Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2003) | Դեկտեմբեր
    • Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս

      1 Ի՞նչ բան կը միացնէ աւելի քան վեց միլիոն անհատներ, որոնք 234 երկիրներու կը պատկանին ու շուրջ 380 լեզուներ կը գործածեն։ Միայն Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքը։ (Միք. 2։12. 4։1-3) Եհովայի Վկաները փորձառաբար գիտեն թէ քրիստոնէական իսկական միութիւնը ներկայիս իրականութիւն մըն է։ Մեր «մէկ հովիւ»ին առաջնորդութեան ներքեւ «մէկ հօտ» ըլլալով, վճռած ենք այս աշխարհի պառակտիչ հոգիին դէմ դնել։—Յովհ. 10։16. Եփ. 2։2

      2 Աստուծոյ հաստատ նպատակն է որ բոլոր մտացի արարածները ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միանան։ (Յայտ. 5։13) Ասոր կարեւորութեան գիտակցելով, Յիսուս ջերմեռանդօրէն աղօթեց որ իր հետեւորդները միութեան մէջ ըլլան։ (Յովհ. 17։20, 21) Իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական ժողովքին միութեան նպաստել։

      3 Միութիւնը Ի՛նչպէս կ’Իրագործուի. Առանց Աստուծոյ Խօսքին ու հոգիին, քրիստոնէական միութիւնը անհասանելի պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացած բաները գործադրելով, թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ հոգին անարգել մեր կեանքին մէջ ներգործէ։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ ‘սուրբ հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահենք’։ (Եփ. 4։3) Անիկա մեզ կը մղէ որ սիրով իրարու համբերենք։ (Կող. 3։13, 14. Ա. Պետ. 4։8) Միութեան կը նպաստէ՞ք՝ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով։

      4 Քարոզելու եւ աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնն ալ մեզ կը միացնէ։ Երբ ուրիշներու հետ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցինք, ‘աւետարանին հաւատքին համար պատերազմակից ըլլալով’, ‘ճշմարտութեան գործակից կ’ըլլանք’։ (Փիլ. 1։27. Գ. Յովհ. 8) Մինչ ասիկա կ’ընենք, ժողովքին մէջ սիրոյ միութեան կապերը կ’ամրապնդուին։ Ինչո՞ւ չհրաւիրէք անհատ մը, որուն հետ վերջերս չէք ծառայած, որ այս շաբաթ միասին դաշտի ծառայութեան մասնակցիք։

      5 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ իսկական միջազգային եղբայրութեան մաս կը կազմենք։ (Ա. Պետ. 5։9) Վերջերս, «Աստուծոյ Փառք Տանք» բնաբանով Միջազգային Համաժողովներուն, հազարաւորներ այս աշխարհածաւալ միութեան ականատես եղան։ Իւրաքանչիւրս թող նպաստենք այս արժէքաւոր միութեան՝ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, թիւրիմացութիւնները սիրով լուծելով, եւ «միաբան» բարի լուրը քարոզելով։—Հռովմ. 15։6, ԱՎ

  • Արժանաւորները Փնտռենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2003) | Դեկտեմբեր
    • Արժանաւորները Փնտռենք

      1 Քարոզչութիւնը կատարելու համար Յիսուսի տուած հրահանգները մարտահրաւէր կը ներկայացնեն մեզի։ Ան ըսաւ. «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը»։ (Մատթ. 10։11) Որովհետեւ ներկայիս մարդիկ տան մէջ հետզհետէ աւելի քիչ ժամանակ կ’անցընեն, ի՞նչպէս կրնանք այս փնտռտուքը ազդուօրէն կատարել։

      2 Ձեր Թաղամասը Վերլուծեցէք. Նախ ձեր թաղամասը վերլուծեցէք։ Մարդիկ շատ հաւանաբար ե՞րբ տունը կը գտնուին։ Օրուան ընթացքին անոնք ո՞ւր կրնան ըլլալ։ Արդեօք շաբթուան մէջ որոշ օր մը կամ օրուան ընթացքին որոշ ժամ մը կա՞յ, երբ աւելի հաւանական է որ ընդունին ձեր այցելութիւնը։ Ձեր ծառայութիւնը տեղական թաղամասին մէջի մարդոց յայտագիրներուն ու պարագաներուն յարմարցնելը կրնայ ձեզի օգնել որ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգէք։—Ա. Կորն. 9։23, 26

      3 Բազմաթիւ հրատարակիչներ երեկոյեան կանուխ ժամերուն յաջողութիւն գտած են։ Տանտէրներէն ոմանք այդ ժամերուն աւելի հանգիստ եւ լսելու հակամէտ են։ Երբ ձմրան ամիսներուն արեւը կանուխ մար կը մտնէ, երեկոները հեռաձայնով վկայելը (հոն ուր արտօնելի է) կրնայ ազդու ըլլալ։ Առեւտրական թաղամասերու մէջ քարոզելը եւ հանրային վայրերու մէջ վկայելն ալ բարի լուրը մարդոց հասցնելու կերպեր են։

      4 Մասնայատուկ գործունէութեան ամսուան մը ընթացքին, ժողովք մը վկայութեան կարգադրութիւններ ըրաւ՝ Շաբաթ ու Կիրակի օրերը ուշ յետմիջօրէին, իսկ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը երեկոյեան։ Անոնք նաեւ հեռաձայնով վկայելու եւ առեւտրական թաղամասերու մէջ քարոզելու կարգադրութիւններ ըրին։ Այս կարգադրութիւնները ծառայութեան հանդէպ ա՛յնքան շատ խանդավառութիւն ստեղծեցին, որ ժողովքը որոշեց նոյն կերպով շարունակել։

      5 Փութաջանութեամբ Վերադարձէք. Եթէ ձեր թաղամասին մէջ վերայցելութեան ատեն մարդիկը տունը գտնելը դժուար է, փորձեցէք իւրաքանչիւր այցելութեան վերջաւորութեան հաստատ ժամադրութիւն մը առնել, նոյնիսկ՝ առաջին հանդիպումին։ Ապա ժամադրութիւնը յարգեցէք։ (Մատթ. 5։37) Եթէ յարմար է, կրնաք տանտիրոջ հեռաձայնի թիւը ուզել։ Ասիկա ալ կ’օգնէ որ անհատին հետ դարձեալ կապ պահէք։

      6 Եհովա վստահաբար պիտի օրհնէ մեր ժրաջան ջանքերը արժանաւորները գտնելու եւ անոնց հետաքրքրութիւնը մշակելու համար։—Առ. 21։5

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել