Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի Տանք Մեր Լաւագոյնը
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Ապրիլ
    • Եհովայի Տանք Մեր Լաւագոյնը

      1 Իսրայէլի տրուած Եհովայի Օրէնքը շեշտակի նշեց թէ իրեն ներկայացուած անասնական զոհերը պէտք էր «անարատ» ըլլային։ Արատաւոր անասունը ընդունելի չէր։ (Ղեւտ. 22։18-20. Մաղ. 1։6-9) Ասկէ զատ, մատուցուած զոհին բոլոր ճարպը՝ լաւագոյն մասը՝ Եհովայի կը պատկանէր։ (Ղեւտ. 3։14-16) Իսրայէլի Հայրը եւ Մեծ Տէրը ըլլալով, Եհովա լաւագոյնին արժանի էր։

      2 Ինչպէս որ էր պարագան վաղեմի ժամանակներուն, Աստուած խորապէս հետաքրքրուած է մեր ընծաներուն որակով։ Մեր ծառայութիւնը Եհովայի հանդէպ պատշաճ ակնածանք պէտք է արտացոլացնէ։ Անշուշտ պարագաները անհատէ անհատ կը տարբերին։ Այսուհանդերձ լաւ պատճառ ունինք մեր անձը մանրակրկիտ քննելու, վստահ ըլլալու համար որ իրեն կու տանք մեր լաւագոյնը։—Եփ. 5։10

      3 Սրտագին Ծառայութիւն. Մեր ծառայութիւնը Եհովան պատուելու ու մեր ունկնդիրներուն սիրտին դպչելու համար, անփոյթ պէտք չէ ըլլայ։ Մեր Աստուծոյն ու իր հոյակապ նպատակներուն մասին մեր արտայայտութիւնները, գնահատութեամբ յորդած սիրտէ պէտք է բխին։ (Սաղմ. 145։7) Ասիկա ցցուն կ’ընէ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան լաւ յայտագիր մը պահպանելու կարեւորութիւնը։—Առ. 15։28

      4 Մեր լաւագոյնը Եհովայի տալը նաեւ կը պարփակէ մարդոց հանդէպ իր սէրը ընդօրինակել։ (Եփ. 5։1, 2) Այս սէրը մեզ պիտի մղէ որ ջանանք ճշմարտութեան կենսատու պատգամը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնել։ (Մար. 6։34) Անիկա մեզ կը մղէ որ մեր խօսած անհատներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք, անոնց մասին մտածենք առաջին հանդիպումէն ետք, եւ շուտով վերադառնանք։ Անիկա մեզ կը դրդէ մեր կարելին ընելու, անոնց օգնելու որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։—Գործք 20։24. 26։28, 29

      5 «Գովաբանութեան Զոհ». Ծառայութեան մէջ ժրաջան ըլլալը այլ կերպ մըն է, որով Եհովայի կու տանք մեր լաւագոյնը։ Երբ լաւ կազմակերպուած ենք եւ ծառայութեան վրայ կեդրոնացած ենք, մատչելի ժամանակին մէջ շատ բան կրնանք իրագործել։ (Ա. Տիմ. 4։10) Լաւ նախապատրաստութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ որ յստակ ու համոզումով խօսինք, դրական ընդառաջում գտնելու հաւանականութիւնը աւելցնելով։ (Առ. 16։21) Մինչ բարի լուրը կը բաժնենք ուրիշներու հետ, մեր սրտագին արտայայտութիւնները կրնան ճշգրտօրէն կոչուիլ «գովաբանութեան զոհ»։—Եբր. 13։15, ԱՎ

  • Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքը Կարդացէք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Ապրիլ
    • Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքը Կարդացէք

      1 Պատանեկութիւնը մարտահրաւէրներու ու լուրջ որոշումներու ժամանակաշրջան է։ Քրիստոնեայ պատանինե՛ր, ձեզմէ շատեր ամէն օր ճնշումի կ’ենթարկուին որ Աստուծոյ դրած վարքի չափանիշները բեկանեն։ Երբ սկսիք ուսման, աշխատանքի եւ ամուսնութեան նկատմամբ ձեր անձնական որոշումները կայացնել, արդէն իսկ ձեր հոգեւոր նպատակակէտերը դրած պէտք է ըլլաք։ Միայն այդ կերպով կրնաք այլ որոշումներ կայացնել, որոնք ձեր բարօրութեան պիտի նպաստեն ձեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան։ Մասնայատուկ հոգեւոր նպատակակէտերը կ’օգնեն որ իմաստութեամբ գործէք ու յաջողութիւն գտնէք։ Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, պիտի մղուիք ներշնչեալ խրատներուն համաձայն ապրելու, եւ ձեր պատշաճ ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին։—Յես. 1։8. Սաղմ. 1։2, 3

      2 Անիկա Ի՞նչպէս Ձեզի Օգտակար Պիտի Ըլլայ. Սատանայի աշխարհը շատ մը հրապոյրներով կը քաջալերէ յանցագործութիւնը։ (Ա. Յովհ. 2։15, 16) Թերեւս կը ճանչնաք դասընկերներ կամ այլ տարեկիցներ, որոնք շրջապատի ճնշումին տեղի տալով աղէտի հանդիպած են։ Աստուածաշունչի խրատին կառչիլը ձեզի պիտի տայ բարոյական ու հոգեւոր զօրութիւն, որ մերժէք մեղաւոր ընթացքը։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքին խրատները կրնան ձեզի օգնել Սատանայի խորամանկ թակարդներէն խուսափելու։ (Բ. Կորն. 2։11. Եբր. 5։14) Աստուծոյ ուղիներուն մէջ քալելը ձեզի պիտի տայ իսկական երջանկութիւն, գոհունակ ըլլալով ձեր ընթացքին համար։—Սաղմ. 119։1, 9, 11

      3 Աստուծոյ Խօսքին անփոփոխ սկզբունքները կը գերազանցեն մարդկային իմաստութիւնը։ (Սաղմ. 119։98-100) Աստուածաշունչի սկզբունքներուն քաջածանօթ ըլլալը, Եհովայի յայտնուած նպատակներուն մասին խոկալը եւ սրտագին աղօթքները, կրնան ձեզի օգնել սերտ յարաբերութիւն մը կերտելու Աստուածաշունչի ամէնիմաստուն Հեղինակին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ։ Ան կը խոստանայ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։—Սաղմ. 32։8

      4 Զայն Կարդալու Համար Ժամանակ Յատկացուցէք. Քրիստոնեայ պատանուհի մը նպատակակէտ դրաւ որ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդայ, եւ մէկ տարուան մէջ զայն ամբողջացուց։ Ան ի՞նչպէս օգտուեցաւ։ Ան կը մտաբերէ. «Եհովայի մասին շա՜տ բաներ սորվեցայ, որոնք զիս իրեն մօտեցուցին եւ մղեցին որ փափաքիմ իրմէ վախնալ կեանքիս մնացեալ օրերուն»։ (Յակ. 4։8) Ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացա՞ծ էք։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ նպատակ չդնէք զայն կարդալու։ Եհովա վստահաբար պիտի օրհնէ ձեր ջանքերը եւ մեծ վարձատրութիւններ պիտի քաղէք։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել