Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մաս 6. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Փետրուար
    • Մաս 6. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք

      Երբ Աշակերտը Հարցում մը Ուղղէ

      1 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուելէ ետք, սովորաբար լաւագոյն բանն է Աստուածաշունչի ուսուցումները կարգաւ նկատի առնել, փոխանակ մէկ նիւթէն միւսին ցատկելու։ Ասիկա աշակերտին կ’օգնէ ճշգրիտ գիտութեան հաստատ հիմ դնելու եւ հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ (Կող. 1։9, 10) Սակայն յաճախ աշակերտները ուսումնասիրութեան ընթացքին զանազան նիւթերու շուրջ հարցումներ կ’ուղղեն։ Ասոնք ի՞նչպէս կրնաս ձեռք առնել։

      2 Խորատես Եղիր. Ուսումնասիրութեան նիւթին առնչուած հարցումներուն սովորաբար կարելի է տեղւոյն վրայ պատասխանել։ Եթէ հարցումը հետագային նկատի պիտի առնուի ուսումնասիրութեան գրականութեան մէջ, կրնաս պարզապէս այս մէկը նշել։ Սակայն եթէ հարցումը ուսումնասիրութեան նիւթին հետ կապ չունի կամ պատասխանը պրպտում կը պահանջէ, լաւ կ’ըլլայ որ զայն նկատի առնես ուսումնասիրութենէն ետք կամ ուրիշ ատեն։ Ոմանք նկատած են թէ հարցումը գրի առնելը աշակերտին ցոյց կու տայ թէ իր հարցումը լուրջի կ’առնուի, եւ կ’օգնէ ուսումնասիրութեան նիւթէն չշեղելու։

      3 Աստուածաշունչի ուսուցումներէն շատեր համառօտաբար բացատրուած են մեր ուսումնասիրութեան հիմնական գրականութիւններուն մէջ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ աշակերտը որոշ ուսուցում մը ընդունելու դժուարութիւն ունի կամ սերտօրէն կառչած է սուտ վարդապետութեան մը։ Շահաւէտ է իրեն հետ յաւելեալ գրականութիւն մը նկատի առնել, որ լման կերպով կը քննարկէ թէ Աստուածաշունչը այդ նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Եթէ աշակերտը տակաւին համոզուած չէ, յետաձգէ նիւթին քննարկումը եւ շարունակէ սովորական ուսումնասիրութիւնը։ (Յովհ. 16։12) Մինչ Աստուածաշունչի իր գիտութիւնը կ’աւելնայ եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ, թերեւս կարենայ Աստուածաշունչի այդ ուսուցումը ըմբռնել։

      4 Համեստ Եղիր. Եթէ պատասխանէն վստահ չես, անձնական կարծիքդ տալու փորձութեան դէմ դիր։ (Բ. Տիմ. 2։15. Ա. Պետ. 4։11) Բացատրէ թէ կէտին շուրջ պրպտում պիտի ընես եւ պատասխանը պիտի բերես։ Նոյնիսկ կրնաս այս առիթը օգտագործել աշակերտին սորվեցնելու պրպտում ընելու կերպը։ Աստիճանաբար անոր ցոյց տուր Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած պրպտումի գործիքները գործածելու կերպը։ Այս կերպով, ան ի վերջոյ պիտի կարենայ պատասխանել իր անձնական հարցումներուն։—Գործք 17։11

  • Անոնց Օգնէ Յաւելեալ Վկայութիւն Ստանալու
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Փետրուար
    • Անոնց Օգնէ Յաւելեալ Վկայութիւն Ստանալու

      1 Մինչ բարի լուրը կը քարոզենք, յաճախ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք մեր թաղամասին մէջ չեն բնակիր կամ օտար լեզու կը խօսին, ի ներառեալ՝ համրերու լեզուն։ Իսկ ուրիշներ, որոնց հետ Աստուածաշունչի մասին լաւ զրոյցներ ունեցած ենք, մեր թաղամասէն կը փոխադրուին։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ այսպիսիներ յաւելեալ վկայութիւն ստանան։ Կրնանք Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը գործածել։

      2 Յաճախ մարդիկ բարի լուրին աւելի ուշադրութիւն կ’ընծայեն, երբ անիկա իրենց մայրենի լեզուով ներկայացուի։ (Գործք 22։1, 2) Ուստի, երբ օտարախօս անհատի մը հանդիպինք, պատճենը պէտք է լեցնենք նոյնիսկ եթէ անհատը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերէ։ Սակայն հո՛ն ուր օտարախօս բնակչութեան թիւը մեծ է եւ կանոնաւորաբար վկայութիւն կը ստանան իրենց մայրենի լեզուով, անհրաժեշտ չէ պատճենը լեցնել, բացի երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի։

      3 Պատճենը Լեցնել. Նրբանկատօրէն փորձէ անհատին անունը, հասցէն ու հեռախօսի թիւը առնել։ Նշէ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան տարողութիւնը, անհատը ե՛րբ կարելի է տունը գտնել, ներկայացուած կամ խնդրուած գրականութիւնը, եւ անհատին լաւ հասկցած լեզուն։ Պատճենը ամբողջացնելէ ետք, զայն փութով ժողովքի քարտուղարին յանձնէ, որ իր կարգին զայն պիտի ուղարկէ յարմար ժողովքին կամ խումբին։

      4 Պատճենը Ուղարկել. Եթէ քարտուղարը չի գիտեր թէ պատճենը ո՛ր ժողովքին կամ խումբին պէտք է ուղարկէ, կամ անոնց թղթատարական հասցէն չունի, ան կրնայ մասնաճիւղի գրասենեակին Թաղամասի Բաժանմունքին հեռախօսել, հարկ եղած տեղեկութիւնները ձեռք ձգելու համար։ Պատճենը ուղարկելու ատեն, այլեւս հարկ չկայ քաղաքի տեսուչը տեղեակ պահելու։

      5 Երբ ժողովք մը կամ խումբ մը Հաճեցէք Հետապնդել պատճենը ստանայ, կարգադրութիւն պէտք է ընէ խնդրոյ առարկայ անհատին շուտով այցելելու։ Մինչ փութաջանօրէն մեզի ինկած բաժինը կ’ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներուն սիրտերը պիտի բանայ։—Գործք 13։48

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել