով ինչ որ դուք կ’ուզէք որ ըսէ։ (Սաղմ. 91։11, 12. Մատթ. 4։5, 6) Կիրարկումը Եհովայի նպատակին հետ ներդաշնակ ու ամբողջ Աստուծոյ Խօսքին համապատասխան պէտք է ըլլայ։
«Ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ը նաեւ կը պարփակէ՝ Աստուածաշունչի խօսքերուն հոգին հասկնալ։ Անիկա «գաւազան» մը չէ որ անով վախցնէք ուրիշները։ Յիսուս Քրիստոսի հակառակող կրօնական ուսուցիչները Սուրբ Գրութիւններէն կը մէջբերէին, բայց անոնք աւելի ծանրակշիռ բաներուն վրայ աչք կը խփէին, որոնց կարգին էին Աստուծոյ կողմէ պահանջուած արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ (Մատթ. 22։23, 24. 23։23, 24) Երբ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսուցանէր, Յիսուս իր Հօրը անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնէր։ Ճշմարտութեան հանդէպ Յիսուսի նախանձախնդրութեան զուգընթաց կ’երթար խոր սէր մը անոնց հանդէպ որ կը սորվեցնէր։ Պէտք է ջանանք իր օրինակին հետեւիլ։—Մատթ. 11։28
Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ համար մը շիտակ կերպով կը կիրարկենք։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը պիտի օգնէ մեզի։ Նաեւ պէտք է գնահատենք Եհովայի կողմէ կարգուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներու մարմինը, որուն միջոցաւ Ան հաւատքի ընտանիներուն հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ (Մատթ. 24։45) Անձնական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովքային հանդիպումներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլն ու մասնակցիլը մեզի պիտի օգնեն որ այդ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած ուսուցումէն օգտուինք։
Եթէ ձեր լեզուով մատչելի է Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը, եւ սորվիք զայն լաւ կերպով գործածել, արդէն ձեր ձեռքին մէջ կ’ունենաք ուղեցոյց մը, որուն պէտք ունիք ճշգրիտ կերպով կիրարկելու համար այն հարիւրաւոր համարները, որոնք յաճախ կը գործածուին մեր ծառայութեան մէջ։ Եթէ կը ծրագրէք շատ ծանօթ չեղող համար մը գործածել, համեստութիւնը պիտի մղէ ձեզ որ անոր մասին պրպտում ընէք, որպէսզի երբ անոր մասին խօսիք, կարենաք ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել։—Առ. 11։2
Կիրարկումը Յստակ։ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէք, վստահ եղէք որ անոնք յստակօրէն կը տեսնեն ձեր խօսած նիւթին եւ ձեր գործածած համարներուն միջեւ եղող կապը։ Եթէ համարէն առաջ հարցում մը կը հարցնէք, ձեր ունկնդիրները պէտք է տեսնեն թէ ի՛նչպէս համարը կը պատասխանէ այդ հարցումին։ Եթէ համարը կը գործածէք ըսուած բան մը պաշտպանելու համար, վստահ եղէք որ աշակերտը յստակօրէն տեսնէ թէ համարը ի՛նչպէս կը փաստէ այդ կէտը։
Սովորաբար բաւարար չէ միայն համարը կարդալ, նոյնիսկ երբ շեշ տով կը կարդաք։ Մի՛ մոռնաք որ սովորաբար մարդիկ շատ ծանօթ չեն Աստուածաշունչին եւ հաւանաբար մէկ կարդալով կէտը պիտի չըմբռնեն։ Ուշադրութիւնը դարձուցէք համարին ա՛յն մասին վրայ որ ուղղակիօրէն կապ ունի ձեր խօսածին հետ։
Ասիկա ընդհանրապէս կը պահանջէ որ բանալի բառերը անջատէք, անոնք որ ուղղակիօրէն կապ ունին խօսուած կէտին հետ։ Ամենապարզ կերպն է՝ միտք հաղորդող այդ բառերը կրկնել։ Եթէ անհատի մը կը խօսիք, կրնաք հարցումներ հարցնել, իրեն օգնելով որ բանալի բառերը բնորոշէ։ Երբ խումբի մը կը խօսին, կարգ մը դասախօսներ կը նախընտրեն իրենց նպատակին հասնիլ հոմանիշներ գործածելով, կամ գաղափարը վերստին նշելով։ Սակայն, եթէ որոշէք ասիկա ընել, ուշադիր եղէք որ ունկնդիրները խօսուած կէտին ու համարին խօսքերուն միջեւ եղած կապը չկորսնցնեն։
Բանալի բառերը անջատելով, լաւ հիմ մը դրած կ’ըլլաք։ Հիմա անոր վրայ շինեցէք։ Համարը ներկայացնելու ատեն անոր գործածութեան պատճառը յստակօրէն նշեցի՞ք։ Եթէ այո, ցոյց տուէք թէ ձեր շեշտած բառերը ի՛նչ կապ ունին ձեր ունկնդիրներուն մատուցուած ակնկալութեան հետ։ Անոնց մէջ եղած կապը յստակօրէն նշեցէք։ Եթէ նոյնիսկ այսպիսի բացայայտ ներածական մը չըրիք համարին մասին, գաղափարը կերպով մը պէտք է զարգացնէք։
Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցում մը հարցուցին, որ ըստ իրենց դժուար էր. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ Յիսուս իր պատասխանը Ծննդոց 2։24–ի վրայ հիմնեց։ Նկատի առէք որ ան միայն անոր մէկ մասին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, ապա հարկ եղած կիրարկումը ըրաւ։ Նշելէ ետք թէ մարդը եւ իր կինը «մէկ մարմին» եղան, Յիսուս եզրակացուց. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—Մատթ. 19։3-6
Համարի մը կիրարկումը յստակացնելու համար ո՞րքան բացատրութիւն պէտք է տաք։ Ասիկա կախեալ է ձեր ունկնդիրներէն ու նկատի առնուած կէտին կարեւորութենէն։ Ձեր նպատակը թող ըլլայ պարզութիւնը եւ յստակութիւնը։
Սուրբ Գրքով Պատճառաբանել։ Թեսաղոնիկէի մէջ Պօղոս առաքեալի ծառայութեան մասին Գործք Առաքելոց 17։2, 3–ը (ՆԱ) մեզի կ’ըսէ թէ ան ‘Սուրբ Գրութիւններով կը պատճառաբանէր’։ Ասիկա կարողութիւն մըն է որ Եհովայի իւրաքանչիւր ծառայ պէտք է փորձէ մշակել։ Օրինակ՝ Պօղոս Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին իրողութիւններ թուեց, ցոյց տուաւ որ անոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նախագուշակուած էին, ապա ազդեցիկ եզրակացութիւն մը ներկայացուց, ըսելով. «Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, . . . Քրիստոսն է»։
Երբ Եբրայեցիներուն կը գրէր, Պօղոս կրկին անգամ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերում ըրաւ։ Կէտ մը շեշտելու կամ լուսաբանելու համար, ան յաճախ բառ մը կամ կարճ նախադասութիւն մը կ’առնէր ու անոր նշանակութիւնը ցոյց կու տար։ (Եբր. 12։26, 27) Եբրայեցիս 3–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս մէջբերեց Սաղմոս 95։7-11–ը։ Նկատի առէք որ ետքը երեք մասեր ընդլայնեց. (1) սրտին մասին եղած ակնարկութիւնը (Եբր. 3։8-12), (2) «Այսօր» բառին իմաստը (Եբր. 3։7, 13-15. 4։6-11), եւ (3) «իմ հանգիստս պիտի չմտնեն» խօսքին նշանակութիւնը (Եբր. 3։11, 18, 19. 4։1-11)։ Ջանացէք այս օրինակին հետեւիլ, երբ համարի մը կիրարկումը կ’ընէք։
Ղուկաս 10։25-37–ի պատմութեան մէջ նկատի առէք թէ Յիսուս ո՛րքան ազդեցիկ կերպով Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեց։ Օրինական մը հարցուց. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Առ ի պատասխան, Յիսուս նախ մարդուն հարցուց որ այս հարցին մասին իր տեսակէտը արտայայտէր, ապա Յիսուս շեշտեց Աստուծոյ Խօսքին ըսածը ընելու կարեւորութիւնը։ Երբ յայտնի եղաւ որ մարդը բուն կէտը չհասկցաւ, Յիսուս համարէն միայն մէկ բառ՝ «ընկեր» բառը մանրամասնօրէն բացատրեց։ Փոխանակ պարզապէս զայն սահմանելու, ան օրինակ մը գործածեց, մարդուն օգնելու համար որ շիտակ եզրակացութեան յանգի։
Բացայայտօրէն, հարցումներու պատասխանելու ատեն, Յիսուս պարզապէս ուղղակի կամ բացայայտ պատասխաններ տուող համարներ չէր մէջբերեր։ Ան կը վերլուծէր այդ համարներուն ըսածը, ապա զայն կը կիրարկէր հարցուած հարցումին։
Երբ Սադուկեցիները յարութեան յոյսին մասին առարկեցին, Յիսուս անոնց ուշադրութիւնը Ելից 3։6–ի մէկ մասին վրայ դարձուց։ Բայց համարը մէջբերելէն ետք կանգ չառաւ։ Անոր մասին պատճառաբանեց, որպէսզի յստակօրէն ցոյց տայ թէ յարութիւնը Աստուծոյ նպատակին մաս կը կազմէր։—Մար. 12։24-27
Սուրբ Գրութիւններով շիտակ ու ազդու կերպով պատճառաբանելու կարողութեան տիրանալը, նշանակալից ազդակ մը պիտի ըլլայ հմուտ ուսուցիչ մը դառնալու մէջ։
-
-
Գործնական Արժէքը ՅստակացնելԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Ուսումնասիրութիւն 23
Գործնական Արժէքը Յստակացնել
ԱՆՀԱՏԻ մը խօսիք՝ թէ մեծ խումբի մը, իմաստութիւն չէ ենթադրել թէ ձեր ունկնդիրները հետաքրքրուած պիտի ըլլան ձեր նիւթով, պարզ անոր համար որ դուք հետաքրքրուած էք անով։ Ձեր պատգամը կարեւոր է, բայց եթէ անոր գործնական արժէքը չյստակացնէք, հաւանաբար ձեր ունկնդիրներուն հետաքրքրութիւնը երկար ատեն չկարենաք վառ պահել։
Նոյնն է պարագան նոյնիսկ Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն։ Անոնք ձեզի մտիկ կ’ընեն, երբ օրինակ մը կամ փորձառութիւն մը պատմէք որ նախապէս լսած չեն։ Բայց անոնք կրնան ուշադրութիւն չընծայել, երբ խօսիք այնպիսի բաներու մասին, որոնք արդէն գիտեն, մանաւանդ եթէ անոնց վրայ չշինէք։ Անոնց պէտք է օգնէք տեսնելու թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս ձեր ըսած բաները իրապէս օգտակար են իրենց։
Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ գործնական գետնի վրայ մտածենք։ (Առ. 3։21) Եհովա Յովհաննէս Մկրտիչը գործածեց, որպէսզի մարդիկը ուղղէ «արդարներուն [«գործնական», ՆԱ] իմաստութեանը»։ (Ղուկ. 1։17) Ասիկա Եհովայի առողջ վախին մէջ արմատացած իմաստութիւն է։ (Սաղմ. 111։10) Այս իմաստութիւնը գնահատողները հիմա կեանքին մէջ աւելի կը յաջողին, եւ գալիք ճշմարիտ կեանքը՝ յաւիտենական կեանքը՝ ամուր կը բռնեն։—Ա. Տիմ. 4։8. 6։19
Դասախօսութիւն մը Գործնական Դարձնել։ Ձեր դասախօսութիւնը գործնական ըլլալու համար, լաւ կերպով պէտք է մտածէք ո՛չ միայն նիւթին, այլ նաեւ՝ ունկնդիրներուն մասին։ Զանոնք պարզապէս խումբ մը մի՛ նկատէք։ Այդ խումբը անհատներէ ու ընտանիքներէ բաղկացած է։ Թերեւս անոնց մէջ երախաներ, պատանիներ, չափահասներ եւ կարգ մը տարեցներ կան։ Հաւանաբար կան նոր հետաքրքրուողներ, ինչպէս նաեւ անհատներ, որոնք ձեր աշխարհ գալէն առաջ սկսած են Եհովայի ծառայել։ Անոնցմէ ոմանք հոգեւորապէս հասուն են, իսկ ուրիշներ՝ աշխարհի կարգ մը կեցուածքներէն ու սովորութիւններէն շատ ազդուած կրնան ըլլալ։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Իմ ներկայացնելիք նիւթս ի՞նչպէս կրնայ ներկաներուն օգտակար ըլլալ։ Ի՞նչպէս կրնամ օգնել անոնց որ անոր միտքը ըմբռնեն’։ Թերեւս որոշէք հոս յիշուած մէկ կամ երկու խումբին վրայ աւելի կեդրոնանալ, սակայն միւսները ամբողջովին մի՛ անտեսէք։
Իսկ ի՞նչ կրնաք ընել եթէ ձեր նկատի առած նիւթը Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումի մը մասին է։ Ի՞նչպէս կրնաք այսպիսի դասախօսութիւն մը շինիչ դարձնել ունկնդիրներու, որոնք արդէն կը հաւատան այդ ուսուցումին։ Ջանացէք անոր հանդէպ իրենց համոզումը ամրապնդել։ Ի՞նչպէս։ Անոր թիկունք կանգնող սուրբ գրային պատճառաբանութիւններ տալով։ Կրնաք նաեւ անոնց գնահատութիւնը խորացնել սուրբ գրային այդ ուսուցումին հանդէպ։ Ասիկա կարելի է ընել անոնց ցոյց տալով թէ այդ ուսուցումը ի՛նչպէս համաձայն է Աստուածաշունչի այլ ճշմարտութիւններու եւ Եհովայի անձնաւորութեան հետ։ Օրինակներ՝ եթէ կարելի է, իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ՝ գործածեցէք, որոնք ցոյց կու տան թէ այս մասնայատուկ ուսուցումը հասկնալը ի՛նչպէս օգտակար եղած է մարդոց եւ ազդած է ապագայի հանդէպ անոնց հեռանկարին։
Գործնական կիրարկումը դասախօսութեան եզրակացութեան մէջ քանի մը հակիրճ ակնարկութիւններ ընելով մի՛ գոհանաք։ Սկիզբէն իսկ, ներկաներէն իւրաքանչիւրը պէտք է այն զգացումը ունենայ թէ՝ «ասիկա ինծի համար է»։ Այդ հիմը նետելէն ետք, մինչ դասախօսութեան մարմինին իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտը կը զարգացնէք՝ նաեւ ձեր եզրակացութեան մէջ՝ շարունակեցէք գործնական կիրարկում ընել։
Երբ կիրարկումը կ’ընէք, ուշադիր եղէք որ զայն այնպիսի կերպով մը ընէք, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համապատասխան է։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ սիրալիր կերպով եւ կարեկցութիւն ցոյց տալով ընել։ (Ա. Պետ. 3։8. Ա. Յովհ. 4։8) Նոյնիսկ երբ Թեսաղոնիկէի մէջ յարուցուած դժուար խնդիրներ ձեռք կ’առնէր, Պօղոս առաքեալ հոգ տարաւ որ հոն գտնուող իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր յառաջդիմութեան դրական երեւոյթները ցցուն ընէր։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնեց որ նկատի առնուած նիւթին մէջ, անոնք պիտի ուզէին շիտակը ընել։ (Ա. Թես. 4։1-11) Ընդօրինակութեան արժանի ի՜նչ լաւ օրինակ մը։
Ձեր դասախօսութեան նպատակն է բարի լուրը ուրիշներու քարոզելու եւ սորվեցնելու գործունէութեան մասնակցի՞լը խրախուսել։ Այդ առանձնաշնորհումին հանդէպ խանդավառութիւն ու գնահատութիւն կերտեցէք։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէք, ի մտի ունեցէք որ այս մարզին մէջ անհատներու մասնակցութեան կարողութիւնը կրնայ իրարմէ տարբեր ըլլալ, եւ Աստուածաշունչը հաշուի կ’առնէ ասիկա։ (Մատթ. 13։23) Ձեր եղբայրներուն յանցապարտութեան զգացում մի՛ տաք։ Եբրայեցիս 10։24–ը մեզ կը յորդորէ որ զիրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղենք»։ Եթէ զիրենք սիրոյ մղենք, անոր պիտի յաջորդեն լաւ շարժառիթով եղած գործեր։ Փոխանակ փորձելու անոնց կարգ մը ընթացքներ պարտադրել, գիտակցեցէք որ Եհովայի մեզմէ ուզածը՝ ‘հաւատքի հնազանդութիւնը’ յառաջ մղել է։ (Հռովմ. 16։26) Ասիկա ի մտի ունենալով, կը ջանանք թէ՛ մեր հաւատքը զօրացնել, եւ թէ՝ մեր եղբայրներուն հաւատքը։
Ուրիշներուն Օգնել որ Գործնական Արժէքը Տեսնեն։ Երբ ուրիշներու կը վկայէք, մի՛ մոռնաք բարի լուրին գործնական արժէքը ցցուն ընել։ Ասիկա ընելու համար պէտք է նկատի ունենաք ձեր թաղամասի մարդոց մտահոգութիւնները։ Ի՞նչպէս կրնաք գիտնալ ասիկա։ Ձայնասփիւռէն կամ հեռատեսիլէն լուրերը մտիկ ըրէք։ Լրագիրներուն առաջին էջին նայեցէք։ Նաեւ, ջանացէք մարդիկը խօսակցութեան մէջ մտցնել, եւ մտիկ ըրէք երբ անոնք կը խօսին։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք հրատապ խնդիրներու հետ կը պայքարին, ինչպէս՝ աշխատանքի կորուստ, վարձքի վճարում, հիւանդութիւն, ընտանիքի անդամի մը կորուստ, ոճիրի վտանգ, հեղինակաւոր անհատի մը կողմէ անիրաւութիւն, ամուսնութեան բեկանում, դեռատի զաւակներու հսկողութիւն, եւայլն։ Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել իրենց։ Անշո՛ւշտ։
Երբ խօսակցութիւն մը կը սկսիք, հաւանաբար ձեր մտքին մէջ նիւթ մը պիտի ունենաք։ Բայց եթէ անհատը նշէ թէ ուրիշ նիւթ մը զինք շատ աւելի կը հետաքրքրէ, անմիջապէս անոր անցէք՝ եթէ կրնաք, կամ առաջարկեցէք վերադառնալ, օգտակար տեղեկութիւններով։ Անշուշտ, մենք կը խուսափինք «ուրիշներու գործին խառնուելէ», բայց ուրախութեամբ ուրիշներու հետ կը բաժնենք Աստուածաշունչին հրամցուցած գործնական խրատը։ (Բ. Թես. 3։11, Անթիլիաս) Ակներեւաբար, մարդիկ շատ աւելի կը տպաւորուին իրենց կեանքին դպչող սուրբ գրային խրատներով։
Եթէ մարդիկ չկարենան տեսնել թէ մեր պատգամը ի՛նչպէս անձնապէս իրենց կը վերաբերի, անոնք շուտով վերջ պիտի դնեն մեր խօսակցութեան։ Նոյնիսկ երբ թոյլատրեն որ խօսինք, եթէ մեր նիւթին գործնական արժէքը ցոյց չտանք, կը նշանակէ որ մեր պատգամը շատ քիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ իրենց կեանքին վրայ։ Իսկ երբ պատգամին գործնական արժէքը յստակօրէն ցոյց տանք, մեր խօսակցութիւնը կրնայ դարձակէտը ըլլալ մարդոց կեանքին մէջ։
Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէք, շարունակեցէք գործնական կիրարկումը ցցուն ընել։ (Առ. 4։7) Աշակերտներուն օգնեցէք որ Սուրբ Գրքի խրատները, սկզբունքներն ու օրինակները հասկնան, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովայի ճամբուն մէջ ի՛նչպէս կրնան քալել։ Այսպէս ընելուն օգուտները շեշտեցէք։ (Եսայ. 48։17, 18) Ասիկա պիտի մղէ աշակերտները որ հարկ եղած փոփոխութիւնները ընեն իրենց կեանքին մէջ։ Անոնց մէջ Եհովայի հանդէպ սէր եւ զինք հաճեցնելու փափաք կերտեցէք, եւ ձգեցէք որ Աստուծոյ Խօսքին խրատները կիրարկելու մղումը իրենց ներսէն գայ։
-