-
Եհովայի օրը մօտ էԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Մայիս
-
-
Եհովայի օրը մօտ է
1 Քրիստոնեաները անձկագին կը տենչան Եհովայի օրուան գալուն, որուն մէջ պիտի կործանէ իրերու ներկայ դրութիւնը եւ ճամբան հարթէ արդար նոր աշխարհի մը։ (Բ. Պետ. 3։12, 13) Քանի որ չենք գիտեր թէ այդ օրը ճիշդ ե՛րբ պիտի գայ, պէտք է արթուն կենանք եւ ուրիշներուն օգնենք նոյնը ընելու։ (Եզեկ. 33։7-9. Մատթ. 24։42-44) Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին վրայ խոկալը պիտի զօրացնէ մեր համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։—Սոփ. 1։14
2 Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը. Յայտնութիւն 17։9-11–ի համաձայն, Յովհաննէս առաքեալ «եօթը թագաւորներ» կը յիշէ, որոնք եօթը աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւն կը ներկայացնեն։ Ան նաեւ կ’ակնարկէ «ութերորդ» թագաւորի մը, որ այժմ կը ներկայացնէ Միացեալ Ազգերը։ Աշխարհի թատերաբեմին վրայ ուրիշ աշխարհակալ ուժեր պիտի երեւի՞ն։ Ո՛չ, քանի որ մարգարէութիւնը կ’ըսէ թէ այս ութերորդ թագաւորը «դէպի կորուստ կ’երթայ», որմէ ետք երկրային թագաւորներ չեն յիշուիր։ Այս մարգարէութիւնը քեզի կ’օգնէ՞ հասկնալու թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։
3 Դանիէլ 2։31-45 մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու Եհովայի օրուան գալը։ Այդ մարգարէութեան մէջ, Նաբուգոդոնոսորի տեսած հսկայ արձանը աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւն կը ներկայացնէ։ Այս ուժերէն իւրաքանչիւրը արդէն երեւան եկած է։ Այժմ պատմութեան ո՞ր հանգրուանին մէջ կը գտնուինք։ Արձանին ոտքերով խորհրդանշուած ժամանակաշրջանին մէջ։ Մարգարէութիւնը վառ կերպով կը նկարագրէ ինչ որ ետքը տեղի պիտի ունենայ։ Մարդկային իշխանութիւնը ամբողջովին պիտի կործանի, ճամբան հարթելով ‘թագաւորութեան մը, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի’։ Կրնա՞ս տեսնել թէ ասիկա ի՛նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի օրը մօտ է։
4 Յաւելեալ ապացոյց. Եհովայի օրուան մօտ ըլլալուն նկատմամբ յաւելեալ ապացոյցի մը ականատես ենք։ «Վերջին օրեր»ուն մէջ մարդոց նկարագրի գծերուն վերաբերեալ Պօղոս առաքեալի նախագուշակած բաներուն կատարումը կը տեսնենք։ (Բ. Տիմ. 3։1-5) Եւ կը մասնակցինք այն աշխարհածաւալ վկայութեան, որ վերջը չեկած պէտք է տրուի։ (Մատթ. 24։14) Թող մեր քարոզչութիւնը շարունակէ արտացոլացնել հրեշտակային ծանուցման հրատապ ըլլալը. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ»։—Յայտ. 14։6, 7
-
-
Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենքԹագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Մայիս
-
-
Մաս 9. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտները պատրաստել որ անպաշտօն կերպով վկայեն
1 Երբ Անդրէաս ու Փիլիպպոս անդրադարձան որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է, այս խայտալի լուրը ուրիշներու հաղորդելէ ետ չկեցան։ (Յովհ. 1։40-45) Նմանապէս այսօր, երբ Աստուածաշունչի աշակերտները իրենց սորված բաներուն հանդէպ սկսին հաւատք ընծայել, կը մղուին անոնց մասին խօսելու։ (Բ. Կորն. 4։13) Ի՞նչպէս կրնանք զանոնք քաջալերել որ անպաշտօն կերպով վկայեն եւ պատրաստել որ ասիկա ազդուօրէն ընեն։
2 Կրնաս աշակերտին պարզապէս հարցնել թէ Աստուածաշունչէն իր սորված բաներուն մասին խօսա՞ծ է ուրիշներուն։ Ան թերեւս կրնայ հրաւիրել բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ որ իր ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։ Անոր հարցուր թէ իր գործընկերներէն, դպրոցակիցներէն կամ այլ ծանօթներէն մէկը հետաքրքրութիւն ցուցաբերա՞ծ է։ Այսպէս ան կը սկսի վկայել։ Անոր օգնէ հասկնալու թէ խորատես, յարգալից ու քաղցր պէտք է ըլլայ, երբ ուրիշներուն կը խօսի Եհովա Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին։—Կող. 4։6. Բ. Տիմ. 2։24, 25
3 Իրենց հաւատալիքները բաժնել. Շատ կարեւոր է Աստուածաշունչի աշակերտները մարզել որ Աստուծոյ Խօսքը գործածեն, երբ իրենց հաւատալիքները կը բաժնեն։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, որոշ կէտերու նկատմամբ աշակերտին հարցուր. «Աստուածաշունչը գործածելով, ընտանիքիդ ի՞նչպէս այս ճշմարտութիւնը պիտի բացատրես», կամ՝ «Այս կէտը բարեկամիդ փաստելու համար, ո՞ր համարը պիտի գործածես»։ Անոր մտիկ ըրէ, ապա ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ իր ուսուցումը Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնել։ (Բ. Տիմ. 2։15) Այսպէս ընելով, աշակերտը կը պատրաստես որ անպաշտօն կերպով վկայէ, եւ երբ որակեալ ըլլայ, ժողովքին հետ կազմակերպուած քարոզչութեան մասնակցի։
4 Խոհեմութիւն է Աստուածաշունչի աշակերտներուն ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս հակառակութեան հետ վարուին։ (Մատթ. 10։36. Ղուկ. 8։13. Բ. Տիմ. 3։12) Երբ ուրիշներ Եհովայի Վկաներուն մասին հարցումներ ուղղեն կամ նիւթ բանան, աշակերտները կրնան առիթը օգտագործել վկայելու համար։ Եհովայի Վկաներ՝ որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը կրնայ զիրենք զինել, որ ‘միշտ պատրաստ ըլլան պատասխան տալու’։ (Ա. Պետ. 3։15) Նորեկները կրնան անոր բովանդակած ճշգրիտ տեղեկութիւնները գործածել, բարենպատակ բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու օգնելու, որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հաւատալիքներն ու գործունէութիւնները հասկնան։
-