Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 12/1 էջ 22-26
  • Ամէն անհատ Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն անհատ Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրեշտակները Համարատու Են
  • Աստուծոյ Որդին Համարատու Է
  • Ազգերը Համարատու Են
  • Հաշուետուութեան Անհատական Պարագաներ
  • Համարատու՝ Քրիստոնէական Ժողովքին մէջ
  • Մեր փափաքը ըլլայ Եհովայի քով լաւ վարկ մը շահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Քրիստոնեաները իրարու պէտք ունին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • «Ահա, ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
    «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 12/1 էջ 22-26

Ամէն անհատ Աստուծոյ հաշիւ պէտք է տայ

«Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14։12

1. Ադամի ու Եւայի ազատութիւնը ո՞րքանով սահմանափակուած էր։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան՝ ստեղծեց, որպէս բարոյական ազատ գործակալներ։ Թէեւ անոնք հրեշտակներէն աւելի ցած էին, սակայն մտացի արարածներ ըլլալով իմաստուն որոշումներ կրնային տալ։ (Սաղմոս 8։4, 5) Սակայն աստուածատուր այդ ազատութիւնը ինքնագլուխ ըլլալու արտօնութիւն չէր տար իրենց։ Անոնք՝ ինչպէս իրենց ամբողջ սերունդը՝ համարատու էին իրենց Ստեղծիչին։

2. Եհովա շուտով ի՞նչ հաշուետուութիւն պիտի կատարէ եւ ի՛նչու։

2 Հիմա որ իրերու այս չար դրութեան յանգումին կը մօտենանք, Եհովա հաշուետուութիւն մը պիտի կատարէ երկրի վրայ։ (Համեմատել Հռովմայեցիս 9։28, ՆԱ։) Շուտով ամբարիշտ մարդիկ հաշիւ պիտի տան Եհովա Աստուծոյ, քանի որ երկրի աղբիւրները կողոպտած, մարդկային կեանքեր քանդած եւ մանաւանդ, իր ծառաները հալածած են։—Յայտնութիւն 6։10. 11։18

3. Հիմա ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս զգաստացուցիչ հեռանկարը մեր առջեւ ունենալով, մեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ նկատի առնել թէ Եհովա անցեալին իր արարածներուն հետ ինչպէս իրաւացի կերպով վարուած է։ Իսկ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեր Ստեղծիչին քով լաւ համբաւ մը ունենանք։ Ո՞ր օրինակներէն կրնանք օգտուիլ, իսկ որո՞նց նմանելէ պէտք է զգուշանանք։

Հրեշտակները Համարատու Են

4. Ի՞նչպէս գիտենք որ Աստուած հրեշտակներէն հաշիւ կը պահանջէ իրենց արարքներուն համար։

4 Երկնքի մէջ գտնուող Եհովայի հրեշտակային արարածները նոյնքան համարատու են իրեն, որքան՝ մենք։ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն առաջ, հրեշտակներէն ոմանք ըմբոստանալով նիւթականացան, որպէսզի կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն ունենան։ Բարոյական ազատ գործակալներ ըլլալով, այս հոգեղէն արարածները կրնային այսպիսի որոշում մը տալ, բայց անոր համար Աստուծոյ համարատու էին։ Այս անհնազանդ հրեշտակները երբ հոգեղէն ծիր վերադարձան, Եհովա թոյլ չտուաւ որ անոնք իրենց նախկին դիրքը ունենան։ Յուդա աշակերտ կ’ըսէ որ զանոնք «մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար»։—Յուդա 6

5. Սատանան եւ իր դեւերը ի՞նչ անկում ունեցան եւ անոնց ըմբոստութեան հաշիւը ի՞նչպէս պիտի տեսնուի։

5 Այս անհնազանդ հրեշտակներուն կամ դեւերուն իշխանը, Բանսարկու Սատանան է։ (Մատթէոս 12։24–26) Այս չար հրեշտակը իր Ստեղծիչին դէմ ըմբոստացաւ եւ Եհովայի գերիշխանութեան իրաւունքին դէմ ասպարէզ կարդաց։ Ան մեր առաջին ծնողքը մեղքի առաջնորդեց, որու հետեւանքով վերջապէս մեռան։ (Ծննդոց 3։1–7, 17–19) Թէեւ անկէ ետք շրջան մը Եհովա թոյլ տուաւ որ Սատանան կարենայ երկնային ատեանը մտնել, բայց Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքին համաձայն, Աստուծոյ յարմար ժամանակին այս չարը երկրի շուրջ պիտի նետուէր։ Իրողութիւնները կ’ապացուցանեն որ ասիկա տեղի ունեցաւ, 1914–ին Յիսուս Քրիստոս երկնքի մէջ Թագաւորութիւնը ստանձնելէ քիչ ետք։ Բանսարկուն եւ իր դեւերը վերջապէս ընդմիշտ պիտի կործանին։ Գերիշխանութեան հարցը վերջնականապէս լուծուած ըլլալով, իրաւացիօրէն ըմբոստութեան հաշիւն ալ փակուած պիտի ըլլայ։—Յոբայ 1։6–12. 2։1–7. Յայտնութիւն 12։7–9. 20։10

Աստուծոյ Որդին Համարատու Է

6. Յիսուս ինչպէ՞ս կը նկատէր իր Հօրը համարատու ըլլալը։

6 Աստուծոյ Որդին, Յիսուս Քրիստոս, շա՜տ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացած է այս ուղղութեամբ։ Ադամի հաւասար կատարեալ մարդ ըլլալով, Յիսուսի համար հաճոյք էր Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ան նաեւ ուրախ էր որ Եհովայի օրէնքին ենթարկուելու մէջ համարատու էր։ Տեղին ըլլալով, սաղմոսերգուն իր մասին մարգարէացաւ. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։—Սաղմոս 40։8. Եբրայեցիս 10։6–9

7. Իր մահուան նախօրեակին, Յիսուս ինչո՞ւ կրցաւ արտասանել Յովհաննու 17։4, 5–ի խօսքերը։

7 Ատելավառ հակառակութեան ենթարկուելով հանդերձ, Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարեց եւ մինչեւ տանջանքի ցիցի վրայ իր մահը, ան ուղղամիտ մնաց։ Այսպիսով ան փրկագինը վճարեց, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ Ադամի մեղքին մահացու հետեւանքներէն։ (Մատթէոս 20։28) Ուստի, իր մահուան նախօրեակին, Յիսուս կրցաւ ինքնավստահութեամբ աղօթել. «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի»։ (Յովհաննու 17։4, 5) Յիսուս կրցաւ այս խօսքերը ըսել իր երկնաւոր Հօր, քանի որ յաջողութեամբ կ’անցնէր փորձէն եւ Աստուծոյ քով լաւ համբաւ մը շահած էր։

8. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ Եհովա Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք մեր անձին համար։ (բ) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենանք։

8 Յիսուս Քրիստոս կատարեալ էր բայց մենք՝ ոչ։ Սակայն մենք ալ համարատու ենք Աստուծոյ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես. վասնզի ամէնքս ալ Քրիստոսին [Աստուծոյ, ՆԱ] ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։ Վասնզի գրուած է. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի’։ Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։ (Հռովմայեցիս 14։10–12) Ասիկա կարենալ ընելու եւ Եհովայի կողմէ ընդունելի ըլլալու համար, Ան սիրալիր կերպով մեզի տուած է խղճմտանք մը եւ իր ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ որպէսզի մեզ առաջնորդէ մեր խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներէն լիովին օգտուելով եւ Աստուածաշունչով մարզուած մեր խղճմտանքին հետեւելով պիտի կարենանք Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։ (Մատթէոս 24։45–47) Եհովայի սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը, զօրութեան ու առաջնորդութեան յաւելեալ աղբիւր մըն է։ Եթէ հոգիին տուած ուղղութեան եւ Աստուածաշունչով մարզուած մեր խղճմտանքին համաձայն գործենք, ցոյց կու տանք որ մենք ‘չենք անարգեր Աստուած’, որու հաշիւ պիտի տանք մեր բոլոր արարքներուն համար։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3–8. Ա. Պետրոս 3։16, 21

Ազգերը Համարատու Են

9. Եդովմայեցիները որո՞նք էին եւ Իսրայէլի հետ իրենց ունեցած վերաբերմունքին համար, անոնց ի՛նչ պատահեցաւ։

9 Եհովա ազգերը համարատու կը նկատէ։ (Երեմեայ 25։12–14. Սոփոնեայ 3։6, 7) Նկատի առէք Եդովմի վաղեմի թագաւորութիւնը, որ Մեռեալ Ծովուն հարաւը եւ Ագապա Ծոցին հիւսիսը կը գտնուէր։ Եդովմայեցիները Սեմական ցեղին կը պատկանէին եւ սերտ կապակցութիւն ունէին Իսրայելացիներուն հետ։ Թէեւ Եդովմայեցիներուն նախահայրը Աբրահամի թոռը՝ Եսաւն էր, սակայն երբ Իսրայելացիները Աւետեաց Երկիրը կը չուէին, անոնք թոյլ չտուին որ Իսրայելացիները Եդովմի «արքունական ճամբայէն» անցնին։ (Թուոց 20։14–21) Դարերու ընթացքին, Իսրայէլի դէմ Եդովմի թշնամանքը անգութ ատելութեան վերածուեցաւ։ Վերջապէս, Եդովմայեցիները հաշիւ պէտք էր տային, քանի որ Հ.Դ.Ա. 607–ին անոնք Բաբելոնացիները քաջալերած էին որ Երուսաղէմը կործանեն։ (Սաղմոս 137։7) Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Նաբոնիտոս Թագաւորի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Բաբելոնական բանակը նուաճեց Եդովմը եւ ինչպէս Եհովա վճռած էր, անիկա աւերակ դարձաւ։—Երեմեայ 49։20. Աբդիու 9–11

10. Մովաբացիները ի՞նչպէս վարուեցան Իսրայելացիներուն հետ եւ Աստուած ի՞նչպէս հաշիւ պահանջեց Մովաբէն։

10 Եդովմի հիւսիսը ու Մեռեալ Ծովուն արեւելքը գտնուող Մովաբի թագաւորութեան ալ նոյնը պատահեցաւ։ Երբ Իսրայելացիները Աւետեաց Երկիրը մտնելու վրայ էին, Մովաբացիները հիւրասէր չգտնուեցան անոնց հանդէպ, այլ միայն նիւթական շահու համար անոնց հաց ու ջուր տուին։ (Բ. Օրինաց 23։3, 4) Մովաբի Բաղակ Թագաւորը Բաղաամ մարգարէն կաշառեց, որպէսզի Իսրայէլը անիծէ, իսկ Մովաբացի կիները որպէս միջոց գործածուեցան Իսրայելացի տղամարդիկը անբարոյութեան ու կռապաշտութեան հրապուրելու համար։ (Թուոց 22։2–8. 25։1–9) Բայց Եհովա նկատեց Իսրայէլի հանդէպ Մովաբի ատելութիւնը։ Ինչպէս մարգարէացուած էր, Մովաբ Բաբելոնացիներու ձեռքով կործանուեցաւ։ (Երեմեայ 9։25, 26. Սոփոնեայ 2։8–11) Այո, Աստուած հաշիւ պահանջեց Մովաբէ։

11. Մովաբ եւ Ամմոն ո՞ր քաղաքներուն նմանեցան եւ իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեան մասին Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։

11 Մովաբի նման, Ամմոն ալ Աստուծոյ հաշիւ պիտի տար։ Եհովա նախագուշակած էր. «Մովաբը Սոդոմին պէս ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս եղիճներու կալուածք, աղի հանք ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ»։ (Սոփոնեայ 2։9) Մովաբն ու Ամմոնը կործանուեցան, ինչպէս որ Աստուած Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքները կործանած էր։ Ըստ Լոնտոնի Երկրաբանական Ընկերութեան, հետախոյզներ կը դաւանին որ Մեռեալ Ծովուն արեւելեան ափին վրայ Սոդոմի ու Գոմորի քանդուած վայրը գտած են։ Այս ուղղութեամբ որեւէ վստահելի ապացոյց որ տակաւին կրնայ երեւան ելլել, միմիայն թիկունք կը կանգնի Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն, թէ Եհովա Աստուած ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութենէն ալ հաշիւ պիտի պահանջէ։—Բ. Պետրոս 3։6–12

12. Թէեւ Իսրայէլ իր մեղքերուն համար հաշիւ պիտի տար Աստուծոյ, բայց Հրեայ մնացորդի մը համար ի՞նչ ըսուած էր։

12 Թէեւ Իսրայէլ իրապէս Եհովայի հաճութիւնը կը վայելէր, բայց ան իր մեղքերուն համար Աստուծոյ հաշիւ պիտի տար։ Երբ Յիսուս Քրիստոս Իսրայէլ ազգին եկաւ, մեծամասնութիւնը մերժեց զինք։ Միայն մնացորդ մը իրեն հաւատալով իր հետեւորդը եղաւ։ Պօղոս կարգ մը մարգարէութիւններ այս Հրեայ մնացորդին կիրարկեց, երբ գրեց. «Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. ‘Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։ Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասնզի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ’։ Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. ‘Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք’»։ (Հռովմայեցիս 9։27–29. Եսայեայ 1։9. 10։22, 23) Առաքեալը ապա կը նշէ Եղիայի ժամանակ Բահաղի առջեւ չծնրադրած 7,000 անհատներու օրինակը ու կ’ըսէ. «Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ»։ (Հռովմայեցիս 11։5) Այդ մնացորդը բաղկացած էր անհատներէ, որոնք անձամբ հաշիւ պիտի տային Աստուծոյ։

Հաշուետուութեան Անհատական Պարագաներ

13. Կայէնի ի՞նչ պատահեցաւ երբ Աստուած իրմէ հաշիւ պահանջեց իր եղբօր՝ Աբէլի սպանութեան համար։

13 Աստուածաշունչը կը նշէ բազմաթիւ պարագաներ, երբ Եհովա Աստուած անհատներէ հաշիւ պահանջեց։ Նկատի առէք Ադամի անդրանիկ որդւոյն, Կայէնի օրինակը։ Ինք եւ իր եղբայրը՝ Աբէլ՝ Եհովայի զոհ մատուցանեցին։ Աստուած ընդունեց Աբէլի զոհը, բայց Կայէնինը՝ չընդունեց։ Երբ իր եղբօրը վայրագ սպանութեան մասին իրմէ հաշիւ պահանջուեցաւ, Կայէն անզգայաբար Աստուծոյ ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։ Կայէն իր մեղքին համար ‘Եդեմի արեւելեան կողմը աստանդական’ եղաւ։ Ան իր ոճիրին համար անկեղծ զղջում չարտայայտեց, այլ միայն իր արդարացի պատիժին համար դժգոհութիւն յայտնեց։—Ծննդոց 4։3–16

14. Անձնապէս Աստուծոյ համարատու ըլլալը ի՞նչպէս ցոյց տրուած էր Հեղի քահանայապետին եւ իր որդիներուն պարագայով։

14 Անհատապէս Աստուծոյ համարտու ըլլալը կը տեսնուի նաեւ Իսրայէլի քահանայապետ Հեղիի օրինակով։ Հեղիի որդիները՝ Ոփնի եւ Փենէհէս՝ պաշտօն կատարող քահանաներ էին, բայց պատմաբան Յովսեփոս կ’ըսէ որ անոնք «մարդոց հետ անարդարութեամբ իսկ Աստուծոյ հանդէպ ամբարշտութեամբ կը վարուէին եւ ամէն տեսակ չարութիւններէ ետ չէին մնար»։ Սրբապիղծ վարքի տէր եւ լուրջ անբարոյութիւն գործող այս «չար մարդիկը» հաշուի չէին առներ Եհովան։ (Ա. Թագաւորաց 1։3. 2։12–17, 22–25) Որպէս հայր եւ Իսրայէլի քահանայապետը, Հեղիի պարտաւորութիւնն էր զանոնք կրթել, բայց ան միմիայն մեղմօրէն յանդիմանեց զանոնք։ Ան ‘շարունակեց իր որդիները Եհովայէ աւելի պատուել’։ (Ա. Թագաւորաց 2։29, ՆԱ) Հեղիի տունը պատժուեցաւ։ Երկու տղաքը իրենց հօրը հետ նոյն օրը մահացան եւ վերջապէս իրենց քահանայական շառաւիղը վերջ գտաւ ու այս կերպով հաշիւը փակուեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 3։13, 14. 4։11, 17, 18

15. Սաւուղ Թագաւորի որդին՝ Յովնաթան ի՞նչու վարձատրուեցաւ։

15 Սաւուղ Թագաւորի Որդւոյն Յովնաթանի պարագան բոլորովին տարբեր էր։ Դաւիթ Գողիաթը սպաննելէն քիչ վերջ, «Յովնաթանի սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ» եւ անոնք իրար հետ բարեկամութեան ուխտ ըրին։ (Ա. Թագաւորաց 18։1, 3) Շատ հաւանաբար, Յովնաթան նկատած էր որ Աստուծոյ հոգին հեռացած էր Սաւուղէ, բայց մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը չնուազեցաւ։ (Ա. Թագաւորաց 16։14) Դաւիթի աստուածատուր հեղինակութեան հանդէպ Յովնաթանի գնահատութիւնը անխախտ մնաց։ Յովնաթան կը գիտակցէր որ Աստուծոյ համարատու էր եւ Եհովա զինք վարձատրեց իր յարգարժան կեցուածքին համար, իր շառաւիղը մի քանի սերունդ ապահովելով։—Ա. Մնացորդաց 8։33–40

Համարատու՝ Քրիստոնէական Ժողովքին մէջ

16. Ո՞վ էր Տիտոս եւ ի՞նչու կարելի է ըսել որ ան Աստուծոյ հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները լաւ կերպով կատարեց։

16 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գովասանքով կը խօսին շատ մը այրերու ու կիներու մասին, որոնք այս մարզին մէջ օրինակելի եղան, որոնց կարգին է Տիտոս, որ Յոյն էր։ Կը կարծուի որ ան Քրիստոնեայ եղաւ, Կիպրոս կատարած Պօղոսի առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին։ Քանի որ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին Կիպրոսէն Հրեաներ եւ Նորադարձներ կային, ուրեմն Քրիստոնէութիւնը այդ կղզին հասած ըլլալու էր անկէ քիչ ետք։ (Գործք 11։19) Ամենայնդէպս, Տիտոս Պօղոսի հաւատարիմ աշխատակիցներէն մէկը եղաւ։ Հ.Դ. 49–ի ատենները, երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս ճամբորդութիւն մը կատարեցին դէպի Երուսաղէմ՝ ուր թլփատութեան կենսական հարցը լուծուեցաւ՝ Տիտոս անոնց ուղեկցեցաւ։ Անոր անթլփատ ըլլալը կշիռ տուաւ Պօղոսի պատճառաբանութեան, ըստ որու Քրիստոնէութիւնը որդեգրողները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ չէին։ (Գաղատացիս 2։1–3) Աստուածաշունչը կը խօսի Տիտոսի կատարած ընտիր ծառայութեան մասին, իսկ Պօղոս նոյնիսկ ներշնչեալ նամակ մը յղեց իրեն։ (Բ. Կորնթացիս 7։6. Տիտոս 1։1–4) Այնպէս կը թուի որ մինչեւ իր երկրային ընթացքը աւարտէ, Տիտոս Աստուծոյ քով լաւ համբաւ մը պահեց։

17. Տիմոթէոս ի՞նչ համբաւ շահեցաւ եւ այս օրինակը ի՞նչպէս կրնայ ազդել մեզի։

17 Տիմոթէոս ուրիշ նախանձախնդիր անհատ մըն է որ իր պատասխանատուութիւնները կատարելով Եհովա Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ։ Առողջապահական կարգ մը խնդիրներ ունենալով հանդերձ, ան «անկեղծ հաւատք» ցուցաբերեց եւ ‘Պօղոսի հետ աւետարանին ծառայեց’։ Ուստի, առաքեալը Փիլիպպեցի իր հաւատակիցներուն կրցաւ ըսել. «[Տիմոթէոսի] նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի»։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5. Փիլիպպեցիս 2։20, 22. Ա. Տիմոթէոս 5։23) Երբ մարդկային տկարութիւններ կամ ուրիշ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մենք ալ կրնանք անկեղծ հաւատք ունենալ եւ Աստուծոյ քով լաւ համբաւ շահիլ։

18. Լիդիան ո՞վ էր եւ ան ի՞նչ հոգի ցուցաբերեց։

18 Լիդիա ալ Աստուծոյ հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները կատարող բարեպաշտ կին մըն էր։ Փիլիպպէի մէջ Հ.Դ. 50–ի ատենները, Պօղոսի քարոզչութեան անսալով, ինք եւ իր ընտանիքը Եւրոպայի մէջ Քրիստոնէութիւնը առաջին ընդունողներէն եղան։ Թիւատիրցի Լիդիան հաւանաբար Հրեայ նորահաւատ մըն էր, բայց կրնայ ըլլալ որ Փիլիպպէի մէջ շատ քիչ Հրեաներ կային եւ ժողովարան ալ չկար։ Ինք եւ ուրիշ բարեպաշտ կիներ գետեզերքը կը հաւաքուէին եւ այդ առիթով էր որ Պօղոս խօսեցաւ իրենց։ Որպէս հետեւանք, Լիդիա Քրիստոնէութիւնը ընդունեց եւ ստիպեց որ Պօղոս եւ իր ընկերակիցները իր տունը մնան։ (Գործք 16։12–15) Լիդիայի ցուցաբերած հիւրասիրութիւնը տակաւին ճշմարիտ Քրիստոնեաները յատկորոշող նշան մը կը մնայ։

19. Այծեմնիկ իր ո՞ր բարերարութիւններուն համար Աստուծոյ քով լաւ անուն մը շահեցաւ։

19 Այծեմնիկ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր պատասխանատուութիւններուն գիտակցող ուրիշ կին մըն էր։ Երբ ան մեռաւ, Յոպպէի մէջ բնակող աշակերտները Պետրոսի ետեւէ մարդ ղրկեցին, անկէ խնդրեցին որ իրենց քով գայ։ Պետրոսի ղրկուած երկու անհատները «վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւայրիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր»։ Այծեմնիկ յարուցանուեցաւ։ Սակայն միմիայն իր վեհանձնութեա՞ն համար պէտք է յիշենք զինք։ Ո՜չ. ան «աշակերտ» մըն էր եւ վստահաբար աշակերտելու գործին կը մասնակցէր։ Ներկայիս ալ Քրիստոնեայ կիներ ‘լեցուած են բարի գործերով եւ ողորմութիւններով’։ Անոնք Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելով ալ գոհունակութիւն կը զգան։—Գործք 9։36–42. Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

20. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ կրնանք ուղղել։

20 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ ազգեր եւ անհատներ Գերիշխան Տէր Եհովայի հաշիւ պէտք է տան։ (Սոփոնեայ 1։7) Եթէ Աստուծոյ նուիրուած ենք, հետեւաբար կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Աստուածատուր իմ առանձնաշնորհումներս եւ պատասխանատուութիւններս ի՞նչպէս կը նկատեմ։ Եհովայի եւ Յիսուս Քրիստոսի քով ի՞նչ համբաւ ունիմ’։

Ի՞նչ կը պատասխանէք

◻ Ի՞նչպէս կրնաք ապացուցանել որ հրեշտակները եւ Աստուծոյ Որդին համարատու են Եհովայի։

◻ Սուրբ գրային ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ Աստուած ազգերը համարատու կը բռնէ։

◻ Աստուծոյ հանդէպ անձնական հաշուետուութեան մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

◻ Եհովա Աստուծոյ քով լաւ անուն ունեցող սուրբ գրային կարգ մը անհատներ թուեցէք։

[Նկար՝ էջ 22]

Յիսուս Քրիստոս իր երկնաւոր Հօրը քով լաւ անուն մը շահեցաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել