-
Ունկնդիրները Քաջալերել եւ ԶօրացնելԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
տարած է իրենց եւ թէ ներկայիս ի՛նչ փորձութիւն ալ դիմագրաւեն՝ իրապէս պիտի օգնէ իրենց։—Եսայ. 41։10, 13. Ա. Պետ. 5։7
Հիացմունք Յայտնեցէք Ներկայիս Աստուծոյ Ըրած Բաներուն Համար։ Երբ կը փորձէք ձեր եղբայրները քաջալերել, անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեցէք ներկայիս Եհովայի ըրած բաներուն վրայ։ Երբ այս բաներուն մասին հիացմունքով կը խօսիք, ձեր ունկնդիրներուն սրտին մէջ նոյնանման զգացումներ պիտի արթնցնէք։
Նկատի առէք թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’օգնէ որ կեանքի ճնշումներուն հետ գլուխ ելլենք։ Ան մեզի ցոյց կու տայ լաւագոյն ապրելակերպը։ (Եսայ. 30։21) Ոճիրին, անիրաւութեան, աղքատութեան, հիւանդութեան եւ մահուան պատճառներուն մասին բացատրութիւն կու տայ, եւ մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ կերպով վերջ պիտի դնէ անոնց։ Ան մեզ կը շրջապատէ սիրալիր եղբայրութեամբ։ Աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը կը շնորհէ մեզի։ Մեզի կը վստահի իր Վկաները ըլլալու պատեհութիւնը։ Ան մեր աչքերը կը բանայ տեսնելու համար թէ Քրիստոս արդէն գահակալուած է երկնքի մէջ, եւ թէ հին դրութեան վերջին օրերը իրենց վախճանին կ’արտորան։—Յայտ. 12։1-12
Այս օրհնութիւններուն վրայ աւելցուցէք մեր ժողովքային հանդիպումներն ու համաժողովները։ Երբ այս կարգադրութիւններուն մասին անկեղծ երախտագիտութեամբ խօսիք, իրենց եղբայրներուն հետ հաւաքուիլը չանտեսելու անոնց վճռակամութիւնը կը զօրացնէք։—Եբր. 10։23-25
Դաշտի ծառայութեան մէջ մեր ջանքերուն վրայ Եհովայի օրհնութիւնը ապացուցանող տեղեկագրութիւններն ալ զօրութեան աղբիւր մըն են։ Առաջին դարուն, երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս ճամբայ ելած էին դէպի Երուսաղէմ, անոնք «մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները», մանրամասնօրէն պատմելով հեթանոս անհատներու դարձի գալը։ (Գործք 15։3) Դուք ալ կրնաք եղբայրները ուրախացնել, անոնց հետ բաժնելով շինիչ փորձառութիւններ։
Յաւելեալ քաջալերութիւն կը ստանան անհատներ, երբ իրենց ըրած բանին արժէքը տեսնեն։ Զանոնք գովեցէք քրիստոնէական ծառայութեան մէջ իրենց ունեցած մասնակցութեան համար։ Գովեցէք զանոնք, որոնց գործունէութիւնը շատ սահմանափակ է յառաջացած տարիքի եւ հիւանդութեան պատճառաւ, բայց կը շարունակեն հաւատարմաբար տոկալ։ Անոնց վերյիշեցուցէք թէ Եհովա չի մոռնար իր անուան հանդէպ անոնց ցուցաբերած սէրը։ (Եբր. 6։10) Փորձութեան ներքեւ ցուցաբերուած հաւատքը անգին ստացուածք մըն է։ (Ա. Պետ. 1։6, 7) Մեր եղբայրները պէտք ունին այս վերյիշեցումին։
Մեր Դիմաց Գտնուող Յոյսին Մասին Զգացումով Խօսեցէք։ Գալիք բաներուն մասին ներշնչեալ խոստումները քաջալերութեան մեծ աղբիւր մըն են Աստուած սիրողներուն համար։ Թերեւս ձեր ունկնդիրներէն շատեր յաճախ լսած են այս արտայայտութիւնները։ Բայց այդ խոստումներուն մասին խօսելու ատեն ձեր ցոյց տուած գնահատութեամբ, զանոնք կը կենդանացնէք, անոնց կատարման վրայ վստահութիւն կը կերտէք, եւ պատճառ կ’ըլլաք որ ձեր ունկնդիրներուն սիրտը երախտագիտութեամբ յորդի։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ ձեր սորվածները կիրարկելը ձեզի պիտի օգնէ որ ասիկա իրագործէք։
Եհովա իր ժողովուրդին Մեծ Քաջալերողը եւ զօրութիւն Տուողն է։ Բայց կրնաք իրեն հետ համագործակցիլ այս քաջալերութիւնն ու զօրութիւնը փոխանցելով։ Երբ ժողովքին կը խօսիք, առիթէն օգտուեցէք ասիկա ընելու համար։
-
-
Շարունակեցէք ՅառաջդիմելԱստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
-
-
Շարունակեցէք Յառաջդիմել
ԴՊՐՈՑԻ այս յայտագրի իւրաքանչիւր խրատական կէտին վրայ անձնապէս աշխատեցա՞ք։ Յանձնարարուած վարժութիւններն ալ ըրի՞ք։ Իւրաքանչիւր կէտը կը կիրարկէ՞ք երբ դասախօսութիւններ կու տաք, դպրոցին թէ միւս ժողովներուն մէջ, եւ երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք։
Շարունակեցէք օգտուիլ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն։ Հոգ չէ թէ ո՛րքան ժամանակէ դասախօսութիւն կու տաք, անպայման կան մարզեր, որոնց մէջ կրնաք յառաջդիմել։
-