-
Թագաւորութեան քարոզչութիւնը թանկագին առանձնաշնորհում մըն էԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Օգոստոս
-
-
Թագաւորութեան քարոզչութիւնը թանկագին առանձնաշնորհում մըն է
1 Երկրի միլիառաւոր բնակիչները ամէն օր կ’օգտուին կեանքը պահելու Եհովայի ըրած բազմաթիւ հայթայթումներէն։ (Մատթ. 5։45) Սակայն շատ քիչեր իրենց Ստեղծիչին գնահատութիւն ցուցաբերելու եզական առանձնաշնորհումը կը վայելեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով։ (Մատթ. 24։14) Այս թանկագին առանձնաշնորհումը որքա՞ն կ’արժեւորես։
2 Թագաւորութեան քարոզչութիւնը Աստուած կը պատուէ եւ ներկայ խռովալից ժամանակներուն պատճառով ընկճուած մարդոց յոյս ու խաղաղութիւն կը բերէ։ (Եբր. 13։15) Իսկ պատգամին ընդառաջողներուն, անիկա յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ (Յովհ. 17։3) Աշխարհային ո՞ր ասպարէզը կամ մտարուեստը այսպիսի օգուտներ կը ներկայացնէ։ Պօղոս առաքեալ ծառայութեան հանդէպ իր գնահատութիւնը ցոյց տուաւ՝ այն կերպով որ զայն կատարեց։ Ան ծառայութիւնը գանձ նկատեց։—Գործք 20։20, 21, 24. Բ. Կորն. 4։1, 7
3 Մեր թանկագին առանձնաշնորհումը արժեւորենք. Քարոզելու մեր առանձնաշնորհումը գնահատելու կերպերէն մէկն է՝ մեր ծառայութեան որակին ուշադրութիւն ընծայել։ Մեր ունկնդիրներուն սիրտին դպչող ներկայացում մը պատրաստելու համար ժամանակ կը յատկացնե՞նք։ Սուրբ Գրութիւնները գործածելու եւ մարդոց հետ պատճառաբանելու մեր հմտութիւնը կը բարելաւե՞նք։ Մեզի նշանակուած թաղամասը լիովին կը ծածկե՞նք։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կրնա՞նք հաստատել ու վարել։ Վաղեմի եւ այժմու հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն նման, այս գործունէութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտը մեզ կը խթանէ, եւ մեր առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք։—Մատթ. 25։14-23
4 Եթէ յառաջացած տարիքը, վատ առողջութիւնը կամ այլ դժուար պարագաներ կը սահմանափակեն մեր գործունէութիւնը, մխիթարական է գիտնալ թէ ծառայութեան մասնակցելու մեր նախանձախնդիր ջանքերը մեծապէս արժեւորուած են։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա իրեն ծառայելու այս ջանքերը կը գնահատէ, նոյնիսկ եթէ ուրիշներու աչքին տպաւորիչ չեն։—Ղուկ. 21։1-4
5 Թագաւորութեան քարոզչութիւնը խոր գոհունակութեան աղբիւր է։ 92 տարեկան քոյր մը ըսաւ. «Ի՜նչ առանձնաշնորհում է՝ 80 տարուան նուիրուած ծառայութեան վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետել առա՛նց ափսոսալու։ Եթէ կարենայի անգամ մը եւս ապրիլ, միեւնոյն կերպով պիտի ապրէի, քանի որ իրապէս ‘Աստուծոյ ողորմութիւնը կեանքէն աղէկ է’»։ (Սաղմ. 63։3) Թող մենք ալ արժեւորենք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած այս թանկագին առանձնաշնորհումը,– Թագաւորութեան քարոզչութիւնը։
-
-
Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենքԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Օգոստոս
-
-
Մաս 12. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտներուն օգնել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատեն ու վարեն
1 Երբ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները դաշտի ծառայութեան սկսին մասնակցիլ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու եւ վարելու խորհուրդը կրնայ զիրենք վախցնել։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ մեր ծառայութեան այս էական երեսակին հանդէպ դրական կեցուածք մշակեն։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20
2 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակեալ կը դառնայ, հաւանաբար արդէն լիովին կ’օգտուի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն։ Աշակերտական բաժիններ պատրաստելով եւ ներկայացնելով, ան աշակերտելու հարկ եղած հմտութիւնները կը մշակէ, «ըլլալով այնպիսի գործաւոր մը՝ որ պիտի չամչնայ, շիտակ բացատրելով ճշմարտութեան խօսքը»։—Բ. Տիմ. 2։15, ԱՎ
3 Օրինակովդ սորվեցուր. Յիսուս իր աշակերտները մարզեց՝ յստակ հրահանգներ տալով եւ ընտիր օրինակ հանդիսանալով։ Ան ըսաւ. «Ամէն կատարեալ աշակերտ՝ իր վարդապետին պէս պիտի ըլլալ»։ (Ղուկ. 6։40, ԱՎ) Կենսական է որ Յիսուսի քայլերուն հետեւիս, ծառայութեանդ մէջ պատշաճ օրինակ հանդիսանալով։ Աշակերտդ ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւնդ նկատելով, պիտի ըմբռնէ թէ վերայցելութիւններ ընելու նպատակն է՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
4 Անոր բացատրէ թէ երբ ուսումնասիրութիւն մը կ’առաջարկենք, ընդհանրապէս անհրաժեշտ չէ որ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրենք։ Յաճախ լաւագոյն կերպն է ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել, ուսումնասիրութեան գրականութենէն մէկ կամ երկու պարբերութիւն գործածելով։ Ասոր վերաբերեալ օգտալից թելադրութիւններ տրուած են 8–րդ էջին մէջ, եւ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 6–րդ էջին մէջ։
5 Երբ յարմար է, աշակերտը հրաւիրէ որ քեզի հետ կամ ուրիշ փորձառու հրատարակիչի մը հետ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ներկայ գտնուի։ Ան կրնայ պարբերութեան մը կամ գլխաւոր համարի մը մասին մեկնաբանել։ Ան դիտումով շատ բան պիտի սորվի Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու մասին։ (Առ. 27։17. Բ. Տիմ. 2։2) Զինք գովէ, եւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ բարելաւուիլ։
6 Նոր հրատարակիչները մարզելը որ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչները ըլլան, զիրենք պիտի պատրաստէ ուսումնասիրութիւններ հաստատելու եւ վարելու «բարի գործ»ին համար։ (Բ. Տիմ. 3։17) Ի՜նչ գոհունակութիւն է անոնց հետ ուս–ուսի ծառայել, ուրիշներուն սա սիրալիր հրաւէրը տալով. «Ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։—Յայտ. 22։17
-