Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունուար էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունուար էջ 32
Իսահակ փայտեր կը կրէ, իսկ Աբրահամ բռնած է անօթ մը, որուն մէջ վառած ածուխներ կան

Գիտէի՞ր

Հին ժամանակներուն, մարդիկ ինչպէ՞ս կրակ կը վառէին երբ կը ճամբորդէին։

ԾՆՆԴՈՑ 22–րդ գլուխը կը նշէ թէ Աստուած Աբրահամին ըսաւ որ իր տունէն հեռու տեղ մը երթայ, որպէսզի զոհ մատուցանէ։ 6–րդ համարը կ’ըսէ. «Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդիին Իսահակին վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը ու երկուքը մէկտեղ գացին»։

Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ բացատրուած է թէ անցեալին մարդիկ ինչպէ՛ս կրակ կը վառէին։ Մեկնաբան մը ըսաւ թէ կրակը չէր կրնար «վառած մնալ այն երկար ճամբորդութեան ընթացքին», որ Աբրահամ եւ Իսահակ ըրին։ Ուստի համարը հաւանաբար կ’ակնարկէ կրակ վառելու պէտք եղած գործիքներուն։

Բայց ուրիշներ կ’ըսեն թէ այդ ժամանակներուն կրակ վառելը դիւրին չէր։ Թերեւս մարդոց համար աւելի դիւրին էր որ իրենց դրացիէն վառած ածուխ մը առնէին, քան՝ անձամբ փորձէին կրակ վառել։ Այս պատճառով, շատ մը ուսումնականներ կը կարծեն թէ Աբրահամ ճամբորդութենէն առաջ առաւ վառած ածուխներ նախորդ իրիկուան կրակէն, եւ զանոնք դրաւ անօթի մը մէջ,– թերեւս շղթայէ կախուած պզտիկ կաթսայ մը (Եսա. 30։14)։ Այսպիսով, ան ճամբորդութեան ընթացքին որեւէ ատեն կրնար վառած ածուխով ու չոր տախտակներով կրակ վառել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել