-
Մահուան պատճառած ցաւըԶարթի՛ր 2018 | Թիւ 3
-
-
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Մահուան պատճառած ցաւը
«Սոֆիայինa հետ ամուսնանալէս աւելի քան 39 տարի ետք, երկարատեւ հիւանդութիւն մը անոր կեանքը խլեց։ Բարեկամներս միշտ քովս էին եւ ինքզինքս զբաղած կը պահէի։ Բայց լման տարի մը սիրտս արիւն լացաւ։ Ատեններ, զգացումներս իրենց գլուխը կ’առնէին կ’երթային։ Նոյնիսկ հիմա որ երեք տարի անցած է անոր մահուան վրայ, երբեմն զգացական խոր ցաւերու մէջ կ’ընկղմիմ, եւ շատ անգամ՝ անակնկալ կերպով» (Քոսթաս)։
Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես, թերեւս կը զգաս ի՛նչ որ Քոսթաս զգաց։ Կողակիցի մը, ազգականի մը կամ մտերիմ բարեկամի մը մահը, ամէնէն շատ սթրես կամ սրտացաւ պատճառող բաներէն մէկն է։ Մասնագէտները կը համաձայնին ասոր։ Պարբերաթերթի մը մէջ հրատարակուած յօդուած մը կ’ըսէ, թէ «մահը՝ կորուստի ամէնէն մնայուն կերպն է, որ ծայրայեղ վիշտ կը պատճառէ» (The American Journal of Psychiatry)։ Ան որ այս անտանելի ցաւը կը զգայ, թերեւս մտածէ. ‘Այս զգացումները որքա՞ն պիտի տեւեն։ Օր մը պիտի գա՞յ որ նորէն ուրախ ըլլամ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ցաւս թեթեւցնել’։
Այդ հարցումներուն պատասխանները նկատի պիտի առնուին Զարթի՛ր–ի այս թիւին մէջ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ ի՛նչ կրնաս ակնկալել որ քեզի պատահի, եթէ վերջերս սիրելի մը կորսնցուցած ես։ Իսկ յաջորդ յօդուածները պիտի բացատրեն, որ ի՛նչ կերպերով կրնաս վիշտդ թեթեւցնել։
Սրտանց կը յուսանք որ տրուած տեղեկութիւնները մխիթարեն եւ գործնական կերպով օգնեն անոնց, որոնք մահուան պատճառած ցաւէն կը տառապին։
a Կարգ մը անուններ փոխուած են այս յօդուածաշարքին մէջ։
-
-
Քեզի ի՛նչ կը սպասէԶարթի՛ր 2018 | Թիւ 3
-
-
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Քեզի ի՛նչ կը սպասէ
Թէեւ կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն, որ սիրելի մը կորսնցուցած անհատի մը հոգեկանը որոշ հանգրուաններէ կ’անցնի, բայց այդ հանգրուանները կը տարբերին անձէ անձ։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ կարգ մը մարդիկ աւելի քիչ կը տխրին կամ իրենց զգացումները «կը խեղդեն»։ Պայման չէ։ Ճիշդ է որ ցաւը արտայայտելը կրնայ բուժիչ ազդեցութիւն ունենալ, բայց սգալու միայն մէկ «ճիշդ կերպ» չկայ։ Ատիկա շատ կախեալ է անհատին մշակոյթէն, անձնաւորութենէն եւ կեանքի փորձառութիւններէն, ինչպէս նաեւ անոր սիրելիին մահուան կերպէն։
ՈՐՔԱ՞Ն ԳԷՇ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Անոնք որոնք սիրելի մը կը կորսնցնեն, թերեւս չգիտնան որ իրենց ի՛նչ կը սպասէ։ Բայց ակնկալելի է որ անոնք կարգ մը զգացումներ եւ դժուարութիւններ ունենան, ինչպէս որ սովորաբար կը պատահի։ Նկատի առ հետեւեալը.
Զգացումներու մէջ խեղդուած զգալ։ Անհատը կրնայ շատ լալ, մեռնողը կարօտնալ, ինչպէս նաեւ ատեն–ատեն իր տրամադրութիւնը կրնայ յանկարծ փոխուիլ։ Յիշատակներ միտք բերելը եւ երազներ տեսնելը կրնան աւելի գրգռել զգացումները։ Բայց սկիզբը, անհատին առաջին հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ ցնցուիլ եւ պատահածին չհաւատալ։ Դինան կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս հակազդեց երբ իր ամուսինը՝ Թիմոն մահացաւ. «Սկիզբը քարացայ։ Նոյնիսկ չկրցայ լալ։ Այնքան ընկճուած կը զգայի որ ատեններ չէի կրնար շունչ առնել։ Չէի կրնար հաւատալ որ ան մահացաւ»։
Նաեւ սովորական է մտահոգ եւ յանցաւոր զգալ ու բարկանալ։ Իվան կ’ըսէ. «Մեր 24 տարեկան տղուն՝ Էրիքին մահէն ետք, ես ու կինս՝ Եոլանտան, որոշ ժամանակ մը շատ բարկացած էինք։ Ասիկա մեզ զարմացուց, քանի որ մենք մեզ բնաւ ջղային անհատներ չէինք նկատեր։ Յանցաւոր ալ զգացինք, մտածելով որ արդեօք աւելի բաներ պէ՞տք էր ընէինք մեր տղուն օգնելու համար»։ Ալեխանտրոն ալ յանցաւոր զգաց, երբ իր կինը մահացաւ երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբը զգացի որ գէշ անձ մը ըլլալու եմ, որ Աստուած կը ձգէ որ այսչափ չարչարուիմ։ Ետքը, յանցաւոր զգացի, քանի որ կարծես թէ Աստուած կը մեղադրէի պատահածին համար»։ Իսկ Քոսթասը, որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, կ’ըսէ. «Քանի մը անգամ նոյնիսկ բարկացայ Սոֆիային դէմ, քանի որ մեռաւ։ Ետքը, յանցաւոր զգացի ատանկ զգալուս, քանի որ մեռնիլը իր ձեռքը չէր»։
Կրկնուող խանգարիչ միտքեր եւ կեդրոնացումի պակաս։ Կան հանգրուաններ, երբ սգաւորին մտածումները կրնան անկայուն կամ անտրամաբանական ըլլալ։ Օրինակ, ան թերեւս երեւակայէ որ ինք մեռած անհատը կը տեսնէ, կը լսէ կամ կը զգայ անոր ներկայութիւնը։ Կամ թերեւս սգաւորը դժուարութիւն ունենայ կեդրոնանալու կամ որոշ բաներ յիշելու։ Դինան կ’ըսէ. «Ատեններ մինչ մէկու մը հետ կը խօսէի, միտքս կը ցրուէր։ Կը սկսէի մտածել Թիմոյին մահուան հետ կապ ունեցող դէպքերուն մասին։ Կեդրոնացում չունենալը ինքնին նեղացուցիչ էր»։
Ուզել մինակ մնալ։ Սիրելի մը կորսնցնող անհատը կրնայ ջղագրգիռ ըլլալ կամ հանգիստ չզգալ ուրիշներու ներկայութեան։ Քոսթաս կ’ըսէ. «Երբ զոյգերու հետ ըլլայի, ինքզինքս աւելորդ կը զգայի։ Բայց ամուրի անձերուն հետ ալ նոյն բանը կը զգայի»։ Իվանին կինը՝ Եոլանտան կը պատմէ. «Շատ դժուար էր անհատներու հետ ըլլալ, որոնք կը գանգատէին խնդիրներու մասին, որոնք չնչին էին՝ մերինին հետ բաղդատած։ Նաեւ կային անձեր, որոնք մեզի կը պատմէին իրենց զաւակներուն յաջողութիւններուն մասին։ Անոնց համար կ’ուրախանայի, բայց միեւնոյն ատեն դժուար էր անոնց մտիկ ընելը։ Ամուսինս եւ ես ըմբռնած էինք որ կեանքը կը շարունակուի, բայց պարզապէս այդ խօսակցութիւններուն սիրտ չունէինք»։
Առողջապահական խնդիրներ։ Սովորական է որ անհատին ախորժակը, կշիռը եւ քունը խանգարուին։ Արոն կը պատմէ թէ այն տարին որ իր հայրը մահացաւ ի՛նչ պատահեցաւ իրեն. «Քնանալու դժուարութիւն ունէի։ Ամէն գիշեր նոյն ժամուն կ’արթննայի եւ հօրս մահուան մասին կը մտածէի»։
Ալեխանտրոն կ’ըսէ որ առողջապահական տարօրինակ խնդիրներ ունեցաւ. «Քանի մը անգամ բժիշկի գացի եւ ամէն անգամ զիս քննելէ ետք կ’ըսէր որ առողջ եմ։ Ենթադրեցի որ վի՛շտս կը պատճառէր որ հիւանդութեան նշաններ ունենամ»։ Ի վերջոյ, այդ ախտանիշները անհետացան, բայց Ալեխանտրոն բժիշկի երթալով իմաստութեամբ վարուեցաւ, քանի որ վիշտը կրնայ մարմնին դիմադրողականութիւնը տկարացնել, առողջապահական խնդիր մը բարդացնել կամ նոյնիսկ առողջապահական նոր խնդիր մը պատճառել։
Դժուարանալ անհրաժեշտ գործեր ընելու։ Իվան կը պատմէ. «Էրիքին մեռնելէն ետք պէտք էր ոչ միայն մեր ազգականներուն եւ բարեկամներուն լուր տայինք, հապա նաեւ ուրիշներու, ինչպէս՝ իր գործատիրոջ եւ իր տանտէրին։ Նաեւ կային շատ մը օրինական փաստաթուղթեր, որ պէտք էր լեցնէինք։ Ետքը, պէտք էր աչքէ անցընէինք Էրիքին ապրանքները։ Բոլոր այս բաները կեդրոնացում կը պահանջէին, մինչ մենք յոգնած էինք մտովին, ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն»։
Բայց ոմանք բուն դժուարութիւնը ետքը կ’ունենան, երբ կը ստիպուին ընել բաներ, որ նախապէս իրենց մահացած սիրելին կ’ընէր։ Ասիկա պատահեցաւ Դինային։ Ան կը բացատրէ. «Միշտ Թիմոն հոգ կը տանէր հաշիւներու եւ գործի վերաբերեալ հարցերուն։ Ատիկա այլեւս ի՛մ պատասխանատուութիւնս էր, ինչ որ ա՛լ աւելի աւելցուց սթրեսս։ Մտածեցի որ արդեօք կրնա՞մ բոլոր ատոնց հետ գլուխ ելլել»։
Վերը նշուած զգացական, մտային եւ ֆիզիքական դժուարութիւնները այն տպաւորութիւնը կու տան, որ այս վիշտին հետ գլուխ ելլելը չափէ դուրս դժուար է։ Ճիշդ է որ սիրելիի մը մահը մեծ ցաւ կը պատճառէ, բայց ասիկա սկիզբէն գիտնալը կ’օգնէ սգաւորներուն, որ գլուխ ելլեն իրենց ցաւին հետ։ Նաեւ միտքդ պահէ որ բոլորը չեն որ վերոնշեալ բոլոր խնդիրները կ’ունենան։ Ասկէ զատ, սգաւորները թերեւս քիչ մը մխիթարուին գիտնալով, որ սուգին պատճառած զօրաւոր զգացումները բնական են։
ՆՈՐԷՆ ՈՒՐԱԽ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱ՞Մ
Ի՞նչ կրնաս ակնկալել։ Սիրելիի մը մահուան պատճառած ցաւը յաւիտեան չի տեւեր։ Ատիկա ի վերջոյ կը թեթեւնայ։ Ասիկա չի նշանակեր որ հարցը լման վերջ կը գտնէ կամ անհատը իր սիրելին կը մոռնայ։ Բայց այդ սուր ցաւը քիչ–քիչ կը պակսի։ Ճիշդ է որ ատիկա կրնայ մէջտեղ ելլել որոշ առիթներով, ինչպէս՝ երբ անհատին միտքը կու գան կարգ մը յիշատակներ կամ երբ իր ամուսնութեան տարեդարձը ըլլայ, բայց մարդոց մեծամասնութիւնը ի վերջոյ իրենց զգացական հաւասարակշռութիւնը կը գտնեն եւ ետ կը սկսին կեդրոնանալ կեանքին առօրեայ գործունէութիւններուն վրայ։ Սգաւորը ասոր մէջ կը յաջողի մանաւանդ երբ գործնական քայլեր կ’առնէ, ինչպէս նաեւ երբ իր ընտանիքը կամ բարեկամները իրեն թիկունք կը կանգնին։
Որքա՞ն երկար պիտի տեւէ։ Կարգ մը մարդոց համար քանի մը ամիս կ’առնէ, որ սուգին ամէնէն գէշ հանգրուաններէն դուրս ելլեն։ Շատեր մէկ–երկու տարի ետք է որ կը սկսին լաւ զգալ։ Իսկ ոմանք ա՛լ աւելի ժամանակ կ’ուզենa։ Ալեխանտրոն կ’ըսէ. «Ինծի հետ շուրջ երեք տարի առաւ»։
Քու անձիդ հանդէպ համբերութիւն ունեցիր։ Օրը օրին ապրէ, կարողութեանդ համաձայն գործէ եւ միտքդ պահէ որ սուգին պատճառած ցաւը յաւիտեան չի տեւեր։ Բայց արդեօք կա՞ն բաներ որ կրնաս ընել, որպէսզի ցաւը թեթեւցնես եւ նոյնիսկ չձգես որ անտեղիօրէն երկար տեւէ։
Սիրելիի մը մահուան պատճառած զօրաւոր զգացումները բնական են
a Շատ քիչ թիւով անձերու քով սուգին պատճառած վիշտը այնքա՛ն զօրաւոր կ’ըլլայ եւ երկար կը տեւէ, որ կ’առաջնորդէ «բարդ» կամ «երկարատեւ» վիշտի։ Այսպիսի անձեր թերեւս մտային առողջութեան մասնագէտի մը օգնութեան պէտք ունենան եւ ատկէ օգտուին։
-
-
Վիշտին դիմանալ. ի՞նչ կրնաս ընելԶարթի՛ր 2018 | Թիւ 3
-
-
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Վիշտին դիմանալ. ի՞նչ կրնաս ընել
Եթէ փնտռես խրատներ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս վիշտիդ հետ գլուխ ելլել, հաւանաբար բազմաթիւ գաղափարներ գտնես,– ոմանք արդիւնք կու տան, իսկ ուրիշներ ո՛չ։ Ինչո՞ւ այսքան շատ։ Քանի որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը սգայ, ինչպէս որ նախապէս նշեցինք։ Ինչ որ մէկու մը կ’օգնէ, թերեւս ուրիշի մը չօգնէ։
Հակառակ ասոր, կան հիմնական բաներ որոնք շատերու օգնած են։ Հոգեբանները ատոնց մասին շատ անգամ կը խօսին, եւ ատոնք համաձայն են որոշ վստահելի սկզբունքներու հետ, որոնք կը գտնուին Սուրբ Գիրքին մէջ։
1. ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒԴ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԷ
Կարգ մը մասնագէտներու կարծիքով, ասիկա ամէնէն կարեւոր բանն է որ անհատին կ’օգնէ իր վիշտին հետ գլուխ ելլելու։ Բայց ատեններ թերեւս ուզես մինակ մնալ։ Թերեւս նոյնիսկ նեղանաս անոնցմէ, որոնք կը փորձեն քեզի օգնել։ Ասիկա բնական է։
Մի՛ զգար որ պէտք է միշտ մարդոց մէջ ըլլաս, բայց բոլորովին մարդոցմէ հեռու ալ մի՛ ըլլար, քանի որ ապագային կրնաս անոնց օգնութեան պէտք ունենալ։ Ամէն մէկ պարագային, ազնուութեամբ ուրիշներուն գիտցուր, թէ ինչի՛ պէտք ունիս եւ ինչի՛ պէտք չունիս։
Նայած թէ ինչի՛ պէտք ունիս, հաւասարակշռութիւն պահէ՝ մարդոց հետ ժամանակ անցընելուն եւ մինակ մնալուն միջեւ։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Երկուքը մէկէն աղէկ է. . . քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն» (Ժողովող 4։9, 10)։
2. ՈՒՏԵԼԻՔԻԴ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՅԱՏԿԱՑՈՒՐ ՄԱՐԶԱՆՔԻ
Լաւ սննդառութիւնը պիտի օգնէ որ սթրեսը պակսեցնես։ Ջանա՛ ուտել զանազան պտուղներ, բանջարեղէններ եւ իւղոտ չեղող ուտելիքներ։
Շատ ջուր եւ ուրիշ օգտակար հեղուկներ խմէ։
Եթէ ախորժակ չունիս, օրուան ընթացքին քանի մը անգամ պզտիկ քանակներով կեր։ Նաեւ կրնաս բժիշկիդ հարցնել, թէ սննդանիւթեր պարունակող դեղերու պէտք ունի՛ս կամ ոչa։
Արագ–արագ քալելը եւ ուրիշ մարզանքներ կրնան պակսեցնել ժխտական զգացումները։ Մարզանքը ոմանց համար կրնայ առիթ ըլլալ, որ իրենց կեանքին փոփոխութիւններուն մասին մտածեն, իսկ ոմանց ալ առիթ կու տայ, որ իրենց սիրելիին մահուան մասին մտածելէն դադար առնեն։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ո՛չ մէկը երբեք ատած է իր մարմինը, հապա կը կերակրէ զայն ու կը փայփայէ» (Եփեսացիս 5։29, ԱԾ)։
3. ԲԱՒԱՐԱՐ ՔՆԱՑԻՐ
Քունը միշտ կարեւոր է, բայց մանաւանդ՝ սգաւորներուն համար, քանի որ սուգի մէջ ըլլալը յաւելեալ յոգնութիւն կը բերէ։
Ուշադիր եղիր թէ որքա՛ն քաֆէին եւ ալքոլ կը սպառես, քանի որ երկուքն ալ կրնան քունդ խանգարել։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (Ժողովող 4։6)։
4. ՃԿՈՒՆ ԵՂԻՐ
Միտքդ պահէ որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը սգայ։ Պէտք է որոշես թէ ո՛ր կերպը ամէնէն շատ կ’օգնէ քեզի։
Շատեր կը տեսնեն որ իրենց ցաւին մասին ուրիշներուն հետ խօսիլը կ’օգնէ իրենց, մինչ ոմանք կը նախընտրեն չխօսիլ։ Մասնագէտները տարբեր–տարբեր կարծիքներ ունին, թէ արդեօք զգացումներ արտայայտելը անհրաժե՞շտ է վիշտին հետ գլուխ ելլելու համար։ Եթէ պէտք ունիս սիրտդ բանալու մէկու մը, բայց կը քաշուիս, կրնաս սկսիլ զգացումներէդ ոմանց մասին խօսելով մտերիմ բարեկամի մը։
Կարգ մը մարդիկ կ’անդրադառնան որ լալը իրենց կ’օգնէ վիշտին հետ գլուխ ելլելու։ Անդին, այնպէս կ’երեւի թէ ոմանք կը դիմանան հակառակ որ քիչ կու լան։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ» (Առակաց 14։10)։
5. ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ԿԵՑԻՐ
Կարգ մը սգաւորներ կը փորձեն իրենց զգացական ցաւը թեթեւցնել՝ չափազանց ալքոլ խմելով, դեղերը չարաչար գործածելով կամ թմրեցուցիչներու դիմելով։ Ասոնք ինքնակործան սովորութիւններ են։ Նոյնիսկ եթէ անհատը զգայ որ իր ցաւը թեթեւցաւ, ատիկա ժամանակաւոր է, եւ ան շատ գէշ հետեւանքներ պիտի կրէ։ Փորձէ անվնաս կերպերով քու անձդ հանդարտեցնել։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Մեր անձերը. . . ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։
6. ԺԱՄԱՆԱԿԴ ԶԱՆԱԶԱՆ ԲԱՆԵՐՈՒ ՅԱՏԿԱՑՈՒՐ
Շատեր օգտուած են, երբ որոշ ժամանակ տրամադրած են գործունէութիւններու, որոնք կ’օգնեն որ աւելի քիչ մտածեն իրենց ցաւին մասին։
Բարեկամութիւններ զօրացնելը, նոր բարեկամութիւններ հաստատելը, նոր ձիրքեր սորվիլը կամ ժամանցի պահեր ունենալը կ’օգնէ որ վիշտդ ժամանակաւորապէս թեթեւնայ։
Ժամանակի ընթացքին թերեւս նկատես, որ այդ գործունէութիւններուն աւելի յաճախ եւ աւելի երկար ժամանակ կը տրամադրես, եւ աւելի քիչ կը կեդրոնանաս վիշտիդ վրայ, ինչ որ կը ցուցնէ թէ վէրքդ բուժուելու վրայ է։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն բանի ատենը կայ. . . լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ» (Ժողովող 3։1, 4)։
7. ՌՈՒԹԻՆ ՈՒՆԵՑԻՐ
Առօրեայ ռութինիդ վերադարձիր կարելի եղածին չափ շուտ։
Երբ քնանալու, աշխատելու եւ ուրիշ գործունէութիւններ ընելու ռութին մը ունենաս, շատ հաւանաբար այն զգացումը պիտի ունենաս, որ բնական կեանքիդ կը վերադառնաս։
Դրական գործունէութիւններով զբաղած մնալը կ’օգնէ որ ժխտական զգացումներդ թեթեւնան։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Այն մարդը հազիւ պիտի նկատէ թէ իր կեանքին օրերը ինչպէ՛ս կ’անցնին, քանի որ ճշմարիտ Աստուածը զինք զբաղած կը պահէ իր սրտին ուրախութեամբ» (Ժողովող 5։20, ՆԱ)։
8. ՇՈՒՏՈՎ ՄԵԾ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՄԻ՛ ԱՌՆԵՐ
Շատեր, որոնք սիրելի մը կորսնցնելէն շատ չանցած մեծ որոշումներ կ’առնեն, յետագային կը զղջան իրենց որոշումներուն համար։
Որոշ ժամանակ մը սպասէ, առաջ որ փոխադրուիս, գործդ փոխես կամ մահացողին ապրանքները տունէն հանես։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առակաց 21։5)։
9. ՅԻՇԷ ՍԻՐԵԼԻԴ
Շատ մը սգաւորներ կը զգան որ կ’օգտուին, երբ կ’ընեն բաներ, որոնք կ’օգնեն որ մահացած անհատը յիշեն։
Կրնաս մխիթարուիլ եւ լաւ զգալ, երբ մահացածին հետ կապ ունեցող նկարներ կամ յիշատակներ հաւաքես, կամ գրի առնես որոշ դէպքեր որ կ’ուզես յիշել։
Քովդ պահէ իրեր, որոնք միտքդ լաւ յիշատակներ կը բերեն, եւ երբ պատրաստ ըլլաս՝ զանոնք աչքէ անցուր։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Հին օրերը միտքդ բեր» (Բ. Օրինաց 32։7)։
10. ՏԵՂ ՄԸ ԳՆԱ
Կրնաս արձակուրդ առնել։
Եթէ երկար արձակուրդ չես կրնար առնել, թերեւս կրնաս մէկ–երկու օր հաճելի բան մը ընել, ինչպէս՝ բնութեան մէջ քալել, ծով երթալ կամ բարեկամներու հետ պտըտիլ։
Նոյնիսկ առօրեայ ռութինէն դուրս պզտիկ բան մը ընելը կրնայ քեզի օգնել որ ցաւիդ հետ գլուխ ելլես։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք» (Մարկոս 6։31)։
11. ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ
Միտքդ պահէ որ այն ժամանակը, որ կը տրամադրես ուրիշներուն օգնելու, կրնայ քեզի օգնել որ աւելի լաւ զգաս։
Կրնաս նախ օգնել անոնց, որոնք քու սիրելիիդ մահէն ազդուած են, ինչպէս՝ բարեկամներ կամ ազգականներ, որոնք պէտք ունին մէկու մը, որ իրենց զգացումները կը հասկնայ։
Ուրիշներուն օգնելն ու մխիթարելը կրնայ քեզ ուրախացնել եւ զգացնել որ օգտակար ես ուրիշներուն։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
12. ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ ՔՆՆԷ
Սիրելիի մը մահը կրնայ օգնել աւելի լաւ հասկնալու, թէ իրապէս ի՛նչը կարեւոր է կեանքին մէջ։
Առիթը օգտագործէ մտածելու թէ կեանքդ ինչպէ՛ս կը գործածես։
Եթէ պէտք տեսնես, փոփոխութիւններ մտցուր նախապատուութիւններուդ մէջ։
ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Սուգի տուն երթալը կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ» (Ժողովող 7։2)։
Խօսքին բացը, բան մը չկայ որ կրնայ լման ջնջել այն ցաւը որ կը զգաս։ Սակայն շատեր փորձառաբար կ’ըսեն, որ գործնական քայլեր առնելը,– ինչպէս այս յօդուածին մէջ նշուած քայլերը,– իրենց օգնած է որ մխիթարուին։ Անշուշտ, հոս նշուածները չեն ծածկեր բոլոր այն կերպերը, որոնք կրնան վիշտդ մեղմացնել։ Բայց եթէ այս առաջարկներէն ոմանք փորձես, թերեւս տեսնես որ բաւական պիտի հանգստանաս։
a Զարթի՛ր–ը որոշ դարմանում մը չի յանձնարարեր։
-
-
Սգաւորներուն համար լաւագոյն օգնութիւնըԶարթի՛ր 2018 | Թիւ 3
-
-
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Սգաւորներուն համար լաւագոյն օգնութիւնը
ՍԻՐԵԼԻԻ ՄԸ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՑԱՒԸ ՆԻՒԹ ՄԸՆ Է, ՈՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՎԵՐՋԵՐՍ ՇԱՏ ՊՐՊՏՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԵՆ։ Ինչպէս որ տեսանք, մասնագէտներուն տուած լաւագոյն խրատները շատ անգամ ներդաշնակ են Սուրբ Գիրքին իմաստուն խօսքերուն հետ։ Ասիկա կը ցուցնէ որ անոր ըսածները որեւէ ժամանակ գործնական են։ Սակայն Սուրբ Գիրքին մէջ միայն վստահելի խրատներ չկան։ Ան նաեւ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ, որոնք ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կը գտնուին եւ կրնան շա՜տ մխիթարել սգաւորները։
Մեր մահացած սիրելիները չեն չարչարուիր
«Մեռելները բան մը չեն գիտեր», կ’ըսէ Ժողովող 9։5–ը։ Անոնց «խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։4)։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքը մահը կը նմանցնէ խաղաղ քունի (Յովհաննէս 11։11)։
Սիրալիր Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալը կը մխիթարէ
Սուրբ Գիրքը Սաղմոս 34։15–ին մէջ կ’ըսէ. «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։ Աղօթքով մեր զգացումները Աստուծոյ արտայայտելը բան մը չէ, որ միայն մեզ կը հանգստացնէ կամ մեր մտածումները կարգի կը դնէ։ Իրականութեան մէջ, աղօթքը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենանք Ստեղծիչին հետ, որ կրնայ իր ուժը գործածել մեզ մխիթարելու համար։
Աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը կայ
Երեւակայէ այն ժամանակը, երբ գերեզմանին մէջ եղողները կեանքի պիտի գան հոս երկրի վրայ։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կը խօսի այդ ժամանակին մասին։ Նկարագրելով որ այդ ատեն երկրի վրայ վիճակները ինչպէս պիտի ըլլան, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Աստուած մեր «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Շատեր որոնք Աստուծոյ կը հաւատան,– որուն անունը Եհովա է Սուրբ Գիրքին մէջ,– շատ ոյժ կը ստանան իրենց ցաւին հետ գլուխ ելլելու, քանի որ կը վստահին այն յոյսին, որ իրենց մահացած սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնեն։ Օրինակ, Էն անունով կին մը, որուն 65 տարուան ամուսինը մահացաւ, կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքը զիս կը վստահեցնէ, որ մեր մահացած սիրելիները չեն չարչարուիր, եւ թէ Աստուած յարութիւն պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք իր յիշողութեան մէջ են։ Այս կէտերը կը վերյիշեմ ամէն անգամ որ ամուսինիս մասին մտածեմ, եւ ասիկա ինծի օգնած է որ դիմանամ իր մահուան, որ ամէնէն գէշ բանն է որ ինծի պատահած է»։
Նախապէս նշուած Դինան կ’ըսէ. «Թիմոյին մեռած օրէն ի վեր զգացած եմ Աստուծոյ օգնութիւնը։ Եհովային ձեռքին զօրութիւնը շատ զգացած եմ իմ նեղութեանս մէջ։ Եւ յարութեան մասին Սուրբ Գիրքին խոստումը շատ իրական է ինծի համար։ Ատիկա զիս ոտքի կը պահէ մինչեւ որ գայ այն օրը, երբ Թիմոն դարձեալ պիտի տեսնեմ»։
Նման խօսքերով կ’արտայայտուին նաեւ միլիոնաւորներ, որոնք համոզուած են որ Սուրբ Գիրքը վստահելի է։ Նոյնիսկ եթէ կը կարծես որ Սուրբ Գիրքին ըսածները միայն երազ են կամ չեն կրնար իրականանալ, պէտք է քննես այն փաստերը, որոնք կը ցուցնեն թէ Սուրբ Գիրքին խրատները տրամաբանական են եւ խոստումները ստոյգ են։ Թերեւս տեսնես որ Սուրբ Գիրքը սգաւորներուն լաւագոյն կերպով կ’օգնէ։
ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒՆ ՅՈՅՍԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱՒԵԼԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌ
Այս նիւթին հետ կապ ունեցող վիտէօներ դիտէ մեր կայքին մէջ՝ www.pr2711.com/hyw
Սուրբ Գիրքը կը խոստանայ որ ապագային պիտի դիմաւորենք մեր սիրելիները, երբ ետ կեանքի գան
Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Սուրբ Գիրքին յստակ պատասխանը մեզ կը մխիթարէ եւ կը հանգստացնէ
Նայէ՛ ԳՐԱԴԱՐԱՆ > ՎԻՏԷՕՆԵՐ (ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ)
Կ’ՈՒԶԵ՞Ս ՈՒՐԱԽ ԼՈՒՐԵՐ ԼՍԵԼ
Տխուր լուրերը շատ են։ Ո՞ւր կրնաս գտնել ուրախ լուրեր
Նայէ՛ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾՆԵՐԸ > ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ
-