Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Օգնութեանդ Կարիք Կայ
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Դեկտեմբեր
    • Օգնութեանդ Կարիք Կայ

      1 «Շնորհակալ եմ մեզի ի նպաստ ձեր ըրած բոլոր բաներուն համար։ Ձեր աշխատանքը իրապէս կ’օգտէ մեզի»։ Այս խօսքը լաւ կ’արտայայտէ մեր երախտագիտութիւնը մեր երէցներուն ու օգնական ծառաներուն հանդէպ։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը աւելի ընդարձակուելով, յարատեւ կարիք կայ հասուն տղամարդոց, որ շուրջ 100,000 ժողովքներուն մէջ ծառայեն։ Եթէ մկրտուած եղբայր մըն ես, օգնութեանդ կարիք կայ։

      2 ‘Ձգտիլ’. Ի՞նչպէս կրնաս ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներու ձգտիլ։ (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ) Հիմնական կերպը այն է որ կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ ընտիր օրինակ հանդիսանաս։ (Ա. Տիմ. 4։12. Տիտ. 2։6-8. Ա. Պետ. 5։3) Քարոզչութեան լման կերպով մասնակցիր, եւ ուրիշներուն օգնէ նոյնը ընելու։ (Բ. Տիմ. 4։5) Հաւատակիցներուն բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուէ։ (Հռովմ. 12։13) Աստուծոյ Խօսքին ժրաջան աշակերտ մը եղիր, եւ «սորվեցնելու արուեստը» զարգացուր։ (Տիտ. 1։9, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։13) Երէցներուն կողմէ քեզի տրուած նշանակումները ջանադրութեամբ կատարէ։ (Ա. Տիմ. 3։10) Եթէ ընտանիքի գլուխ ես, ‘տանդ աղէկ վերակացութիւն ըրէ’։—Ա. Տիմ. 3։4, 5, 12

      3 Իբր օգնական ծառայ կամ երէց ծառայելը, ծանր աշխատանք եւ անձնազոհութեան հոգի կը պահանջէ։ (Ա. Տիմ. 5։17) Ուստի, թող ձգտումդ պարփակէ կեդրոնանալ խոնարհաբար ուրիշներու ծառայելու վրայ։ (Մատթ. 20։25-28. Յովհ. 13։3-5, 12-17) Տիմոթէոսի մտավիճակին մասին խոկա՛ ու ջանա՛ զայն ընդօրինակել։ (Փիլ. 2։20-22) Անոր նման, թող լաւ վարքդ քեզ յանձնարարէ։ (Գործք 16։1, 2) «Քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի [պիտի] ըլլայ», մինչ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ստանձնելու համար հարկ եղած հոգեւոր յատկութիւնները կը մշակես եւ բարելաւման նպաստող քեզի տրուած ամէն խրատ կը կիրարկես։—Ա. Տիմ. 4։15

      4 Ծնողնե՛ր, Դեռատիները Մարզեցէք որ Օգնեն. Երախաները կրնան փոքր տարիքէն սորվիլ ուրիշներուն օգնել։ Զանոնք մարզեցէք որ ժողովներուն մտացիր չըլլան, քարոզեն եւ օրինակելի բարք ունենան Թագաւորութեան Սրահին ու դպրոցին մէջ։ Անոնց օգնեցէք որ ուրիշներուն օգնելու մէջ հաճոյք գտնեն, ինչպէս՝ Թագաւորութեան Սրահի մաքրութեան մասնակցիլ, տարեցներուն աջակցիլ, եւայլն։ Անոնց թոյլ տուէք որ տալէն յառաջ եկած երջանկութիւնը վայելեն։ (Գործք 20։35) Այս մարզումով անոնք կրնան ապագային ռահվիրաներ, օգնական ծառաներ ու երէցներ ըլլալ։

  • Մաս 4. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2004) | Դեկտեմբեր
    • Մաս 4. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք

      Աշակերտները Մարզել որ Նախապատրաստուին

      1 Այն աշակերտը որ դասը նախապէս կը կարդայ, պատասխանները կ’ընդգծէ, եւ կը մտածէ թէ ի՛նչպէս կրնայ իր բառերով պատասխանել, սովորաբար հոգեւոր արագ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Հետեւաբար, երբ կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, դաս մը միասնաբար պատրաստելով, աշակերտին սորվեցուր մեթոտը։ Նախընտրելի է ամբո՛ղջ դասը կամ գլուխը միասին պատրաստել։

      2 Ընդգծել եւ Նոթագրել. Աշակերտին բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնայ տպուած հարցումներուն ուղղակի պատասխանները գտնել։ Ան թող տեսնէ գրականութեանդ մէջ թէ ի՛նչպէս ընդգծած ես միայն գլխաւոր բառերը կամ արտայայտութիւնները։ Մինչ նիւթը նկատի կ’առնես, թերեւս օրինակիդ հետեւի, իր գրականութեան մէջ ընդգծելով միայն ի՛նչ որ պատասխանը յիշելու կ’օգնէ։ (Ղուկ. 6։40) Ապա խնդրէ որ իր բառերով պատասխանէ։ Այսպէս կը զատորոշես թէ ան ի՛նչ տարողութեամբ նիւթը կը հասկնայ։

      3 Չմէջբերուած համարները ուշադրութեամբ քննելը, նախապատրաստութեան կարեւոր մէկ մասն է։ (Գործք 17։11) Աշակերտին օգնէ տեսնելու թէ նշուած իւրաքանչիւր համար, պարբերութեան յիշած մէկ կէտին թիկունք կը կանգնի։ Անոր ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ իր գրականութեան լուսանցքին մէջ համառօտ նոթեր գրել։ Միշտ շեշտէ որ իր սորված բաներուն հիմը Աստուածաշունչն է։ Զինք քաջալերէ որ ուսումնասիրութեան ընթացքին իր պատասխաններուն մէջ յաճախ գործածէ նշուած համարները։

      4 Հարեւանցի Աչք մը Նետել եւ Վերաքաղ Ընել. Աշակերտը ուսումնասիրութեան նիւթը մանրամասնօրէն պատրաստելէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ նիւթին մասին ընդհանուր գաղափար մը առնէ։ Անոր ցոյց տուր թէ կրնայ աչքէ անցընել դասին խորագիրը, ենթագլուխներն ու պատկերները։ Բացատրէ թէ նախապատրաստութեան աւարտին, օգտակար է դասին գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ընելը, թերեւս վերաքաղի շրջանակը գործածելով։ Այս կրկնումը կ’օգնէ որ տեղեկութիւնները իր միտքը պահէ։

      5 Աշակերտը մարզելով որ իր ուսումնասիրութիւնը լաւ պատրաստէ, ան պիտի կարենայ ժողովքային հանդիպումներուն իմաստալից մեկնաբանութիւններ տալ։ Ան նաեւ պիտի զարգացնէ ուսումնասիրութեան սովորութիւններ, որոնք յարատեւաբար իրեն օգտակար պիտի ըլլան։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել