-
Ուրիշներու պարտական ենքԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յուլիս
-
-
Ուրիշներու պարտական ենք
1 Պօղոս առաքեալ մարդոց քարոզելու պարտաւոր զգաց։ Ան գիտէր թէ Եհովա կարելի դարձուցած էր որ ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին, Իր Որդիին թանկագին արիւնին միջոցով։ (Ա. Տիմ. 2։3-6) Հետեւաբար Պօղոս ըսաւ. «Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ»։ Ան սրտանց ու անխոնջօրէն ջանաց իր պարտքը վճարել մարդոց, բարի լուրը բաժնելով անոնց հետ։—Հռովմ. 1։14, 15
2 Պօղոսի նման, այսօր Քրիստոնեաները կը ջանան ամէն առիթով բարի լուրը իրենց դրացիներուն հետ բաժնել։ Որովհետեւ «մեծ նեղութիւն»ը արագօրէն կը մօտենայ, հրատապ է որ պարկեշտամիտ անհատները գտնենք։ Մարդոց հանդէպ հարազատ սէրէ մղուած, թող այս փրկարար գործին մէջ ժրաջան ըլլանք։—Մատթ. 24։21. Եզեկ. 33։8
3 Մեր պարտքը վճարել. Դռնէ դուռ քարոզելը մարդոց հասնելու գլխաւոր կերպն է։ Այն թաղամասերուն մէջ, ուր մարդիկ յաճախ տունը չեն գտնուիր, ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահելը եւ տարբեր ժամանակ վերադառնալը պիտի օգնեն մեզի որ աւելի շատ անհատներու հետ շփման մէջ գանք։ (Ա. Կորն. 10։33) Կրնանք նաեւ վկայել առեւտրական շրջանի մէջ, փողոցը, զբօսավայրերու ու կառատուներու մէջ, եւ հեռախօսով։ Մենք մեզի կրնանք հարց տալ. ‘Կեանքի պատգամը հաղորդելու համար, քարոզչութեան բոլո՛ր միջոցները լիովին կը գործածե՞մ’։—Մատթ. 10։11
4 Ռահվիրայ քոյր մը իր թաղամասին մէջ բոլո՛ր մարդոց հասնելու լուրջ պատասխանատուութիւն զգաց։ Տան մը պատուհաններուն լուսարգելները միշտ գոց էին, եւ ան երբեք մէկը չգտաւ հոն։ Սակայն օր մը, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ չէր, ռահվիրան նկատեց ինքնաշարժ մը այդ տան առջեւ։ Չուզելով առիթը փախցնել, ան դրան զանգը զարկաւ։ Տղամարդ մը բացաւ դուռը, եւ առաջին խօսակցութիւնը ճամբան հարթեց որ քոյրն ու իր ամուսինը մի քանի վերայցելութիւններ ընեն։ Ի վերջոյ, անհատը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, եւ այժմ մկրտուած եղբայր է։ Ան երախտապարտ է որ այս քոյրը զգաց թէ ուրիշներուն պարտական էր եւ անոնց քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունէր։
5 Ժամանակը վերջանալու վրայ ըլլալով, հիմա՛ է ժամանակը որ մարդոց վճարենք մեր պարտքը, քարոզչութեան ջանադրութեամբ մասնակցելով։—Բ. Կորն. 6։1, 2
-
-
Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենքԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յուլիս
-
-
Մաս 11. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտներուն օգնել վերայցելութիւններ ընելու
1 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտ մը սկսի քարոզչութեան մասնակցիլ, բարի լուրին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատներու պիտի հանդիպի։ Ի՞նչպէս կրնանք նոր հրատարակիչին օգնել որ ազդու վերայցելութիւններ ընէ եւ իր գտած հետաքրքրութիւնը մշակէ։
2 Վերայցելութեան նախապատրաստուիլը կը սկսի առաջին հանդիպումին։ Աշակերտը քաջալերէ որ իր խօսած անհատներով անկեղծօրէն հետաքրքրուի։ (Փիլ. 2։4) Աստիճանաբար զինք մարզէ որ մարդոց թոյլ տայ որ իրենց գաղափարները արտայայտեն, անոնց ըսածները մտիկ ընէ եւ զիրենք հետաքրքրող բաներուն ուշադրութիւն ընծայէ։ Երբ անհատ մը հետաքրքրուի, նորեկ հրատարակիչէն խնդրէ որ հանդիպումին յարակից տեղեկութիւնները նոթագրէ։ Այդ տեղեկութիւններուն հիման վրայ օգնէ անոր որ ծրագրէ յաւելեալ խօսակցութեան նիւթեր։
3 Վերայցելութեան նախապատրաստուիլ. Առաջին հանդիպումը վերլուծէ եւ աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ Թագաւորութեան պատգամին մէկ երեսակը ընտրել, որ տանտիրոջ սիրտին պիտի խօսի։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Միասնաբար պատրաստեցէք համառօտ ներկայացում մը, որ աչքառու կը դարձնէ համար մը եւ ուսումնասիրութեան գրականութեան մէկ պարբերութիւնը։ Ասկէ զատ, պատրաստեցէք հարցում մը որ կարելի է ուղղել այցելութեան աւարտին, ճամբան հարթելով յաջորդ այցելութեան։ Նոր հրատարակիչին ցոյց տուր թէ իւրաքանչիւր այցելութեան ի՛նչպէս կրնայ Աստուծոյ Խօսքին մասին անհատին գիտութիւնը աւելցնել։
4 Նաեւ օգտակար է աշակերտին պարզ բացում մը սորվեցնել։ Տանտէրը բարեւելէ ետք, ան կրնայ ըսել. «Մեր նախորդ խօսակցութիւնը հաճելի էր, իսկ ետ եկած եմ որ Աստուածաշունչէն յաւելեալ տեղեկութիւններ տամ [նիւթը յիշէ]»։ Նոր հրատարակիչին նաեւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս ընդառաջէ եթէ ուրիշ անհատ մը դուռը բանայ։
5 Փութաջանութեամբ հետապնդել. Աշակերտը քաջալերէ որ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատներուն փութով վերադառնալու մէջ լաւ օրինակ հանդիսանայ։ Մարդիկ տունը գտնելը կրնայ պահանջել որ այցելելու մէջ յարատեւենք։ Աշակերտին սորվեցուր թէ վերայցելութիւններ ընելու համար ի՛նչպէս կրնայ ժամադրութիւն տալ, եւ անոր օգնէ հասկնալու թէ իր խոստումը պէտք է յարգէ։ (Մատթ. 5։37) Նոր հրատարակիչը մարզէ որ ազնիւ, փափկանկատ եւ յարգալից ըլլայ, մինչ ոչխարանման անհատները կը փնտռէ եւ անոնց հետաքրքրութիւնը կը մշակէ։—Տիտ. 3։2
-