Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Համբերատարութիւնը Վարձահատոյց Է
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Օգոստոս
    • Համբերատարութիւնը Վարձահատոյց Է

      1 «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ (Ղուկ. 21։19) Այս խօսքը, որ «աշխարհիս վերջին» մասին Յիսուսի տուած մարգարէութեան մաս կը կազմէ, յստակ կը դարձնէ թէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու համար, բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւելու պատրաստ պէտք է ըլլանք։ Բայց Եհովայի զօրութեամբ, իւրաքանչիւրս կրնանք ‘տոկալ մինչեւ վախճանը’ ու ‘փրկուիլ’։—Մատթ. 24։3, 13, ԱՎ. Փիլ. 4։13

      2 Հալածանքը, առողջապահական խնդիրները, դրամական դժուարութիւններն ու զգացական նեղութիւնները կրնան իւրաքանչիւր օր ճնշիչ դարձնել։ Սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք որ Սատանան կը ջանայ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել։ Իւրաքանչիւր օր որ մեր Հօր հաւատարիմ կը մնանք, բաժին կը բերենք Անարգողին կարդացած ասպարէզին պատասխան տալու մէջ։ Ի՜նչ վարձահատոյց է գիտնալ թէ փորձութեան ներքեւ մեր թափած «արցունքներ»ը չեն մոռցուիր։ Անոնք Եհովայի աչքին թանկագին են, եւ մեր ուղղամտութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։—Սաղմ. 56։8. Առ. 27։11

      3 Փորձութիւններով Զտուած. Տառապանքը կրնայ հաւատքի տկարութիւն կամ անձնաւորութեան թերութիւն մը երեւան հանել, ինչպէս՝ հպարտութիւն կամ նեղսրտութիւն։ Փոխանակ փորձութիւններէն խոյս տալու կամ անաստուածաշնչական կերպերով անոնց վերջ դնելու, Աստուծոյ Խօսքին խրատին պէտք է անսանք, թոյլ տալով որ ‘համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն ունենայ’։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ հաւատարմօրէն փորձութիւններուն տոկալը մեզի կ’օգնէ որ ‘կատարեալ ու ամբողջ ըլլանք’։ (Յակ. 1։2-4) Համբերատարութիւնը կրնայ մեզի օգնել թանկարժէք յատկութիւններ մշակելու, ինչպէս՝ բանաւորութիւն, կարեկցութիւն եւ ողորմութիւն։—Հռովմ. 12։15

      4 Հաւատքին Փորձուած Որակը. Երբ փորձութիւններու տոկանք, մեր հաւատքը փորձուած որակ կը ստանայ, որ Աստուծոյ աչքին մեծ արժէք ունի։ (Ա. Պետ. 1։6, 7, ՆԱ) Այս հաւատքը մեզ կը սպառազինէ որ ապագայ փորձութիւններու ներքեւ հաստատ մնանք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելով մեր յոյսը կը զօրանայ ու աւելի իրական կը դառնայ։—Հռովմ. 5։3-5

      5 Համբերատարութեան լաւագոյն վարձատրութիւնը նշուած է Յակոբու 1։12–ի մէջ (ԱՎ). «Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը»։ Ուստի Եհովայի կատարած մեր նուիրումին մէջ անխախտ մնանք, վստահ ըլլալով որ ան առատօրէն պիտի վարձատրէ «զինք սիրողներ»ը։

  • Մաս 2. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Օգոստոս
    • Մաս 2. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք

      Ուսումնասիրութիւնը Վարելու Նախապատրաստուիլ

      1 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին ազդուօրէն սորվեցնելը, նիւթը նկատի առնելէն ու նշուած համարները բանալէն աւելին կը պարփակէ։ Տեղեկութիւնները պէտք է ներկայացնենք աշակերտին սիրտին դպչող կերպով։ Ասիկա կը պահանջէ լիակատար պատրաստութիւն, ի մտի ունենալով աշակերտը։—Առ. 15։28

      2 Ի՛նչպէս Նախապատրաստուիլ. Նախ Եհովայի աղօթէ անհատին ու անոր կարիքներուն մասին։ Եհովայէ խնդրէ որ քեզի օգնէ աշակերտին սիրտին հասնելու։ (Կող. 1։9, 10) Բնաբանը միտքիդ մէջ յստակ ըլլալու համար, աչքէ անցուր դասին խորագիրը, ենթագլուխները եւ պատկերները։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Նիւթին գլխաւոր նպատակը ի՞նչ է’։ Ասիկա պիտի օգնէ քեզի որ ուսումնասիրութիւնը վարելու ատեն գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանաս։

      3 Ուշադրութեամբ նիւթը աչքէ անցուր, պարբերութիւն առ պարբերութիւն։ Տպուած հարցումներուն պատասխանները ստուգէ, բանալի բառերն ու արտայայտութիւնները ընդգծելով։ Վերլուծէ թէ նշուած համարները ի՛նչպէս կապ ունին պարբերութեան գլխաւոր կէտին հետ, եւ որոշէ ո՛ր համարները կարդալ ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Կրնաս հակիրճ նոթեր գրել գրականութեան լուսանցքին մէջ։ Աշակերտը յստակօրէն պէտք է տեսնէ թէ իր սորվածը Աստուծոյ Խօսքէն է։—Ա. Թես. 2։13

      4 Դասը Յարմարցուր Աշակերտին Կարիքներուն. Ապա, դասը նկատի առ՝ աշակերտդ ի մտի ունենալով։ Փորձէ անոր հարցումները նախատեսել, նաեւ՝ այն կէտերը որ կրնայ դժուարաւ ըմբռնել կամ ընդունիլ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Ան հոգեւորապէս յառաջդիմելու համար, ի՞նչ բան հասկնալու կամ բարելաւելու կարիք ունի։ Ի՞նչպէս կրնամ անոր սիրտին հասնիլ’։ Ապա ուսուցումդ յարմարցուր։ Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ օրինակ մը, բացատրութիւն մը կամ շարք մը հարցումներ պատրաստես, աշակերտին օգնելու որ որոշ կէտի մը կամ համարի մը իմաստը ըմբռնէ։ (Նէեմ. 8։8) Բայց յաւելեալ տեղեկութիւններ մի՛ ներմուծեր, որոնք բնաբանին շատ չեն նպաստեր։ Ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան համառօտ վերաքաղ մը ընելը պիտի օգնէ աշակերտին որ գլխաւոր կէտերը վերյիշէ։

      5 Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ նորեկներ Եհովայի փառքին համար արդարութեան պտուղներ արտադրեն։ (Փիլ. 1։11) Անոնց օգնելու որ այս նպատակակէտին հասնին, լա՛ւ նախապատրաստուիր ամէն անգամ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարես։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել