Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ‘Հաւատքին Խօսքերով Սնանինք’
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յունուար
    • ‘Հաւատքին Խօսքերով Սնանինք’

      1 Աստուածպաշտութեան հետամուտ ըլլալը անխոնջ ջանք կը պահանջէ։ (Ա. Տիմ. 4։7-10) Եթէ փորձենք մեր զօրութեան ապաւինելով այս ընթացքին հետեւիլ, շուտով ուժասպառ կ’ըլլանք։ (Եսայ. 40։29-31) ‘Հաւատքին խօսքերով սնանիլը’ կերպ մըն է, որով կրնանք Եհովայէ ոյժ ստանալ։—Ա. Տիմ. 4։6

      2 Հոգեւոր Ճոխ Կերակուր. Իր Խօսքին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, Եհովա հոգեւոր ճոխ կերակուր կը հայթայթէ։ (Մատթ. 24։45) Կը ջանա՞նք անկէ օգտուիլ։ Ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդա՞նք։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան յատկացուած ժամանակներ ունի՞նք։ (Սաղմ. 1։2, 3) Այս առողջ հոգեւոր սննդականոնը մեզ կը կազդուրէ եւ Սատանայի աշխարհին տկարացնող ազդեցութիւններէն կը պաշտպանէ։ (Ա. Յովհ. 5։19) Եթէ մեր միտքը օգտակար բաներով լեցնենք եւ մեր կեանքին մէջ զանոնք կիրարկենք, Եհովա մեզի հետ պիտի ըլլայ։—Փիլ. 4։8, 9

      3 Եհովա նաեւ մեզ կը զօրացնէ ժողովքային հանդիպումներուն միջոցով։ (Եբր. 10։24, 25) Այս ժողովներուն հայթայթած հոգեւոր կրթութիւնը եւ օգտակար ընկերակցութիւնը մեզ կ’ամրացնեն որ փորձութիւններու դիմաց հաստատուն կայնինք։ (Ա. Պետ. 5։9, 10) Քրիստոնեայ պատանուհի մը ըսաւ. «Ամբողջ օրը դպրոց կ’անցընեմ, եւ ասիկա զիս ուժասպառ կը դարձնէ։ Բայց ժողովները կը նմանին անապատին մէջ գտնուող ովասիսին, ուր կը թարմանամ որպէսզի յաջորդ օրը դպրոցին մէջ կարենամ տոկալ»։ Ժողովներուն յաճախելով, ի՜նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։

      4 Ճշմարտութիւնը Ծանուցանել. Յիսուսի համար ուրիշներուն քարոզելը կերակուրի պէս էր։ Անիկա զինք կ’աշխուժացնէր։ (Յովհ. 4։32-34) Նմանապէս, երբ ուրիշներուն խօսինք Աստուծոյ սքանչելի խոստումներուն մասին, վերանորոգուած կը զգանք։ Ծառայութեամբ զբաղած ըլլալը նաեւ մեր սիրտն ու միտքը կեդրոնացած կը պահէ Թագաւորութեան եւ մօտալուտ օրհնութիւններուն վրայ, մեզ իրապէս թարմացնելով։—Մատթ. 11։28-30

      5 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ ներկայիս կրնանք իր ժողովուրդին համար Եհովայի հայթայթած հոգեւոր ճոխ կերակուրէն օգտուիլ։ Թող շարունակենք ցնծալ՝ իրեն փառք բերելով։—Եսայ. 65։13, 14

  • Մաս 5. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յունուար
    • Մաս 5. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք

      Ո՛րքան Նիւթ Ծածկել

      1 Երբ Յիսուս կ’ուսուցանէր, իր աշակերտներուն սահմանափակումները նկատի կ’առնէր, անոնց խօսելով «որչափ որ կրնային մտիկ ընել»։ (Մար. 4։33. Յովհ. 16։12) Նոյնպէս այսօր, Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանողները պէտք է որոշեն թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին որքա՛ն նիւթ պիտի ծածկեն։ Ասիկա կախեալ պիտի ըլլայ թէ՛ ուսուցիչին եւ թէ աշակերտին կարողութենէն ու պարագաներէն։

      2 Հաստատ Հաւատք Կերտէ. Կարգ մը աշակերտներ երկու կամ երեք նիստի պէտք ունին, որպէսզի կարենան ըմբռնել այն ինչ որ ուրիշ աշակերտներ մէկ նիստով կ’իւրացնեն։ Աւելի կարեւոր է աշակերտին օգնել որ նիւթը յստակօրէն հասկնայ, քան՝ շատ նիւթ ծածկել կարճ ժամանակի մը մէջ։ Իւրաքանչիւր աշակերտ Աստուծոյ Խօսքին ընծայած իր նորագիւտ հաւատքին հաստատ հիմ դնելու կարիք ունի։—Առ. 4։7. Հռովմ. 12։2

      3 Մինչ ամէն շաբաթ ուսումնասիրութիւնը կը վարես, հարկ եղած ժամանակը տրամադրէ աշակերտին օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքէն իր սորվածը հասկնայ եւ ընդունի։ Աճապարանօք մի՛ ուսուցաներ, որպէսզի աշակերտը ներկայացուած ճշմարտութիւններուն լման արժէքէն օգտուի։ Բաւական ժամանակ յատկացուր գլխաւոր կէտերուն վրայ կեդրոնանալու եւ ուսուցումներուն հիմը կազմող բանալի համարները նկատի առնելու համար։—Բ. Տիմ. 3։16, 17

      4 Նիւթին Կառչած Մնացիր. Ո՛չ միայն կ’ուզենք նիւթը արագօրէն չքննարկել, այլեւ՝ նիւթէն չշեղիլ։ Եթէ աշակերտը անձնական հարցերու մասին խօսելու հակամէտ է, կրնանք կարգադրել որ անոնց մասին խօսակցինք ուսումնասիրութենէն ետք։—Ժող. 3։1

      5 Միւս կողմէ, ճշմարտութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուսումնասիրութեան ընթացքին շատ խօսինք։ (Սաղմ. 145։6, 7) Ատենը անգամ մը յաւելեալ կէտ մը կամ փորձառութիւն մը յիշելը կրնայ ուսումնասիրութիւնը ճոխացնել, բայց չենք ուզեր որ անոնք ա՛յնքան շատ կամ երկար ըլլան, որ աշակերտը ետ պահեն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելէ։

      6 Ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր նիստին չափաւոր նիւթ ծածկելով, կ’օգնենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ «Տէրոջը լոյսովը քալեն»։—Եսայ. 2։5

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել