«Նայեցէք թէ Ի՛նչպէս կը Լսէք»
ՄՏԻԿ ընելը կարեւոր ազդակ մըն է սորվելու համար։ Անիկա անհատին վերապրելու հեռանկարին ալ կրնայ ազդել։ Երբ Եհովա իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրուելու կը պատրաստէր, ան հրահանգներ տուաւ Մովսէսի, որ իր կարգին Իսրայէլի ծերերուն ըսաւ թէ ի՛նչ պէտք էր ընէին իրենց անդրանիկները սատակիչ հրեշտակին ձեռքէն փրկելու համար։ (Ել. 12։21-23) Ապա ծերերը այս տեղեկութիւնը փոխանցեցին իւրաքանչիւր տան։ Ասիկա բերանացի կատարուեցաւ։ Ժողովուրդը ուշի ուշով պէտք էր մտիկ ընէր։ Անոնք ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Իսրայէլին բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին»։ (Ել. 12։28, 50, 51) Որպէս հետեւանք, Իսրայէլ երկիւղ ներշնչող ազատագրութեան մը փորձառութիւնը ունեցաւ։
Ներկայիս, Եհովա մեզ կը պատրաստէ շատ աւելի մեծ ազատագրութեան մը համար։ Վստահաբար իր տուած հրահանգները շատ լուրջ ուշադրութեան կը կարօտին։ Այսպիսի հրահանգներ կը տրուին ժողովքային հանդիպումներուն։ Այս ժողովներէն լիովին կ’օգտուի՞ք։ Ասիկա մեծաւ մասամբ կախեալ է թէ ի՛նչպէս մտիկ կ’ընէք։
Ժողովներուն տրուած ուսուցումներուն կարեւոր կէտերը ձեր միտքը կը պահէ՞ք։ Ամէն շաբաթ, ձեզի մատակարարուած ուսուցումները ձեր կեանքին մէջ գործադրելու կամ զանոնք ուրիշներու հետ բաժնելու կերպեր փնտռելը՝ սովորութիւն դարձուցա՞ծ էք։
Ձեր Սիրտը Պատրաստեցէք
Քրիստոնէական ժողովներուն մեր ստացած ուսուցումէն լիովին օգտուելու համար, պէտք է մեր սիրտը պատրաստենք։ Ասոր կարեւորութիւնը ընդգծուած է Յուդայի Յովսափատ Թագաւորի իշխանութեան ընթացքին պատահած եղելութեամբ։ Յովսափատ ճշմարիտ պաշտամունքին համար խիզախ կեցուածք մը բռնեց։ Ան «բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց», եւ կարգ մը իշխաններու, Ղեւտացիներու եւ քահանաներու յանձնարարութիւն տուաւ որ Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ Եհովայի Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցնեն։ Այսուհանդերձ, «բարձր տեղերը չվերցուեցան»։ (Բ. Մնաց. 17։6-9. 20։33) Սուտ աստուածներու պաշտամունքը եւ հեթանոսական բարձր տեղերու վրայ Եհովայի չարտօնուած պաշտամունքի կերպը ա՛յնքան զօրաւոր կերպով արմատացած էին, որ անոնք արմատախիլ չեղան։
Յովսափատի տուած հրահանգները ինչո՞ւ մնայուն ազդեցութիւն մը չունեցան։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն»։ Անոնք լսեցին, բայց անոր համաձայն գործելու մէջ թերացան։ Թերեւս խորհեցան որ զոհեր մատուցանելու համար մինչեւ Երուսաղէմ երթալը յոգնեցուցիչ էր։ Ամենայնդէպս, անոնց սիրտը հաւատքով դրդուած չէր։
Սատանայի աշխարհի ճամբաներուն վերադառնալէ խուսափելու համար, պէտք է մեր սիրտը պատրաստենք, որպէսզի ներկայիս Եհովայի հայթայթած ուսուցումը ստանանք։ Ի՞նչպէս։ Կարեւոր մէկ կերպը՝ աղօթքն է։ Պէտք է աղօթենք որ երախտապարտ հոգիով մը ընդունինք Աստուծոյ հրահանգները։ (Սաղմ. 27։4. 95։2) Ասիկա պիտի օգնէ որ գնահատենք մեր եղբայրներուն ջանքերը, որոնք անկատար ըլլալով հանդերձ, իր ժողովուրդին սորվեցնելու համար Եհովայի կողմէ գործածուելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տան։ Անիկա մեզ պիտի մղէ որ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնենք ո՛չ միայն մեր սորված նոր բաներուն համար, այլեւ նախապէս մեր սորված նիւթերուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնելու պատեհութեան համար։ Աստուծոյ կամքը լիարժէք կերպով կատարելու ցանկութիւն ունենալով, կ’աղօթենք. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, . . . միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։—Սաղմ. 86։11
Ձեր Ուշադրութիւնը Կեդրոնացուցէք
Ուշադրութեամբ մտիկ ընելու արգելքները շատ են։ Մեր միտքը մտահոգութիւններով խճողուած կրնայ ըլլալ։ Հանդիսականներուն, կամ ժողովատեղիին դուրսէն եկած աղմուկն ու շարժումները կրնան մեր միտքը ցրուել։ Ֆիզիքական անհանգստութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ չկարենանք կեդրոնանալ։ Փոքր երախաներ ունեցողները յաճախ չեն կրնար ուշադրութեամբ հետեւիլ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահենք յայտագրին վրայ։
Մեր ուշադրութիւնը ի՛նչ բանի վրայ կեդրոնացնելու մէջ մեծ դեր կը խաղան մեր աչքերը։ Կեդրոնացած մնալու համար, ձեր աչքերը դասախօսին վրայ սեւեռած պահեցէք։ Երբ ան Աստուածաշունչէն համար մը կը յիշէ, նոյնիսկ ծանօթ համար մը, բացէք զայն եւ մինչ կը կարդայ՝ հետեւեցէք անոր։ Իւրաքանչիւր ձայնի կամ շարժումի ուղղութեամբ ձեր գլուխը դարձնելու փորձութեան դէմ դրէք։ Երբ ձեր աչքերը ձեր միտքը կ’ողողեն ուշադրութիւնը շեղեցնող տեղեկութիւններով, բեմէն ըսուածէն շատ բան պիտի կորսնցնէք։
Եթէ որեւէ «հոգ» արգելք կը հանդիսանայ յայտագրին վրայ կեդրոնանալու, Եհովայի աղօթեցէք որ հարկ եղած մտքի ու սրտի հանդարտութիւնը տայ ձեզի, որպէսզի կարենաք ուշադրութիւն ընել։ (Սաղմ. 94։19. Փիլ. 4։6, 7) Եթէ հարկ ըլլայ, կրկին անգամ աղօթեցէք։ (Մատթ. 7։7, 8) Ժողովները Եհովայի կողմէ հայթայթուած են։ Վստա՛հ եղէք որ ան կ’ուզէ որ դուք օգտուիք անոնցմէ։—Ա. Յովհ. 5։14, 15
Դասախօսութիւնները Մտիկ Ըրէք
Հաւանաբար կրնաք յիշել կարգ մը հաճելի կէտեր, զորս լսած էք դասախօսութիւններու մէջ։ Սակայն, դասախօսութիւն մը մտիկ ընելը, միայն ուշագրաւ կէտեր հաւաքելէն աւելին է։ Դասախօսութիւն մը ճամբորդութեան կը նմանի։ Թէեւ ճամբու ընթացքին տեսարժան բաներ կան, բայց բուն նպատակակէտը՝ ձեր հասնելիք վայրն է։ Դասախօսը հաւանաբար կը փորձէ ունկնդիրները որոշ եզրակացութեան մը հասցնել, կամ զանոնք կարգ մը քայլեր առնելու մղել։
Նկատի առէք Իսրայէլ ազգին Յեսուի տուած ճառը, որ արձանագրուած է Յեսուայ 24։1-15–ի մէջ։ Իր նպատակակէտն էր մղել ժողովուրդը որ ճշմարիտ պաշտամունքին համար անխախտ դիրք մը բռնէր, ամբողջովին հեռանալով զինք շրջապատող ազգերուն կռապաշտութենէն։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր էր։ Սուտ պաշտամունքի տարածումը լրջօրէն կը սպառնար Եհովայի հետ ազգին ունեցած յարաբերութեան։ Ժողովուրդը ընդառաջեց Յեսուի աղերսին, ըսելով. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք. . . . մենք ալ Եհովան պիտի պաշտենք»։ Ա՛յսպէս ալ ըրին։—Յես. 24։16, 18, 31
Մինչ դասախօսութիւն մը կ’ունկնդրէք, փորձեցէք անոր բուն միտքը ըմբռնել։ Նկատի առէք որ դասախօսին վեր հանած կէտերը ի՛նչպէս կը նպաստեն այդ նպատակակէտին հասնելու։ Դուք ձեզի հարց տուէք թէ տեղեկութիւնը ձեզմէ ի՛նչ ընել կը պահանջէ։
Զրոյցներու Ընթացքին Մտիկ Ըրէք
Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը եւ Ծառայութեան Ժողովէն հատուածներ, տպագրուած սուրբ գրային նիւթեր են, որոնք հարց–պատասխանով կը վարուին։
Զրոյցի մը ընթացքին մտիկ ընելը, որոշ առումով՝ խօսակցութեան մը մասնակցելու նման է։ Լիովին օգտուելու համար, ուշադիր կերպով մտիկ ըրէք։ Նկատեցէք զրոյցին հետեւած ուղղութիւնը։ Նկատի առէք թէ վարիչը ի՛նչպէս կը շեշտէ բնաբանը եւ գլխաւոր կէտերը։ Ձեր մտքէն պատասխանեցէք իր հարցումներուն։ Մտիկ ըրէք, մինչ ուրիշներ կը բացատրեն ու կը կիրարկեն նիւթը։ Տեղեկութիւնը ուրիշներու տեսանկիւնէն դիտելը, ձեզի ծանօթ նիւթի մը մասին նոր հասկացողութիւն կու տայ։ Տեսակէտներու փոխանակման նպաստեցէք, հաւատքի ձեր անձնական արտայայտութիւնները ընելով։—Հռովմ. 1։12
Նշանակուած նիւթը կանխաւ ուսումնասիրելը ձեզի պիտի օգնէ որ զրոյցով կլանուիք եւ ուրիշներուն տուած մեկնութիւններուն հետեւիք։ Եթէ ձեր պարագան չի ներեր որ նիւթը լաւ կերպով ուսումնասիրէք, առնուազն քանի մը վայրկեան տրամադրեցէք, ժողովէն առաջ նիւթին վրայ աչք մը նետելու համար։ Ասիկա ընելով կատարուած զրոյցէն աւելի պիտի օգտուիք։
Համաժողովներու Ընթացքին Մտիկ Ըրէք
Համաժողովներուն՝ ուշադրութիւն ցրուող բաները հաւանաբար շատ աւելի են, քան ժողովքային հանդիպումներուն։ Ասիկա ա՛լ աւելի կրնայ դժուարացնել մտիկ ընելը։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի։
Գիշերը լաւ հանգիստ մը ունենալը կարեւոր ազդակներէն մէկն է։ Իւրաքանչիւր օր յայտագիրը սկսելէն առաջ, բնաբանը լաւ կերպով ձեր միտքը ունեցէք։ Իւրաքանչիւր դասախօսութեան խորագրին նայեցէք եւ փորձեցէք նախատեսել թէ ի՛նչ պիտի ներկայացուի։ Ձեր Աստուածաշունչը միշտ գործածեցէք։ Շատեր նկատած են որ գլխաւոր կէտերուն մասին հակիրճ նոթեր առնելը կ’օգնէ որ իրենց միտքը յայտագրին վրայ կեդրոնացած մնայ։ Նոթագրեցէք այն խրատները, զորս կը ծրագրէք ձեր անձնական կեանքին ու ծառայութեան մէջ կիրարկել։ Ամէն օր համաժողովի երթուդարձի ճամբուն վրայ քանի մը կէտերու մասին խօսակցեցէք։ Ասիկա տեղեկութիւնները ձեր միտքը պահելու պիտի նպաստէ։
Երախաները Մարզեցէք որ Մտիկ Ընեն
Քրիստոնեայ ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն՝ նոյնիսկ մանուկներուն՝ օգնել որ ‘իմաստուն ըլլան փրկուելու’, զանոնք իրենց հետ տանելով ժողովներու ու համաժողովներու։ (Բ. Տիմ. 3։15) Քանի որ երախաներուն տրամադրութիւնը եւ ուշադրութեան տեւողութիւնը տարբեր են, անոնց ուշադրութեամբ մտիկ ընել սորվեցնելը խորատեսութիւն կը պահանջէ։ Հետեւեալ թելադրութիւնները կրնաք օգտակար գտնել։
Տան մէջ, կարգադրութիւն ըրէք ձեր մատղաշ երախաներուն համար, որ երբեմն հանդարտ նստին եւ կարդան, կամ մեր քրիստոնէական գրականութիւններուն պատկերները դիտեն։ Ժողովներուն երախաները զբաղած պահելու համար խաղալիքներ մի՛ տաք անոնց։ Ինչպէս էր պարագան վաղեմի Իսրայէլի մէջ, այսօր ալ երախաները ներկայ են, «որպէս զի լսեն եւ սորվին»։ (Բ. Օր. 31։12) Կարգ մը ծնողներ, երբ յարմար է, նոյնիսկ նկատի առնուած գրականութիւններէն օրինակ մը կու տան իրենց շատ մատղաշ երախաներուն ձեռքը։ Երբ երախաները աւելի մեծնան, անոնց օգնեցէք որ ներկաներուն մասնակցութիւնը պահանջող յայտագիրներուն մէջ բաժին բերելու համար նախապատրաստուին։
Սուրբ Գիրքը սերտ յարակցութիւն մը ցոյց կու տայ Եհովայի մտիկ ընելու եւ հնազանդելու միջեւ։ Ասիկա կրնայ տեսնուիլ Իսրայէլ ազգին ուղղած Մովսէսի խօսքերէն. «Կեանքը եւ մահը, օրհնութիւնը եւ անէծքը ձեր առաջը դրի. Ուրեմն կեանքը ընտրիր . . . Քո Եհովայ Աստուծոյն սիրես՝ նորա ձայնին լսես եւ նորան յարես»։ (Բ. Օր. 30։19, 20, Արարատ) Ներկայիս, Եհովայի տուած ուսուցումին մտիկ ընելը եւ հլու կերպով զայն մեր կեանքին մէջ կիրարկելը անհրաժեշտ են Աստուծոյ հաճութեան ու յաւիտենական կեանքի օրհնութեան արժանանալու համար։ Ուստի, որքա՛ն կենսական է անսալ Յիսուսի խրատին՝ «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»։—Ղուկ. 8։18