Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Քարոզչութիւնը մեզի կ’օգնէ տոկալու
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յունիս
    • Քարոզչութիւնը մեզի կ’օգնէ տոկալու

      1 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ «համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբր. 12։1) Ճիշդ ինչպէս վազորդ մը յաջողութեամբ մրցելու համար համբերատարութեան կարիք ունի, նոյնպէս համբերատարութեան պէտք ունինք որ յաւիտենական կեանքի մրցանակը ձեռք ձգենք։ (Եբր. 10։36) Քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն տոկանք։—Մատթ. 24։13

      2 Հոգեւորապէս ամրապնդուած. Աստուածաշունչի խոստացած արդար նոր աշխարհը յայտարարելով, մեր յոյսը վառ կը պահենք։ (Ա. Թես. 5։8) Երբ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք, Աստուածաշունչէն մեր սորված ճշմարտութիւնները տարածելու պատեհութիւն կ’ունենանք։ Նաեւ մեր հաւատքը պաշտպանելու առիթ կ’ունենանք, որ իր կարգին կ’օգնէ որ հոգեւորապէս ամրապնդուինք։

      3 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները յստակօրէն պէտք է հասկնանք, որպէսզի կարենանք ուրիշներուն ազդուօրէն սորվեցնել։ Անհրաժեշտ է որ պրպտում ընենք ու նիւթին վրայ խոկանք։ Մեր թափած ջանքը մեր գիտութիւնը կը խորացնէ, մեր հաւատքը կը զօրացնէ եւ մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէ։ (Առ. 2։3-5) Արդ, մինչ կը ջանանք ուրիշներուն օգնել, մենք մեզ կը զօրացնենք։—Ա. Տիմ. 4։15, 16

      4 Նախանձախնդրաբար ծառայութեան մասնակցիլը ‘Աստուծոյ սպառազինութեան’ կենսական մէկ մասն է, որուն կարիք ունինք Բանսարկուին ու իր դեւերուն դէմ դնելու համար։ (Եփ. 6։10-13, 15) Սրբազան ծառայութեամբ զբաղելով, մեր միտքը շինիչ բաներու վրայ կեդրոնացած կը պահենք եւ Սատանայի աշխարհի պղծութիւններէն հեռու կը մնանք։ (Կող. 3։2) Մինչ Եհովայի ուղիները ուրիշներուն կը սորվեցնենք, յարատեւաբար կը յիշենք թէ սուրբ վարք պէտք է պահպանենք։—Ա. Պետ. 2։12

      5 Աստուծմէ զօրութիւն ստացած. Աւետարանչութեան մէջ բաժին բերելը մեզի կը սորվեցնէ Եհովայի ապաւինիլ։ (Բ. Կորն. 4։1, 7) Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն է։ Այս վստահութիւնը մշակելը մեզ կը զինէ ո՛չ միայն մեր ծառայութիւնը կատարելու, այլեւ՝ կեանքի մէջ ամէն պարագայի դիմանալու։ (Փիլ. 4։11-13) Արդարեւ լիովին Եհովայի ապաւինիլ սորվիլը համբերատարութեան բանալին է։ (Սաղմ. 55։22) Քարոզչութիւնը մեզի բազմաթիւ կերպերով կ’օգնէ տոկալու։

  • Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
    Թագաւորութեան ծառայութիւն (2005) | Յունիս
    • Մաս 10. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք

      Աշակերտները մարզել տունէ տուն ծառայութեան մէջ

      1 Երէցները որոշելէ ետք թէ Աստուածաշունչի աշակերտը որակեալ է չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու, ան կրնայ ժողովքին հետ հանրային քարոզչութեան մասնակցիլ։ (Տես՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու, էջ 79-81։) Ի՞նչպէս կրնանք աշակերտին օգնել որ տունէ տուն ծառայութեան մէջ յաջողապէս բաժին բերէ։

      2 Միասնաբար նախապատրաստուիլ. Լաւ նախապատրաստութիւնը անհրաժեշտ է։ Աշակերտին ցոյց տուր թէ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին ու Պատճառաբանել գիրքին մէջ ո՛ւր կրնայ թելադրուած ներկայացումներ գտնել, եւ անոր օգնէ որ տեղական թաղամասին մէջ գործնական եղող պարզ մօտեցում մը ընտրէ։ Սկիզբէն իսկ զինք քաջալերէ որ ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածէ։—Բ. Տիմ. 4։2

      3 Նոր հրատարակիչի մը համար փորձի նիստերը օգտաշատ են։ Ներկայացումը փորձ ընելու ընթացքին, աշակերտին ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ նրբանկատօրէն ձեռք առնել թաղամասին մէջ սովորական եղող ընդառաջումները։ (Կող. 4։6) Զինք վստահեցուր թէ Քրիստոնեայ քարոզիչը տանտիրոջ յարուցած բոլոր հարցումներուն պատասխանները գիտնալու պէտք չունի։ Յաճախ կարելի է ըսել թէ պրպտում պիտի ընենք, ապա վերադառնանք նիւթը աւելի քննարկելու համար։—Առ. 15։28

      4 Միասնաբար քարոզել. Երբ աշակերտը առաջին անգամ տունէ տուն պիտի քարոզէ, նախ թող քեզ դիտէ մինչ նախապատրաստուած բացումը կը գործածես։ Ապա զինք պարփակէ։ Կարգ մը պարագաներուն, լաւ կ’ըլլայ որ նոր հրատարակիչը ներկայացման միայն մէկ մասը ընէ, ինչպէս՝ համար մը կարդալ ու բացատրել։ Աշակերտին անձնաւորութիւնն ու կարողութիւնները նկատի առ։ (Փիլ. 4։5, ՆԱ) Զինք գովելու մէջ առատաձեռն եղիր, մինչ քարոզչութեան զանազան երեսակներուն մէջ աստիճանաբար զինք կը մարզես։

      5 Կարեւոր է որ նոր հրատարակիչին օգնես որ ծառայութեան մասնակցելու կանոնաւոր յայտագիր մը հաստատէ, եթէ կարելի է՝ շաբաթական յայտագիր։ (Փիլ. 3։16) Միասնաբար ծառայելու մասնայատուկ կարգադրութիւններ ըրէ, եւ զինք քաջալերէ որ այլ նախանձախնդիր հրատարակիչներու հետ ալ ծառայէ։ Անոնց օրինակը եւ ընկերակցութիւնը իրեն պիտի օգնեն հմտութիւններ մշակելու եւ տունէ տուն քարոզելու մէջ ուրախութիւն գտնելու։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել