Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհհ հրց. 7 էջ 21-23
  • Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ
  • Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է
    Պատանիները կը հարցնեն
  • Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները պաշտպանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
պհհ հրց. 7 էջ 21-23
Պատանուհի մը կը մերժէ տղու մը սեքս ընելու առաջարկը

ՀԱՐՑՈՒՄ 7

Ի՞նչ ընեմ եթէ սեքս առաջարկէ

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սեքս–ի վերաբերեալ առած որոշումներդ կրնան ապագայիդ ազդել։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Հետըրը եւ Մայքը միայն երկու ամիսէ ի վեր կը ժամադրուին, բայց Հետըրը արդէն կը զգայ որ Մայքին շատո՜նց գիտէ։ Անոնք միշտ իրարու նամակներ կ’ուղարկեն, հեռաձայնի վրայ ժամերով իրարու հետ կը խօսին եւ նոյնիսկ մէկը միւսին միտքը կը կարդայ։

Անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին, Հետըրը եւ Մայքը իրար ձեռք կը բռնէին եւ համբոյր կու տային։ Իսկ հիմա Մայքը աւելի՛ն կ’ուզէ, մինչդեռ Հետըրը՝ ոչ. . . ։ Բայց ան նաեւ չ’ուզեր Մայքը կորսնցնել։ Քանի որ միայն ա՛ն իրեն զգացնել կու տայ որ ինք «աշխարհի թագուհին» է։ Հետըրը ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Ասկէ զատ, ես եւ Մայքը իրար կը սիրենք. . . ’։

Եթէ տարիքդ ներէր որ ժամադրուէիր եւ Հետըրին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Հագուստ մը կը գործածուի՝ տան ապակին մաքրելու համար

Սեռային յարաբերութիւնը Աստուծմէ նուէր մըն է՝ միա՛յն ամուսնացած զոյգերու համար։ Եթէ ամուսնանալէ առաջ սեքս ընես, ցոյց կու տաս որ այդ նուէրին յարգը չես գիտեր։ Կարծես թէ առած ես գեղեցիկ հագուստ մը,– որ մէկը քեզի նուէր տուած է,– եւ անով տունիդ փոշին կ’առնես։

Եթէ ֆիզիքական օրէնք մը խախտես,– ինչպէս՝ ձգողականութեան օրէնքը,– հետեւանքները պիտի կրես։ Նո՛յնն է պարագան եթէ բարոյական օրէնք մը խախտես,– ինչպէս՝ այն օրէնքը որ կ’ըսէ. ‘Ետ կեցէք պոռնկութենէ’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3)։

Այդ պատուէրին չհնազանդելուն հետեւանքները ի՞նչ են։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կորնթացիս 6։18)։ Ինչպէ՞ս։

Հետազօտիչներ նկատած են որ շատ մը ամուրի երիտասարդներ, որոնք սեռային յարաբերութիւն ունեցած են, այս հետեւանքներէն առնուազն մէկը կրած են։

  • ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՑԱՒԵՐ։ Ամուրի երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը որ սեքս ըրած է, կ’ըսէ թէ ետքը զղջացած է։

  • ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ։ Սեքս ընելէ ետք, թէ՛ աղջիկը եւ թէ տղան կը սկսին հարց տալ. ‘Արդեօք ուրիշ որո՛ւն հետ ան պառկած է’։

  • ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ։ Աղջիկներէն շատեր կ’ուզեն պաշտպանուած զգալ եւ ոչ թէ՝ օգտագործուած։ Իսկ տղաներէն շատեր կը զգան որ աղջկայ մը հետ սեքս ընելէ ետք, ան այլեւս կը դադրի գրաւիչ ըլլալէ։

  • Ի՞նչ կ’եզրակացնենք։ Եթէ ամուսնանալէ առաջ սեքս ընես, դուն քեզ կը պղծես՝ կորսնցնելով արժէքաւոր բան մը,– կուսութիւնդ (Հռովմայեցիս 1։24)։ Մարմինիդ յարգը գիտցիր։

Ցոյց տուր որ զօրաւոր անձնաւորութիւն ունիս՝ ‘պոռնկութենէ ետ կենալով’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3)։ Եւ երբ օր մը ամուսնանաս, կրնաս սեռային յարաբերութիւն ունենալ՝ առանց մտահոգութիւններու, զղջումներու եւ անապահով զգալու, որոնք ամուսնանալէ առաջ սեքս ընելու հետեւանքներն են (Առակաց 7։22, 23. Ա. Կորնթացիս 7։3)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՐԾԵՍ

  • Եթէ մէկը քեզ սրտանց կը սիրէ, մարմինդ կը պղծէ՞ եւ զգացումներդ կը վիրաւորէ՞։

  • Եթէ մէկը քեզմով իսկապէս հետաքրքրուած է, Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ կը վտանգէ՞ (Եբրայեցիս 13։4)։

ԽՐԱՏ՝ ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒՆ

Պատանուհի մը նստած կը մտածէ

Կարգ մը տղաք ըսած են որ բնա՛ւ չեն ամուսնանար այն աղջկան հետ, որ իրենց հետ սեքս ըրած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը նախընտրեն աղջիկ մը որ կոյս է։

Ասիկա քեզ զարմացո՞ւց կամ նոյնիսկ բարկացո՞ւց։ Ուրեմն մտքիդ մէջ այս կէտը դրոշմէ. ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները այնքա՜ն հաճելի կերպով կը նկարագրեն ամուրի երիտասարդներու միջեւ եղած սեքս–ը, որ անիկա անվնաս ժամանց կամ նոյնիսկ իսկական սէր կը թուի։

Մի՛ խաբուիր։ Այն տղան որ կը փորձէ քեզ համոզել որ իրեն հետ սեքս ընես, գիտցիր որ ի՛ր շահը կը փնտռէ եւ կ’ուզէ ի՛ր հաճոյքը գոհացնել (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։

ԽՐԱՏ՝ ՏՂՈՑ

Պատանի մը նստած կը մտածէ

Եթէ աղջկայ մը հետ կը ժամադրուիս, դուն քեզի հարց տուր. ‘Ընկերուհիովս իսկապէս հետաքրքրուա՞ծ եմ’։ Եթէ այո՛, ասիկա կրնաս փաստել երբ քաջութիւն ունենաս Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելու, իմաստութիւն՝ փորձիչ պարագաներէ խուսափելու եւ սէր՝ ընկերուհիիդ շահերը քուկիններէդ առաջ դասելու։

Եթէ այսպիսի յատկութիւններ ունիս, ուրեմն թերեւս ընկերուհիդ զգայ անարատ սողոմացի աղջկան պէս, որ ըսաւ. «Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ» (Երգ Երգոց 2։16)։ Մէկ խօսքով, ան քեզ ա՛լ աւելի պիտի սիրէ։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Եթէ մէկը փորձէ քեզ համոզել որ իրեն հետ սեքս ընես, ըսելով. «Եթէ ինծի հանդէպ սէր ունիս, հետս սեքս կ’ընես», լրջօրէն պատասխանէ. «Եթէ դուն ինծի հանդէպ սէր ունիս, ասանկ բան չես խնդրեր»։

Եթէ շուարած ես թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիս հակառակ սեռի հետ, կրնաս այսպէս մտածել. եթէ չես ուզեր որ ծնողքդ տեսնէ որ ատանկ բան մը կ’ընես, ուրեմն պէտք չէ ընես։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՍ

  • Եթէ մէկը քեզի սեքս առաջարկէ, ի՞նչ պիտի ընես։

  • Ե՞րբ քեզի համար դժուար պիտի ըլլայ ո՛չ ըսել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս դուն քեզ ասանկ պարագայի չմատնել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել