Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Փետրուար էջ 31-32
  • «Չկայ ճամբայ մը որ չափէ դուրս խորտուբորտ կամ երկար է»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Չկայ ճամբայ մը որ չափէ դուրս խորտուբորտ կամ երկար է»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐԸ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ԲԱՆԱՆ
  • ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Փետրուար էջ 31-32
Ճորճ Ռոլսթըն եւ Արթըր Ուիլըս ինքնաշարժին ռատիաթորը կը լեցնեն Աւստրալիոյ Հիւսիսային Երկրամասին մէջ, 1933

Ճորճ Ռոլսթըն եւ Արթըր Ուիլըս ռահվիրաները կը կենան որ ինքնաշարժին ռատիաթորը լեցնեն. Հիւսիսային Երկրամաս, 1933

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Չկայ ճամբայ մը որ չափէ դուրս խորտուբորտ կամ երկար է»

26 ՄԱՐՏ 1937–ին, երկու յոգնած տղամարդիկ՝ փոշոտ բեռնակառքով կամաց–կամաց մտան Սիտնի, Աւստրալիա։ Անոնք քաղաքէն ելած էին մէկ տարի առաջ եւ աւելի քան 19,300 քմ. ճամբորդած էին, անցնելով Աւստրալիոյ ամէնէն հեռաւոր եւ խորտուբորտ շրջաններէն։ Անոնք երկրախոյզներ չէին, ոչ ալ արկածախնդրութեան ետեւէ էին։ Արթըր Ուիլըս եւ Պիլ Նիուլէնտս այն նախանձախնդիր ռահվիրաներէն էին, որոնք միտքերնին դրած էին որ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հասցնեն Աւստրալիոյ հեռաւոր շրջանները։

Մինչեւ 1920–ականներուն վերջերը, Աստուածաշունչի Աշակերտներունa պզտիկ խումբը ընդհանրապէս կը քարոզէր ծովեզերեայ քաղաքներն ու գիւղերը եւ ատոնց շրջակայքը։ Աւստրալիոյ ներքին մասը չոր շրջան մըն է, որուն տարածութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կէսէն աւելի է եւ մարդիկը իրարմէ շատ հեռու կը բնակին։ Բայց եղբայրները գիտէին թէ պէտք է Աւստրալիոյ հեռաւոր շրջաններն ալ քարոզեն, քանի որ Յիսուս ըսած էր որ բարի լուրը պիտի քարոզուի «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնային այս մեծ գործը կատարել։ Անոնք միտքերնին դրին որ իրենց լաւագոյնը ընեն, լման հաւատք ունենալով որ Եհովան պիտի օրհնէ իրենց ջանքերը։

ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐԸ ՃԱՄԲԱՆ ԿԸ ԲԱՆԱՆ

1929–ին, Քուինզլէնտի եւ Արեւմտեան Աւստրալիոյ ժողովքները շինեցին շարժակ ունեցող վաներ, որպէսզի իրենց ներքին շրջանները քարոզեն։ Ամուր սիրտ ունեցող ռահվիրաներ գործածեցին վաները, քանի որ անոնք կը դիմանային դժուար պայմաններու եւ կրնային զանոնք նորոգել երբ աւրուէին։ Անոնք այցելեցին շատ մը շրջաններ, ուր տակաւին վկայութիւն չէր տրուած։

Այն ռահվիրաները որոնք կարողութիւն չունէին ինքնաշարժ ունենալու, հեծիկով կ’երթային հեռաւոր շրջանները։ Օրինակ՝ 1932–ին, 23 տարեկան Պէնէթ Պրիքըլ ելաւ Քուինզլէնտ նահանգի Ռոքհամբթըն քաղաքէն, եւ հինգ ամիս քարոզեց այդ նահանգին հիւսիսային հեռաւոր մասը։ Ան իր հեծիկին վրայ կը կրէր վերմակներ, հագուստներ, ուտելիք եւ մեծ թիւով գիրքեր։ Անգամ մը երբ հեծիկին անիւները մաշեցան, ան հեծիկը հրելով կտրեց վերջին 320 քիլոմեթրը, անցնելով շրջաններէ ուր անցեալին մարդիկ ծարաւ մեռած էին։ Ան վստահ էր որ Եհովան պիտի առաջնորդէր զինք։ Յաջորդ 30 տարիներուն, եղբայր Պրիքըլ Աւստրալիոյ տարածքին ճամբորդեց հարիւր հազարաւոր քիլոմեթրներ, գործածելով՝ հեծիկ, շարժանիւ եւ ինքնաշարժ։ Ան առաջինն էր որ բնիկ ժողովուրդին քարոզեց, ինչպէս նաեւ օգնեց որ նոր ժողովքներ հաստատուին։ Այսպիսով, ան այդ հեռաւոր շրջաններուն մէջ լաւ ճանչցուեցաւ եւ յարգուեցաւ։

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Աւստրալիան ամէնէն քիչ բնակչութիւն ունեցող երկիրներէն է՝ իր տարածքին հետ բաղդատած, եւ այս է պարագան մանաւանդ անոր ներքին շրջաններուն մէջ։ Այս պատճառով, Եհովային ժողովուրդը ամէն ջանք թափած է, որ այս ցամաքամասին հեռաւոր շրջաններուն մէջ մարդիկ գտնէ։

Սթուըրդ Քելթի եւ Ուիլիամ Թոռինկթըն ռահվիրաները այս մէկը ըրին։ 1933–ին, անոնք կտրեցին Սիմփսըն անապատը, որ աւազակոյտերով լեցուն է, որպէսզի քարոզեն Էլիս Սփրինկզ անունով գիւղի մը մէջ, որ ցամաքամասին մէջտեղը կը գտնուի։ Երբ իրենց ինքնաշարժը աւրուեցաւ, եղբայր Քելթին, որ տախտակէ ոտք ունէր, ձգեց ինքնաշարժը եւ ուղտով շարունակեց ճամբորդութիւնը։ Այս ռահվիրաներուն ջանքերը պարապի չգացին։ Անոնք Ուիլիամ Գրիք անունով երկաթուղիի կայանի մը մէջ ծանօթացան Չարլզ Պըռնհարթին, որ պանդոկ մը ունէր։ Յետագային, ան ճշմարտութիւնը ընդունեց, իր պանդոկը ծախեց եւ 15 տարի առանձին ռահվիրայութիւն ըրաւ Աւստրալիոյ ամէնէն չոր եւ հեռաւոր շրջաններուն մէջ։

Արթըր Ուիլըս կը պատրաստուի որ քարոզչութեան սկսի Աւստրալիոյ հեռաւոր շրջաններուն մէջ, 1936

Արթըր Ուիլըս կը պատրաստուի որ քարոզչութեան սկսի Աւստրալիոյ հեռաւոր շրջաններուն մէջ. Փըրթ, Արեւմտեան Աւստրալիա, 1936

Այս առաջին ռահվիրաները վստահաբար պէտք էր քաջ եւ կամքի տէր ըլլային, որպէսզի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէին։ Արթըր Ուիլըս եւ Պիլ Նիուլէնտս, որ սկիզբը նշեցինք, անգամ մը երկու շաբաթ չարչարուեցան որ 32 քմ. ճամբորդեն, քանի որ անապատը ցեխի վերածուած էր տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով։ Անոնք անցան ժայռոտ հովիտներէ ու աւազոտ գետերէ, եւ ատեններ նոյնիսկ կիզիչ արեւին տակ հրեցին իրենց բեռնակառքը հսկայ աւազակոյտերու վրայէն։ Երբ անոնց բեռնակառքը աւրուէր (բան մը որ շատ անգամ կը պատահէր), անոնք օրերով կը քալէին կամ հեծիկով կ’երթային ամէնէն մօտ գիւղը, եւ ետքը շաբաթներով կը սպասէին որ բեռնակառքը նորոգելու կտորները հասնին։ Հակառակ ասոնց, անոնք միշտ դրական էին։ Արթըր Ուիլըս անգամ մը իր բառերով կրկնեց ինչ որ Ոսկեդար պարբերաթերթին մէջ գրուած էր, ըսելով. «Չկայ ճամբայ մը որ չափէ դուրս խորտուբորտ կամ երկար է Իր վկաներուն համար»։

Երկար ժամանակէ ի վեր ռահվիրայ եղող Չարլզ Հէրիս բացատրեց, թէ առանձին ըլլալը եւ հեռաւոր շրջաններուն դժուարութիւնները օգնեցին իրեն որ Եհովային մօտենայ։ Ան նաեւ ըսաւ որ աւելի լաւ է որ մէկը շատ ապրանք չունենայ։ Ան աւելցուց. «Եթէ Յիսուս պատրաստ էր աստղերուն տակ պառկելու երբ պէտք ըլլար, ուրեմն մենք ալ պատրաստ ըլլանք նոյնը ընելու, երբ մեր նշանակումին մէջ պէտք ըլլայ»։ Եւ շատ մը ռահվիրաներ ճիշդ այսպէս ալ ըրին։ Անոնց ջանքերուն շնորհիւ՝ բարի լուրը հասաւ ցամաքամասին ամէն մէկ անկիւնը, եւ շատերու օգնեց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը դիրք բռնեն։

a Աստուածաշունչի Աշակերտները 1931–ին «Եհովայի վկաներ» անունը որդեգրեցին (Եսա. 43։10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել